ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ 5

ԶԱՐԵՒԱՆԴ

(Զավեն Նալբանդյան)

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ

(1920 թ)

 

Մաս 5

 

«Գիտե՛մ»,կը փութայ պատասխանել հաշտասէրը, շարժելով գլուխը ծիրանաւոր դատաւորի մը վեհափառ սառնասրտութեամբ: «Գիտե՛մ թէ ի՛նչ խոր է թշնամանքն ու ատելութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Գիտե՛մ, թէ ի՛նչ կսկիծ, ի՛նչ վրէժ կայ ամէն հայ մարդու սրտին մէջ: Բայց քաղաքական գործիչը պէտք է ընդունակ ըլլայ յաղթել զգացումներուն ու նախապաշարումներուն, եւ բա՛րձր կանգնիլ ամբոխային տրամաբանութենէն»: 

Հաշտասէրներու փաստարկութիւնները զօրացնելու համար մենք ալ կ’ընդունինք, թէ երբ ազգի մը ֆիզիքական գոյութեան հարցն է խնդրոյ առարկայ, այն ատեն պէտք է լռեն զգացումները, պէտք է լռէ նամուսի, արժանապատուութեան, նոյնիսկ արդարութեան ձայնը, պէտք է կարկամի անոր զաւակներուն վրիժագոռ լեզուն: 

Լաւ եւ բարի. այս բոլորը կ’ընդունինք մե՛նք ալ: 

Մե՛նք ալ գիտակից ենք իրատես եւ հեռատես գործիչներու պարտականութեան, եւ ամէն անգամ, որ պահանջեն ազգային գերագոյն շահերը, գիտենք լռեցնել մեր զգացումները: 

Զգացումները զոհե՛լն ալ հայրենասիրութեան մէկ ձեւն է: 

Բայց մենք աւելին ալ ընելու յօժար եւ պատրաստ ենք, մենք պատրաստ ենք աշխարհի թունաւոր նախատինք ալ կուլ տալու: Բանաստեղծին պէս մենք չենք կոչեր. 

«Այսքա՛ն չարիք թէ մոռնան մեր որդիք, 

Թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»: 

Փոյթ չէ՛, որ մեր որդիք մոռանան այսքան չարիք. մենք չմոռցա՞նք Ճէնկիզի, Թիմուրի, Ալփասլանի, Շահ-Աբբասի չարիքները… 

Գալով աշխարհին – սնա՜նկ, անբարո՜յ աշխարհին, անոր հասարակաց կարծիքը արժէք չունի մեզ համար: Ի՛նչ կ’ուզեն թող ըսեն մեր հասցէին: 

Վանտալակա՞ն է, թէ կուլտուրական, դահի՞ճ, թէ նահատակ, հրէ՞շ, թէ հրեշտակ. միեւնո՛յն է: 

Ինչե՜ր չըսին մեզ գովելու համար, ինչե՜ր չըսին թուրքը վարկաբեկելու եւ դատապարտելու համար… երբ շահ մ’ունէին հետապնդելիք: Իսկ, երբ հասաւ հաշուեյարդարի կրիտիկական րոպէն, բոլորը, բոլո՛րը լքեցին զոհը եւ իրար կոխկռտելով վազեցին դահիճին արիւնոտ ձեռքը սեղմելու: Ո՜ղջ աշխարհի նախատինքը … թքել ենք այդ աշխարհի՛ն ալ, անոր նախատինքին ալ, դրուատիքին ալ վրայ: 

Դիւանագէտներու, դրամատէրներու եւ դեղին մամուլի մատի շարժումներուն համեմատ պարող եւ ինքզինք գին առաջարկողին ծախող աշխարհի հասարակաց կարծիքին հանդէպ ունինք միայն արհամարհա՛նք: 

Այսպէ՛ս. ո՛չ գալոց սերունդներու սրտին մէջ թրքատեացութիւնը յաւերժացնելու, ո՛չ ալ աշխարհի նախատինքէն ազատելու նկատումով է, որ կ’ուզենք «հայ թրքական յարաբերութիւններու վէրքը միշտ թարախոտ» պահել:

Թուրքին հետ մեր հաշտութեան ճշմարիտ արգելքը ո՛չ զգացական-հոգեբանական է, ո՛չ բարոյա-սկզբունքային: 

Ան պարզապէս առարկայական է: 

«Եթէ առարկայական արգելքներ կան` վերցնե՛նք»,պատրաստակամութիւն կը յայտնեն անմիջապէս մեր հաշտութեան քարոզիչները: Վերցնե՛նք,կը պատասխանենք մենք ալ – եթէ մե՛նք կրնանք վերցնել զանոնք

Դժբախտաբար, մենք միայն մեր ենթակայական եւ առարկայական արգելքները կրնանք վերցնել: Իսկ թշնամիին ենթակայականն ու առարկայականը ո՛չ կրնանք զանազանել, ո՛չ ալ վերցնել: Մեզի համար, թշնամիին կողմէ եղած ոեւէ՛ արգելք, ենթակայականն ալ, առարկայական է եւ անոր բարձումը մեզմէ կախում չունի: 

«Բայց համոզութեան ո՞յժը»,պիտի բացականչեն մեր հաշտասէրները: «Հապա բարի տրամադրութիւննե՞րը, հապա մեր խօսքերուն ու գործերուն փաստը»: 

Ու թուրքին հետ երկար-բարակ «մուաթէպէ»-ի (իրերակշտամբանք) եւ ըսի-ըսաւի կը նստին: 

Իսկ մենք արագօրէն փաստերը աչքէ անցընենք: 

Ճի՞շդ է, որ մեր պատրաստակամութեան պակասը եղաւ պատճառ, որ մենք չկրցանք հասկացողութեան լեզու մը գտնել թուրքին հետ: 

Ճի՞շդ է, որ մեր ախորժակը շատ մեծ էր ու մեծ մնաց, եւ եթէ մենք բանակցութիւններ վարած ըլլայինք մեր այսօրուայ խելքով եւ համեստ պահանջներով, համաձայնութեան մը կը հասնէինք անպատճառ: 

Ակնարկ մը ձգենք ետ մօտիկ անցեալի դէպքերուն վրայ: 

Զանց կ’ընենք թուրք սահմանադրական շրջանը մինչեւ 1914, ուր մեր ախորժակները նուազագոյնի կը հասնէին ու մեր պարտաճանաչ եւ ուղղամիտ վերաբերմունքը` առաւելագոյնի: Եւ ուր մեր բարեկամութիւն ու գործակցութիւն ստեղծելու փորձերը թուրք «առաջադէմ տարրերու» հետ վիժեցան ամօթալի եւ աղէտալի կերպով: 

Զանց կ’ընենք նաեւ ընդհ. պատերազմի եւ զինադադարի սկզբնական կնճռոտ շրջանները: 

Երբ Սեւրի դաշնագրով ճանչցուեցավ մեր իրաւունքը եւ աւելի ուշ Ուիլսըն գծեց Հայաստանի սահմանները, մենք արդէն այնքան յուսախաբութիւններ կրած եւ այնքան մը խելքի եկած էինք, որ բացարձակապէս բաւարար համարեցինք մեզ շնորհուած երկիրը: Հայ քաղաքական միտքը բաւական հեռացեր էր արդէն «ծովէ ծով» Հայաստանէն: 

Շուտով Ուիլսընեաններէն շատ աւելի համեստ սահմաններով Հայաստան մը շատ հայերու կողմէ գոհացուցիչ նկատուեցաւ: Ու բանաձեւեցին project modeste-ը: 

Քիչ վերջ հայը, իր «մեծն դիւանագէտներուն» բերնով, խնդրեց, որ թրքական հողերէ կազմուած եւ թրքական վեհապետութեան տակ dominion մը շնորհուի իրեն: 

Վերջապէս, որպէսզի բոլորովին ապահովցնէ թուրքը, թէ ոեւէ՛ փառասիրական ծրագիրներ չի սնուցաներ, հայը ամերիկացի միսիօնարքաղաքագէտներու միջոցով մուխը մարած օճախ մը հայցեց հիւսիսային Սուրիոյ հեռաւոր ճախճախուտներուն մէջ իբրեւ Քրիսմըսի նուէր: Ասոր վրայ վերջապէս յաջողեցանք շաժել թուրքին… հիւմըրը: Յայտնելէ վերջ թէ «Ծնունդ» տօնելու սովորութիւն չունի, գնաց երկնցաւ Էնկիւրիի մինտերին վրայ եւ կուշտ մը խնդաց աշխարհի եւ մեր քթին: Խնդալիք ալ բան էր: 

Բայց հայուն մտայնութեան եւ ախորժակներուն գահավէժ վայրէջքը կանգ չառաւ այդտեղ: Ան փափաք յայտնեց իր հայրենի հողերուն վրայ ապրիլ իբրեւ թրքական հպատակ, ինչպէս երջանիկ անցեալին մէջ: 

Ալ ասկէ աւելի փոփոխութիւն կարելի՞ էր ակնկալել: 

Մեր մաքսիմում պահանջներէն հետզհետէ իջանք մինչեւ մինիմումը եւ անկէ ալ` մինչեւ «անհետացման կէտը»: 

Իսկ ի՞նչ եղաւ թուրքին պատասխանը… 

Այն, որ այսօր եօթը-ութը հարիւր հազար հայ գաղթականներ, անտուն եւ անհայրենիք, կը թափառին ծովէ ծով եւ գլուխնին դնելիք քար մը չունին, մինչ հայրենի աւերակներուն վրայ բուեր կը վայեն: 

Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը եղան թուրքին պատասխանը, Իզմիրն ու Պօլիսը եւ օրէնքը` որ կ’արգիլէ ոեւէ հայու մտնել «Արեւելյան նահանգներու զօնէն ներս»: 

Բաւական պարզ չէ՞, որ թուրքի հետ հաշտութեան արգելքը ո՛չ մեր ախորժակն է, ո՛չ մեր վրէժխնդրութիւնը: Հայ ժողովուրդը դարերու փորձառութիւն ունի զսպելու իր զգացումները եւ վարժութիւն` հաշտուելու դաժան իրականութեան հետ: Այդ տեսակի իմաստութեան դասերու, դժբաղդաբար, պէտք չունի մեր ժողովուրդը: 

Երկու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւն գոյանալու արգելքը թուրք ժողովուրդի մերժումն է ճանչնալու մեր նոյնիսկ ամենահամեստ պահանջները եւ անոնց հիման վրա ոեւէ՛ հասկացողութեան գալու մեզի հետ: 

Բայց թերեւս բողոքներ գտնուին մեր «թուրք ժողովուրդի մերժումը» բացատրութեան դէմ: 

Լաւ. ո՞վ է թուրք ժողովուրդը, ո՞վ է անոր արտայայտիչը: 

Կուսակցութիւննե՞րը: 

Տարբերութիւն չկայ անշուշտ կառավարութեան եւ անոր ետեւը գտնուող «Խալք» կուսակցութեան տեսակէտներուն միջեւ: 

Իսկ ընդդիմադիրնե՞րը. ի՞նչ է իթթիհատական ընդդիմադիր կուսակցութեան դիրքը հայկական հարցին, նոյնիսկ հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքի մասին: 

Կարծէք ավելորդ է ծանօթացնել Էնվէրներու եւ Թալէաթներու կուսակցութիւնը:

Իսկ աւելի՞ նպաստաւոր է դիրքը իթիլաֆական թուրքերուն հայ ժողովուրդի քաղաքական գոյութեան վերաբերմամբ: 

Այն կուսակցութեան, որուն երեք քառորդը խալիֆայականներէ, սօֆթաներէ, մօլլաներէ է բաղկացած: Մօլլաներէ, որ պարզեցին Ճիհատի կանաչ դրոշակը, առջեւն անցան ամբոխին եւ թունոտ լեզուով հրահրեցին անոր կիրքերը նախճիրներու համար… 

Եւ քէմալականները, նախկին իթթիհատականներն ու նախկին իթիլաֆականները այն երեք գլխավոր հոսանքներն են, որ յարափոփոխ անուններու տակ հաւաքաբար` կը ներկայացնեն թուրք հասարակական կամքն ու կարծիքը: 

Հայկական հարցին եւ հայերու հանդէպ վերաբերումի տարակարծութիւն չկայ թուրք զանազան հոսանքներու մէջ: Ընդդիմադիրները – ամենէն փայլուն օրինակը Հիւսէյին Ճահիտն է – թէկուզ ամէն մէկ կէտի մէջ քննադատեն Քէմալն ու քէմալական կառավարութիւնը, մէկ կէտի մէջ համամիտ են անոր, եւ այդ` հայոց հանդէպ վարած քաղաքականութիւնն է: 

Թուրք աշխատաւորական կազմակերպութիւններ` անուամբ գոյութիւն ունին միայն: Սակաւաթիւ ու հալածուած խեղճուկներ, որոնք ոեւէ ազդեցութիւն չունին զանգուածներու մտածողութեան վրայ: Յետոյ, միայն հա՛յն է աշխարհի երեսին բոլոր ազգերուն մէջ, որ ամէն «ութիւն», քրիստոնէութենէն մինչեւ ընկերավարութիւն, առեր է այնպէս բառացի ու տառացի կերպով, վերացական յափշտակութեամբ, ուրանալով ու մոռնալով ինքնապահպանութեան ամենատարրական բնազդն անգամ: 

Թուրք կոմունիստը ո՛չ աւելի տրամադիր է, ո՛չ ալ աւելի ընդունակ` հայը իբրեւ ազգ յարգելու եւ անոր իրեն հաւասար իրաւունքներ ճանչնալու, քան թուրք քեմալականը, իթթիհատականը կամ իթիլաֆականը: 

Ո՞վ է թուրք ժողովուրդի արտահայտիչը: 

Մամո՞ւլը: Մամուլը կուսակցութիւններու ձեռքն է եւ անոնց բերանը: Աւելորդ է նորութիւն սպասել այստեղ ալ: 

Կառավարութիւնը կոտորեց կամ վտարեց թրքահայութեան մնացորդները: Խլեց մեր ձեռքէն «առանձնաշնորհումներու» վերջին խղճալի հետքերն ալ, ստորագրել տուաւ ե՛ւ «փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ»-էն հրաժարագիրը: Ամէն օր նոր սեղմումի մը, գրավումի մը լուրը կը հասնի Պօլսէն: Բոլորովին անվնաս ու ողորմելի դարձած համայնքի մը վրայ գործ դրուած ամենօրեայ գձուձ բռնակալութեան մը արձագանքները: 

Իսկ թուրք թերթերը, որ կը ներկայացնեն ժողովուրդի «լուսաւոր» եւ «առաջադէմ» տարրը, փոխանակ բողոքելու այդպիսի տղամարդութեան դէմ (ե՞րբ բողոքեր են), կ’երգեն ամէն օր, բոլոր եղանակներով. «Հայեր, կ’ուզէ՞ք խաղաղութիւն, թրքացէ՛ք: Լքեցէք ձեր կրօնը, լեզուն: Մոռցէք որո՛ւ զավակ էք եւ որո՛ւ եղբայր: Թուրքի պէս զգացէք, թուրքի պէս խորհեցէք, թուրքի պէս նստեցէք: Այն ատեն կ’հաւատանք, որ թուրք էք եւ ձեզ կը նկատենք հայրենակից»: 

Եւ այս քարոզը կ’ուղղուի ո՛չ միայն պոլսահայութեան, որ ոեւէ՛ քաղաքական յաւակնութիւն չունի արդէն, այլ ամբողջ տարագիր թրքահայութեան, իբրեւ միակ հեռաւոր յոյս կորսուած Երուսաղէմը վերստին տեսնելու: 

Հայկական հարց գոյութիւն չունի թուրք մամուլին համար, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդ, ո՛չ ալ ոեւէ՛ ցանկութիւն հասկացողութեան գալու անոր հետ: Այս խնդրին շուրջ մամուլը կառավարութենէն տարբեր չի մտածեր: 

Արիութիւնը չէ, որ կը պակսի թուրք լրագրողներուն: Լաւ կ’ըլլայ, որ յիշեցնենք: Շատ մը հարցերու մէջ անոնք բացահայտօրէն ու խստօրէն քննադատեցին կառավարութեան ընթացքը եւ դիմագրաւեցին անկախութեան դատարաններու սարսափը: Բայց բողոքի ո՛չ մեկ բառ արձանագրեցին թրքական մամուլի էջերը մեզ եղած քաղաքական մեծ անիրաւութեան դէմ: Ո՛չ մէկ լրագրող հաշտութիւն առաջարկեց հայ ժողովրդին, առանց դնելու վերի պայմանները – վա՛զ անցէք, մոռցէ՛ք, թրքացէ՛ք: Ո՛չ մէկ լրագրող պիտի հաւանէր արշին մը հող զիջել Արեւելեան նահանգներէն «ցնորական» Միացեալ Հայաստանի մի կազմութեան համար: 

Քիչ-շատ քաղաքակիրթ երկրի մը մէջ կնոջական սի՛րտն է, որ կը բողոքէ անիրաւութեան ու բարբարոսութեան դէմ: 

Թուրքիոյ մէջ ա՛յդ ալ չկայ: Թուրք «ազատագրուած» կինը կամ այնքան մակերեսային է, որ իր գաղափարականութիւնը «շարշաֆիփէջէ»-ի հարցերէն անդին չանցնիր կամ շովինիստ ու կատաղի` ինչպէս նշանաւոր Խալիտէ հանըմը: Ո՛չ մէկ թրքուհի, պատերազմի–տեղահանութեան արհաւիրքներու ընթացքին, ձայն բարձրացուց յանուն գթութեան, մարդասիրութեան, ո՛չ մէկ թրքուհի անկէ ի վեր մտածեց զոհերուն եւ անոնց իրաւունքներուն վրայ: Միակ հասարակական գործը, որ թուրք «կրթուած կանայք» կատարեցին հայերու հետ կապակցութեամբ, եղաւ այն կատաղի կռիւը, որ անոնք մղեցին զինադադարէն վերջ, Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ հայ ազգ. մարմիններու եւ դաշնակից իշխանութեանց դէմ… հայ որբերը չյանձնելու համար իրենց մայրերուն: 

Ո՞վ է թուրք ժողովուրդը, զանգուածնե՞րը: 

Դեռ երէկ էր, որ թուրք բանուորն ու գիւղացին, մեր ծապլվարեաններուն իտէալականացուցած «թուրք խաղաղ աշխատաւորը», քաշեց բահն ու բրիչը, մուրճն ու մանգաղը եւ մորթոտեց հայ իսկապէս խաղաղ աշխատաւորը, եւ աւարի տուաւ անոր կինն ու ստացուածքը: 

Այսօր ալ այդ աստիճանէն շատ աւելի առաջ գացած չէ անոր դաստիարակութիւնը: Երկու տարուայ մէջ հրաշք չի կատարուիր, մէկ օրէն միւսը վայրենին քաղաքակիրթ չի՛ դառնար: 

Եւ ո՞վ պիտի կատարէր այդ հրաշքը, դաստիարակէր թուրք զանգուածը եւ համոզէր զայն փոխելու իր տրամադրութիւնը դէպի մեզ եւ դէպի մեր արդար իրաւունքները: Ինտելիգե՞նտը: 

Հազարաւոր օրինակներու մէջէն առնենք միա՛յն քանի մը հատ: 

Րէուֆ պէյ կ’ըսէ. «Եթէ հայերը պիտի պահանջեն ազգային տուն, թո՛ղ այդ տունը ստանան իրենց բարեկամներէն»: 

Ահմէտ Ճէվտէթ պէյ «Հայոց Ազգային Տան» գաղափարը կը համարէ միամտութիւն: Թուրքիոյի մէջ ապրելու համար կը թելադրէ հայերուն «օրինակ առնել հրեաներէն, որոնք այնքան երջանիկ կ’ապրին` չպահանջելով եւ ո՛չ մի ազգային առանձնաշնորհում»: «Իսկ, եթէ չեն ուզեր մեզ հետ ապրիլ,կ’ըսէ,թող երթան Արժանթինա»: 

Րիզա Նուրին ժողովուրդի մը ներկայացուցչին վայել յոխորտանքով կը սակարկէ ամերիկացիներուն հետ, թէ «մենք ձեզ հայ կու տանք, դուք անոնց հո՛ղ տուէք»: 

Ճէլալ Նուրին աւելի ամբարտաւան է, քան Րիզա Նուրին: Ան, երբ Հայկական Տան մասին կը լսէ, կռնակին վրայ կ’իյնայ մինտերին վրայ, ու տասը վայրկեան անդադար կը խնդայ: 

Քաղաքավարութեամբ արտայայտուին, թէ անկրթօրէն, բոլոր թուրք մտաւորականներու համար հայկական հարցը «փակուած է անգամ մ’եւս չբացուելու համար»: 

Արդ, անգամ մըն ալ. ո՞վ է թուրք ժողովուրդը, կառավարութի՞ւնը, կուսակցութիւննե՞րը, մամո՞ւլը, մտաւորականութի՞ւնը, բանուո՞րը, գիւղացի՞ն, մօլլա՞ն, կի՞նը… 

Ո՞ր մէկուն շրթներէն դուրս եկան արդարութեան հասկացողութեան բառեր: Ո՞ր մէկուն անցեալը արատաւոր չէ արիւնալի արարքներով ու աչքը լեցուն` արիւնի նոր երազներով… 

Որո՞նց ոտքերուն առջեւ կը նետենք մեր ձիթենիի համեստ ճիւղերը, որո՞նց համար կը կատարենք մեր անդամահերձական աճպարարութիւնները… 

 

Շարունակել Կարդալ՝ Մաս 6

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով