ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ — 3

ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ

Մաս 3

Երբ արդարութեան անողոք հատուցումը հասաւ հայ մատնիչներուն ու գեղաշէնցի Աւոյին՝ որ իր ամբողջ ընտանիքով բնաջինջ եղաւ, կը մնար վերջին դատաստանը Խալիլին, այդ հրէշածին պատուհասին՝ որ խմած էր Սերոբի ու հազարաւոր հայ գիւղացիներու արիւնը։ Խալիլը ինքը պատմական չարիքն էր այդ սեւ երկրին, որուն նամուսը, մալը, միւլքն ու կեանքը իր կրունկներուն շուքին հետ ոտքին ետեւ կը պտըտցնէր։

Անդրանիկի ու Գէորգի ազատարար գնդակները անգամ մըն ալ սուրացին Մարնիկի վերեւի սարին վրայ՝ յանուն տանջուած ժողովուրդի վրէժխնդրութեան։

Խալիլի սպանութիւնը ամբողջ շրջան մը կը բանայ Սասնոյ վերջին յեղափոխութեան համար՝ մինչեւ Առաքելոց վանքի պատմական գրաւումը։

Սասունը յեղաշրջուած էր. ինքնավստահութեան ու դիմադրութեան հոսանքը վերստին կը գրաւէր իր տեղը։

Բայց վարը, քաղաքն ու դաշտերը կք հեծէին երկաթէ մտրակին տակ. սպանութիւն, աւերում, հրդեհ, կողոպուտ, բռնաբարութիւն ու տանջա՜նք, տանջա՜նք… ժողովուրդը ծայրայեղ յուսահատութեան ու լքումի մէջ կը դիմէր դաւանափոխութեան, ռուսական եկեղեցիին գիրկը յուսալով ապահովութեան յենակէտ մը գտնել միայն։ Կը զոհէր իրեն համար ամենէն նուիրական զգացումը, իր պապենական հաւատքը, միայն թէ զուլումը դադրէր եւ արեւին լոյսը քիչ մը արդարութիւն բերէր իր հետ տեղէ մը։

Ահա այս գերագոյն րոպէներուն էր, որ ինչպէս արծիւը գորշ մրրիկներու մէջէն, Անդրանիկի ու Գէորգի խումբը խոյացաւ Սասնոյ կապաններէն դէպի ցած, դէպի Առաքելոց վանքը, ցնցելու համար ժողովրդի գիտակցութիւնը։

Այս պատմական յանդուգն ու մեծ դէպքի միջոցին՝ երբ վանքը շաբաթներով պաշարուած էր զինուորական կուռ շղթայով մը, Գէորգը ցոյց տուաւ այդտեղ հիանալի ճարտարութիւն, աներկիւղ հերոսութիւն ու անձնուիրութիւն։ Այս պաշարման միջոցին էր որ՝ գիշեր մը թշնամի բանակէն յոխորտալից ձայն մը կը հասնէր.

Ո՞ւր պիտի փախչիք մեր ձեռքէն, թէսլիմ եղէք, թէսլիմ եղէք։

Գէորգ քրտերէն լեզուով պատասխանեց հեգնօրէն.

Դո՜ւք, կնիկնե՛ր, որ պահուած էք դիրքերու ետեւ ու չէք համարձակիր ձեր մազը ցոյց տալ, դո՛ւրս եկեք, դո՛ւրս, ձեզ հաց ու ջուր տանք եւ հեռացէք, դուք ո՜վ, կռիւը ո՜վ…

Քիւրտ մը որ անկասկած կրցաւ ճանչնալ Գէորգի ձայնը՝ նոյնպէս հեգնօրէն արձագանք տուաւ։

Վա՜յ, դուն ես, Գէորգ Չաւուշ…։ (Անդրանիկին անուան միացած փաշա յորջորջումին իբր լրացուցիչ մաս՝ Չաւուշն ալ Գէորգին, անուան):

Եւ այդ օրէն Չաւուշը մնաց պատմական անուն մը, աւելի ճիշդ յիշատակ մը։

Անմոռանալի էջ մը կը կազմէ ապահովաբար, այն դիւցազնական դրուագը զարհուրելի գիշերուան մը մէջ, երբ պաշարուողներուն յանկարծ իմաց տրուեցաւ թէ զօրքը յաջողած է մօտենալ վանքին եւ ներս խուժելու պատրաստուիլ։ Գէորգը դուրս եկաւ քանի մը կտրիճներու հետ դէպի Հաւատորիկ եւ հազիւ փոխանակած տասնի չափ հրացան, թշնամին ետ քաշուեցաւ եւ մինչեւ վերջ որոշ հեռաւորութենէ մը առաջ չանցաւ։

Երբ հարկ եղաւ թողուլ վանքը եւ բարձրանալ դարձեալ լեռնային ապաստանները, ինքը անցած իր զինուորներուն գլուխը, ռազմական հրաշալի տաղանդով մը առաջնորդեց իրեն ղեկավարութեան յանձնուած կամաւորներու ընտիր խումբը եւ կտրեց անցաւ զինուորական շղթան, առանց ոչ մէկ կասկած տալու թշնամիին։

Անսպասելի էր, գրեթէ գերբնական այս փախուստը, որ առասպելական գոյն առաւ եւ ֆէտայիները եղան անխոցելի եւ անըմբռնելի՝ ժողովրդային երեւակայութեան մեջ։

Տարօնի աչքը՝ սրբած յուսալքութեան արցունքն ու կսկիծը իր թարթիչներէն, հիմա կը դառնար դէպի վեր, դէպի բարձունքները՝ լեցուած յոյսով ու հաւատքի սպասումով, հիմա սրտանց կ’ողջունէր Սասունն ու անվախ ֆետային։

Ժողովուրդը դուրս կու գար վհատութեան հեղձուկ խաւարէն եւ կը գտնէր իր հոգւոյն խորը՝ դարձեալ ապրելու կամքը եւ պայքարին արիութիւնը՝ որ հասարակութեան մը գոյութեան իրաւունքը կը հաստատէ։

Առաքելոց վանքի դիմադրութենէն հազիւ երկու ամիս անցած էր, երբ Գէորգը մղեց Նորշէնի յաղթական կռիւը՝ երեք հայերու մատնութեան հետեւանքով։

Գէորգը իր մէկ քանի ընկերներուն հէտ, որոնց մէջ նաեւ Կայծակ-Վաղարշակն ու Աստուրը, իջած էին դաշտ հարկեցուցիչ պարագաներու բերումով եւ կը գտնուէին Նորշէն։ Երեք նորշէնցի այլասեռած կաթոլիկ հայեր կ’երթան քաղաք, ուղղակի միւթէսարըֆին քով, որուն հետ կ’ունենան հետեւեալ խօսակցութիւնը.

Փաշա՛ էֆէնտի, մեր գիւղը ինը ֆետայիներ իջեւանած են, զորոնք կառավարութեան ձեռքը կ’ուզենք յանձնել։

Փաշան խոժոռ ու յօնքերը պռստած, ատելութեամբ մը կը նայի այս վատորդիներուն երեսին։

Գացէ՛ք, տեղերնիդ գացէ՛ք, կ’ըսէ բարկութեամբ, գինո՛վ հայեր, դուք այսօր խմած կ’երեւիք…։

Չէ՛, էֆէնտիմ, ըստաղֆուրուլլահ, մեր գլուխը կու տանք, եթէ ըսածնիս սուտ ելլէ, փատիշահին արեւուն, Գէորգ Չաւուշն այս խնզըրներուն հետ է։

Միւթէսարըֆը գլուխը կ’երերցնէ, ներքին խորունկ զզուանքով մը եւ կը պնդէ միշտ.

— Հայե՛ր, դուք խմած էք, վալլա՜հ խմած էք, տեղերնիդ գացէք ու անկողիննիդ հանգիստ մը քնացէք։

Եթէ դուք մտիկ չէ՛ք ըներ, կը կրկնեն փատիշահին ստրուկները, մենք հեռագրով կը դիմենք վալիին ու հրաման բերել կու տանք…։

Զզուելի ստրկութիւնը՝ կ’անցնէր ամէն չափ ու սահման։

Շատ լաւ, կ’ըսէ միւթէսարիֆը, գացէք դուք, իճապին կը նայինք մենք… ու կը դիտէ այս մարդակերպ սողունները, որոնք ցածնալով, երկրպագելով՝ դուրս կու գան կառավարական պալատէն արդէն գոհ ու ինքնաբաւ։

Հիւսէյին աղա ըսուած հրէշը, որ ներկայ էր խօսակցութեան, կը գոչէ պարծենալով.

Ես պիտի երթամ եւ բերեմ այդ Գէորգ Չաւուշին գլուխը…

Առաքելոց վանքին վաղորդայնին էր եւ տակաւին տպաւորութիւնը շատ թարմ. պաշտօնեաները, չափազանց բուռն ու յախուռն կը գտնեն Հիւսէյինին ոգեւորութիւնը ու կ’ազդարարեն իրեն տեղը ծանր նստիլ, թողուլ եօթը աշխարհէ հաւաքուած ու պատանքը իրենց վզին փաթաթած ու այնպէս պտըտելու ելած այդ արկածախնդիրներուն օձիքը։

Խալիլ աղան աչքիդ առջեւ բեր, Հիւսէյի՛ն աղա, կը խրատեն խոհեմները, ան Սերոբին գլուխը կտրեց, սակայն ժամանակ անցաւ ու անոնք ալ վերջապէս իրենը մարմնին վրայ կանգուն չթողուցին, այս մարդոց հետ իյնալը չէրի չէ…

Վլլահի պիտի երթամ, այս իրիկուան իֆթարը ինծի հարամ ըլլայ, եթէ ես անոնց գլուխները չբերեմ…։

Եւ Հիւսէյինը բռնեց իր խօսքը։ Տղաքը յանկարծ իմացան որ գեղը պաշարուած է եւ Գէորգի հրամանով անմիջապէս դուրս եկաւ առաջին խմբակը՝ զարնելու եւ ճամբայ բանալու։

Ճամբա՜յ, պոռացին ֆետայիները հեծեալ ոստիկաններու եւ խուժանային բազմութեան, որոնց առջեւ ձիուն վրայ կը սիգար Հիւսէյին աղան։

Եւ գնդակները սուլեցին օդին մէջ։ Առաջին անվրէպ մահացու կապարը ծակեց Հիւսէյին աղայի ճակատն ու անցաւ դիակը ձիէն վար գլորուելով Մեղրագետի ալիքներուն մէջ՝ հոսանքը քշեց տարաւ։

Բազմութիւնը ցրուեցաւ՝ ինչպէս մշուշը զօրաւոր քամիին առջեւէն. խումբին առաջապահ մասը բարձրանալով լեռն ի վեր, գրաւեց Ծծմակայ քիթը։ Երբ պաշարողները գլխիկոր ետ դարձան՝ Գէորգը իր ընկերներէն մէկ քանին սարը ճամբեց ու ինք իջնալով կատարեց իրեն յանձնուած պարտականութիւնը ու վերստին բարձրացաւ լեռը։

Այդ օրերուն կարծես չարիք մը անդադար կը հետապնդէր զինք։ Հաւատորկաց Շէյխ-Նիստ գոմերուն մօտ հանդիպեցան քիւրտերու, եւ հարկ եղաւ նորէն մղել աննպատակ կռիւ մը, ուրկէ յաղթական շարունակեց իր ճամբան։

Փոխադրութեան գործին վերահսկողութիւնը յանձնուած էր Չաւուշին, որուն համար հարկ էր, անդուլ ու անդադար տեղափոխութեան մէջ գտնուիլ, սարէն դէպի դաշտ ու դաշտէն դէպի սար։ Չաւուշ տարիներով առանց վայրկեան մը հանգիստ առնելու, արհամարհելով յոգնութիւն ու ամէն տառապանք, եղած է մշտակայ գործունէութեան մը արթուն հոգին, եւ այս իսկ պատճառով ունեցած է միշտ բաղխում, միշտ ընդհարում՝ քիւրտին, թիւրքին ու իշխանութեանց հետ։

Իր մղած կռիւներուն կէսին կէսն իսկ բաւական էին պատերազմի դաշտին վրայ ոեւէ զօրապետի, ոեւէ հրամանատարի կուրծքը շքանշաններով զարդարել եւ անմահացնել կռիւներ՝ միշտ անհաւասար, ու հերոսական, մղուած կտրիճ ու զինավարժ ամենայայտնի ասպատակ քիւրտ ցեղերու դէմ. կռիւներ՝ կառավարական զօրքին ու ոստիկանութեան դէմ. կուրծք տալով ինը-տասը ֆետայիով՝ քանի մը հարիւր, յաճախ հազարէն աւելի թշնամիի դէմ, եւ յաղթական դուրս գալու, այո՛, հերոսի գործ էր։

Կը յիշատակենք հոս՝ ընդհանուր գծերով միայն, այն ճակատամարտները, որոնց մոռացութիւնը աններելի զանցառութիւն եւ նախատինք մը պիտի ըլլար անզուգական հերոսի յիշատակին։

Քաջութեան ու սխրագործութեան կոթողներ պիտի մնան՝ հայ ազգաբնակութեան արիւնոտ ճամբարներուն վրայ, Բերդակի առաջին կռիւը, ուր մատնիչ Բարսեղի դաւաճանութեան հետեւանքով՝ Գէորգ պաշարուեցաւ Ալայպէյին հրամանատարութեան տակ գտնուող 200 ձիաւորներովը եւ դուրս եկաւ յաղթական ու անպարտելի, գնդակով մը Ալայ-պէյին ֆէսն ալ գլխէն թռցնելով։ Բերդակի երկրորդ կռուին ուր, նոյնպէս մատնութեան մը շնորհիւ, լուսաբացին իր եօթը ընկերներով պաշարուեցաւ տան մը մէջ, սակայն առիւծի պէս խոյանալով իր զինուորներուն հետ, ճամբայ բացաւ ու բարձրացաւ դէպի սարը։

Փոքրիկ խումբը, աննման արիութեամբ, քայլ առ քայլ, դիրքէ դիրք կռուելով, հասաւ Հաւատորիկ. հոդ յանկարծ յայտնուեցան երկու ոստիկաններ՝ որոնք թելադրեցին հայ գիւղացիներուն զէնք վերցնել ու միանալ յարձակողներուն հետ, կոտորելու համար ֆետայինէրը. եւ ի՜նչ ստորնութիւն հայ արիւնին, գիւղացիներէն ոմանք զէնք բարձրացուցին ու կրակեցին յեղափոխականներուն վրայ։ Գէորգ, տեսնելով կայէնական այս արարքը, սրտմտութեամբ ու անհուն զայրոյթով լեցուած՝ ձայն տուաւ տղոց, թողուլ բուն թշնամին եւ հրացանները ուղղել դաւաճաններուն վրայ։ Կռիւը առած էր մոլեգին, կատաղի ուժգնութիւն, որովհետեւ քիւրտի ու զօրքի թիւը հասած էր արդեն 1000-էն աւելի։ Բերդակէն միացած մէկ քանի անզէն երիտասարդներ՝ զբաղուած էին անդադար դիրքեր շինելու, մինչ եօթ կտրիճները թռչելով միշտ մէկ դիրքէն միւսը, ճակատ կու տային ընդարձակ տարածութիւն մը բռնած եւ հետզհետէ աճող, հազարէն աւելի թշնամիին ու մահ ու սարսափ կը ցանէին իրենց շուրջը։ Հասան վերջապէս Ծիրին-Կատար։ Հազիւ կէս ժամ եւս տեւեց կռիւը, երբ բնութիւնը օգնութեան հասաւ։ Փոթորիկը սկսաւ ոռնալ եւ դղրդել սարերը, Ծիրին-Կատարը թափ կու տար իր գլուխը առիւծի պէս բաշերը ցնցելով, հսկայ լեռներու ահեղութիւնն էր որ կը զարթնէր, եւ կը մռնչէր որոտաձայն. այս տարերային գոռում գոչումին մէջ կը թնդային հրացանները անդադար եւ ֆիտայիները առաջ կը խաղային դէպի Կորեկի Աղբիւրը, ուրկէ անդին այլեւս ամէն ինչ լռեց եւ խումբը գտաւ իր ապահովութիւնը։

Թշնամին տուաւ 4 մարդ եւ 2 ձի զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, մինչ յեղափոխականներէն վիրաւորուեցաւ միայն սպաղանքցի Գալէն իր թեւէն. Գալէն աննման, հրաշալի կտրիճը որ միշտ թիկնապահն ու անբաժան ընկերը եղաւ Գէորգին մինչեւ վերջը, մինչեւ մահուան յետին րոպէն ու անոր հետ կողք կողքի ինկաւ աղէտալի օրուան մէջ։

Թշնամի խուժանը՝ որ Մուշէն դուրս եկած էր ծուղակը ինկած այդ եօթը ֆետայիներուն դիակները քաշելու իր ետեւէն քաղաքի հրապարակին վրայ, ետ դարձաւ գլխիկոր ու ամօթահար, տանելով հետը միայն իր զոհերն ու վիրաւորները։

1903-ի Սասնոյ զինուորական ժողովներուն մէջ Գէորգը ընտրուեցաւ Զինուորական Խորհուրդի անդամ եւ զինուորական երկրորդ հրամանատար. պաշտօններ, աւելի ճիշդը յեղափոխական պարտականութիւններ, որոնց կիրառմանը համար ունէր բոլոր առաքինութիւններն ու արժանաւորութիւնները։

1908 թուականը՝ գործունէութեան այն տենդոտ շրջանը եւ ընդհանուր վտանգով, սպառնալիքով յղի այն տարին է, ուր արդէն բացորոշապէս զգալի էր կառավարութեան մտադրութիւնը եւ կատարելիք յարձակումը։ Երկու ընդդիմադիր ուժերը՝ յեղափոխական ու բռնակալական՝ կը դիտէին զիրար ու կը լրտեսէին իրենց փոխադարձ շարժումները, իւրաքանչիւրը ինք անփոփուելով իր վրայ, իւրաքանչիւրը սպասելով ազդանշանին։

Գէորգին յանձնուած էր Անտոքի պաշտպանութիւնը, ուր դիրքերուն մէջ կը հսկէին հայդուկներն ու ժողովուրդը։ Պէտք էր կազմ ու արթուն ըլլալ՝ դիմաւորելու համար յանկարծական ամէն պատահար։ Սակայն հակառակ բոլոր գուշակութիւններուն, թշնամին յետաձգեց իր մտադրութիւնը աւելի պատեհ հանգամանքի։

Աշնան սկիզբի ամիսներուն, Գէորգը պարտաւորուեցաւ իջնել դաշտ՝ հրահանգներ տալու, կարգադրութիւններ ընելու եւ դաշտի ինքնապաշտպանութեան գործը կազմաւորելու համար։ Նոր բարձրացեր էր սարը, երբ վերջին ամիսներուն լուր հասաւ թէ Տալւորիկը վտանգի մէջ է։ Աճապարեց անմիջապէս դէպի սիրելի Տալւորիկը, որուն պաշտպանութեանը համար այնքան անգամներ կռուած եւ իր կեանքի գնովը օգնութեան փութացած էր։ Բարեբախտաբար ոեւէ լուրջ դէպք տեղի չունեցաւ եւ ինք թողուց Տալւորիկը ու գնաց ձմեռը Սասնոյ արեւմտեան հարաւային կողմերու հայ գիւղերուն՝ Իշխնձորի, Արդկունքի, Ընկուզնակի եւ Հեղինի պաշտպանութիւնն ապահովելու քիւրտերուն յարձակման դէմ։ Այդ գիւղերուն բնական դիրքը եւ վերջնական ապահովութիւնը կը պահանջէին թողուլ իրենց վայրերը եւ քաշուիլ ներս, դէպի Սասուն։ Չաւուշ հսկեց տեղափոխութեան եւ ապահով, անվտանգ յաջողցուց գաղթումը։

1904-ի Ապրիլին արդէն սկսաւ ընդհանուր յարձակումը եւ բռնկեցաւ Սասնոյ ապստամբութիւնը։

Չաւուշը ապստամբութեան առաջին օրերուն բռնած էր Իշխնձորի, Արդկունքի, ընդհանրապէս արեւմտեան հարաւի շրջանը եւ այդ դիրքերուն պաշտպանութիւնը կ’ապահովէր. բայց երբ լսեց որ Կէլիէկուզանի շուրջը թնդանօթները կ’որոտան, անմիջապէս քաշեց իր հետ բոլոր ժողովուրդը եւ վազեց դիմադրութեան կեդրոնը։

Կռիւի ութերորդ օրը, Ապրիլ 19-ին՝ Անտոքի դիրքերուն պաշտպանութեան գլուխը կանգնած էր։ Հեռուէն արդէն քրտական խուժանը եւ կանոնաւոր զօրքը կը յառաջանար. հանդարտ ու պաղարիւն՝ թողուց թշնամին որ մօտենար, ո՛չ մէկ շարժում, ո՛չ մէկ հրացանի ձայն դիրքերէն։ Թշնամին` բացարձակապես համոզուած էր թէ իր մարդիկն են հոն սպասողները, համարձակ ու աներկիւղ մօտենալով իսլամական բարեւը տուաւ.

— Սէլամն ալէքիմ…

Այն ատեն հրացանները որոտացին։

Բարեւին պատասխան դիրքերուն ետեւին յեղափոխական գնդակները սուլեցին, մինչ Գէորգը յանկարծակիի եկած եւ փախստի դիմած չկայ թշնամիին ետեւէն կը պոռար.

Ո՞ւր, ո՞ւր կու գաք. Գէորգ Չաւուշին բո՞յնը…

Ապրիլ 11-էն մինչէւ 30, ուր անընդհատ գոռացին կառավարական թնդանօթները եւ կարկուտի նման ծեծեցին Սասնոյ սարերն ու ապառաժները, Գէորգը ո՛չ մէկ դադար, ո՛չ մէկ հանգիստ, ո՛չ մէկ շուարում ու երկիւղ ունեցաւ. վարեց իրեն յանձնուած խումբերը՝ զինուորական աներեւակայելի ճարպիկութիւնով, հասաւ ամենէն տաք ու ամենէն վտանգաւոր կռիւներուն եւ բիւրաւոր զինուորին ու քիւրտ աշիրէթին դէմ, 19 օրուան հերոսական դիմադրութենէ մը ետք, Անդրանիկին հետ ժողովուրդին գլուխն անցած, դաշտ իջաւ։

Այդքան զօրութեան ունայն վատնումը մոլեգնութեան կը հասցնէր կառավարութիւնը՝ որ վարարած գազանի նման սկսաւ հալածել անըմբռնելի, բայց ահաւոր բուռ մը յեղափոխականները։ Դաշտին մէջ յաջորդաբար իրարու ետեւէ տեղի ունեցած Գոմերի, Կուրաւուի եւ Շամիրամայ կռիւները, որոնցմէ երկրորդին մէջ թշնամին ձգեց 40 զինուոր ու չէրքէզ եւ բաւականաչափ ռազմամթերք։ Շամիրամայ կռիւի միջոցին, որը տեւեց 14 ժամ, Գէորգը հակառակորդին ամենէն ուժեղ թեւին վրայ ցանեց այնպիսի ահարկու կրակ մը, որ թշնամին չկրցաւ տոկալ ու սառսափահար նահանջեց։ Երեկոյեան մութը կոխելէն ետք արդէն քաջարի խումբը նաւ կը նստէր եւ կը հասնէր Աղթամար։

Հայ Յեղափոխականներու «Նահանջ Բիւրոցն» էր ասիկա, կատարուած, ժողովուրդի սիրոյն համար, քանի որ այլեւս դիմադրութիւնը ոչ միայն անօգուտ էր, այլեւ վնասակար՝ խաղաղ բնակչութեան կեանքին ու գոյքին, նամէրտ ու ամէն բարբարոսութեան տրամադիր կառավարութիւնը չկարենալով գլուխ գալ յեղափոխական կռուողին հետ, կը պատուհասէր անզէն գիւղացին եւ վրէժխնդրութիւնը կը յագեցնէր՝ այրելով արտերն ու կալերը։

Աղթամարի մէջ գումարուեցաւ վէրջին Զինուորական Խորհուրդը… Հեռուն սեւ ճակատագրին ու վատ դուշմանին հետ մեն մինակ կը մնար դժբախտ, անտէր ժողովուրդը, նորէն կը չոքէր գերութեան մութ մառախուղը որբացած սարերու գագաթներուն եւ մայր հողին բազմաչարչար կուրծքին վրայ։

Խումբը կը հեռանար, բայց ոտքերը առաջ չէին երթար, սրտերը անդադար կը թռչէին դէպի ետ, դէպի Սասունն ու աւերակ Տարօնը։

Այդ յուզիչ Խորհուրդին մէջ էր որ որոշուեցաւ ընկերներէն մէկը ետ դարձնել, ե՛տ, դէպի ժողովրդին ծոցը զայն չմատնելու համար աւերիչ յուսահատութեան ու մահաբեր ջլատումի։ Եւ այդ պարտականութիւնը սիրայօժար վերցուց իր վրայ Գէորգը՝ ինք, որուն սրտին արդէն այնքան մօտ էր որոշումը։

Երբ հաւաքած իր 17 ուղեկից ընկերները, վերջին անգամ ողջագուրեց Անդրանիկը, տասնեակ փոթորկալից տարիներու ամէն յուզումները, ամէն վրդովումները եւ բոլոր խռովքները ճաշակած այդ պողպատէ հոգին չկրցաւ սառնութեամբ դիմաւորել դառն բաժանումը եւ իր աչքերը թրջեցան արցունքներով։ Բայց գաղափարը՝ աւելի թանկ ու սիրելի քան ընկերը, քան զէնքի անմոռանալի եղբայրը, առաջ վարեց զինք։

Հովուռոյց առագաստները շտկուեցան դէպի Ախլաթ ու 17 կտրիճները անհետացան Վանայ կապոյտ ալիքներուն վրայ։

Հազիւ անհետ եղած էին անոնք, արդէն Աղթամարը պաշարուած էր ու կը սկսէր ռմբակոծութիւնը։

Կառավարութիւնը Շամիրամայ կռիւին իսկ յաջորդ օրը ամէն տեղ հեռագրած էր ծովը խիստ հսկողութեան ենթարկել եւ բանտարկել հանդիպած բոլոր նաւերը։

Գէորգ անտեղեակ թշնամիին կողմէ եղած այս կարգադրութեան՝ կը մօտենայ նաւով Կծուակայ քարերուն։ Տղոցմէ մէկ քանին հազիւ ոտքերնին ցամաք դրած՝ գիշերային մթութեան մէջէն դարանամուտ թիւրք զօրքերը բուռն կրակի մը կ՛ենթարկեն զանոնք։ Չաւուշ յանկարծակիի եկած, չի կորսնցներ սակայն իր մտքին կտրուկ վճռողականութիւնը եւ պաղարիւնութիւնը. կը հրամայէ տղոց շուտով առաջ անցնիլ եւ դիրք բռնել Կծուակայ քարերուն գագաթը։ Հոս է որ պատուական, ամէն հիացումի արժանի ռազմիկ կամաւորները՝ զոհ տալով միայն մէկ ընկեր՝ Աստուրը, կը թռչին դէպի Նէմրութի լանջերը, թշնամիէն խլելով բաւական թիւով զոհեր։ Սերոբի այս պատմական օթեւանին՝ Նէմրութի սարերուն վրայ օր մը մնալէ ետք, կ’անցնին Մուշ։

Անլուր հարուածներուն եւ խստութեանց ենթակայ ժողովուրդը՝ որ ֆետայիներու մեկնումէն ետք, անձնատուր էր եղած սեւ անձկութեան, ծանր թախիծի ու մնացած ինք իր գլխուն, անկարող ղեկավարելու իր բախտը, երբ իմացաւ Գէորգի ներկայութիւնը իր մէջ, իր քով ու իրեն մօտ, կրկին ունեցաւ սփոփանքի թեթեւ սարսուռ մը, կրկին իր հոգւոյն խորը զգաց յոյսի մը բաբախումը։ Գէորգը հոն էր կեղեքիչներուն սարսափը։

1904-էն մինչեւ 1907, իր եղերական մահուան օրը՝ Գէորքի կատարած դերն ու գործունեութիւնը գուցէ ամենէն դժուարն ու դժնդակն է քան մնացած իր բոլոր զոհաբերութիւնները։ Օր ըստ օրէ բռնութեան տակ ֆիզիքապէս ու նիւթապէս հիւծող ժողովուրդ մը՝ անխուսափելի կերպով կը դիմէր նաեւ բարոյական քայքայման. ոչ միայն քիւրտ ու թիւրք պէկերու, աղաներու եւ ասպատակողներու երկաթէ ձեռքը կը ծանրանար հայ աշխատանքին, հայ օճախին ու նամուսին վրայ այլեւ նոյնիսկ ժողովուրդին ծոցէն կը վիժէին այլասերածներ, մատնիչներ ու կեղեքիչներ։ Պէտք էր ազատել իրաւազուրկ եւ ուժաթափ տառապողները այդ ամէնուն ժանիքէն ու կլափէն. Իր պարտականութիւնն էր կռուիլ արտաքին ու ներքին բոլոր սողուններուն դէմ, որոնցմէ շատերուն գլուխը արդէն կրցաւ ջախջախել։ Յիշենք միայն ամենէն գլխաւորներէն մէկը՝ մշեցի Քէրիմ աղան՝ որ բռնութեամբ, բիրտ ուժով տիրացած էր Ալիճան Հայ գիւղի ամբողջ կէսին, գերութեան ու տարապարհակ աշխատութեան մատնելով ամբողջ գիւղացիները։ Քէրիմի չարաչար մահը փրկեց ոչ միայն Ալիճանը, այլեւ շրջակայ բոլոր հայ գիւղերը այդ զզուելի վամբիռէն։

Գէորգ մէկ կողմէն պատուհասելով չարագործները, միւս կողմէն իր իսկ ձեռքով նպաստներ բաշխեց, կարօտեալներուն, հասնելով հայ աշխատաւոր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական կարիքներուն միանգամայն՝ որքան կը ներէին իր ուժերն ու իր միջոցները։

Գուցէ այս անզուգական հերոսին բեղմնաւոր կեանքը տակաւին թերի գիծ մը, էապէս յեղափոխական պակաս մը ունենար, եթէ զոհողութեան բաժակը չյորդէր, եթէ իր գարշելի տգեղութեանը մէջ չարտայայտուէր ապերախտութիւնը անոնց, որոնց նուիրեց ամէն ինչ, եւ երիտասարդութիւն, ե՛ւ խանդ, ե՛ւ արիւն, ե՛ւ կեանք։ Եղան, այո՛, հայ գիւղերու ծոցէն իսկ դժնէ վատեր, որ փորձեցին քանիցս թոյնով վերջ տալ անոր անգին կեանքին։

Հալածական շարունակ վերջին երեք տարիներու ընթացքին, չունենալով ո՛չ մէկ հանգստի օր, ո՛չ մէկ հանգստի րոպէ, ո՛չ մէկ խաղաղ քուն, բռնադատուեցաւ, ակամայ Խարսի եւ Ալվառինճի մէջ մղել երկու կռիւներ անպատկառ թշնամիին դէմ, առաջին կռիւին զոհ տալով Եղօն՝ ճահիճներու մէջ եւ երկրորդին՝ բոլոր իր ընկերները, անվտանգ մնալով ինքը միայն։

Ընկերներու բոլոր թախանձանքը ի զո՜ւր անցաւ՝ դուրս բերելու համար զինք, ատենուան մը համար, երկրէն ուր արդէն առարկայ դարձած էր կառավարական բուռն հետամտութեան ու անխնայ հալածանքի։ Ինք իր անձէն աւելի թանկ կը գնահատէր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը եւ այս պատճառով հսկեց այդ ցաւին ու տանջանքին, կռուելով անոնց պատճառներուն դէմ տեւականապէս ու առանց զինադադարի։

Հասաւ վերջապէս սեւ օրը, Մայիսի 27-ը։ Ռուբէնի ու 17 ընկերներու հետ իջած էր Սուլուխ ստիպողական գործի մը առիթով, ուր հանդիպեցան նաեւ երկու թիւրքեր, բարեկամ ճանչուած մինչեւ այն ատեն ու վստահելի։

Քանի մը ժամ չէր անցած թիւրքերու մեկնումէն, երբ գիւղը պաշարուեցաւ ոստիկաններով ու զօրքով։ Սուլուխը յայտնի է իր հարթ, ռազմական ամէն դիրքէ ու յարմարութենէ զուրկ հանգամանքովը։ Անխուսափելի կռիւը սկսաւ։ Գէորգ Չաւուշ իր ծանօթ յանդգնութեամբն ու խիզախումովը դուրս եկաւ գիւղէն՝ յարձակելու ահագին բազմութեան մը վրայ ու ցրուելու զայն։ Անկարելին կը փորձէր։ Դեռ կռիւին սկիզբն իսկ՝ չքնաղ հերոսը զարնուած ինկաւ արդէն։ Սպաղանքցի Գալէն, նոյնքան առիւծասիրտ կտրիճ մը եւ վաղօրեայ զինուոր, որ անբաժան ու կարծես երդուեալ ընկերն եղած էր Գէորգին, մասնակցելով անոր հետ կողք կողքի բազմաթիւ հերոսական պայքարներու՝ տեսնելով խաւարումը Տարօնի արեւուն, առաջ նետուեցաւ ինքն ալ՝ վրէժխնդրութեան մռնչիւնը շրթունքներուն վրայ, բայց ճակատագրական գնդակը փռեց զինք ալ գետին, եւ անբաժան տարիներու գաղափարական ձգտումին ու ազատութեան մարտնչողներուն մէջ, անբաժան ու հաւատարիմ մնացին նաեւ երկու քաջերը մահուան իրենց ուխտին մէջ ալ։

Սասունը՝ հերձելով իր ժայռոտ կողերուն կրանիթէ արգանդը՝ վրէժխնդրութեան ու փառքի օրուան մը մէջ Ազատութեան ու Արդարութեան դժնդակ պայքարին իբրեւ հատուցում դուրս ժայթքած էր այս մրրկաթեւ Ասպետը, որ երբեք չգիտցաւ ամօթաբեր ընկրկումը։

Դժուար եւ անհնար է քանի մը էջերով եւ թռուցիկ տողերով գծել կեանքը մեծ Նահատակին որ, անսահման անձնուիրութեամբ ու ապշեցուցիչ համարձակութեամբ մը, 18 տարի առանց զենքը վար դնելու, մղած է քառասունէն աւելի կռիւներ յաղթական եւ հիանալի։ Իր վեհանձն հոգին՝ անողորմ ու անսիրտ բռնաւորներու առջեւ եւ աղաւնիի պէս քաղցր իր ամենօրեայ կեանքին ու ընկերական վերաբերմունքի մէջ՝ չէ ճանչցած ո՛չ մէկ փառասիրութիւն բացի զէնքի յաջողութենէն։ Այդ տարօրինակ հոգին տասնեակ տարիներ մշտական սարսափն եղաւ ժողովրդի բոլոր բռնաւորներուն, միւս կողմէն անսահման ժողովրդականութիւնն ու պաշտամունքը իր ետեւէն քաշեց։ Որովհետեւ, իտէալը՝ որ առաջնորդեց իր կեանքը, այնքան սուրբ ու նուիրական էր որքան իր սիրած ժողովուրդին տանջանքն ու թշվարութիւնը։

Հաւատքը՝ յեղափոխական դիմադրութեան ու նուիրում ժողովրդական դատին, ահա այն նշանաբանը՝ որուն մշտեռանդ հետեւեցաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ որուն րոպէ մը չմտաբերեց դաւաճանել։ Անիկա կեցաւ կրկէսին մէջ՝ աղեղը ձեռքին ու կապարճը ուսին, կեցաւ` ինչպէս սպարտացին իր հայրենիքի նուիրական պարտականութեան գլուխը, եւ ինկաւ՝ ինչպէս օրինապահ եւ քաջարի զինուոր։

Ու վստահաբար Առաքելոց վանքին մօտ, դէպի Սասուն տանող առաջին ճամբուն վրայ սգաւոր Տարօնը յարգանքով ու հիացումով ծունկի եկած անոր մահարձանին առջեւ, հոն պիտի գրէ դողդոջուն ձեռքերով.

«Անցորդ, գնա պատմէ Հայաստանի զաւակներուն, որ իր օրէնքներուն հնազանդելու համար ինկանք այստեղ»։