Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը


Համաշխարհային Առաջին պատերազմը կը մօտենար դաշնակիցներու համար բարեյաջող վախճանի, երբ Ռուսաստանի մէջ պայթեցաւ մեծ յեղափոխութիւնը: 1917 Ապրիլին (նոր տոմար), Դուման տապալեց ցարիզմը եւ հաստատեց ժամանակաւոր կառավարութիւն մը: Նոյն տարուայ Նոյեմբերին բոլշեւիկները տապալեցին այդ կառավարութիւնը եւ հաստատեցին Սովետական իշխանութիւն:

 Նոր կառավարութիւնը գործի անցաւ կարգ մը նոր նշանաբաններով` «հաշտութիւն` առանց տուգանքի եւ կցումի», «պարտադիր զինուորութեան բարձում» եւ «հողերու համայնացում»: Շուտով այս բարի լուրերը հասան բոլոր ռազմաճակատները եւ, անոնց կարգին, նաեւ կովկասեան ճակատը: Ռուս զինուորը, եռամեայ կռիւներէն յոգնած եւ հողերու բաժանումէն իր բաժինը ստանալու անհամբեր, ձգեց ամէն բան եւ վազեց տուն: Նոյնքան եւ աւելի սպառած, անօթի եւ բարոյալքուած թուրք բանակին առջեւ բացուեցաւ ճամբան, որ համաթրքական գաղափարներով տոգորուած սպայութեան համար կը նշանակէր Թուրան, իսկ մէհմէտճիքներուն համար` թալան: Մեկնող ռուս բանակը ձգած էր անսահման զէնք ու ռազմանիւթ, պարէն ու մթերք:

 Հայերը, մինակ մնացած, պահ մը փորձեցին իրենց փոքրիկ ուժերով պաշտպանել ռուսեւթուրք լայնատարած ճակատը եւ արգիլել Թրքահայաստանի վերանուաճումը թուրքերէն: Շուտով համոզուեցան, սակայն, որ այդ անկարելի էր:

 Դեկտեմբեր 2, 1917-ին բոլշեւիկները գերմաններուն հաշտութիւն առաջարկեցին: Բանակցութիւնները սկսան Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ: Թուրքերու ճնշումով գերմանացիները ռուսերէն պահանջեցին ո՛չ միայն պարպել եւ թուրքերուն յանձնել Թրքահայաստանը, այլե՛ւ իբրեւ վերադիր` Կովկասէն անոնց տալ երեք գաւառներ` Կարս, Արտահան եւ Բաթում:

 Վստահ, որ այս պահանջները պիտի ընդունուին ռուսերու կողմէն, առանց սպասելու հաշտութեան կնքումին, թուրքերը սկսան առաջ քալել: Առջեւնին բաց էր. իրենց ճամբուն վրայ միակ արգելքը սակաւաթիւ կամաւորները եւ անոնց պաշտպանութեան ապաւինած գաղթականներեն էին: Եւ այսպէս, թուրք բանակը, զինուած ռուսերու թողած զէնքերով եւ պարենաւորուած անոնց լքած մթերքով, սկսաւ առաջանալ ու վերագրաւել անոնց թափուր ձգած վայրերը` մահ ու աւեր սփռելով իր ճամբուն վրայ:

 Մարտ 3, 1918-ին, երբ ստորագրուեցաւ Պրէսթ-Լիթովսքի դաշնագիրը, թուրք բանակը արդէն հասած էր Կովկասի դռները եւ գրաւած Սարիղամիշը: Բանակին հրամանատարը` Վեհիպ փաշան, «մուրհակը» ձեռքը, Անդրկովկասեան Սէյմին կը յայտնէր, թէ եկած էր գրաւելու դաշնագրով իրենց տրուած հողամասերը: Սէյմի այն առարկութեան, թէ ինք իրաւասու չէր ռուսական հողեր թուրքերուն յանձնելու, Վեհիպ փաշան կը յայտարարէր, թէ ինք պիտի յառաջանար մինչեւ որ հանդիպէր Անդրկովկասի անունով խօսելու իրաւասու իշխանութեան: Ասոր վրայ Սէյմը ինքզինք կը հռչակէ Անդրկովկասի անկախ հանրապետութիւն (22 Ապրիլ 1918), եւ կը յայտնէ, որ պատրաստ է ընդունելու Պրէսթ-Լիթովսքի պայմանները եւ հաշտութիւն կնքելու թուրքերունհետ: Սէյմի նախագահ վրացի Չեխենկելի հեռագրով հրաման կը ղրկէ բոլոր ճակատներու հրամանատարներուն, որ առանց կռուի թուրքերուն յանձնեն պահանջուած վայրերը (Ապրիլ 14-ին վրացիները թուրքերուն յանձնած էին Բաթումը):

 Ապրիլ 23-ին Կարսի հրամանատարը հրահանգ կը ստանայ թուրքերուն յանձնելու բերդը. հրամանը կը կատարուի Ապրիլ 24-ին: Քաղաքին կարեւոր շենքերը կրակի տալէ յետոյ, քսան հազար հոգի դուրս կու գան Կարսէն: Կը սկսի ահռելի խուճապ եւ փախուստ: Այս անգամ տնաւեր եւ գաղթական կը դառնայ նաեւ արեւելահայը:

 Կարսի յանձնումը չգոհացուց թուրքերը: Փետրուարի վերջերէն ի վեր թուրքերուն եւ կովկասեան ժողովուրդներուն միջեւ Տրապիզոնի մէջ կը կատարուէին հաշտութեան բանակցութիւններ, որոնք Բաթումի գրաւումէն յետոյ փոխադրուեր էին Բաթում: Մայիս 11-ին թուրքերը ներկայացուցին նոր եւ աւելի ծանր պայմաններ: Այժմ անոնք կը պահանջէին Պրէսթ-Լիթովսքի դաշնագրով իրենց տրուած Կարս, Արտահան եւ Բաթումէն զատ, որոնց արդէն տիրացեր էին, նաեւ Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանը, Երեւանի, Էջմիածնի ու Ալեքսանդրապոլի գաւառներուն մեծ մասը եւ Ալեքսանդրապոլ-Ջուլֆա երկաթուղագիծը: Միւս կողմէն` Ազրպէյճանի թուրքերը, պաշտօնական պատուիրակութենէն զատ, պատգամաւորութեան մը միջոցով կը պահանջէին Ղարաբաղը, Զանգեզուրը, Դարալագեազը եւ Բասարգէչարը, նոյնիսկ Երեւան քաղաքը, զոր լրբօրէն «զուտ թրքական» կը կոչէին` հայերուն «վեհանձնօրէն» թողնելով Էջմիածինը իբրեւ «մայրաքաղաք»: Հայութիւնը հոն կրնար հոգեհանգիստ կատարել իր արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներուն վրայ: Եւ մինչեւ երկու կողմերը Բաթումի մէջ կը բանակցէին, թուրքերը, խախտելով զինադադարը, անցան առաջ, գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը (Մայիս 15) եւ սկսան քալել Երեւանի վրայ:

 Մինչեւ այդ ատեն հայերը բռնած էին վրացիներու ու ազերիներու հետ համագործակցութեան ճամբան: Հարեւան ժողովուրդներուն հետ միաբանութեան, բնականաբար, աւագ կարեւորութիւն կ’ընծայէին հայերը, չէին ուզեր մինակ մնալ թշնամիին դէմ: Սակայն, անողոք եւ տխուր իրականութիւնն ա՛յն էր, որ Անդրկովկասի Հանրապետութեան բաղադրիչ երեք ազգութիւնները ունէին տարբեր, հակամարտ ձգտումներ: Ազրպէյճանցիները տենչալով կը տենչային թուրքերու եւ համաթրքութեան յաղթանակը: Ամէ՛ն բան կ’ընէին, ապստամբութիւն, ջարդ, սապօթաժ` բանալու համար Բաքուի ճամբան թուրք բանակի առջեւ: Հայերը կը յուսային եւ հաւատքով կը սպասէին Դաշնակիցներու յաղթանակին, եւ, մինչ այդ, իրենց կարելին կ’ընէին կռուով եւ դիւանագիտութեամբ թուրքը հեռու պահելու Կովկասէն: Ճարպիկ վրացիներն ալ կը վարէին ինքնուրոյն քաղաքականութիւն. կը ձգտէին եւ յաջողած էին ձեռք բերել Գերմանիոյ հովանաւորութիւնն ու զինուորական օգնութիւնը անկախ Վրաստանի համար: