Գարեգին Նժդեհ

ԽՕՍՔ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ, ՄԵԾԵՂԵՌՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ցեղակրօնութի՛ւն — ա՛յդ կը թելադրէ մեզ Ապրիլեան Եղեռնի խորհուրդը խորին:

Ցեղակրօն լինել` ասել է ապրիլ ցեղի համար, որի անունով մեռան հազարներն ու բիւրերը. ասել է` պատրաստ լինել ամէն վայրկեան մեռնելու այն դատի համար, յանուն որի մեր ցեղն իր կէսը ողջակիզեց. ասել է` մեր սրտի վրայ կրել այն բոլոր վէրքերը, որ թուրք բազուկը հայութեան մարմնին եւ հոգուն հասցուց:

Ցեղակրօնութի՛ւնը — այո՛, միայն այս ճամբով մեր անօրինակ տառապանքը կը սկսի ծառայել մեր հաւաքական գոյութեան իմաստին:

Ցեղակրօն լինել` ասել է ունենալ տառապանքն ընդունելու հերոսական կամք եւ զայն յաղթահարելու կարողութիւն: Ասել է` այլեւս փրկարար է մեր տառապանքը, եւ դա մեր ժողովուրդը կը պատրաստէ մի մեծ նուիրումի, եւ մի երջանիկ ապագայի համար:

Մարդկօրէն — հասկանա՛նք այդ — մարդկօրէն կամ փախչում ենք տառապանքէն, կամ ընդունում այն:

Յետ այսու հայը` ցեղավար հայը վճռականապէս պիտի ընդունի այդ, բայց ոչ շոպէնհաուէրեան իմաստով:

Քաղաքական թէ հոգեբանական յոռետեսի համար միակ ցանկալի ելքը` տմարդի փախուստն է կեանքէն, պայքարէն, ցաւէն:

«Մի՛ պրպտէք անցեալը, սեւ վարագոյրը թող ծածկէ դա: Թո՛ղ այդ օրերէն, ժամերէն, վայրկեաններէն մինչեւ տարիներ խաւար լինի եւ թուականի մէջ չգումարուի»,- այսպէս գրեց մի աղէտահար տղամարդ իր բարեկամին:

Սուր կորովաթափութիւն ապրած այդ մարդը պիտի դառնար մեր օրերի պարտուողականը եւ իր հոգու սեւով ներկէր աշխարհն ու երկիրը:

Մի ուրիշն էլ այսպէս ճանկռեց թուղթի վրայ.

«Տեսանք երեխաներ, որոնց սրտերը շները կը կրծէին… Այսուհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է հանգիստ հոգով ապրել այս աշխարհի վրայ: Այլեւս մեզ ապրել չի՛ վայելեր, մայրիկ»:

Այո՛, նորահաս սերունդ, այսուհետեւ չի՛ կարելի հանգիստ հոգիով ապրել, եւ պէտք չէ ապրել անդորրապէս, եթէ նոյնիսկ այդ կարելի լինէր: Բայց եւ այնպէս պէ՛տք է ապրել, ապրե՛լ անհանգիստ հոգիով, ապրե՛լ թրքական եղեռնի ամբողջ յիշողութեամբ, ապրե՛լ ցեղօրէն, ապրե՛լ ամօթ համարելով մեկուսի եւ եսական երջանկութիւնը, որ Հայաստանից դուրս այլ բան չէ, եթէ ոչ մի կրկներեւոյթ կեանքի անապատում:

Չէ՛, չնմանինք յոռետեսին, ոչ էլ էպիկուրեան վերաբերմունք ունենանք դէպի կեանքը: Մոռացում չփնտռենք թեթեւամիտ հաճոյքների մէջ, այլ ընդունինք տառապանքը որպէս միջոց մեր հաւաքական վերածնունդի եւ քաղաքական փրկութեան:

Ընդունինք այդ որպէս «հրեղէն սուր, որ կը պահպանէ կեանքը մահէն եւ անկումէն»: Ընդունինք տառապանքը Էդմոն Ֆլէդի ցեղաշունչ խօսքի իմաստով.- «Ես հրեայ եմ, որովհետեւ ամենուրեք, ուր լալիս է մի ցաւ` հրեան է լալիս»:

Այսպէս, Մեծ Եղեռնի խորհուրդը պէտք է յեղաշրջէ հայութեան ներքին կեանքը: Այդ պէտք է որոշէ հայ անհատի եւ հաւաքականութեան բարոյականը, փիլիսոփայութիւնը, աշխարհազգացողութիւնը: Այդ պէտք է գունաւորէ մեր հոգեկան աշխարհը` սնուցանելով մեր ներքին մարդն ու հայը, յաւիտենական հայը: Այդ` ցեղակրօնութեան պիտի տանի մեզ:

— «Ի՞նչն է հայօրէն ճշմարիտը»,- հարցին` ցեղակրօնը պէտք է պատասխանէ. Հայաստանը կար եւ պիտի վերականգնի Թուրքիոյ անդամահատութեամբ:

— Ի՞նչն է հայօրէն բարին.

— Անընտրողաբար հարուածել թուրքն ու Թուրքիան:

— Ի՞նչն է հայօրէն գեղեցիկը.

— Ապրիլ լեգէոնականութեան ոգով, եւ հասունանալ ցեղի մղելիք ճակատամարտերի համար:

Թրքատեացութի՞ւնը: Այո՛, կատաղի է մեր ատելութիւնը, քանզի կը տառապինք որպէս հայ եւ որպէս մարդ: Մեր մեծ տառապանքէն պիտի ծնէր մեր մեծ ատելութիւնը, որն այլ բան չէ, եթէ ոչ հոգեբանական պատասխանը հայ տառապանքի:

Ցեղակրօն չե՞ս, եւ չե՞ս ատում թուրքը — որ փորձեց գոյութեան գրքէն ցեղիդ անունը սրբել` ասել է չես զգում այն վէրքերն ու վիրաւորանքը, որ թուրքը հասցրեց մեր ցեղին:

Արդ, թէ ինչո՛ւ կեղծ եւ զզուելի կը հռչակեմ հակադրօշակեան «քաղաքականութիւն»ը, որի մէջ ցեղուրաց հայը դեռ չգիտէ հասարակ ձիաւորը տարբերել ասպետէն: Ցեղակրօնութիւն կը քարոզեմ, այո՛, քանզի պակասաւոր կը համարեմ անցեղաճանաչ, անցեղահաւատ, անցեղապաշտ հայը: Այսուհետեւ համանշանակ պէտք է համարել անցեղաճանաչ եւ անհայրենասէր հասկացողութիւնները:

Ցեղակրօնութեամբ, ցեղակրօնութեամբ միայն հայ հոգին պայքարի, դժբախտութեան ու կռուի մէջ աւելի յանդուգն ու կատաղի կը դառնայ, ինչպէս առիւծը, երբ իր արնահոս վէրքերն է տեսնում:

Ցե՛ղը, ցեղակրօնութի՛ւնն է մեր դաւանանքը: