Մենք մեր զինուորները իրենց առաջին անունով կը կանչէինք։ Երբեք չէինք հետաքրքրուէր անոնց երկրորդ անունով կամ ո՞ր գիւղէն կամ քաղաքէն եկած ըլլալնին։ Չէինք ուզեր գիտնալ այն նպատակաւ թէ, կրնար պատահիլ որ մեզմէ մէկը կամ միւսը թուրքերուն ձեռքը իյնար եւ ծեծի ու չարչարանքի տակ ակամայ մատնութիւններ ըներ: Մենք ստիպուած էինք այդպէս ընել, երբ նոյն ատեն նկատի ունէինք թէ միշտ նորեկ զինուորներ կուգային ու կ'երթային, կամ քիչ ատեն մեր մօտ կը մնային ու կը հեռանային դարձեալ։

Անդրանիկ

Ուրուխցի Յարութիւն

Գէորգ Չաւուշ

Վաղարչակ

Հաճի Յակոբ

Ղազար

Սէյտօ Պօղոս

Անտրիկ

Միսաք

Վարդան

Ասատուր

Սիմոն

Թէրփէթօս Սարգիս

Չէթօ

Եղօ

Բարսեղ

Օսօի տղան Յովսէփ

Չաթալպաշ Արամ

Խասգեղցի Մկրօն

Մօսօն

Իսօն

Հաւատորիկցի Մուրատ

Նոյ. 26ի խստաշունչ եւ սառեցնող առաւօտն էր: Մէգը երբեմն կը քչուէր ու կը տարածուէր դէպի դաշտ եւ երբեմն ալ խայթող ցուրտին հետ կուգար եւ կը փաթթուէր մեր չուրջ ամէն բան ծածկելով մեր աչքերէն:

Վանքին մէջ որբերն ու Միաբանութիւնը սովորականին պէս այդ օր ալ իրենց աղօթքներն ու մաղթանքները կը բարձրացնէին առ Աստուած լեցնելով մեր սրտերը կրօնի եւ հաւատքի անուչ զգացումներով, երբ դուրսը քանի մը քայլ հեռուն ձիւնի կոյտերուն եւ հողի դէզերուն ետեւ բիրտ ձեռքեր եւ վայրի սրտեր իրենց գլուխները պահած ներս, ներս, վանքի դռնէն ներս կ'ուզէին խուժել եւ արիւնով եւ աւերով ծածկել ամէն նուիրականութիւն որոնք անեղծ ու մաքուր մնացած էին այդ չորս պատերէն ներս:

Կը մտածէի չարունակ երբ աչքիս առջեւ էին հիվանդ որբերը, հիւանդ զինուորները եւ այն անտանելի կացութիւնը որուն պիտի մատնուէինք ռազմանիւթի պակասին պատճառաւ։ Կերպ մը, հնարք մը պէտք էր յղանալ պատուաւոր կերպով դուրս գալու: Երկար մտածումէ վերջ, վճռական որոչում մը տալով քովս կանչեցի Գէորգը, Վաղարչակը եւ Հաճի Յակոբը։ Մեր ներկայ կացութիւնը եւ վաղուան բոլոր դժուարութիւնները բացատրելէ վերջ ըսի որ պէտք է այլեւս դուրս գանք վանքէն։ Թուրքեր կեղծ թուղթ մը ձեռքերնին պիտի գան մեզ խաբելու յոյսով, ուստի պէտք է գիչերով կտրել թուրք զինուորական չղթան եւ անցնիլ։ Մի գուցէ թուրք կառավարութիւնը միամիտ լինի հաւատալու իմ խօսքերուս թէ մենք հոս պիտի մնանք 6 ամիս մինչեւ որ մեր պահանջները կատարուին:

«Ի՞նչ է քու կարծիքդ, ըսին, մենք ապահով եւ անվնաս դուրս պիտի կրնա՞նք գալ»։

«Հարիւրին 99ը մենք բոլորս ալ ապահով դուրս պիտի գանք եւ ոեւէ մէկին քիթը պիտի չարիւնի, եթէ մեր անփորձ զինուորները հետեւին մեզի եւ սխալներ չի գործեն: Դիրքերուն մէջ մէկ մէկ փորձառու զինուորներ դրէք եւ կանչեցէք բոլոր զինուորները վանքին հրապարակը որ ես դասաւորեմ զանոնք ձեր խմբապետութեան տակ եւ ըսեմ իմ ըսելիքներս»։ Քանի մը վայրկեանէն կատարուեցաւ իմ թելադրանքներս, զինուորները հրապարակ իջան եւ չարքի կեցան: Բոլոր զինուորներուն պատուիրեցի որ զգաստ եւ արթուն ըլլան եւ ըմբռնեն ըսելիքներս։

Առաջին․— Գէորգ Չաւուչ, Սէյտօ Պօղոս, Վարդան, Յովսէփ եւ ես 50–60 քայլ առաջ ձեր առջեւ ինկած պիտի քալենք դէպի թրքական դիրքերը ճերմակ չապիկներ հագած եւ ճերմակներ մեր գլուխը փաթթած, որպէս զի ձիւնին մէջէն չի տեսնուինք, իսկ Հաճի Յակոբ եւ Բարսեղ դուք պէտք է հետեւիք մեզի զոյգ-զոյգ չարուած խումբին առջեւէն։ Ամէն մարդ պէտք է իր քովի ընկերը լաւ ճանչնայ, ինչպէս նաեւ իր առջեւէն քալող զոյգը։ Խումբին յետնապահները պիտի ըլլան Վաղարչակ եւ Թէլփէթօս Սարգիս։ Մենք հինգ հոգիներս երբ վաթսուն քայլի վրայ յառաջանանք եւ ծունկ զարնենք, պէտք է որ մեզի հետեւող խումբն ալ ծունկ զարնէ մեր օրինակին հետեւելով։

Մեր բռնած ուղղութիւնը պիտի ըլլայ Արապպօի եւ Արծիւի Քարերը, անկէ իջնել ձորը եւ անցնիլ Մրզու գոմը, որը դիմացի լերան սարալանջին վրայ է։ Մեր բոլոր հին զինուորները գիտէին այդ գոմը, ուստի նորեկներուն ալ ցոյց տուին զայն։ Եթէ փորձի ատեն ոեւէ իրարանցում եւ կռիւներ պատահին եւ խումբը մասերու բաժնուի, ամէն մէկ խումբ կամ մաս պէտք է գոմին առջեւ ձիւնին վրայ ձեռնափայտ մը խրէ իբր նշան իրենց անկէ անցած ըլլալուն։ Քամին սաստիկ է եւ կրնայ ըլլալ որ գոցէ ձեր հետքը, ուստի այդ ձեռնափայտերը միմիայն վստահելի նշաններն են մեզի համար։

Վաղը Նոյ. 27ի իրիկունը ժամը 3.15, ը. թ. գիշեր ատեն այստեղէն դուրս պիտի գանք։ Մենք հինգ հոգիներս որ խումբին առջեւէն պիտի քալենք ճերմակներ փաթթած եւ չապիկներ հագած, պիտի զարնենք մեզի հանդիպող թշնամին, իսկ դուն Հաճի, քու խումբովդ պիտի անցնիս Արապպօի եւ Արծիւի Քարերը եւ թշնամին իր կռնակէն պիտի զարնես։ Եթէ ձեր հրացաններուն ձայնը ելլէ մենք ձեզի օգնութեան կուգանք:

Այս բոլոր պատուէրները տալէ վերջ, խումբը վարժեցնելու համար բակին մէջ փորձեր կատարեցի, տեսնելու թէ ըմբռնա՞ծ են ընելիքնին: Կը քալեմ, ծունկ կը զարնեմ, ետիս կը նայիմ տեսնելու թէ բոլոր թելադրութիւններս կը կատարե՞ն իրենց խմբապետներուն հսկողութեան տակ։ «Տղայք, հասկցա՞ք ձեր կատարելիք պարտականութիւնը»։ «Այո', փաչա, հասկցած եւ պատրաստ ենք»։ «Հոս կանչեցէք ուսուցիչները եւ որբերը»։

Երբ ուսուցիչներ եկան, անոնց պատմեցի մեր նպատակ եւ ըսի թէ ձեւականութեան համար պիտի ծեծեմ ձեզ որբերուն առջեւ եւ պիտի բանտարկեմ, որպէս զի ձեզ ազատեմ ոեւէ պատասխանատուութենէ իմ վանքէն դուրս ելլելէս վերջ, առանց ոեւէ պատճառանքներ տալու կառավարութեան՝ ըսելու ձեզ թէ. «Դուք թէ որ բարեկամ էիք կառավարութեան, ինչո՞ւ զանգակը չի քաչեցիք եւ ձայն չտւիք մեզի ֆէտայիներու գնալը»։ Ձեր վրայ դուռը պիտի կողպեմ եւ բանալիներուն տեղը միայն 80 տարեկան տնտես մայրիկին պիտի ըսեմ։

Նոյ. 27ի օրուան կէսօրն էր։ Նոյն փորձերը դարձեալ կը կրկնեմ։ Տեսայ թէ խումբը ըսածներս կատարեալ կերպով ըմբռնած է եւ գիտէ իր ընելիքները, ուստի յանձնարարեցի որ խումբը երկու օրուան հաց դնէ իր տոպրակներուն մէջ եւ պատրաստ ըլլայ մեկնելու ճիշտ ժամանակին:

Իրիկուն էր։ Խիտ մշուշը ալ աւելի թանձր կերպով կը բլբլան կրակի լոյսեր։ Թուրք զինուորներ իրենց պատնէշներուն ետեւ կրակներ վառած մեզ կը հսկէին գետնափոր տունին մէջ սեղմուած։ Պէտք էր զգոյշ ըլլալ, պէտք էր զգաստ եւ արթուն ըլլալ մեր ծրագիրը յաջողութեամբ յառաջ տանելու եւ թշնամին ամօթի, զարմացումի եւ անակնկալի մատնելու համար։ Պէտք էր Հայ Հանճարը, Հայ միտքը, իր ճարտար մտայնութեամբ եւ հզօր սրտով ծիծաղէր եւ արհամարհէր յանդգնօրէն թուրք կառավարութիւնը, իր պաշտօնեաները եւ զինուորը, վերջը ուժեղ հարուած մըն ալ տալով։ Պէտք էր մեր յաղթանակով ցեխէ ցեխ թաղուէր թուրք գահը եւ թուրք զինուորականը աշխարհի առջեւ ծաղր ու ծանակ ըլլար։ Պէտք էր ափ մը ճան ֆէտայիներու կորովը եւ յանդուգն սիրտը կտրէր անցնէր վեց հազար թուրք կանոնաւոր զինուորներու չղթան, յոյս, հաւատք եւ կորով ներչնչելու հայ սրտերուն, որոնք տառապած էին, անիրաւուած եւ զրկուած էին։

Ժամը կէսն էր։ Թէ նախազգուչութեան եւ թէ խումբը յանկարծակիի չի բերելու համար, երեք հոգինոց երեք խումբեր ղրկեցի եռանկիւն ձեւով մը երեք կէտերու վրայ դիրքեր բռնելու։ Երեք հոգի գոմին անկիւնը պէտք էր դիրք բռնէին, երեք հոգին Թադէոս Առաքեալի Աղբիւրը, երեք հոգի ալ երեք վիթխարի ծառերուն ետեւ։ Եթէ մինչեւ ժամը երեքը թուրք զինուորներ հանդիպին «զարկէք, հրացանները առէք եւ ներս եկէք»։ Այն վայրկեանին որ ձեզ ձեր դիրքերուն կը ղրկեմ 12 զինուորներ վանքի դրան առջեւ զինուած կը պահեմ դուռը բաց ձգած, վտանգի մը պահուն Հոն դիմեցէք, անոնք թէ ձեզ կը պաշտպանեն եւ թէ ձեզ ներս կ'առնեն։ Եթէ ոեւէ դէպք չի պատահի, ժամը ճիշտ 3.15 անցած խումբը ճամբայ պիտի ելլէ, դուք ալ ձեր դիրքը թողուցած՝ իսկոյն կուգաք եւ կը միանաք ձեր չարքին՝ նախապէս որոչուած ձեր տեղերուն մէջ:

Ժամացոյցները կը շտկեմ եւ ճամբայ կը հանեմ իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար։ Ահա եկաւ վերջապէս բաժանումի ժամը: Բանտարկուած էին որբերն ու ուսուցիչները։ Բանալիները ձգուած են ցեխերուն եւ ձիւնին մէջ։ Ութսուն տարեկան ծերուկ տնտես մայրիկը հետս էր. «Մայրիկ ահա բանալին հոս ցեխերուն մէջ կը ձգեմ։ Երբ մենք դուրս ելլենք դուռը կը փակես եւ երկաթը կ'անցնես։ Վանքին դուռը չես բանար մինչեւ որ Ֆէրիք փաչան, վանահայրը եւ Առաջնորդը չի գան: Եթէ թուրք զինուորներ սպառնան մի վախնար: Եթէ սանդուխներ դնեն ու պարիսպէն ներս գան դարձեալ դուռը մի բանար որ թուրք զինուորները վանքը չի կողոպտեն»։

«Մեռնիմ քեզի, ինչ որ կ'ըսես անանկ կ'ընեմ, Աստուած եւ Քրիստոս քեզի հետ ըլլայ»:

«Գէո՛րգ, Սէյտօ Պօղո'ս, Վարդա՛ն, Յովսէ՛փ, հագէ'ք ձեր ճերմակ շապիկները եւ փաթթեցէ'ք ձեր գլուխները»։

Այն զինուորները որոնք նորեկ էին, հրաման ըրի որ պարպեն իրենց հրացանները, ըլլան անոնք էվզէլի կամ չախմախլի: Այդպէս պէտք էր ընել այդ տասնեւհինգ անվարժ զինուորներուն, որովհետեւ անոնք անփորձ էին եւ կրնային վտանգել մեզ կրակ բանալով։

«Գէորգ խուզարկէ անոնց հրացանները»:

Գէորգ մէկիկ մէկիկ նայեցաւ հարացանները։

Ամէնքն ալ կազմ եւ պատրաստ են, տոպրակնին շալկած, հրամանի կ՛սպասեն շարժելու։

Հինգ հատ փամփուշտ գտաւ հրացաններուն մէջ: Ամէնքն ալ կազմ եւ պատրաստ են, տոպրակնին չալկած, հրամանի կ'սպասեն չարժելու:

«Տղե՛րք, հետեւեցէք ինծի որ Յարութիւնին եւ Ղազարին գերեզմանները համբուրենք եւ մեր վերջին յարգանքը տանք անոնց»։ Կարգով անոնց գերեզմաններուն քարերը եւ վանքին ապանոսեայ դուռը համբուրեցինք կարճ, շա՜տ կարճ աղօթք մը մրթմրթալով։ Հաւատքի եւ յոյսի աղօթքներ էին որ կը մատուցանէինք հոն, երկու սիրելի կտրիճներու գերեզմաններուն վրայ եւ խունկով ու աղօթքով սրբացած վանքի հին, չա՜տ հին նուիրական դրան առջեւ։

Ժամը 3.15 անցած էր արդէն, երբ ծերուկ տնտես մայրիկը մեզ ճամբու կը դնէր գիչերուան մութ ու մռայլ այդ պահուն:

Այլեւս վանքին նուիրական դռնէն դուրս էինք։ Քսան օր այդ հոյակապ եւ պատկառելի հաստատութիւնը մեզի օթեւան եւ պատնէջ եղած էր կռուելու Ազատութեան եւ Արդարութեան համար, ու հիմա կը մեկնէինք այլեւս այդ օրհնուած ու անեղծ մնացած սրբավայրէն դէպի վտանգներով լեցուն անորոչ կայանները...:

Հինգ ճերմակ շապիկներ հագնող զինուորներս առաջ ինկանք մեզի հետ առնելով վանքին դրան առջեւ սպասող տասներկու զինուորները։ Վանքին դուռը հանդարտօրէն փակուեցաւ աղօթքի եւ մաղթանքի թափթփուն բառերու հետ։ Քալեցինք մէկ քանի քայլ եւ ահա մեզի միացան երեք դիրքերու վրայ հսկող տղայքներն ալ եւ մտան իրենց որոչուած չարքերուն մէջ։ «Ի՞նչ տեսաք տղերք ձեր չուրջը, ոեւէ մարդ կամ չարժո՞ւմ»։ Նորեկ զինուորներէն մէկը ըսաւ. «Փաշա կարծեմ հոն մարդ կար»։

«Սէյտօ Պօղոս, ոեւէ մարդ տեսա՞ր»։

«Չէ փաշա, քամիին վզվզոցն էր»:

Հինգ ճերմակ չապիկներ հագնողներս 50–60 քայլ առաջ ինկած կը քալէինք լարուած ուշադրութեամբ եւ խուզարկու նայուածքներով։ Երբ 50 քայլ յառաջ գացած էինք, իսկոյն ծունկ զարկինք քննելու եւ տեսնելու մեր չուրջ գտնուածները։ Ետեւս նայեցայ եւ տեսնելու թէ խումբը ծունկ զարկա՞ծ է։ Տեսայ թէ կարգապահութիւնը կատարեալ էր։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք, նորէն ծունկ զարկինք, աջ ու ձախ եւ կեդրոնը խուզարկելու համար։ Ոեւէ չարժում կամ չչուկ չկար, քամին միայն կը սուլէր ծառերուն մէջէն եւ ձիւնը կը պտոյտքէր անընդհատ։ Թուրք զինուորներուն վառած կրակները տակաւին կը պլպլային։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք։ Քամին կատաղի գազաններու նման կը որոտա՜ր, կը գոռա՜ր ու կ'անցնէր մեր քովէն, մեր երեսին, մեր հագուստներուն զարնելով եւ ձիւնով չեխելով մեր դէմքերը։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացած էինք եւ փոքր դարի մը վրայ ելած արդէն թուրք յառաջապահ զինուորին հետ դէմ դիմաց էինք։ Դարը քարքարուտ էր եւ դէպի այն ձորը կը տանէր որ մենք նախապէս որոշած էինք անցնիլ անկէ գոմը հասնելու եւ ձեռնափայտեր խրելու իբր նշան խումբին ապահով անցնելուն համար:

Ձայն մը, դողդոջուն ու կցկտուր ձայն յանկարծ կոչեց․

 «Դուք ո՞վ էք»։

Մեր եւ թուրք զինուորին մէջտեղ հազիւ հինգ կամ վեց քայլ կար։ Չորս ընկերներուս հետ մեր հրացանները ուղղելով անոր կուրծքին. «

«Չի ճանչցա՞ր զիս, ես հարիւրապետ Մահմէտ Էֆէնտին եմ, կէս ժամ է որ հոս կը խուզարկեմ եւ դուք կը քնանաք, այսպէ՞ս պիտի պահէք եւ հսկէք ճան ֆէտայիները, արգիլելու անոնց փախուստը»։ Խօսքերս դէպի Գէորգ Չաւուչին ուղղելով ըսի. «Մահմէտ Չաւուշ այս մարդը կը քնանար, տե՛ս»:

«Այո, էֆէնտի կը քնանար», ըսաւ Գէորգ:

Մեր ետեւէն եկող խումբին յառաջապահները կը լսէին մեր խօսակցութիւնները: Ձեռքով նչան ըրի տղայոց որ գան եւ ետեւի դիրքերը բռնեն։ Քիչ մը վարանեցան անոնք եւ ուչացան դիրքերուն ետեւ անցնիլ, ուստի օգտուելով առիթէն հարցուցի թուրք զինուորին թէ «անունդ ի՞նչ է»։

«Հասան», պատասխանեց դողդոջ ու վարանոտ ձայնով։ «Ո՞ւր տեղացի ես եւ որո՞ւ որդին ես, ըսէ ինծի, ես քեզի ցոյց կուտամ առտուն այս անտարբերութեանդ պատիժը»։

Դողդոջ ձայնով մը ըսաւ. «Աստուած, Աստուած, չեմ գիտեր դուք ի՞նչ տեսակ մարդիկներ էք»։

«Կտրէ ձայնդ թէ ոչ չան պէս պիտի սատկիս», ըսի եւ հրացանս ուղղեցի կուրծքին:

Խումբը այս ատեն իմ երկրորդ նշանիս վրայ եկաւ ու անցաւ մեր քովէն։ Անոնք փոխանակ Արապպօի եւ Արծիւի Քարերէն անցնելու, ձիւնին վրայ նստած թեքուեցան դէպի ձորը ու ա'լ չերեւցան: Ինծի հետ մնացած տղայքները իսկոյն քարերուն ետեւ անցան եւ հասան Արապպօի եւ Արծիւի Քարերը։ Այս ատեն տեսայ թէ միմիայն ութը տղայ հետեւած էին ինծի եւ միւսները դէպի ձորն ի վար իջած եւ անհետացած էին չուտ հասնելու գոմը եւ զերծ ըլլալու թրքական կրակէն ու հետապնդումներէն։ Երբ արդէն Քարերը հասած էինք թուրք զինուորը սկսաւ պոռալ.

«Ճան ֆէտայիները փախան, ֆէտայիները փախա՜ն»։ Թրքական բոլոր դիրքերէն սոսկալի հրացանաձգութիւն մը սկսաւ, անվերջ եւ անհատնում հրացանաձգութիւն մը: 6000 հրացաններ կը սուլէին օդին մէջէն եւ ձիւնին ու փուքին հետ խառնուած կ'իջնէին, կուգային, կ'անցնէին մեր քովէն, մեր գլուխներուն վրայէն, բայց մենք լուռ ու ձիւնին դէմ կռուելով դէպի գոմ, դէպի լերան սարալանջը կը դիմէինք մեզմէ առաջ ձորը իջնող տղայոց հասնելու եւ զիրար ողջագուրելու գոմին առջեւ։

Երբ քիչ մը յառաջացած էինք, թրքական ծանր կրակներէն ազդուած ինծի ընկերացող տղայքները ըսին. «Փաչա հոս քարերուն ետեւ կենանք եւ դիրք բռնենք»։

«Չէ տղերք, մի զարնէք, անոնք մեր հետքեր կորսնցուցին եւ մեր հրացաններուն կրակները պատճառ պիտի ըլլան մեզ մատնելու եւ մեր ուղղութիւնը մատնանչելու»։

Երբ քիչ մըն ալ յառաջ գացած էինք ըսի. «Տղա՛յք, հանեցէք ձեր թաչկինակները եւ մաքրեցէք ձեր հրացանները»։ Քամին եւ ձիւնը այնքան ահաւոր ու ծանր էին որ ծածկեր էին կոլն ու գոմը: Երկար, չատ երկար փնտրեցինք, բայց չի գտանք։ Երբ գոմը փնտռելու ջանքին մէջ էինք, մէկը նշմարելի եղաւ մութին մէջ, բռնեցինք զայն եւ տեսանք թէ Ցրոնք գիւղի մեր անվարժ տղայքներէն է։ Չէր կրնար խօսիլ: Ցուրտն ու վախը բռնած էին իր լեզուն: Հազիւ կրցաւ մէկ երկու բառ խօսիլ:

«Մկրօն... Մկրօն զարնուեցաւ... Գէորգ Չաւուշ անոր ոտքէն քաչեց դէպի ձորը, ես բաժնուեցայ եւ հոս եկայ»։

Կասկածներու տակ ընկճուած քալեցինք։ Մկրօն սպաննուած էր, տղայքները չէին երեւէր, այս տղան միմիայն եկած հոս հասած էր։ Ի՞նչ եղած էին միւսները, ո՞ւր մնացին անոնք, ինչո՞ւ համար գոմը չէին, երբ անոնք մեզմէ չա՜տ առաջ ձորը իջած էին զերծ մնալով թրքական կրակէն։ Այս մտածումները միտքս կը չարչրկէին, ուստի պէտք էր տեղ մը հասնիլ եւ լուր մը ստանալ եւ օգնութեան փութալ անոնց:

Ծիրինկատար, Ճիտօ Քարոց, Կորէկի Աղբիւր Կուռթիկով Սասուն երթալը անկարելի էր, քանզի սաստիկ քամի էր եւ ձիւնը ահաւոր: Հովը այնքան ուժեղ էր, որ հակառակ մեր կամքին կը քչէ՛ր, կը տանէ՜ր մեզ յարդի մը պէս։ Եթէ փորձէինք այդ ճամբայէն անցնիլ, անպայման եւ անկասկած ամէնքս ալ կամ խեղդամահ պիտի ըլլայինք եւ կամ ձեան հիւսերու տակ պիտի թաղուէինք, ուստի երկու ժամուան ճամբան վեց ժամէն կտրելով լուսաբացին նշմարեցինք Հաւատորիկ գիւղին գոմերը։ Երբ գոմը հասանք, գոմին տէրը դուռը բացաւ եւ մեզ ներս առաւ, օճախը վառեց եւ մենք կրակին առջեւ մեր թաց հագուստները չորցուցինք: Զինուորներէն մէկին հրացանին կոթը կոտրած էր, իսկոյն զայն չինեցի եւ քիչ մը գարի հաց ուտելէ վերջ երկու տղայքներ գոմերէն մեզի հետ առնելով ճամբայ ինկանք դէպի Շէյխնիստ: Այս գոմին տէրը կարելի եղած չափով հիւրասիրեց մեզ։ Այս մարդը քառասուն տարի էր որ հովիւ էր եղած եւ մեզ տեսած չէր։ Հարցուցի անոր թէ՝ «Ի՞նչ գաղափար ունէր վանքին մէջ փակուած ճիժերուն մասին»։ Ան ըսաւ թէ․ «Աստուած հասնի վանքի ճիժերուն, չեմ գիտեր ինչ խելքի կը ծառայեն։ Կ'ըսեն թէ Ռուսաստանէն օգնութեան պիտի գան անոնց։ Մեր գիւղէն 200 գերաններ տարին եւ ամէն օր 50–60 հայեր բռնի կը տանէին եւ աշխատցընել կուտային գետնափոր տուներ չինելու վանքը պաշարող զինուորներուն համար»։

Երբ «մնաս բարով» ըսինք ու միացանք հարեւան գիւղէն եկող երկու տղայքներուն՝ ըսաւ. «Կ'երեւի դուք էիք վանքէն ազատուող ճիժերը, Աստուած եւ Քրիստոս ձեր հետ ըլլայ, բարի երթաք»։