Յիւրսն եկն եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան:Իսկ որք ընկալան զնա` ետ նոցաիշխանութիւն որդիս Ազատութեան լինել:
Թող թոյլ տրուի մեզ Աւետարանչին խօսքը մէկ փոքր, բայց կարեւոր փոփոխութեամբ գործածել Անկախ Հայաստանի խաչեցեալ հանրապետութեան համար: Դարերու երազանքէ, հառաչանքէ եւ տառապանքէ յետոյ եկաւ Ազատ Հայաստանը, ապրեցաւ 1918-էն 1920, երկուքուկէս տարի, բայց իրենները չընդունեցին զայն:
Ապշեցուցիչ եւ անհաւատալի բան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը չընդունողները օտարները չեն, այլ հայ մարդիկ: Ստեղծուած գերմարդկային ճիգերով, արտակարգօրէն դաժան պայմաններու տակ, ան ճանչցուեցաւ իրապէս եւ իրաւապէս աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւններէն, մէջն ըլլալով Ռուսաստանն ու Թուրքիան: Մասնակցեցաւ որպէս «փոքր դաշնակից» Սեւրի խաղաղութեան համաժողովին, որ լուծարքի կ’ենթարկէր պարտեալ եւ ոճրապարտ Թուրքիան: Բայց հայ ժողովուրդի ոչ-անկարեւոր մէկ մասը չճանչցաւ զայն, երբ կ’ապրէր ան, իսկ այսօր ալ կ’ուրանայ անոր երբեմնի գոյութեան փաստն անգամ, երբ չի հայհոյեր անոր յիշատակին: Իր ողջութեան, քամահրանքով կը կոչէին զայն «Արարատեան Հանրապետութիւն», «Երեւանեան Հանրապետութիւն» եւ, վերջապէս, «Անոնց Հանրապետութիւնը»: Հայկական տերիտորիայի եւ սեփական պետականութեան ստեղծման մեծ եւ անգերագնահատելի գործը, զոր 1918-1920 թուականներուն կատարեց հայ ժողովուրդը` ո՛չ Արեւելահայը, ո՛չ Արեւմտահայը, ո՛չ գիւղացին, ո՛չ հատ ու կենտ բանուորը, ո՛չ ինտելիգենտը, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդը` X (իքս) կուսակցութեան մը ղեկավարութեամբ, ուրացուած է եւ մոռցուած:
Ժամանակն է, որ առարկայականօրէն վերագնահատենք փաստերը` առանց կանխակալ կարծիքի եւ օտարէն ներշնչուած ատելութեան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տանք իր արժանի տեղը հայոց պատմութեան մէջ:
∗ ∗ ∗
1918-ի գարնան վերջերը հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Արտասահմանի տարագիր հայութիւնը ընդհանրապէս ուրախութեամբ, խանդավառութեամբ եւ արցունքոտ աչքերով ողջունեց զայն: Սակայն, գտնուեցաւ հոսանք մը, որ անոր ծննդեան վաղորդայնին իսկ սկսաւ անբարեացակամութեան նշաններ ցոյց տալ անոր հանդէպ: Այդ օրէն ի վեր անցած են քառասուն եւ հինգ երկար տարիներ, բայց չարչարեալ, խաչեալ եւ թաղեալ մանուկին հանդէպ հակակրութիւնը չէ մեղմացած: Ինչո՞ւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եղած առարկութիւններէն մէկն ա՛յն է, թէ ան չէր ընդգրկեր ամբողջ պատմական Հայաստանը (մանաւանդ առարկողին ծննդավայրը) եւ թէ ան ողբալիօրէն փոքր էր ու մասնակի: Այսօր այդ առարկութիւնն ընողները կը բաւականանան եւ կը պարծենան շատ աւելի փոքր Հայաստանով մը, ինչ որ անհետեւողականութիւն է:
Սակայն, մենք լուրջի պիտի առնենք այս առարկութիւնը եւ պիտի պատասխանենք: Հայաստանի Հանրապետութեան փոքր ծաւալի պատճառն այն ողբերգութիւնն էր, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին մեր դաւադիր թշնամին բնաջնջած էր հայութիւնը իր պատմական Հայրենիքին մեծագոյն մասին` թրքահայկական նահանգներուն մէջ: Մնացած էր միայն Ռուսահայաստանը, որուն մօտ ապաստանած էին նաեւ թրքական սպանդէն ճողոպրած 300.000 արեւմտահայեր: Դատարկութեան մէջ հայրենիք ստեղծել կարելի չէ: Հայկական պետութեան մը միակ հնարաւոր կռուանն ու առաջին հանգրուանը այս փոքրիկ տարածութիւնը կրնար ըլլալ: Այստեղ հայը կրնար ամրանալ, աճիլ ու զօրանալ, եւ օր մըն ալ յորդիլ ու վերագրաւել իրմէ բռնի ուժով խլուած պապենական ստացուածքը: Մինչ այն` անհրաժեշտօրէն փոքր պիտի ըլլար Հայաստանը: Նոյնիսկ եթէ կարելիութիւն կար, եւ այն ատեն կը կարծէինք, որ կար, դիւանագիտական ճանապարհով ձեռք բերել Թրքահայաստանի ազատագրութիւնը եւ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ հայկական հողերուն միացումը ամբողջական Հայաստանի մը մէջ, դարձեալ մեր իրաւական պահանջներուն կռուանը արդէն ստեղծուած, իրական Հայաստանը միայն կրնար ըլլալ:
Եթէ իրատես ըլլայինք, այսպէս պիտի մտածէինք, եւ մանուկ Հայաստանը, փոխանակ արհամարհանքի, գուրգուրանք պիտի ստանար մեզմէ: Իսկ եթէ քիչ մըն ալ ծանօթ ըլլայինք հայոց պատմութեան, պիտի յիշէինք անցեալի բոլոր մասնակի Հայաստանները, Արտաշէսինը (Զարեհին մասը գրաւելէ եւ կցելէ առաջ), Բագրատունիներունը, Արծրունիներունը, Կիլիկիայինը: Միթէ՞ կ’անգոսնենք եւ կը մերժենք զանոնք, որովհետեւ անոնք չէին պարփակեր ամբողջ Հայաստանը: Կիլիկեան Թագաւորութենէն, օրինակ, դուրս կը մնային ե՛ւ Մեծ Հայքը, ե՛ւ Փոքրը: Ասիկա պատճառ մը չէ, սակայն, որ ան միւսներուն չափ հարազատ եւ սիրելի չըլլայ մեզի:
Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուրիշ առարկութիւն մ’ալ ա՛յն է, որ ան «անոնցն» էր: Այս «անոնցը» ունի երկու իմաստ, երկո՛ւքն ալ իրականութեան չհամապատասխանող:
Առաջինն ա՛յն է, որ արեւելահայերն են, որ կերտեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Երկրորդն ա՛յն է, որ ան Հ.Յ.Դաշնակցութեան ձեռակերտն է: Հայութեան երկու սրբազան լեռներու` Արարատի եւ Արագածի միջեւ, Հայաստանի պատմական երկու մայրաքաղաքներուն` Արմաւիրի եւ Արտաշատի շուրջը, Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոն Էջմիածնի քովն ի վեր ստեղծուէր էր հայկական պետութիւն մը, բայց մարդիկ չէին ընդունիր զայն, որովհետեւ զայն ստեղծողները «անոնք» էին:
Տիեզերական պատմական երեւոյթ է, ամէն նոր պետութիւն, նոր կրօն, ընկերային շարժում կը հիմնուի մէկ կամ քանի մը անհատի եւ անոնց շուրջ բոլորուած համախոհներու կողմէ: Թո՛ղ այս խմբաւորումները կոչուին նախարարական տուն, կրօնական եղբայրակցութիւն կամ քաղաքական կուսակցութիւն: Առանց ղեկավարութեան` հանրային ո՛չ մէկ գործ կը յաջողի: Արշակունիները, Բագրատունիները, Վարդանանք, Ռուբինեանները եւ այլն ամբողջ հայ ժողովուրդը չէին, այլ անոր շատ փոքր մէկ մասը միայն, «ցեղ» մը, Տուն մը, կուսակցութիւն մը, բայց անոնց գործը, անոնց նուաճումները ազգային էին: Քաղաքական հասունութիւն ունեցող ազգերը գիտեն ասիկա: Անոնք կ’իւրացնեն, կ’ազգայնացնեն կուսակցութիւններու տարած յաղթանակները, կը դարձնեն զանոնք հասարակաց սեփականութիւն եւ ժառանգութիւն: Հայրենասէրին համար, քաղաքացի անուան արժանի մարդուն համար, ազգային դրօշն է կարեւորը, ո՛չ դրօշակիրը, ինչպէս գիտակից քրիստոնեային համար խա՛չն է կարեւորը եւ ո՛չ թէ զայն վեր բռնող եպիսկոպոսը: Հրամանատար եւ դրօշակիր կրնան փոխուիլ ու կը փոխուին: Յաւիտենականը` Ազգն ու Հայրենիքն են: Որքա~ն հսկայ տարբերութիւն կայ հայուն եւ ուրիշ ազգերու մտայնութեան միջեւ: Նայեցէ՛ք համայնավար ռուսերուն. անոնք տապալեցին ցարիզմը, ցարն ալ գնդակահարեցին: Սակայն, երբեք չեն մոռնար ցարական անցեալը, ո՛չ ալ թոյլ կու տան, որ մոռնան ուրիշները, մանաւանդ իրենց նոր սերունդը: Մոսկովեան իշխանները, Ռոմանով մեծ կայսրերը, ցարական շրջանի պետական եւ զինուորական հերոսները, ամէնը կը փառաբանուին պատմական-գրական եւ թատերական շարժանկարային գործերու մէջ: Անոնք չեն ըսեր. «Չե՛նք ճանչնար ցարական Ռուսաստանը, որովհետեւ անոնց` Ռոմանովներու Ռուսաստանն է»: Մնաց որ «անոնց» բառին երկու իմաստներն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային չեն պատշաճիր: