Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ բովանդակ հայ ժողովուրդին ճիգերով, անոր ստեղծման մէջ դեր կատարեց ո՛չ միայն արեւելահայութիւնը, այլե՛ւ արեւմտահայ գաղթականութիւնը եւ աշխարհի չորս ծագերէն երկիր փութացող կամաւորութիւնը: Հայոց ազատութիւնը կերտեցին Դաշնակցական պետերու` Արամին եւ Դրոյին հետ միասին ոչ-կուսակցական զօրավարներ` Նազարբէգեան, Սիլիկեան եւ Փիրումեան: Ինչո՞ւ համար հայ ժողովուրդի միահամուռ ջանքերով ստեղծուած հանրապետութեան հիմնադրի պատիւը տալ միա՛յն արեւելահայութեան եւ միա՛յն Դաշնակցութեան:
Այո՛, Դաշնակցութիւնն էր շարժման ոգին եւ ղեկավարը, ո՛չ միայն այդ ժամին եւ այդ տեղին վրայ, այլե՛ւ իր 28 տարիներու ընթացքին հայութեան երկու հատուածներուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի իր կատարած գաղափարական ու կազմակերպական աշխատանքով, որ կը պտղաւորուէր պատմական այս րոպէին:
Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եղած առարկութիւններուն ամենէն գլխաւորը եւ թունաւորը պէտք է նկատել այն, թէ թուրքին «շնորհն» է ան: Հայ մարդիկ անկախ Հայաստանը չճանչցան, չընդունեցին, որովհետեւ ան «թուրքին նուէրն էր»: Կ’ըսէին. «Թուրքը հային բարի չի կամենար, ան հային թշնամի է. արար-աշխարհ գիտէ ասիկա: Ուրեմն` թուրքին մեզի շնորհածն ալ` Հայաստանի Անկախութիւնը չարիք է»:
Այս թիւրիմացութեան կամ աւելի ճիշդը` չարամիտ առասպելին վրայ է, որ կ’ուզենք ծանրանալ:
Նախ` տեսնենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «շնորհ»-ը: Բառարանը այսպէս կը սահմանէ այդ բառին իմաստը. «Շնորհը պարգեւ մըն է, որ մէկէն կը տրուի ձրի առանց որ ստացողն իրաւունք կամ արժանիք ունենայ, լոկ բարեացակամութեամբ»: Ուրեմն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը թուրքին շնորհն էր ըսողները իրօք ըսած կ’ըլլան, թէ հայը ձրի ստացաւ իր անկախութիւնը, բան մը որուն ո՛չ իրաւունք ունէր, ո՛չ ալ արժանիք: Այսինքն` այսպէս մտածողներ իրենց ատելի թուրքն ալ կը դնեն մեծահոգի ազգի տեղ... Ի նչ անհեթեթ հակասութիւն եւ ողորմելի արժանապատուութիւն:
Մէկդի ձգելով թուրքի բարեացակամութեան եւ հայ ազգային արժանապատուութեան հարցերը եւ զուտ իրատեսութեամբ նայելով խնդրին` թուրքը ինչպէ՞ս կրնար հայուն այդ շնորհը ընել: Իրաւական կամ փաստական ի՞նչ հիմք ունէր: Որո՞ւն հողը որուն պիտի տար: Այն հողամասերը, որոնք հետագային կազմեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը` թուրքին չէին պատկաներ, այլ` ռուսին: Այնտեղ կը գտնուէին հայկական զօրամասեր, կանոնաւոր եւ կամաւոր: Թուրքերը ռուսական «Երեւանեան» նահանգը որեւէ մէկուն տալու համար նախ եւ առաջ պէտք է տիրանային անոր. ա՛յդ է որ չկրցան ընել: Ձախողեցան եւ զիջեցին: Զիջելու եւ շնորհելու միջեւ տարբերութիւն մը կայ:
Անցեալին, երբ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագիրները անծանօթ էին մեր ժողովուրդի նոյնիսկ ղեկավարներուն, ներելի էր շփոթութեան մէջ իյնալ եւ 1918-ի կովկասեան անցքերը եւ քաղաքական յարաբերութիւնները մեկնաբանել կովկասեան ժողովուրդներու բնական ձգտումով ազատագրուելու ռուսական օտար եւ բռնակալ լուծէն, եւ Թուրքիոյ նոյնքան բնական ձգտումով հզօր եւ ծաւալական Ռուսաստանի ու իր միջեւ ստեղծելու պատուար պետութիւն մը, միացեալ անկախ Անդրկովկասը: Այժմ արդէն անարդարանալի է ասիկա: 1918-ին դիտապաստ ինկած էր ռուսական հսկան: Թուրքիան, շնորհիւ իր մեծ դաշնակից Գերմանիայի, յաղթական էր եւ գինով: Ան հասած կը նկատէր ժամը իրագործելու իր եւ Ռուսաստանի թրքական ժողովուրդներուն երկար ատենէ ի վեր փայփայած ծրագիրը` գրաւել Կովկասը, մաքրել զայն ոչ-թուրք տարրերէն, իմա՛ հայերէն ու վրացիներէն, եւ կցել զայն Օսմանեան կայսրութեան, առանց այլեւայլի: Ո՛չ իսկ իրենց ցեղակից եւ կրօնակից ազերիներուն անկախութիւն շնորհելու տրամադիր էին օսմանցիք, այդ մասին լսել անգամ չէին ուզեր: «Թիւրք օղլու թիւրք չէ՞ք դուք,- կը պոռային անոնք ինքնավարութեան բաղձանք յայտնող ազրպէյճանցիներու երեսին,- ի՞նչ պիտի ընէք անջատ իշխանութիւնը»: Հաւատալի բա՞ն է, որ այսպիսի ազատատեաց եւ անթոյլատու մարդիկ հայո՛ւն անկախութիւն շնորհել յօժարէին:
Ի՞նչ է այս յիմարական շնորհի վարկածին հիմը: Ա՛յն, որ 1. Թուրքիա ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ 2. Որ` ան, դէպքերու բերումով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող առաջին օտար կառավարութիւնը եղաւ:
Առաջին կէտը անշուշտ չ’արժէր լրջօրէն առնել: Անկախութիւն ճանչնալ` չի նշանակէր անկախութիւն շնորհել: Այսքանը սորված ըլլալու են ամենէն անտեղակներեն ալ, երբ այսօր աշխարհի մէջ ամէն օր նոր պետութիւն մը կը բուսնի եւ հետեւեալ օրն իսկ կը ճանչցուի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններու կողմէ եւ կ’երթայ բազմելու Միացեալ Ազգաց Կազմակերպութեան մէջ:
Երկրորդ կէտը, որ Թուրքիան եղաւ առաջինը Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող, աւելի կարեւոր է եւ պէտք է ըլլայ հպարտութեան պատճառ` հայուն համար: Բարեկամներէն ճանչցուիլը դժուար խնդիր չէ որեւէ ազգի համար, թշնամիէն ընդունուիլը, ճանաչումը, թշնամիին պարտադրելը` ասո՛ր մէջ է իսկական յաղթանակը:
Եւ ա՛յս է ահա, որ ողբալի ու ամօթալի կը գտնեն մեր հասարակութեան անգիտակից տարրերը:
Գիտենք, որ կարգ մը բանգէտներ այստեղ պիտի ըսեն մեզի.
– Թուրքերը կ’ուզէին, որ կովկասեան ժողովուրդները անջատուէին Ռուսաստանէն: Անոնց ճնշումին ներքեւ էր, որ կազմուեցաւ Անդրկովկասեան ժողովուրդներու Դաշնակցային Հանրապետութիւնը, որ հետագային կազմալուծուելով` յանգեցաւ Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախութիւններուն:
Այսպէս խօսողները ծանօթ են մէկ-երկու մակերեսային փաստի, բայց ո՛չ թուրքին իրական շարժառիթներուն եւ թաքուն ծրագիրներուն: Կրկնութեան գնով ըսենք նորէն, որ թուրքերը կովկասեան ժողովուրդներուն առանձին կամ հաւաքական անկախութիւն տալու հեռաւոր իսկ միտք չունէին: Մասնաւորապէս, հայերուն վերաբերմամբ անոնց ծրագիրն էր Թուրքիոյ մէջ սկսուած «բարի» գործը լրացնել: Արեւելահայութեան եւ անոր մօտ ապաստան գտած արեւմտահայ զանգուածին վերապահուած ճակատագիրն էր` ստոյգ մահ: Թուրքերն կանգ առին եւ սկսան խորհիլ ա՛յն ատեն միայն, երբ Երեւանի ճամբան իրենց առջեւ փակող հայ զօրամասերը եւ կամաւորական գունդերը կեցուցին զիրենք եւ ըսին` պիտի չանցնի՛ք:
Այստեղ դէմ-դէմի եկան անապատի ծնունդ աշխարհակալ ու աշխարհակուլ ցեղի մը գայլի ախորժակը եւ վաղեմի, քաղաքակիրթ ու քաջարի ցեղի մը կուլ չերթալու վճռականութիւնը: Եւ գազանը ընկրկեցաւ:
Ի~նչ հեգնանք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վարկաբեկելու համար զայն կոչեն օտարին շնորհը, միչդեռ պատմական իրողութիւնն ա՛յն է, որ ան եղած է թերեւս միակ անկախութիւնը, որ օտարին շնորհը չէ՛ եղած:
Եթէ մեր պատմութիւնը կարդանք այնպէս, ինչպէս որ ան արձանագրուած է հայ եւ օտար պատմագիրներու կողմէ, առանց դէպքերու շատ խորը երթալու եւ փաստերու իրական պատճառները որոնելու, կը ստանանք այն որոշ տպաւորութիւնը, որ հայ զանազան արքայական հարստութիւններու հետեւորդներուն եւ շատ մը միջանկեալ իշխաններուն գլուխը թագ դնողը, ուրիշ խօսքով` «անկախութիւն շնորհողը» եղած է կա՛մ պարսիկ Արքայից Արքան կա՛մ Հռովմի (կամ Բիւզանդիոնի) կայսրը կա՛մ արաբ խալիֆան կա՛մ ալ խաչակիր Հռովմէական Կայսրութեան վեհապետը: Իսկական բացառութիւն է միայն առասպելական Հայկը:
Հիմա այս բոլորին հետ բաղդատեք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումը: Մանրամասնութիւններու մէջ պիտի չմտնենք, որովհետեւ այդ մեզ շատ հեռուները պիտի տանէր, եւ, ինչպէս ըսինք, մեր նպատակը պատմութիւն գրել չէ: Կ’ուզենք միայն վեր առնել մէկ քանի հիմնական իրողութիւններ:
Օգոստոս 1, 1914-ին սկսաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը Կեդրոնական պետութիւններու եւ Դաշնակից ազգերու միջեւ:
Հայուն համար` այս սկիզբն էր երկանց: Թուրքն ալ զայն նկատեց յուսատու արշալոյս իր ազգային նպատակներուն իրագործման համար, որոնց մաս կը կազմէր Թուրքիոյ թրքացումը, այսինքն` անոր մաքրագործումը ոչ-թուրք տարրերէն, մասնաւորապէս հայերէն: Վստահ Գերմանիոյ վերջնական յաղթանակին` ան նետուեցաւ կռուի մէջ կեդրոնական պետութիւններու կողքին: Եւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին, մանաւանդ 1915-1916 տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող Իթթիհատ վէ Թէրաքքի կուսակցութեան անմիջական հրահանգներով ու ղեկավարութեամբ արմատախիլ եւ բնաջինջ եղաւ երկրին գրեթէ ամբողջ հայ ազգաբնակչութիւնը, մէկ ու կէս միլիոն հոգի, այր, կին, ծեր եւ մանուկ: Սպանդէն ճողոպրողները փախան եւ ապաստանեցան Կովկաս:
Քիչ յետոյ, ռուսական բանակները գրաւեցին ամբողջ Թրքահայաստանը: Թրքահայ փախստականներէն մաս մը վերադարձաւ իր տեղը` քանդուած բոյնը վերաշինելու: