ԻՄ ԴԱՒԱՆԱՆՔԸ

Կը խօսիմ մեր նորագիր ընկերներուն եւ կը զգամ, որ անոնք կը խորհրդածեն.

— Գաղափարօրէն կը հաղորդուիմ այսօր: Հաղորդութի՛ւն, սակայն, ի՞նչ է ատոր խորհուրդը:

Հոգեփոխուիլ եւ հոգեխառնուիլ Դաշնակցութեան ու անոր միջոցաւ` մեր ցեղին հետ:

Այո՛, ցեղահաղորդութիւն է այդ: Երբ դա կայ, կը նշանակէ, թէ մեր հոգին դարձած է ընդունակ ցեղապրումի:

— Նախ կը խոստովանիմ ճշմարտութիւնը, վասնզի որքան մեծ է ճշմարտութեան անհաղորդներու թիւը ժողովրդի մը մէջ, այնքան յաճախակի եւ սուր են պառակտումի դէպքերն անոր ծոցին մէջ:

Կ’ընդունիմ, թէ մեր նախորդները եթէ ստրուկ չդառնային իրենց եղբայրամերժ եսականութեան, ապա մենք դարերով օտարի ստրուկը պիտի չըլլայինք: Կ’ընդունիմ, որ հայութեան ծերացած մեղքերը աւելի նպաստած են Հայաստանի կործանումին, քան պարբերաբար մեր երկիրը ներխուժող օտարներու սուրը: Սեղմ ասած` հայութիւնը այսօր էլ իր անհամերաշխ անցեալի մեղքերն է որ կը քաւէ:

— Կը գտնուիմ Դաշնակցութեան սեմէն ներս եւ ահա ինքզինքս կը զգամ Ցեղիս հետ սրբազան դաշինքի մէջ, եւ կ’ընդունիմ թէ` ամէն մէկ ԵՍ յանցաւոր ապստամբ մը, ամէն մէկ Եսականութիւն` բարոյական մահափորձ մըն է այն Մեծ Ամբողջին դէմ, որ ազգ կը կոչենք:

Կը գիտակցեմ, թէ բաժանուելով ցեղէն, անհատը կը մեռնի հոգեպէս եւ ապա կը հաշտուի իր ցեղի մահուան հետ:

— Դաշնակցական եմ եւ ահա՛ կ’ընդունիմ, թէ անհատէն ու ընտանիքէն, կուսակցութիւնէն ու դասակարգէն բա՛րձր կայ եւ պիտի մնայ ցեղը, միակ ճշմարտութիւնը, որու ձայնին չհնազանդուող ազգը կը պատժուի առնուազն քաղաքական մահուամբ: Այդ սրբազան ձայնը զոր միայն հոգեւոր խուլերը չեն լսեր, կը պատգամէ մեզ` թող ազգը կենտրոնացնէ իր բովանդակ ոյժերը եւ տրամադրէ զանոնք իր ինքնապաշտպանութեան գործին:

Իսկ առ այդ` եւ ոչ մէկ օր առանց նոր զէնք մը ճարտարելու թրքութեան դէմ :

— Դաշնակցական եմ եւ ահա հայրենի երկիրս ու Հայութիւնը իմ շունչէս մօտ են ինձ:

Եւ արդէն կը զգամ, թէ սովորական զգացումներէ զատ ունիմ նաեւ Հայաստանի զգացումը, որ ինձ հետ ծնուած չէր եւ զոր, սակայն, Դաշնակցութիւնը տուաւ ինձ:

Հոգեխառնուե՛ցի Դաշնակցութեան հետ եւ ահա` ինձ կը զգամ հպարտ ժառանգորդը այն Մեծ Ժառանգութեան, որ ՄԱՅԻՍ 28 կ’անուանենք: Եւ ալ չեմ նախանձիր ինձմէ նիւթապէս աւելի հարուստին ու բարեկեցիկին, բայց խորապէս կը ցաւիմ այն բոլորի համար որոնք ինձ հետ, իմ կողքին, Դաշնակցութեան դրօշին տակ չեն այսօր:

— Դաշնակցակա՛ն եմ: Այդ ըսել է, թէ այլեւս եսաթափ եղած` կ’առաջնորդուիմ ներցեղային բարոյականով , որ պիտի սրբէ իմ էութիւնը ստրկականութեան կեղտէն եւ եսականութեան հին թթխմորէն. այդ ըսել է, թէ կ’ընդունիմ գաղափարական համամայրութեան օրէնքը, ըստ որի ` իմ հետագայ կեանքը պիտի ըլլայ` ազգախոհ — նուիրում եւ անձանձիր ծառայութիւն իմ ցեղիս ` կուսակցութեանս միջոցաւ:

— Կ’ընդունիմ, թէ Դաշնակցութիւնը յայտնութիւնն է հայութեան հաւաքական հոգիին, այն ինքնագիտակից գործիքը, որուն միջոցաւ ցեղիս հոգին առաջ կը վարէ իր պատմական առաքելութիւնը:

— Անհատի աշխարհայեացքը պիտի համապատասխանի իր ազգի եւ պետութեան նպատակներուն. անոր երջանկութիւնը մէկ հատիկ արդարացում ունի` զայն ծառայեցնել իր ցեղի երջանկութեան:

Խորապէս կը զգամ, թէ իմ երջանկութիւնը ճիշտ հոն է, որ ես կ’աշխատակցիմ Դաշնակցութեան, եւ որպէսզի իմ գործակցութիւնը արգասաւոր ըլլայ, պարտք կը զգամ ինքնակատարելագործութեամբ գերազանցել Հայութեան արտաքին թշնամիներին, իբրեւ մարտական, բարոյական եւ իմացական ոյժ:

— Դաշնակցական եմ եւ ահա՛ կ’աշխատիմ օր, ժամ, վայրկեան առաջ խօսքիս ջերմութեամբ հալեցնել սառոյցէ այն լեռը, որ իրարմէ կը բաժանէ հայ կուսակցութիւնները:

Կ’ընդունիմ, թէ քաղաքական եւ դաւանական ամէն մէկ խտրութիւն վերջ պիտի գտնէ այնտեղ, ուրկէ կը սկսի հասարակաց միաբանութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը: Կ’ընդունիմ նաեւ, թէ մերազնեայ ներքին ամէն մի հակառակորդ անծանօթ ընկեր եւ եղբայր մ’է, զոր հոգեփոխելու պարտականութիւնն ունիմ: Նմանները պէտք է միայն հոգեբանօրէն զինաթափել եւ ոչ թէ զգետնել, ոչնչացնել:

— Հայրենիքի շէնքը պէտք չէ բարձրացնել օտարատեացութեան ժայռին վրայ, այո՛. բայց եւ այնպէս հայութիւնը մինչեւ կատարածն աշխարհի պէտք չէ ներէ թրքութեան: Եթէ այդ արնապարտ ցեղէն, որ կողոպտիչն ու սպանիչը հանդիսացաւ անզէն հայութեան կէսին, եթէ օր մը անկէ բուռ մը անսուրբ մոխիր մնայ, այդ մերժելի մոխրին իսկ դատի պիտի կանչել, անոր հետ նոյնիսկ դատաստանի պիտի նստիլ:

— Կ’ընդունիմ ազգային զոհաբերութեան օրէնքը, որու համաձայն զոհասեղանին վրայ կրակը բնաւ պիտի չմարի:

— Վերջապէս, կը դաւանիմ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը: Եօթնիցս կը սիրեմ Հայ ժողովուրդը, որն ինձ համար կը մնայ իր ոյժերի մեծութեան դեռ անծանօթ Հերակլէսը:

Կը հաւատամ մեր ապագային: Կը զգամ ու մտովին կ’ողջունեմ Հայաստան Երկիրը, որ կար, որ երջանիկ էր ու մեծ եւ որ այդպիսին պիտի լինի վաղը…

Գարեգին Նժդեհ