Նոյ. 7ին երբ թուրք զինուորները մեզ պաչարած էին, Անգլիացի հիւպատոսը Մուչ քաղաքը թողուցած Պիթլիս կը մեկնէր։ Ռուս եւ Անգլիական հիւպատոսներուն մէջ խուլ պայքար մը սկսած է։ Ռուս հիւպատոսը ամէն ջանքերով Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս Եկեղեցիին կապել կը ջանար, ուստի անոր յաջողութիւնները անուչ չէին գար Անգլիացի հիւպատոսին։ Թուրք պաչտօնեաները եւ Ռուս հիւպատոսը կը խորհէին թէ ես իմ թելադրութիւններս եւ ռազմանիւթս Անգլիական հիւպատոսէն կ'ստանամ, ուստի ամէն գնով իրարու դէմ լեցուած էին ատելութեամբ:

***

Նախկին յեղափոխական Արապպոյի Հայրը ճերմակ մօրուքով 95 տարեկան յարգելի ծերունի մըն էր։ Վանահայրը կը կերակրէր զայն եւ ծերուկը վանքի գոմին մէջ կը քնանար: Կռիւի նախօրեակին գոմէն վանք բերի, Հոն մնալու եւ թուրք զինուորներու եւ մեր գնդակներու զոհ չերթալու։ Ծերունին գոմի կեանքը կը սիրէ եղեր, ուստի առանց իմ գիտակցութեանս դարձեալ վանքին գոմը գացած էր։

***

Նոյ. 8ի առաւօտն էր։ Արեւը կը փայլէր մեր գլխուն վերեւ։ Ամէն բան պարզ եւ որոչ կ'երեւէր մեր չուրջը սառած գետնին վրայ եղեամով ծածկուած կարմիր ֆէսեր կ'երեւէին գոմին առջեւ։ Տեղ տեղ արեան կարմիր չիթեր կ'երկարէին, ուստի ձայն տուի տղայոց որ լաւ հսկեն դիրքերուն։ Ճարպիկ վազող տղայքները գոմը ղրկեցի որ երթան եւ ֆէսերը հաւաքեն ու բերեն։ Երբ տղայքները գոմը կը մտնեն, Արապպոյի հայրը գետնին վրայ պառկած կը տեսնեն։

Արապպոյի հայրը եւ ֆէսերը առած գոմէն վանք եկան։ «Ափօ ինչո՞ւ գացիր գոմ, գիշերը ի՞նչ տեսար»։ «Երէ փաշա, եօրղանս առին, տօշակս առին, բոլորը արեան մէջ թաթխեցին։ Եօթը հատ դիակ բերին։ Թուրք զինուորներէն մին հրացանը սրտիս դրաւ որ պիտի սպաննէր զիս, կարմիր երեսով խորոտիկ մարդ մը կար որ իր երեսին վրայ սպի մը ունէր, էն մարդը չի թողուց, էն մարդը օր թողնէր զիս կ'սպաննէին»։

Մենք Ափօին տուած լուրերուն համաձայն, հասկցանք, որ այդ մարդը հայութենէ իսլամ դարձած Մահմէտ էֆէնտին էր։

Այդ օր աղօթարանը բացուելու մօտ Ղազար իր հոգին աւանդեց Զանգակատան քով անոր գերեզմանը փորուեցաւ, որբերը եւ ուսուցիչները ազգային երգերով, խաչով ու խաչվառով թաղեցինք սիրելի Ղազարը։ Մեր երգեցողութիւնը կը լսէին թուրք զինուորները իրենց դիրքերուն ետեւէն։ Երկու օր վերջը բնական մահով Արապպոյի հայրն ալ մեռաւ ու մենք զայն ալ թաղեցինք: