ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԵՒ ՄՈՒՐԱՏԻՆ

ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԵՒ ՄՈՒՐԱՏԻՆ

 

Սիրելի Պարոյր ¹ եւ Մուրատ.

Ես որոշուեցայ որ պիտի գայի արտասահման ու ներկայանայի [Ընդ]հանուր ժողովին, սակայն բաղդը չօգնեց որ գայի եւ ներկայանայի այն ազնիւ ժողովին, եւ տեսնուէի ձեր սիրելութեան ու շատ մը ընկերն[եր]ի, այն պատճառաւ որ ձիւնի բուքի արգելքներ չթողին որ գայի եւ հասնէի։ Ինչպէս օր մը օրերէն քիւրտ վալատի մը հետ մեկնուեցայ որ գայի. հասանք մինչեւ Կուլէի Պորազան ². հոն սկսեց սաստիկ ձիւն, եւ բուքի բռնուելով ետ վերադարձանք։ Բայց խեղդուելէն հազիւ հազ ազատուեցանք։ Մենք 7 ձիաւորով, ճարահատ մնալով վերադարձանք կրկին Դուրանում (Տարօնի շրջան — Խմբ․), շատ մը …երով(?)։

Ընկերներ, ժողովին համար՝ երբ որ ես բաղդ չունեցայ գալ եւ ներկայանալ այն ազնիւ ժողովին, բայց ձայնս տուի ձեզի որ ներկայանաք ժողովին եւ մեր կողմանէն խօսիք եւ ծանուցումներ տաք Երկրի մասին, ինչպէս ալ որ գրած եմ Արեւելեան Բիւրոյին, որ դուք պէտք է ներկայանաք ժողովին եւ խօսիք մեր ու Երկրի մասին, թէ Երկիր ինչ է պահանջում, բայց չուրանաք(?) զձեր Աստուած եւ գէթ Երկիրը ինչպէս ուրացել էք մինչեւ ցարդ. թէ ինչպէս Բարձրաւանդակ (ՍասունԽմբ․) ու Տարօն, որ ամենէն աշխատող ու գործ տեսնող եւ շատ մը զոհեր տուող շրջանն է, նրա տրամադրութեան ներքոյ ոչ մի դրամ չկայ, իսկ Շամի տրամադրութեան ներքոյ կայ 80000 ոսկի, նաեւ կայ 100000ից աւելի ծայրեր. իսկ մերը՝ ոչինչ. ո՞ւմ երեսէն, ձեզի պէս ընկերների երեսէն որ թողեցիք զմեզ եւ զԵրկիր Աստծու կրակի մէջ ու գնացիք ³, ոչ դրամ ոչ էլ ռազմամթերք ղրկեցիք, զմեզ եւ զձեր ժողովուրդը թողեցիք ձեզ անիծող։ Ինչ որ է, այն անցաւ, բայց այսուհետեւ կ’աշխատէք որ դուք ալ եւ մենք մարդ լինենք, Երկրով միասին։

Եղբայրք Ճան, խնդրեմ լաւ աշխատէք որ օգուտ մը հասցնէք այստեղի ժողովրդեան եւ գործին, որ ազատուէք նրանց մեղքէն։

 

Համբոյրներով՝

ՍԱՐՀԱՏ

 

1․ Անդրանիկի կուսակցական ծածկանունը

2․ Կրնայ ըլլալ նաեւ Կալեէ Պարազան կամ Կալէ Պարազին։

3․ Կ’ակնարկէ Անդրանիկի, Մուրատի եւ միւս հայդուկապետներու արտասահման մեկնումին, Սասնոյ ապստամբութենէն ետք։

 

 

Վերցված Գրքոյկից, որն ամփոփում է նշանաւոր գրող ու հասարականքաղաքական գործիչ Ռ. Զարդարեանի ակնարկը հայ ազատագրական շարժման խոշորագոյն ներկայացուցիչ, ազգային հերոս Գէորգ Չաւուշի կեանքի ու դիւցազնական գործունէութեան մասին՝ մեծ ներշնչումով ու խորին ակնածանքով գրուած ու առաջին անգամ հրատառակուած հերոսի նահատակման թուականին (1907) Ժնեւում։ Տպագրուում է 1967 թ. Բեյրութի հրատարակութիւնից։