ԱՆԴՐԱՆԻԿ — գրեց՝ Սմբատ /Մախլուտո/
ՀԱՅ ժողովուրդի անզուգական՝ ազգային հերոսը: Մարմնացումը իր ցեղին բոլոր առողջ բնազդներուն եւ ողջմտութեան: Թուրքը մինչեւ ծուծը ճանչցած: Այնտեղ ուր մեծ դիւանագէտներ եւ քաղաքական խոշոր հասկցողութիւն ունեցող ղեկավարներ խաբուեցան, անգերազանցելի տեսանողի մը գուշակութեան ուժով չափեց ահաւոր վտանգը եւ իբր նախատինք նետեց խաբուածներու երեսին: Չկրցաւ շնչել Պոլսոյ սահմանադրական մթնոլորտը. ան որ Սասնոյ եւ Տալւորիկի բարձունքներուն օդն էր […]
