Տէր Քերովբէ Քհնյ․ Շահնազարեան
Խասգիւղի քաջ երէցն է այս, որու խորազննին աչքերուն մէջ ազատատենչ հոգու մը թրթռացումները կը կարդացուին։ Իր յեղափոխական անունն էր «Փոթորիկ»։ Ծնած է 1870 թուին Տարօնայ հին ու հարուստ Խասգիւղին մէջ։ Գիւղական դպրոցն աւարտելէ վերջ ուղարկուած է Պոլիս Ազգ․ Կեդրոնական Վարժարանը, զորն աւարտելով, երիտասարդ տարիքին քահանայ ձեռնադրուած եւ իր ծննդավայն ուղարկուած է։ Եղած է մեր ամենագործունեայ եւ յանդուգն եկեղեցական-յեղափոխականը թերեւս։ 1904-ի Սասնոյ եւ Մուշի բոլոր կռիւներուն մասնակցեր է հերոսական թափով։ Նահատակուեր է 1915-ին, բայց ոչ խաչկապուկ թեւերով եւ երկինքը նայելով առ ի խնդիր գթոյ, այլ հրացանը ձեռին, թշնամին հարուածելով հայրենի երկրի դաշտին, բլուրին եւ լեռան վրան՝ ինկեր է անհաւասար կռիւին մէջ։ Իր քաջի արիւնից թող վրէժի ծաղիկներ ծաղկին վերապրող Տարօնցիներու սրտին մէջ։
Յարգանք իր յիշատակին։
Գրեց Մեսրոպ Շահնազարեան
Հատուած «Խորոտիկ — Խասգիւղի Յուշերէս» հոդվածից։
«Տարօնի Արծիւ», թիւ 14, 1940թ․









Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!