Վարդան Վարդապետ

Առաջին անգամ 1876 թուի վարդավառին Մշոյ Սուլթան Ս․ Կարապետի ուխտագնացութեան օր տեսած եմ զինք երբ Աւագ սարկաւագ էր, փոքր սեւ մօրուքով։

Իր կեղծ անունն էր՝ յեղափոխական շրջանին՝ Յեսու և Վկայ։ Եւ իրօք Խրիմեան Հայրիկի շրջանէն սկսած մինչեւ 1915, ան եղած է բոլոր գործերու եւ դէպքերու վկան եւ միաժամանակ Յեսուի նման ժողովրդական քաջ ու կտրիճ առաջնորդ։

Ծնած էր Սասնոյ Ահարոնք գիւղը իր վանական կրթութիւնը ստացած էր Սուրբ Կարապետու վանքին մէջ եւ ներշնչուած Հայրիկէն ու յետագայ առաքելատիպ յեղափոխականներէն, դարձած էր ո՛չ միայն հոգեւոր այլ նաև յեղափոխական առաջնորդ։

Տէր Ներսէս վարդապետ Խարախանեանի Երուսաղէմ աքսորուելէն յետոյ՝ Կինճի Առաջնորդական հովւութիւնը թողած՝ ան կը շտապէ Ս․ Կարապետ, Մուշ, թափուր չթողելու համար Տարօնոյ սրբազան աշխարհի լայնածաւալ եւ մեծափարթամ թեմը եւ բռնել Տ․ Ներսէս հայրենասէր առաջնորդին տեղը, մանաւանդ որ Սասնոյ դէպքերը կը պատրաստուէին․ եւ ժողովուրդը յուսալքման եւ վհատութեան մէջ էր ընդհանրապէս։ Ան մեծ ջանք կը թափէ պահպանելու համար ժողովրդի մէջ ազատութեան ոգին եւ ամէն կերպով կ՛աշխատի Սասնոյ վերաշինութեան։

1895-ին ծանօթանալով Թաթուլի եւ Աբրոյի միջոցաւ դաշնակցութեան գաղափարներուն՝ կը դառնայ ամենաջերմ կուսակիցը դաշնակցութեան, եւ Դուրան բարձրաւանդակի շրջանի ամենախոշոր կեդրոնական անձնաւորութիւնը։ Տէր Ներսէս Խարախանեանը յետոյ ըլլալով վանահայր Առաջնորդական փոխանորդ Մշոյ և Սուրբ Կարապետու, ան իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց ոչ միայն յեղափոխական, այլ նաեւ ժողովրդական , կրթական, հոգեւորական եւքաղաքական բոլոր գործերը, եւ արծուի թեւերով տիւ եւ գիշեր տքնաջան աշխատանքներով եւ խոնարհամտութեամբ եւ քաղցր լեզուով բոլորին ալ գոհացում տուաւ ճշմարիտ առաքեալի մը նման։

Շատերը կը կարծէին թէ մոլեռանդ կրօնական է եւ տեսնելով անոր համեստ կենցաղը ջերմեռանդութեամբ նուէրներ կուտային։ Շատերը սուրբի  պէս կը պաշտէին զայն եւ իրօք ալ շատ նման էր

Ներսէս Եպս․ Խարխանեան

նահատակ սուրբերուն։ Ան շռայլ էր և վատնող․ ունէր անսպառ միջոցներ ատոր համար։ Տարօնոյ գրեթէ ամբողջ ժողովուրդի վստահութիւնը կը վայելէր․ եւ ինչ որ ուզեր նուէր կամ փոխ պարտք կրնար ստանալ։ Սուրբ Կարապետու հարուստ վանքն ալ իր բոլոր եկամուտներով իր տրամադրութեան տակն էր։

Ան կարմիր ոսկիներու կաշառքով համայն թուրք պաշտօնէութիւնը եւ քիւրտ աշիրէթներու և բէկերու աչքերը նուէրներով կուրցուցած՝ իրեն ծառայ դարձուցած էր, հայ ժողովուրդը, ամէն կարգի վտանգներէ ազատ պահելու համար, ան կ՛ըսէր «օղլում, փափուշտից, թօփ ու թֆանքից աւելի զօրեղ է դեղին ոսկին։ Տու՛ր դու ինծի խաչվարներով ոսկի, առանց կռուի ու ղալմաղալի ես քեզի հայոց թագաւորութիւն հաստատեմ»։

1895-1897 լինելով ուսուցիչ Մշոյ Ս․ Մատինէ թաղի ազգային վարժարանի եւ գիտակ Վարդան վարդապետի 1895-1897 թուի Առաջնորդական գործունէութեանց։ 1895 թուի աշնան յարաբերութեան մէջ մտաւ Մուշի թուրք չորս ղապիլաթներու հեղինակաւոր անձերու հետ՝ Քոթանենց Ղապիլաթին Ապտիւրահման հեղինակաւոր եւազդեցիկ ղոճան եւ անոր եղբօրորդի Չինի աղան։ Իսենց Ղապիլաթին Հաճի Մուսթաֆան։ Չաչնքլի Ղապիլաթին Սատու աղան․ ճաֆերէնց Ղապիլաթին Միրզան և Սալէ աղան։

Հայրենասէր Վարդան վարդապետը յեղափոխական խառնուածքով խորհրդակցութիւնններ կ՛ունենայ յիշեալ հեղինակաւոր թուրք անհատներու հետ հետեւեալ բանաձեւով։

«Վեց դար է որ իրարու հետ կ՛ապրինք, աղէկ վատ իրարու դրացիական կապերով կապուած են, աւերակ չդարձնենք մեր հայրենիքը։ Ձեր լուրջ ուշադրութեան կը յանձնեմ խօսքերս»։

Վարդապետի հեղինակաւոր եւ պատկառազդու յարաբերութիւնը թուրք հեղինակաւոր անձերու հետ կը փրկէ Տարօնը 1895 թուրք կոտորածէն։

Անդրանիկի 1904 թուի յեղափոխական պատերազմին հետեւանքով, երբ տակնուվրայ կը դառնայ Սասուն, սուլթանական կառավարութիւնը Տէր Բարսեղ քահանայի եւ Տէր Կարապետ վարդապետի ձեռքով ծանուցագրեր պատրաստել կու տայ յանցանքը Սասնոյ յեղափոխկանաններում վրայ ձգելու համար։ Այդ գրութիւնները պարբերաբար կ՛երթան կը յանձնուին քննիչներուն, որոնք կը բաղկանային եւրոպական եւ թրքական մեծ պաշտօնեաներէ։ Հոս է, որ Վարդան վարդապետս ցոյց կուտայ իր ամբողջ իմաստութիւնը։ Ակնյայտ կերպով ան հրապարակ չէր գար, այլ ծածկուած փլանի մը վրայ մնալով՝ ան կրցաւ կազմակերպել ցոյցեր եւ հանրագրութիւններ, ցույց տալու համար թէ՝ կառավարական եւ թէ՝ եւրոպական քննիչներուն հայ ժողովրդեան դաժան կացութիւնը, կրցաւ պարզել կառավարութեան բռնած սխալ ընթացքը եւ փաստել անոր յանցաւոր ձգտումները քայքայելու եւ կոտորելու Սասնոյ հայութիւնը։ Եւ այս բոլորը կ՛ընէր ժողովրդական ներկայացուցիչներու միջոցաւ ինքը միշտ մնալով վարագոյրին ետու եւ թելադրող։

Իսօ Կորիւն

Կառավարութեան բոլոր ջանքերուն եւ սպառնալիքներուն հակառակ ան կարողացաւ հրապարակ հանել Սասնոյ մէջ կատարուած բարբարոսութիւնները եւ ճշգրիտ պատկերը տալ հայ ժողովուրդի նեղ կացութեան։ Այս նպատակին հասնելու համար Վարդան վարդապետ ստիպուած իր ճամբու վրայէն վերցնել տուաւ շատ մը վտանգաւոր արգելքներ, իր հոգեւոր պաշտօնակիցներէն ոմանք ինչպէս օրինակ Տ․ Բարսեղ չքահանան եւ Տէր Կարապետ չվարդապետ, որոնք կեղծ հանրագրեր կը պատրաստէին յօգուտ սուլթանական կառավարութեան։ Այս մարդոց աշխատանքը չափազանց կը դժուարացնէր Վարդան վարդապետի գործը․ Վարդան վարդապետ կանգ չառներ կտրուկ միջոցներու առջեւ։ Աբրօյի հետ խորհրդակցաբար կ՛որոշէ տէռորի ենթարկել Տէր Բարսեղը եւ Մօկունի գիւղի մօտ 1896 թուի սեպտեմբերի 25-ին, սպաննել կուտայ Տէր Բարսեղը ինչպէս եւ Յուրանցի Կարապետ վարդապետը Յաւրան գիւղի մէջ Կորիւնի ձեռքով։

Այս քաջ հովիւն է որ կը նահատակուի 1915 թուի հայկական Մեծ եղեռնին Փեթարցի Պետոյին հետ։ Հագիստ իր դադրած, թաշկած սուրբ նշխարներուն։

 

Օշական Քահանայ Սայըեան

«Յեղափոխական Ալպոմ» Բ․ շարք, թիւ 7

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով