Դաշնակիցները, աւա~ղ, հեռու էին Հայաստանէն, որքան երկնքի աստղերը: Ռուսաստանն ալ, քաղաքացիական կռիւով զբաղած, ո՛չ նուազ հեռու էր հայերէն: Գերմանացի ներկայացուցիչ զօր. Լոսով, թուրքերուն չափաւորութեան ապարդիւն յորդորներ կարդալէ յետոյ, յուսահատ մեկներ էր Պերլին: Չմեկնած` իր կառավարութեան ղրկած տեղեկագիրներուն մէջ ան կը գրէր. «Թուրքերը դիտմամբ անընդունելի պայմաններ կ’առաջարկեն հայերուն, որովհետեւ իրենց նպատակն է բնաջինջ ընել զանոնք»: Պարտուած պատերազմի մէջ, դաւաճանուած իր հարեւաններէն, ուժասպառ, տկլոր եւ անօթի հայերը մէն-մինակ կեցած էին իրենց երդուեալ եւ անողորմ ոսոխին դիմաց:

 Թուրք բանակը, տիրանալով Կարսին, եւ նենգութեամբ գրաւելով Ալեքսանդրապոլը, սկսաւ երեք զօրասիւներով առաջանալ Երեւանի վրայ: Ձախ զօրասիւնը երկաթուղիի գծով կը շարժուէր Ղարաքիլիսէի վրայով: Աջ զօրասիւնը` դարձեալ երկաթուղագիծով կ’առաջանար Սարդարապատի վրայով, իսկ կեդրոնական զօրասիւնը` խճուղիով Ապարանի վրայով:

 Եւ, յանկարծ, տեղի ունեցաւ մէկը այն բաներէն, զոր մարդը իր տգիտութեան եւ լեզուի աղքատութեան պատճառով «հրաշք» կը կոչէ: Ծունկի բերուած հայը վեր բարձրացաւ, շտկեց իր մէջքը, ցնցեց իր բաշը եւ ըսաւ. «Պիտի չմեռնի՛մ»: Ու վեր կացաւ եւ կռուեցաւ առնուազն կրկնապատիկ թուով թշնամիին դէմ ու խորտակեց թուրք յառաջացող բանակին թափը երկու անմոռաց դիւցազնամարտերով, որոնք կը կոչուին Սարդարապատ-Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտեր:

 Երեւութապէս վճռական յաղթանակներ չէին Սարդարապատն ու Ղարաքիլիսէն: Այս ճակատամարտերը տեղի չունեցած` թուրքերը արդէն առաջարկած էին ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սեւանի շուրջ 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ, եւ մեր յաղթանակները թիզ մը հող չաւելցուցին այս տարածութեան վրայ: Ի մտի պէտք է ունենալ, սակայն, որ առաջարկուած հաշտութեան դաշինքը խաբէութիւն մըն էր միայն` հայերը զինաթափելու, հայկական հողերուն մնացեալ մասը գրաւելու եւ բնակչութիւնը պատեհ առիթով բնաջնջման ենթարկելու համար: Մինչդեռ, Յունիս 4-ին Բաթումի մէջ դաշինքի ստորագրութիւնը իրական ճանաչում էր, արդիւնք թուրքերու համոզումին, որ կարելի չէր այլեւս հայերը խաբել կամ վախցնել եւ որ անոնք պիտի կռուէին` ծանր կորուստներ պատճառելով իրենց:

 Մեզի տրուած բան չկար: Ի՛նչ որ մեր հարեւաններուն հետ համերաշխութեան սիրոյն զիջեր էինք 1914-ի սահմանէն` կորած էր: Ի՛նչ որ կռիւով պահած էինք` կը մնար մեզի: Մեր գոյութիւնն ու ազատութիւնը միմիայն մեր վճռականութեամբ ու մեր սեփական ուժովը խլած էինք թուրքէն:

 Քանի մը ամիս յետոյ, կը հասնէր Դաշնակիցներու յաղթանակը: Մուտրոսի դաշնագրի (30 Հոկտ. 1918) յատուկ տրամադրութեամբ, Թուրքիա կը ստիպուէր վերականգնել 1914-ի թուրքեւռուս սահմանը եւ դուրս գալ Կովկասէն: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածութիւնը կը քառապատկուէր: Հայաստան կը դառնար գաղթականները տեղաւորելու եւ ապրելու ու ուռճանալու կարող երկիր մը: Նոյնիսկ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրով կատարուած կտրատումէն յետոյ, անոր տարածութիւնը Բաթումի դաշնագրով ճանչցուածին մօտ եռապատիկն էր:

 Ըսինք, թէ յանկարծ հրաշք պատահեցաւ: Պատմական դէպքերը հրաբուխներու պէս ունին իրենց ընդերկրեայ թաքուն ազդակները. հանդիսատեսը միայն անոնց պոռթկումը կը տեսնէ:

 1917 Հոկտեմբերին, Հայոց Ազգային Խորհուրդը, տեսնելով, որ վրացի-ազերի պլոքի թրքասէր քաղաքականութիւնը կը վտանգէր հայ ժողովուրդին շահերը եւ նոյնիսկ ֆիզիքական գոյութիւնը, որոշեց միջոցներ ձեռք առնել: Ան Երեւան ուղարկեց անուանի գործիչ Արամը իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ: Շնորհիւ իր երկաթէ կամքին, անբաւ կորովին եւ արտակարգ թաքթին, Արամ յաջողեցաւ իր շուրջը համախմբել Երեւանի մտաւորականութիւնը, կուսակցութիւնները եւ բոլոր գործօն ուժերը: Յաջողեցաւ մանաւանդ իրեն գրաւել զինուորականութիւնը եւ կարճ ժամանակի մէջ կազմակերպել զինուորական պատկառելի ոյժ: Մարտ 18, 1918-ին, ժողովուրդի միահամուռ պահանջով, ան հռչակուեցաւ տիքթաթոր, եւ իր ձեռքին մէջ ամփոփեց ամբողջ իշխանութիւնը: Արամի կողքին եւ անոր հետ համախորհուրդ կը գօրծէր աննման Դրօն: Եթէ Արամը հայ ժողովուրդի կամքն էր, անոր բազուկն էր Դրօն:

 Արիւնարբու թշնամիին հետ հայոց երկու ընդհարումները եղան զարհուրելի: Հայկական կռուող ուժերուն թիւն էր հազիւ 17 հազար, անբաւարար կերպով զինուած եւ պարենաւորուած, թուրքերու 35 հազարէ աւելի կանոնաւոր զօրքին դէմ: Սարդարապատի մէջ զօր. Սիլիկեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող 10 հազարնոց բանակը, որու աջ թեւին` Բաշ-Ապարանին կը հրամայէր Դրօն, իսկ ձախ թեւին` զօր. Փիրումեանը, երեքօրեայ ահեղ ճակատամարտով ջախջախեց իրմէ երկու անգամ մեծ թրքական բանակը եւ տարաւ անվիճելի յաղթանակ: Իսկ Ղարաքիլիսէի մէջ, սպարապետ Նազարբէգեանի կոչով մէկ օրուայ մէջ համախմբուած 7 հազար մարտիկներու անմոռանալի մահուան բանակը չորս օր (Մայիս 23, 24, 25, 26) կատաղօրէն կռուեցաւ օսմանեան 15 հազարնոց բանակին դէմ, մինչեւ որ երկու կողմերն ալ պարտութեան մատնուեցան: Չորս հազար հայ քաջեր ինկան` իրենց հետ «դէպի մահու արքայութիւն» տանելով կրկնակի թուով թշնամին: Այս ճակատամարտերը հայ ժողովուրդի պատմութեան արձանագրած ամենէն սխրալիներն են թէ՛ իրենց կատաղութեամբ, թէ՛ զոհերութիւով եւ թէ՛ բախտորոշ արդիւնքով:

∗ ∗ ∗

Հիմա ակնարկ մը նետեցէք այս դիւցազնամարտերուն մասնակցող մարտիկներուն վրայ: Այնտեղ են Էրզրումի գունդը, Վանայ երեք գունդերը, Զէյթունի ձիաւոր գունդը, Երզնկայինը, Մակուինները եւ այլն եւն.: Այլ խօսքով` հո՛ն են Բարձր Հայքը եւ Եկեղեացը, Վասպուրականն ու Տուրուբերանը, Հերն ու Զարեւանդը, եւ հեռաւոր Կիլիկիան` Արարատի, Սիւնիքի, Լոռիի, Շիրակի, Վանանդի եւ Կոտայքի կողքին: Հո՛ն են ռուսահայը, թրքահայը, պարսկահայը եւ հեռաւոր գաղութներէն թռած, եկած կամաւորները: Սասունցի Սմբատը եւ ղարաբաղցի Դալի Ղազարը կանգնած են կողք-կողքի: Բառ մը հայերէն չհասկցող ռուսախօս զինուորականներուն քովը բառ մը հայերէն չհասկցող թրքախօս զինուորներ ու կամաւորներ: Կը կռուին այն յստակ գիտակցութեամբ, որ ամէ՛նը հայ են, եւ թերեւս հայութեան վերջին կռիւն է:

 Երբեւիցէ տեսա՞ծ էք այսպիսի տիեզերական, համահայկական բանակ: Այս մարդիկը անոնք չեն, այլ` մենք, մեր լաւագոյնը, ընտրելագոյնը, որ «մահուամբ զմահ կոխեաց»:

 1500 տարի առաջ հայրենասէր ողբերգակ տեսանողին խօսքերը որքա~ն կը պատշաճին այս նահատակներուն. «Գեղեցիկ էին դիակունք անկելոց ի սրոյ»:

 Ժամանակն է, որ մեր գլխարկները հանենք անոնց կատարած արիութեան մեծ գործին առջեւ, եւ իրենց ձեռակերտին` Հայաստանի Հանրապետութեան տանք այն պատուոյ տեղը, որ իրաւամբ անոր կը պատկանի հայ ազգի պատմութեան մէջ:

 Հայուն այսքա~ն կատաղի եւ անտեղիտալի դիմադրութիւնը անակնկալ էր թուրքին համար: Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերէն քանի մը օր յետոյ, Յունիսի 4-ին, Բաթումի մէջ կը ստորագրուէր հաշտութեան դաշնագիրը Օսմանեան կայսրութեան եւ Հայաստանի նորածին հանրապետութեան միջեւ:

∗ ∗ ∗

Ասկէ յետոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստորագրեց երեք ուրիշ դաշնագիրներ – Սեւրի դաշնագիրը, յաղթական Դաշնակիցներու կողքին, պարտուած Թուրքիոյ հետ, 1920 Օգոստոս 10-ին, նոյն տարուայ Դեկտեմբեր 2-ին ալ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը Թուրքիոյ հանրապետութեան հետ, եւ Երեւանի համաձայնագիրը Ռուսաստանի խորհրդային կառավարութեան հետ:

 Մենք պիտի չանդրադառնանք այս դաշնագիրներու բովանդակութեան: Մեզի համար կարեւորը անոնց միջազգային-քաղաքական նշանակութիւնն է: Ասոնք վաւերագիրներ են, որոնք կը հաստատեն, թէ Հայաստանը ուրոյն, անկախ, վեհապետական իրաւունքներով օժտուած պետութիւն էր, որ կրնար դիւանագիտական գործառնութիւններ ունենալ ուրիշ վեհապետ ազգերու հետ, անոնց համահաւասար իրաւունքներով: Ան ազգային անկախ պետութիւն էր, երբ ռուսական սուիններու սպառնալիքին տակ իշխանութիւնը յանձնեց Ռուսաստանի խորհրդային կառավարութեան:

 Ատեն մը Խորհրդային Հայաստան Անդրկովկասի Սոցիալիստական Ֆետերաթիւ Խորհրդային Հանրապետութեան մաս կազմեց, իսկ 1936-ին մտաւ Սովետական Միութեան մէջ իբրեւ «Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութիւն»:

 Եթէ ստեղծուած չլինէր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», չէր ըլլար նաեւ «Հայաստանի Ս. Խ. Հանրապետութիւնը», որու ճակատին ռուսական բռնապետութիւնը կպցուցած է «սոցիալիստական» եւ «սովետական» պիտակները:

 Կործանեցան գաղութային միւս բռնապետութիւնները: Ռուսական գաղութապետական կայսրութիւնն ալ, ամենէն բռնապետականն ու կեղեքիչը, պիտի երթայ անոնց ճամբով, հակառակ ռուսերու յամառ նիյէթ-ներուն: Ա՛յս է պատմութեան անողոք վճիռը:

 Օր մը, երբ Սովետական Միութիւն կոչուած ռուսական գաղութատիրական կայսրութիւնը փլուզումով կամ բարեշրջութեամբ լուծարքի ենթարկուի, Հայաստան դուրս պիտի գայ անկէ ո՛չ թէ իբրեւ Կովկասի նախկին Երեւանեան նահանգ, այլ որպէս «Հայաստանի Հանրապետութիւն»:

 Պիտի գա՛յ այդ օրը: