ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ 6

ԶԱՐԵՒԱՆԴ

(Զավեն Նալբանդյան)

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ

(1920 թ)

 

Մաս 6

 

«Կրկին եւ կրկին պէտք է փորձել»,կը բացականչեն հաշտութեան հաւատաւոր փաստաբանները. «բան մը, որ կարեւոր եւ կենսական է` պէտք է հազար անգամ փորձել»: 

Ո՛չ, փորձածը կրկին փորձել յիմարութիւն է,կ’ըսենք մենք: Եւ ժողովրդական այս իմաստութեան նեցուկ կանգնած է գիտական ճշմարտութիւնը: 

Որքան ատեն որ երեւոյթ մը յառաջ բերող պայմանները կը մնան անփոփոխ, փորձը կրկնեցէք ինչքան կ’ուզէք, կը ստանաք միշտ միեւնոյն արդիւնքը: 

Աւելի լաւ է, որ փորձենք թափանցել երեւոյթին խորը ու գտնել անոր իրական պատճառները: Մինչեւ չծանօթանանք այդ պատճառներուն, անկարելի պիտի ըլլայ մեզ համար փոխել զանոնք կամ հակազդել անոնց, նպատակայարմար միջոցներով: 

Ա՛յս է փաստը, թուրքը իր կառավարութեամբ ու մամուլով, մօլլաներով ու ինտելիգենտներով, կիներով ու ժողովուրդով, մեր ֆիզիքական բնաջնջման կը հետամտի, որովհետեւ բոլորը խորապէս հաւատացած են, որ հայուն ֆիզիքական գոյութիւնը իրենց քաղաքական հզօրութեան արգելք է: Մեր կեանքը իրենց մահ կը սպառնայ: 

Պարզ ոճրի սէրը չէ՛, որ մղեց թուրքը կատարելու 1915-ի անասելի մահափորձը մեր ցեղին դէմ: Ո՛չ ալ մեր հայ ըլլալն է պատճառը իր ատելութեան: Մեր տեղը ո՛վ ալ ըլլար` նոյն բաղդին պիտի արժանանար: Ապացոյց` վերջին քրդական ջարդերը: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը գրաւող ոեւէ՛ ոչ-թուրք տարրի մը գոյութիւնը խոչընդոտ է թրքական որոշ ծրագիրներու համար: 

Այս իրողութիւնը չի կրնար փոխուիլ մեր հաշտասէր կամ անհաշտ տրամադրութեամբ կամ մեր ախորժակի չափ ու քանակով: 

Ահաւասի՛կ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ սահմանի խնդիր չունի Թուրքիոյ հետ, որ իրեն համար գոյութիւն չունի իրրեդենթա: Ընդունուած է ամէն ժողովուրդի ներկայացուցիչը նկատել իր կառավարութիւնը: Խորհրդային Ռուսիոյ բարեկամութիւնը Թուրքիոյ հետ լաւագոյն երաշխիքն է վասալ հայ կառավարութեան հաշտասիրութեան: Ուրեմն Հայաստան ոչ միայն համոզումով հաշտ ու բարեացակամ դիրք կը բռնէ Թուրքիոյ հանդէպ, այլ եւ անկարող է անկախ կռիւ յայտարարել սահմանները սրբագրելու նպատակով: Պարզ է, որ Թուրքիա վախ չկրնար ունենալ Հայաստանի կողմէ եւ լաւ գիտէ ատիկա: Ինչո՞ւ թուրքերը այն ատեն գրգռութեամբ կը դիտեն թրքահայութեան բեկորներուն ներգաղթը Հայաստան եւ կը բողոքեն ատոր դէմ: Իրե՞նց ինչ, եթէ հարեւանը կը հիւրասիրէ սեփական հարազատները սեփական տանը մէջ: Այսչափն իսկ անթոյլատրելի մեղք է հայուն համար: Աւելի պարզ փաստի պէտք ունի՞ն մեր հաշտասէր բարեկամները համոզուելու համար, որ փոփոխութիւն չկայ հաշտութեան կարեւոր պայմանին` հաշտուող միւս կողմին տրամադրութեան մեջ: Ու այդպիսի պարագային հաշտասէր տրամադրութիւն մեր կողմէ, միայն վտանգաւոր կրնայ ըլլալ մեզ համար: 

Այո՛ մենք թոյլ ենք եւ շատ պէտք ունինք հաշտութեան: Բայց հոգեբանօրեն, եթէ կարող ալ ըլլանք համապատասխան քայլեր առնելու, լավ հասկընանք, յաջողութեան յոյս կա՞յ այդպիսի փորձերու համար: 

Մեր եզրակացութիւնը ա՛յն է ուրեմն, որ չենք կրնար հաշտուիլ թուրքին հետ, որովհետեւ… թուրքը մեզ հետ հաշտուիլ չուզեր

Բայց ինչո՞ւ թուրքը հաշտուիլ չուզեր մեզ հետ: 

Ճիշդ է, որ իր գործած ոճիրներուն յաճախանքը կը հետապնդէ զինքը: 

Ճիշդ է, որ ան կը վախնայ հայու վրէժխնդրութենէն եւ հայու մատ կը տեսնէ ամէն մահափորձի, ամէն դաւադրութեան մեջ: 

Բայց այդ ժամանակաւոր հոգեկան դրութիւն է, գուցէ եւ բուժուի առանց բիրտ միջոցի ալ: 

Հաւատա՛նք, թէ կը հանգստանայ թուրքի խիղճը, երբ տեսնէ, թէ զոհը ներած է արդէն եւ մոռնայ անցեալը, երբ համոզուի, թէ հայը իրապէս մոռցած է զայն: 

Չէ՞ որ համոզել թուրքը, թէ իրապէս մոռցած ու ներած ենք, պիտի ըլլայ ճշմարիտ հաշտասէրին գործը: Չէ՞ որ մեր հաշտասէրները կը խօսին ընդհանուր շահերու, Արեւելքի ժողովուրդներու եղբայրակցութեան ու համերաշխութեան անունով: 

Վերջապէս քաղաքականութիւնը հաշիւ է, եւ թուրքը այդ բանը գիտէ մեզի չափ: 

Բայց թուրքը չուզեր հրապուրուիլ արեւելքի ազգերու համերաշխութեան այն մեծակառոյց դղեակով, որ մեր «Արեւելքի ազատագրութեան մոլեռանդ հաւատացեալները» կը հրամցնեն իրեն: 

Երեւի իր հաշուին չի գար… 

Թուրքիա, որ դարերէ ի վեր վարժուած է հողեր կորսնցնելու, որ յօժարեցաւ հրաժարիլ Թրակիայէն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն ու Միջագետքէն, մէկ խօսքով` իր արեւմտեան եւ հարաւային նահանգներէն, ո՛չ մէկ թիզ հաւանեցաւ զիջել արեւելեան նահանգներէն: 

Ան իր համբաւաւոր «Ազգային Ուխտ»-ը գլխաւորապես, չ’ըսենք առանձնապէս, Հայաստանի գլխուն վրայ երդուեցաւ: 

Ան մինչեւ վերջ պնդեց Բրէստ-Լիտովսկի դաշնագրին վրայ եւ ի վերջոյ խլեց Կարսն ու Արտահանը եւ Հայաստանէն անջատել տուաւ Նախիջեւանը: Ան կրնայ անտարբեր աչքով դիտել մէկուկէս միլիոն յոյներու ներգաղթն ու հաստատումը Յունաստան, բայց քանի մը հազար հայերու ներգաղթի լուրը արդէն բաւական է զինքը ջղայնացնելու: 

Ի՞նչ է այս բոլորի պատճառը: 

Արդեօք Հայաստանի քաղաքական հեռաւոր նպատակնե՞րն են: Բայց միթէ՞ նման վախեր չունի Թուրքիա Յունաստանի կողմէ: Ճի՛շդ է Ռուսաստանը կայ Հայաստանի ետեւ կանգնած, եւ շատ նոր եւ դիւրաբեկ են ռուս եւ թուրք յարաբերութիւնները եւ անբաւական` վերջինին կատարեալ վստահութիւն ներշնչելու համար: Բայց Յունաստանն ալ չի կրնար իր ետեւը հզօր պաշտպան մը ունենալ վաղը, ինչպէս ունեցաւ երէկ: Ի՞նչ է Թուրքիայի քունը փախցնող մասնաւոր անհանգստութեան պատճառը Հայաստանի կողմէն: Եւ ինչո՞ւ հայը, բոլորի մէջ այն ժողովուրդն է, որուն վրայ թուրքը կը նայի ամենէն աւելի ատելութեամբ եւ անհաշտ թշնամանքով: 

Ի՞նչ է այս բոլորի թաքուն պատճառը… 

Մեր հաշտասէրները կը սիրեն խօսիլ Վիէննայէն սկսող տեղատուութեան մը մասին, որ օսմանեան ընդարձակածաւալ կայսրութեան սահմանները բերաւ հասցուց այսօրուայ համեմատաբար համեստ սահմաններուն: 

Եւ այդ տեղատուութեան օթօմաթիք ընթացքին վրայ դրուած ըլլալ կը թուի իրենց լաւատես յոյսերու մեծ մասը: Զանոնք լսելով մարդ կը փորձուի եզրակացնել, թէ Միացեալ Հայաստանի դատը պիտի լուծուի մեքենաբար ու ինքնաբերաբար` թուրքին մեր հողերէն քաշուելուն հետեւանքով: 

Մակընթացութեան եւ տեղատուութեան ուղղութիւնը որոշել հայեցակէտի խնդիր է: 

Երբ մէկը Եւրոպայէն դիտէ թրքական շարժումները` կրնայ ըսել, թէ անոնք տակաւ նահանջող տեղատուութիւններ են: Բայց Երեւանէն նայողին համար թրքական ազգային շարժումը յորձանք մըն է, որ ուռելով կու գայ դէպի Արարատի ստորոտը: 

Մեր ինտելիգենտներուն յաւիտենական եւ աղիտաբեր սխալը եղած է օտարի, ան ալ արեւմուտքցի օտարին ակնոցով, անոր տեսակէտէն դիտել եւ գնահատել մեր ազգային երեւոյթները եւ այն երեւոյթները, որ կենսական նշանակութիւն ունին մեզ համար: 

Թուրքը, ո՛ր երկիրներէն ուզէ հաւաքէ իր փէշերը, մեր տեղէն գացած չունի: Միտք ալ չունի երթալու: Ան պինդ նստած է մեր կողքին. աւելի ճիշդ` մեր գլխին փռած իր մինտերը, եւ ոտքերը ծալլած մեր կրծքին վրայ, այժմ աւելի հաստատ քան երբեք: 

Ընդհակառակը, նշանները ուշադրութեամբ դիտողին համար, ուրիշ փաստ մը կայ երեւութապէս դեռ պզտիկ, բայց մեզ համար շատ աւելի կարեւոր, քան թուրքին տեղատուական շարժումը Վիէննայէն Անգօրա: 

Այն մակընթացական շարժումն է. ա՛ն, որ սկսած է գծագրուիլ այս կողմէն: 1914-ի սահմանը չէ այլեւս այն գիծը, որ Թուրքիան կը բաժնէ Ռուսիայէն: 

Գիծը տեղափոխուած է քայլ մը դէպի արեւելք

Եւ թուրքին աչքերը այդ գծին վրայէն կը նային դէպի հեռուն: 

Կը նային վառ երազներով ու վայրագ ցանկութիւններով լեցուած: 

Համաթուրանական ծրագիրն է այդ: 

Եւ մենք նոր գրքոյկով մը կը խօսինք այդ մասին¹ : 

 

1 Ակնարկը հեղինակի «Ի՞նչ կ’ծրագրեն թուրքերը — Միացյալ եւ անկախ Թուրանիա» գրքի մասին է: