ՑԵՂԻՆ ՁԱՅՆԸ

ՑԵՂԻՆ ՁԱՅՆԸ

Ասկէ տասը տարի առաջ՝ գրեթէ ո՛չ ոք կը խօսէր ցեղի ու ցեղայինի մասին: Այս բառերը կը յիշատակուէին այն ատեն միայն, երբ կը քննուէր ժամանակակից մեծ ժողովուրդներու եւ ազգերու անցեալը, եւ կամ քաղաքակրթութեան ազդեցութենէն հեռու մնացած, Ասիայի ու Ափրիկէի խորերը նախնական կենցաղ մը վարող մարդկային խմբաւորումներու կեանքը:

Դեռ աւելին: Նախորդ տասնամեակներու ընթացքին ցեղն ու ցեղայինը կարծէք թէ կը նկատուէին առհամարհելի քանակութիւններ, որոնք մարդկային պատմութեան նախնական շրջանները միայն կը յիշեցնէին:

Դարերը հիմնովին փոխեր էին մարդկային հաւաքականութիւններու կեանքը՝ ծաւալի թէ բովանդակութեան տեսակէտէն: Հաղորդակցութեան միջոցներու աստիճանական դիւրացումը, տնտեսական կեանքի յարաճուն բարգաւաճումը, քաղաքական մեծ միաւորներու կազմութիւնը, քաղաքակրթութեան զարգացումն ու տարածումը, գիտութեանց եւ արուեստներու ընդհանրացումը մեծապէս դիւրացուցեր էին նախնական խմբաւորումներու փոխյարաբերութիւններն ու հետզհետէ սերտ կապերու հաստատումը:

Այս ուղղութեամբ թերեւս մեծագոյն դերը կատարած են կրօնները, որոնք ներքին կապ մը ստեղծած են հարիւրաւոր ու հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու ապրող խմբաւորումներու միջեւ: Մասնաւորաբար, քրիստոնէութիւնը հսկայական դեր կատարած է՝ մարդկութեան մէկ կարեւոր մասը մէկ ընդհանուր յայտարարի բերելու տեսակէտէն:

Եւ այսպէս, դարերու ընթացքին ու անզգալիօրէն, ցեղերու խառնուրդներէն ծնունդ առած են աւելի մեծ հաւաքականութիւններ, ժողովուրդներ, ազգեր ու պետութիւններ, աշխարհիկ թէ կրօնական:

Նախ, միջցեղային եւ ապա միջազգային ըմբռնումներն ու ձգտումները, որոնց յաջորդեցին այդ գետիններու վրայ գործող կազմակերպութիւնները, աւելի ընդլայնեցին միատեսակ ընկերային կեանք ապրող հաւաքականութեան սահմանները:

Եւ որովհետեւ այս բոլորը իրենց հետ բերին մեծամեծ յարմարութիւններ ու առաւելութիւններ, մարդիկ չնկատեցին անգամ թէ ատոնց զուգընթաց տկարացան կամ կորսուեցան կարգ մը հին  արժէքներ, որոնք ճակատագրական նշանակութիւն ունին մանաւանդ տկար ազգերու համար:

Դէպի այդ հին արժէքները դիմելու փորձեր եղած են ա՛յն ատեն միայն, երբ ժողովուրդ մը կամ անոր առաջնորդները նախզգացած են վերահաս վտանգ մը:

Վերջին տասնամեակի ընթացքին եւս մենք ականատես ենք նման քայլերու: Մասնաւորաբար, աչքի կը զարնեն ֆաշիստ Իտալիայի եւ նացիստ Գերմանիայի օրինակները:

Մուսոլինի եւ Հիթլէր այնպէս կարծեցին, որ իրենց երկիրները միջազգայնութեան սիրոյն չափէն աւելի զիջումներ կատարեցին ու փափաքեցան կանգնեցնել այդ ընթացքը:

Այս երկու շարժումներն ալ ազգայինին դառնալով չբաւականացան, այլ իրենց աչքերը դարձուցին ցեղային արժէքներուն: Մուսոլինիի մտատիպարն է հին Հռոմայեցին, իսկ Հիթլէրինը՝ հիւսիսային Գերմանը, որոնց մէջ կը տեսնեն իրենց ցեղային նախատիպարը, մարմնական թէ հոգեկան յատկութիւններու տեսակէտէն:

Դա՛րձ դէպի ցեղային արժէքները — ահա՛ էութիւնը վերջին տասնամեակին նկատելի շարժումին, որ անշուշտ կ’ունենայ իր բարերար նշանակութիւնը, եթէ ծայրայեղութիւններու չտարուի:

Եթէ ցեղային գիտակցութիւնը վերջին տասնամեակին արթնցած է Իտալիայի եւ Գերմանիայի նման մեծ երկիրներու մէջ, որոնց ժողովուրդները զրկուած ըլլալու ապրումներ ունեցած են, որքա՜ն աւելի խոր պիտի զգացուի ցեղային արժէքներու ոգեկոչումը մեզի նման փոքր ու ցրուած ժողովուրդի մը համար, որ դարեր շարունակ ենթարկուած է նմանը չտեսնուած զրկանքներու եւ այժմ ալ կ’ապրի այլազան ցեղերու եւ ազգերու խառնարան եղող շրջաններու մէջ:

∗ ∗ ∗

Որպէսզի որոշ ըլլայ թէ ի՛նչ պիտի հասկնանք ցեղային արժէքներ ըսելով, անհրաժեշտ է պարզել թէ՝ ի՛նչ է առհասարակ ցեղ ըսուածը եւ որո՛նք են մեր ցեղը յատկանշող արժէքները:

Ցեղը մեծ ընտանիք մըն է, որուն ամէն մէկ անդամը նոյն արիւնը կը կրէ իր երակներուն մէջ, հարազատ է միւսին եւ պատրաստ է իր անձը զոհելու անոր կեանքին ու պատիւին համար:

Իւրաքանչիւր ցեղ ունի իր ուրոյն լեզուն, կրօնը, սովորութիւնները, նիստ ու կացը, մէկ խօսքով` իր ուրոյն ըմբռնումները կեանքի, պատիւի եւ ապրելակերպի մասին: Ասոնք ժամանակի ընթացքին դարձած են իրեն համար սրբութիւններ, որոնց անաղարտ պահպանումին նախանձախնդիր է ամէն մէկ անհատ:

Իւրաքանչիւր ցեղ ունի իր ուրոյն հաւաքական կեանքը, որուն չի կրնար միջամտել ուրիշ որեւէ խմբաւորում: Ուրիշ խօսքով, ամէն մէկ ցեղ կ’ուզէ ազատօրէն ապրիլ իր հասկցած ձեւով եւ իր այս ազատութիւնը կը ջանայ պահել ամէն գինով:

Ցեղը, ուրեմն, այժմու աւելի կամ նուազ բազմամարդ ու ցրուած ժողովուրդներու նախնական կորիզն է, որ ունի իր սահմանափակ անդամներու թիւը եւ տարածութեամբ շատ փոքր բնակավայրը:

Իր այս ձեւի կենցաղային հետեւանքով ամէն մէկ ցեղ ունի որոշ յատկանիշներ, մարմնական թէ հոգեկան, որոնց հարազատ ու անխառն պահպանումը միայն կ’երաշխաւորէ ցեղին տեւականացումը:

Այսպիսով, ցեղը չի ճանչնար ընկերային որեւէ տարբերութիւն, որ բաժնէ իր անդամները իրարմէ: Ցեղին մէջ չկան հարուստներ ու աղքատներ, տիրող ու հպատակող դասակարգեր, այս կամ այն դաւանանքին պատկանող յարանուանութիւններ: Ուրիշ խօսքով, ցեղը հնարաւոր հաւասարութեան իրականացումն է ընկերային կեանքի մէջ:

Իւրաքանչիւր ցեղի անդամներուն կեանքի գրեթէ նոյնութեան հետեւանքով առաջացած սերտ կապը եւ անձնազոհութեան ոգին կը կազմեն ցեղին ուժը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ իր պայքարի ու ինքնապաշտպանութեան անսպառ աղբիւրը: Ասոր համար է, որ ցեղը վերապահութիւն ունի օտարներուն հանդէպ եւ կը ջանայ մօտենալ իրեն նմանող տարրերու միայն, եթէ անհրաժեշտ դառնայ շփումը:

Բնական կեանք մը կ’ապրի ցեղը. շարունակ շարժումի մէջ է, բայց եւ ժուժկալ է: Այս պատճառով ալ ցեղը մի՛շտ երիտասարդ է, պայքարունակ եւ ազատատենչ: Ասոնք ժողովուրդներու տեւականացումը կ’երաշխաւորեն, որովհետեւ զանոնք կը տանին հերոսականին:

Զանազան ցեղերու յաճախակի շփումը իր հետ կը բերէ նախ՝ փոխադարձ ազդեցութիւններ, աւելի ուշ՝ խառնուրդներ, որոնց հետեւանքով կ’առաջանան ընկերային աւելի մեծ հաւաքականութիւնները — ժողովուրդներն ու ազգերը:

Խառնուրդներու ատեն ամէն կողմ հաւասարապէս չի դներ իր կնիքը նորակազմ խմբաւորման վրայ: Ամէն մէկ ժողովուրդի մէջ նկատելի է մէկ ցեղի զօրաւոր ազդեցութիւնը, որ ժամանակի  ընթացքին կը տարածուի նաեւ նորեկ տարրին վրայ: Այս է պատճառը որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ինքզինքը սերած կը նկատէ ա՛յն ցեղէն, որուն ազդեցութիւնը մեծագոյն չափով կրած է:

Ճիշդ ասոր համար ալ, ամէն մէկ ժողովուրդի մէջ ցեղային են այն յատկութիւնները, որոնք նախնական են ու տիպարական: Յատկութիւններ, որոնք կը տարբերեն իրենց դրոշմը կրող ժողովուրդը՝ ուրիշ ազգերէ:

Կրնանք ըսել նաեւ, որ ցեղայինը այս կամ այն ժողովուրդին յաւիտենական տարրն է, այսինքն ո՛չ միայն անցեալ է, այլ եւ ներկայ ու ապագայ միանգամայն:

Ցեղին այս անխառն ու հարազատ յատկութիւններէն, արիական ու անձնազոհ ոգիէն, մաքուր ձգտումներէն եւ անկորնչելի առաքինութիւններէն կը ծնին ժողովուրդի մը բոլոր արժէքները, մարտական թէ մշակութային: Իսկ ժողովուրդներու բացասական յատկութիւնները արդիւնք են ոչ-ցանկալի ազդեցութիւններու, որոնք գրեթէ անխուսափելի կը դառնան տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական պայմաններու բերումով:

Էականն այն է որ ժողովուրդ մը պահէ իր ցեղին արժէքները, որովհետեւ ասոնցմով պայմանաւորուած է իր գոյութիւնը: Երբ փոքր կամ մեծ հաւաքականութիւն մը սկսի կորսնցնել ցեղային արժէքները, ինքն ալ կը տկարանայ աստիճանաբար, մինչեւ որ անհետանայ այս աշխարհի թատերաբեմէն:

Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ կրցած է պահել իր ուրոյն գոյութիւնը, որովհետեւ մի՛շտ ականջ դրած է ցեղի հզօր ձայնին, այսինքն եղած է՝ աշխատասէր, ժուժկալ, առաքինի, ընտանեսէր, գաղափարապաշտ, պայքարունակ, ազատատենչ, անձնազոհ, մշակոյթի հետամուտ եւ խաղաղասէր, բայց ո՛չ ամէն գինով:

Որքան ատեն որ մեր ժողովուրդը կը պահէ իր այս յատկութիւնները` պէտք չունի վախնալու իր ապագայէն:

Երբ մեր ժողովուրդը կը գտնուէր իր դարաւոր հայրենիքի սահմաններուն մէջ ու կ’ապրէր իր հաւաքական կեանքը, որքան կարելի է նուազ ենթակայ օտար ազդեցութիւններու — ինքնաբերաբար կը պահուէին ցեղային արժէքները:

Այս գործը կը դիւրանար մանաւանդ անով, որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ կը ստանար տոհմային կրթութիւն մը, որ հնարաւոր կը դարձնէր ո՛չ միայն ապրումը, այլ նաեւ ճանաչումը ցեղային յատկութիւններուն:

Ներկայի պայմանները հիմնապէս տարբեր են: Ասոր համար ալ պէտք է գտնուին համապատասխան միջոցներ:

Շատ կարեւոր է, որ մեր նոր սերունդը ճանչնայ իր ցեղին արժէքները: Ասիկա հնարաւոր է Հայ Լեզուի, Գրականութեան եւ Պատմութեան ուսուցումով միայն:

Ցեղային յատկութիւններու եւ ստեղծագործութեան ճանաչումը իր հետ կը բերէ պաշտամունք դէպի այդ արժէքները:

Իսկ ո՛վ պաշտամունք ունի ցեղին հանդէպ, անպայմանօրէն կը հաւատայ անոր ապագային եւ ըստ այնմ կը շարժի:

Եւ որովհետեւ իր ներկայ պայմաններուն բերումով զգալապէս վտանգուած են մեր ժողովուրդին յարատեւումը երաշխաւորող արժէքները, ինչպէս նաեւ ցեղը ճանչնալու, սիրելու եւ անոր ապագային հաւատալու կարելիութիւնները` անհրաժեշտ է, որ ցեղը ցնցէ իր գլուխը եւ լսելի ընէ իր զգաստացուցիչ ձայնը:

Ակա՛նջ դնենք ու պիտի լսենք Ցեղին Ձայնը:

Արմենակ Բարսեղեան

«Արփի», Ալիստոն, 1933, թ. 11