ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ 4

ԶԱՐԵՒԱՆԴ

(Զավեն Նալբանդյան)

 

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ

(1920 թ)

 

Մաս 4

 

Սակայն, որքան խոր ըլլայ հայուն կսկիծը, որքան ուժեղ` անոր արդարութեան զգացումը, որքան կատաղի` անոր վրէժխնդրութիւնը, անոր զգացածը չկրնար հաւասարիլ թուրքին մեզ հանդէպ զգացած ատելութեան: 

Դահիճին ատելութիւնը զոհին հանդէպ անիմաստ, անբանաւոր, բայց շա՜տ իրական: 

Այն զգացումը, որ աւազակը ոճրագործի եւ պարզ ոճրագործը խելագար եղեռնագործի կը փոխէ, բազմապատկել տալով անոր ոճիրները եւ զանոնք աւելի ու աւելի քստմնելի դարձնելով: 

Դահիճը կ’ատէ իր զոհը, որովհետեւ ան կը յիշեցնէ իրեն իր ոճիրը: 

Դահիճը կ’ատէ իր զոհը, որովհետեւ կը սարսափի անոր վրէժխնդրութենէն: 

Թուրքը անկեղծ է իր «անցածը մոռանալու» փափաքին մէջ, զոր կ’արտայայտէ յաճախ: Բայց ո՛չ կրնայ մոռանալ եղեռնի մօտիկ այդ անցեալը, ո՛չ ալ հաւատալ, որ իր զոհը կրնայ մոռանալ զայն: Ամէն ոք իր չափանիշով կը չափէ դիմացինը: Թուրքը լաւ գիտէ, որ եթէ ինքը եղած ըլլար մեր տեղ, պիտի չմոռնար ու պիտի չներէր: Ապա ուրեմն չի սպասեր, որ հայը ներէ ու մոռնայ: Ամէն բարեկամութեան ցոյց մեր կողմէ ան կը նկատէ զուտ կեղծիք: 

Ճիշդ է, որ բռնաւոր քմահաճութեամբ մը ան շարունակ մոռացում ու բարեկամութիւն կը պահանջէ մեզմէ: Սակայն վստահ ըլլանք, թէ որքան ջանանք ապացուցանել մեր անյիշաչարութիւնն ու բարեացակամութիւնը, որքան կրկնենք, թէ մոռցած ենք ամէն բան ու պատրաստ ենք ամէն բանի մեր գոյութեան սիրոյն, այնքան աւելի թերահաւատ ու դժկամ պիտի դառնայ ան: Թշնամութենէ բարեկամութեան փութկոտ դարձերը միայն կասկած կրնան ներշնչել: Իսկ տկարութեան ցուցադրութիւնը` արհամարանք միայն: Ի զո՜ւր պիտի խեղդենք մենք մեր զայրոյթն ու արցունքը եւ ձեռք կարկառենք թուրքին: Ի զո՜ւր պիտի ջանանք բարի դրացնութեան ու սիրոյ անճարակ ֆրազներ թոթովել: Ան աւելի ու աւելի պահանջկոտ պիտի դառնայ անկեղծութեան ու հաւատարմութեան դրական ապացոյցներու համար: Պիտի ուզէ, որ իբրեւ գրաւական հրաժարինք մեր բոլոր գանձելի իրաւունքներէն, մեր ունեցած համեստագոյն ստացուածքէն ալ ու զիջենք մինչեւ մեր գոյութեան ամենայետին իրաւունքը: 

Եւ երբ բոլորովին իր ոտքերուն տակն ըլլանք, ստրկացած, ոչնչութեան հաւասար իբրեւ ազգ` ան դեռ ապացոյցներ պիտի ուզէ… որովհետեւ պիտի վախնայ իր ոտքի տակի հայու փոշիէն անգամ: 

Ա՛յս է ոճրագործ-բռնակալներու հոգեբանութիւնը: 

Մէկ խոսքով, եթէ մենք թուրքին ներենք իսկ, ա՛ն մեզի պիտի չներէ: 

Մեր դարաւոր հարստահարիչն ու դահիճը ախտաբանական վիճակի մը մատնուած է, որ բիրտ դարմանումով կը բուժուի միայն: 

Իսկ մենք ենթարկուած ենք ուրիշ ախտաբանական վիճակի մը – խուճապային բարոյալքումի: 

Երկու ժողովուրդներու հոգեբանական այս վիճակը աւելի եւս շեշտուեցաւ վերջին հնգամեակի իրադարձութիւններու հետեւանքով: 

Թուրքը այլեւս զինադադարի սկզբնաւորութեան շրջանի թուրքը չէ – պարտուած, վհատած, զիջումներու պատրաստ: 

Ֆրանսացիները Կիլիկիայէն, Դաշնակիցները Կ. Պոլսէն վտարող, յունական բանակը ծովը թափող, Հայաստանի Յաղթական Քեմալն է ան: Ռուսիոյ դաշնակի՜ցը, Արեւելքի ազատագրութեան կռուազան յառաջապահը: Այն թուրքը, որ Լօզանի մէջ աշխարհի բոլոր մեծերուն գրեթէ պարտադրեց իր պայմանները եւ որ այսօր, այնքան ամբարտաւան կերպով կը կանգնի Անգլիայի դէմ, Մուսուլի խնդրին մէջ: Թուրքիան, որ կ’յանդգնի անընդունելի նկատել մինչեւ անգամ Ազգաց Դաշնակցութեան որոշումն իսկ, երբ այն չի յարմարիր իր քէյֆին: 

Թէ որքան առարկայական հիմեր կան այս դիրքին ներքեւ, թէ ի՛նչ չափով կ’արդարանայ թուրքին անսահման լրբութիւնը եւ ի՛նչ փառաւոր կամ անփառունակ վախճան պիտի ունենայ ան, խնդիրներ են, որ դուրս կը մնան մեր քննութեան նիւթէն: Մենք ապագայի մարգարէութիւններով չենք զբաղած, այլ դիմակալելով անմիջական ներկայ իրականութիւնը: 

Փաստը այն է, որ թուրքը պահանջեց լռեցնել հսկայական խնդիրներու տաղտկալի ձայնը միջազգային բանակցութիւններու արիոպագոսին մէջ եւ յաջողեցաւ արդարեւ լռեցնել զայն: Թուրքը պահանջեց վերցնել հայկական դատի վաւերագրերը համաշխարհային հարցերու սեղանէն եւ զանոնք անպէտ թուղթերու կողովը նետել: Եւ դիվանագիտութիւնը կատարեց այդ փափաքը: 

Մեր նկատի առնելիքը, ուրեմն, թուրքին հոգեբանութիւնն է: Այն հոգեբանութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ միլլիական շարժումին շնորհիւ հանդէպ արտաքին աշխարհին, եւ որ զօրացաւ ու ամրապնդուեցաւ տարուած դիւրին յաղթանակներով: 

Այդ հոգեբանութիւնը բնաւ չի կրնար նպաստել թուրքին մէջ հայի հանդէպ բարեացկամութեան, հասկացողութեան, յարգանքի զգացումներ առաջ գալուն: 

Ընդհակառակը: 

Եթէ թուրքը կը յանդգնի գլուխ բռնել աշխարհի հզօրներուն, որոնք հսկայ բանակներ ու նաւատորմեր ունին իրենց սիրալիր կամ սպառնալից խօսքերուն ետեւ, ինչո՞ւ հայուն հանդէպ հասկացող ու զիջող դիրք պիտի բռնէ: Ինչո՞ւ կամաւոր զոհողութիւներ պիտի ընէ: Ի՞նչ ոյժ կը ներկայացնենք մենք: 

Զինուորական ու դիւանագիտական յաջողութիւններով գինովցած գոռոզ թուրքը անուշ խօսքերով կամ պարապ սպառնալիքներով հաշտութեան կանաչ սեղանին գլուխը բերելու յոյսը ցնորական է ուրեմն: 

Թուրքը ոչ միայն սրտովին կ’ատէ, այլ եւ կ’արհամարհէ մեզ: 

Միւս կողմից պարտուած հայի բարոյական ողնաշարը մարդու, ազգի իր ինքնայարգանքը ստացած է շշմեցուցիչ, մահացու հարուած: 

Աշխարհի համար հայ ու ջարդ հոմանիշ են դարձել կարծես: Հայ ժողովուրդը կը կարծէ անտեղեակ եւ յաճախ անկարեկիր օտարը, իր կեանքն ու տունը, իր կինն ու երեխաները անասունի մը չափ իսկ պաշտպանելու արի ոգիէն զուրկ երկչոտներու հօտ մ’է, որ միայն կոտորուիլ, լալ եւ մուրալ գիտէ, եւ անողոք կերպով կ’եզրակացնէ` երբ որ ազգ մը հաւաքաբար կրնայ մարսել այսքա՜ն անպատուութիւն, եւ հանդուրժել դարերո՜վ սպանդներու եւ գերեվարութեան, պէտք է ի սպառ կորսնցուցած ըլլայ իր մարդկային եւ ազգային արժանապատուութեան զգացումը եւ ուստի արժանի է միայն արգահատանքի, եթէ ոչ արհամարհանքի: 

Անիրաւ է այս վերաբերումը, շա՛տ անիրաւ, բայց դաժան իրողութիւն է: Պէտք է փոխուի ան. մեզմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ փոխել զայն, ո՛չ իսկ Ողիմպոսի աստուածներուն փաղանգը: 

Աւելի՛ն կայ. աւելի՛ զայրացնողը, աւելի՛ կատղեցնողը: Մօտեցե՛ք հայ ունեւորին, խօսեցէ՛ք անոր այրիին եւ որբին անունով. կոտորածը, կողոպուտը կը հասկնայ եւ երեսիդ կը շպրտէ քանի մը տոլար… ինչպէս պիտի ըներ օտար, մարդասէր հայասէր մը, անշուշտ նուազ կոպտութեամբ եւ վիրաւորանքով: 

Բայց անգամ մը փորձեցէք անոր մօտենալ հայուն ինքնապաշտպանութեան անունով, հայուն ազատագրութեան անունով, հայ-թրքական կնճիռի լուծման եւ հաշուեյարդարութեան, հայու գոյամարտին անունով … հաւանական է Սահարայի մէջ աւելի մեծ թիւով ովասիսներ գտնել, քան մեր մեծափարթամներուն մէջ` խօսուածները հասկացողները: 

Ո՞ւր է հայ պատուախնդրութեան, հայ խրոխտ առնականութեան Մովսէսը, որ գիտնար գաղտնիքը ջուր հանելու այդ ապառաժներէն: 

Անոնք կը հասկնան թալանուիլ, տեղահանուիլ, կոտորուիլ, բայց հարուածին հարուածով պատասխանել` ո՛չ: 

Հարստահարիչներու ոտքերուն տակ տրորուած, աշխարհէն լքուած, անհաւասար կռիւի մէջ ջախջախուած, արիւնաքամ եւ ուժասպառ ժողովուրդի մը մէջ երեւան եկող այս հոգեբանութիւնը հասկանալի է եւ բացատրելի: 

Փրկութիւնը բացատրութեան մէջ չի կայանար, այլ` դարմանումի: 

Աղէտներ կը պատահին դիւցազուններուն անգամ: Անոնցմէ անգամ կ’խլուին իրենց Հէլէնները: Արհամարհանքի արժանի պիտի ըլլար Մենելաւոս ա՛յն ատեն միայն, երբ մարսէր ամօթը եւ ընդունէր անպատուութիւնը: 

Մեր անթիւ զոհերու արեան աւազանը երեւի չկրցաւ վերամկրտել մեր հոգիները… Պէտք է որոնել վերածնիչ նո՛ր Պրոպատիկէ մը: 

Հայը, մինչ այդ` ո՛չ կրնայ ինքնայարգանքէ բխող ինքնավստահութիւնով թուրքին աչքերուն մէջ նայիլ շեշտակի եւ անոր հետ խօսիլ առնաբար եւ ո՛չ ալ ազգերու ընկերութեան մէջ մարդավայել տեղ մը գրաւել: 

Հայկական անտեղիտալի դիմադրականութեան ժայռերուն առջեւ իր կատաղի ուժերը սպառելէ վերջն է, որ թուրքը ընդունակ պիտի ըլլայ հանդարտ ջիղերով եւ հաւասարակշիռ մտքով խօսիլ մեզ հետ: 

Մեզմէ կրած վնասներով մեզ իր պարտքը, գոնէ մասամբ, վճարած ըլլալու գիտակցութիւնն է միայն, որ խաղաղութիւն պիտի տայ իր սրտին եւ վստահութիւն` մեր բարի տրամադրութիւններուն հանդէպ: Թերեւս քիչ մը համակրութիւն ալ զգայ մեզի համար… 

Ինչ որ ստոյգ է սակայն – ա՛յն ատեն միայն թուրքը պիտի յարգէ մեզ, մեր կեանքն ու սեփականութիւնը եւ մեր իրաւունքը ապրելու անկախ կեանքով, Աստուծոյ երկինքին տակ, մեր հայրերու հողին վրայ: 

Ու մանաւանդ` ա՛յն ատեն միայն տեղի պիտի ունենայ հայ նորագոյն պատմութեան ամենէն նշանակելի դէպքը, ճշմարիտ հրաշքը – հայու առնական ոգիին վերածնունդը ստրկութենէն, յարութիւնը մեռելներէն: 

Կուգա՞յ, սակայն, այդ օրը, ե՞րբ կուգայ: Մէկ բան միայն գիտենք մենք. այդ օրը պէ՛տք է գայ եւ շո՛ւտ: 

Միայն մե՛նք կրնանք բերել զայն: Ա՛յդ նպատակին պէտք է լծուին մեր բոլոր ճիգերը, միահամուռ ու միակամ: 

 

Շարունակել Կարդալ՝ Մաս 5