Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ի՞նչ արժէ հանճարը, երբ նրան կը պակասէ մեծ սիրտը, երբ իր ողիմպիական մեծութեան մէջ նա անկարեկիր է, անխռով, պաղ: Անարժէք չէ՞ դա, երբ իր խօսքն իշխանութիւն չունի հոգիների վրայ եւ չի նպաստեր իր ժողովրդի հոգեւոր ինքնակառուցումին, երբ իր ցեղի ճակատագրի գերզգացողութիւնը չունի, եւ չի սնուցաներ իր ցեղի յաւիտենականութեան ձգտումը: Միեւնոյն չէ՞, կայ թէ չկայ նմանը, […]