Քոլոս Յովհաննէս

Քոլոս Յովհաննէս Կիրակոսեան

Քոլոս Յովհաննէս

Գրեց՝ ԱՒՕ

Յովհաննէս Կիրակոսեան ծանօթ է Քոլոս անունով։

Ծնած է Տարօնի Մկրագոմ գիւղը, 1860-ին։ Հայրը Կիրակոս, մայրը՝ Գիլօ։ Անոնք հողագործութեամբ կը զբաղէին եւ հազիւ հազ կրնային իրենց ապրուստը ապահովել, եթէ մերձաւոր թուրք պետական պաշտօնեաները զիրենք ազատ ձգէին։

Գիւղին մէջ դպրոց գոյութիւն չունէր, ատոր համար հայրը իր հետ կ՛աշխատցնէր զաւակը։ Մինչեւ այդ ատեն հայն ու քիւրտը մէկ ճակատ էին ընդդէմ թրքական տիրապետութեան։ Գրեթէ իւրաքանչիւր շրջան քիւրտ ցեղապետ մը ունէր, որ այդ փոքր շրջանին տէրն ու տիրականը կը հանդիսանար։

Թուրք պետութիւնը 1871-էն ետք հետզհետէ սկսաւ սիրաշահիլ քիւրտերը, որ մինչեւ այդ ատեն ատելութեամբ լեցուած էին իր դէմ։ Ան օգտուեցաւ, շատ բնական է, իբրեւ համակրօնակից։ Իսլամական կրօնի պատկանող քիւրտ ազգաբնակչութեան կրօնական առաջնորդներուն, որոնց Շէյխ կ՛ըսէին, շատ կարեւորութիւն տուաւ ու վերածեց կրօնական համայնքի, միաժամանակ զինելով ցեղախումբերը։ Ապա թելադրեց դիրք բռնել հակակրօնակից հայերու դէմ, զգացնելով նաեւ թէ իրենց արարքները հակապետական պիտի չնկատուին։

Ահա, այս քաջալերանքներէն դրդուած՝ քիւրտ ցեղապետները հետզհետէ կը բաժնուէին իրենց շրջաններու հայ աշիրէթներէն, եւ կը պահանջէին, որ անոնք իրենց ենթարկուին։

Քիւրտ ցեղապետները այլեւս չէին հանդուրժէր, որ հայեր կիսանկախ վիճակ մը ունենան, միաժամանակ կ՛ուզէին իրենց կորսնցուցած փաշայութեան տեղը բռնել։

Թուրք կառավարութիւնը կը խրախուսէր թալանի ենթարկելու իրենց մօտակայ գիւղերը եւ այդ արդէն քիւրտ աշիրաթապետներուն ուզածն էր։ Այնպէս որ եղան հայ գիւղացիներ, որոնք իրենց պատիւն ու կեանքը փրկելու համար, ձգեցին տուն ու տեղ եւ գաղթեցին հեռաւոր վայրեր։

Ասկէ ետք տեղի կ՛ունենան հայ եւ քիւրտ ընդհարումներ։

Այդ միջոցին պատանի Քոլոս կրցեր էր արդէն իր շուրջ համախմբել իրենց գիւղի պատանիները եւ վճռած էր ամէն գնով ոչ մէկ տուրք տալ քիւրտին թէ թուրքին։

Այս օրերուն Մուսա պէկի մարդիկը, ձիաւոր եւ հետիոտն, մօտ 150 հոգի, զինուելով, կէս գիշերէն ետք կը մտնեն Ղարս գիւղը, զոր կը գրաւեն պահակներու հետ փոքր ընդհարումէ մը ետք։ Ապա խումբը մտնելով Միրոյի տունը, կը սպաննէ տան պահակներէն մէկ քանին, սուրէ կ՛անցընեն Կիւլիզարի հայրը՝ Աղաճանը, Քեռի Մխոն եւ տան երիտասարդներէն քանի մը հոգի։ Ամենէն վերջ 14 տարեկան գեղանի Կիւլիզարը բռնելով՝ հետերնին կը տանին ու յանձնեն Մուսա պէյին։

Այս դէպքը կը ցնցէ Տարօնի ու Սասունի ժողովուրդը եւ շուտով ամէն կողմէ տեղացի հայեր կը միանան իրարու։ Այն ատեն դեռ կազմակերպութիւն գոյութիւն չունէր Սասունի ու Տարօնի մէջ։

Յիշեալ տխուր դէպքէն հազիւ քանի շաբաթներ անցած էին, երբ քանի մը հարկահաւաքներ Մկրագոմ կու գան դրամ հաւաքելու։ Պատանի Քոլոս աչքերը կրակ կտրած՝ դաշոյնը ձեռքը կռուի կը բռնուի անոնց հետ ու վիրաւորելով զանոնք, անվախօրէն կը հեռանայ իրենց քովէն։

Քոլոս հօրը թելադրութեամբ կ՛անցնի Պոլիս, անկէ Իզմիր ու Յունաստան։ Մեկնումի յաջորդ օրն իսկ զինուորներ կը մտնեն Կիրակոսի տունը ու կը պահանջեն իր յեղափոխական տղան։

***

Քոլոս Յովհաննէ Աթէնքի մէջ կը ծանօթանայ Միհրան Տամատեանի, որ եկած էր Կ․ Պոլսէն՝ Գումգաբուի դէպքէն ետք։ Տամատեանի շնորհիւ ան աւելի իրազեկ կը դառնայ յեղափոխութեան ներքին ծալքերուն ու ընդգրկած նպատակներուն եւ կ՛որոշէ այնուհետեւ իր կեանքը ամբողջովին նուիրել տառապող ցեղին։

Միհրան Տամատեան

Յունաստանէն՝ Քոլոս Յովհաննէս, Միհրան Տամատեան, Խաս գիւղցի Պօղոս, Հաւատորիկցի Յարութիւն, Քրտամանցի Խաչոն եւ տիգրանակերտցի Մելքոն Խուրշուտեան անվտանգ կը հասնին Մերսին։ Ճամբան միշտ կը զգուշանան վտանգաւոր վայրերէ, լրտեսութիւններէ, եւայլն, ու կ՛ըլլան խիստ հոգածու Միհրան Տամատեանին։ Մերսինէն Ատանա եւ Սիս, ապա Օսմանիէի վրայով կը հասնին Մարաշ։ Հոն քանի մը օր մնալէ ետք կ՛անցնին Հալէպ։

Այդ օրերուն դեռ նոր Հալէպ ժամանած էր Գէորգ Չաւուշը, որ իր աշխատանքով կ՛ուզէր զէնք մը գնել ու կրկին վերադառտնալ Սասուն, իր հայրենակիցներուն մօտ։ Տեղւոյն հայրենակիցներուն միջոցաւ Գէորգ Չաւուշը կը ծանօթանայ Միհրան Տամատեանի, հայրենակից Քոլոսի ու միւս ընկերներուն հետ։

Միհրան Տամատեան որպէս հնչակեան ղեկավար կ՛ուզէր Սասուն երթալ, հոն կազմակերպչական աշխատանքներ տանելու համար։ Կ՛երթայ նախ Տիգրանակերտ ու Լըճէ, ատկէ ալ Առաքելոց վանք։ Տամատեան իր հետ առնելով Քոլոս Յովհաննէսն ու Պօղոսը կը շրջի Շենիկ, Սեմալ, Կելիէկուզան, Ալիանցիք, Աղբի, Հեթինք, Տալւորիկի եօթ թաղը, Շուշնամերկ, Գեղաշէն, Երիցանք, Տաբըք, Կերմաւ, Գոփ, Քրտաման, Պիրմ, Բսանայ գաւառ, Իշխնձոր եւ ուրիշ գիւղեր՝ ուր կը խօսի ժողովուրդին կազմակերպուելու եւ զէնքի փարելու անհրաժեշտութեան մասին լծուելով միաժամանակ կազմակերպչական գործերու։

Գէորգ Չաւուշ Հալէպէն վերադառնալուն պէս Սասուն, առանց ժամանակ կորսնցնելու կ՛երթայ Տաղվրնիկ Գամօ, հոն միանալու Մեծն Մուրատին, որուն հետ կ՛անցնին Սուրբ Օհաննու վանք եւ կ՛երթան Միհրան Տամատեանին քով։ Անկէ ալ միասին Տալւորիկ՝ ժողովի։ Ժողովէն ետք Գէորգ Չաւուշ եւ Քոլոս Յովհաննէս իբր սուրհանադակ կ՛ուղարկուին Բսանայ գաւառ։ Ճամբան Աղբի գիւղի կամուրջին վրայ երկու քիւրտեր կը բռնեն Քոլոս Յովհաննէսին եւ քովի նամակները կ՛առնեն։

Իրենց հետ վերադարձին կ՛ընկերանայ իրենց գաղափարակից Գրիգորը։ Գէորգ անոր հետ յարձակելով անոնց վրայ, կ՛առնէ քիւրտերուն հրացանները։ Գէորգ Չաւուշ կ՛ըսէ․

«Ուզեցինք զիրենք տեղն ու տեղը սպաննել, բայց Յովհաննէս չթողուց։ Յետոյ մեր ետեւէն հասան Աղբեցի ուրիշ թիւրտեր, մեզմէ առած նամակները վերադարձուցին եւ մենք ալ իրենց հրացանները ետ տալով ձգեցինք, որ հեռանան։ Մեր ընկերներէն մէկը գտանք Աղբրեկի մէջ։ Յետոյ գացինք Արվարինջ գիւղը, ուր գտանք Տամատեանն ու Մուրատը։ Երկար ատեն մնացինք այն կողմերը։ Լեւոնն ալ եկաւ Ռուսաստանէն ու վերջապէս մեր թիւը հասաւ 12-ի։ Տամատեան ընկերոջ մը հետ կրկին Սասուն գնաց, իսկ մենք մնացինք դաշտի կողմերը։ Այն ատեն այդ տեղերը՝ Բերդակ, Գոմեր եւայլն մեզ պաշտպանող հայութիւն չկար»։

Մեծն Մուրադ (Համբարձում Բոյաջյան)

Գէորգի խումբը կը բաղկանար 12 հոգիէ։ Ինքը, Քոլոս Յովհաննէս, Շենիկի Ռէս Գրգոն, Սէյտօ Պօղոսը, Վարդանը, Սօղոն, մշեցի Հաճի Նազիկը, Ներսոն, Արթին ու իր եղբայրը Մանուկ, Գառնէն ու Մկրտիչը եւ ալիզռնացի Լեւոնը։ Ասոնք կը միանան Արաբոյի խումբին, կեդրոն ունենալով Բերդակ գիւղը։ Այսպէսով սոյն խումբը հիմը կը դնէ «Ազգային Միութիւն» անունով կազմակերպութեան։

Արաբոյի ղեկավարութեամբ խումբը երբ գիւղերը կ՛երթար, կռուի կը բռնուի Վարդենիսի եւ Մուշեղաշէնի քիւրտ ու թուրք զօրքերուն հետ, որոնք չարաչար պարտուած կը նահանջեն։

1892-ի Ապրիլին Արաբոյի խումբը կը բաժնուի երկուքի։ Ինք ու Մխոն կը մեկնին Բերդակի կողմերը, իսկ Գէորգ Չաւուշ, Քոլոս Յովհաննէս, Արմենակ, Ադամ, Պօղոս ալ Տալւորիկի շրջանը։ Այս փոքր խումնը 16 Յուլիսին կռուի կը բռնուի Տալւորիկի մէջ, եւ կանոնաւոր զէնք չունենալով հանդերձ, պարտուփեան կը մատնէ թշնամին։ Մերինները կը կորսնցնեն հինգ տղամարդ եւ մէկ կին, իսկ քիւրտերը մօտ երեսուն հոգի։

1893-ի Մայիսին, Միհրան Տամատեան՝ Սողոյի հետ վանքէն երբ կ՛ուզէր Սասուն անցնիլ՝ ճամբան կը ձերբակալուին։ Զիրենք պիտի տանէին Մուշ։ Քոլոս, որ Գէորգի հետ էր փոքր խումբով, կը լսէ Միհրանի եւ Սողոյի ձերբակալութիւնն ու դէպի Մուշ ճամբայ հանուիլը։Անոնք փութով կ՛երթան Սեմալի սարը, որ միակ կտրուկ ուղին էր։ Երբ հոն կը հասնին, արդէն ուշ էր ու թշնամին մեկնած էր այն կողմէն։

Մինչ այս Մուրատ Պօյաճեան մեկնած էր Կովկաս, զէնք, ռազմամթերք ձեռք բերելու։ Այդ ատեն Գէորգ Չաւուշի խումբը կը միանայ Հրայրին։

Քանի մը ամիս ետք, Մուրատ Կովկասէն վերադառնալով կը լծուի յեղափոխական գործունէութեան։ Հրայր իր ընկերներով՝ Շենիկի Ռէս Գրգոյի, Գէորգ Չաւուշի, Քոլոս Յովհաննէսի, Կարարապի եւ Ադամի հետ կը միանայ Մեծն Մուրատին թեւ ու թիկունք ըլլալով անոր։

Թրքական կառավարութիւնը իմանալով Մուրատի վերադարձն ու տարած աշխատանքները՝ կ՛ուզէ ամէն գնով ձերբակալել զինք։ Անկէ ետք ոչ միայն ցեղապետները, այլեւ կառավարութիւնը նոր ուժեր կը բերէ Մուշէն, Պիթլիսէն, Սղերդէն, Կենճէն եւ այլ վայրերէն՝ նեղելով ժողովուրդը։

1894-ին, Սասունի առաջին ապստամբութեան ժամանակ՝Քոլոս Յովհաննէսը միշտ կը տեսնենք Գէորգ Չաւուշի կողքին, Տալւորիկի կռիւներուն մէջ։ Թշնամին գերազանց ուժերով կը մտնէ գիւղերը ու հրոյ ճարակ կը դարձնէ։ Ժողովուրդը ստիպուած կը թողու գիւղերը ու կ՛անցնի ուրիշ վայրեր։ Թրքական զինուորներ, զապթիաներ, քիւրտ խումբեր եւս որսկան շուներու պէս ցրուած կը թափառին լեռներն ու ձորերը, թաքնուածները գտնելու, կողոպտելու եւ ապա կոտորելու համար, չխնայելով թէ՛ մեծին թէ՛ փոքրին։

Մուրատ Պօյաճեանի խումբը՝ ինչպէս Գէորգ չաւուշ, Քոլոս Յովհաննէս, Աւօ Գասպարեան եւ Խաչօ Դըսէեան կ՛ապաստանին Տալւորիկի Հարթ թաղի տակ գտնուող քարայրին մէջ։ Հետապնդող թուրք զինուորներ եւ քիւրտեր երկար փնտռտուքներէ ետք կը գտնեն անոնց թաքստոցը, կը պաշարեն եւ ապա կը պահանջեն անձնատւութիւն։ Գէորգ Չաւուշ իր հրացանը ուղղելով կը պատրաստուի կռուելու ինչ որ կ՛արգիլուի Մեծն Մուրատէն, որ կ՛ըսէ․

-Կրակելը անիմսատ է։

Խումբը անձնատուր կ՛ըլլայ։ Կը փոխադրեն նախ Սեմալ, յետոյ Մուշի բանտը, ուր լաւ մւ չարչարելէ ետք, կ՛ուղարկեն Պիթլիս։ Հոս եւս չարչարելէ ետք, զիրենք կրկին կը վերադարձնեն Մշոյ բանտը։

Թրքական եղեռնադատ ատեանը Մուրատ Պօյաճեանին 101, իսկ Քոլոս Յովհաննէսին, Գէորգ Չաւուշին եւ միւսներուն 15-ական տարի բանտարկութիւն կու տայ։

Գէորգ չաւուշը բանտի մէջ շփման մէջ ըլլալով Մուրատի հետ, ատեն մը ետք անոր կը յայտնէ փախելու մասին իր որոշումը, ինչ որ յարմար չի տեսնուիր, նկատելով՝ որ զինք կրնան շուտով բանտէն հանել․․․։

1897-ի Ապրիլի 6-ին երկրորդ անգամ ըլլալով կրկին լուր կու տայ Մուրատին, որ վաղը պիտի փախի բանտէն, եթէ համաձայն է զինք եւս դուրս հանէ։ Բայց դարձեալ կը մերժուի։ Ապրիլի 7-ին՝ անձրևոտ գիշերով, Գէորգ Չաւուշ, Քոլոս Յովհաննէս, Աւօ Գասպարեան, Խաչօ Սըսէեան եւ ճըպրանցի աշիրեթապետ Արպոյի տղան՝ պարանով կ՛իջնեն դէպի փողոց եւ անկէ մութին մէջէն յառաջանալով կ՛անհետանան, հասնելով Առաքելոց վանքը։

Մ․ Սէֆէրեան կ՛ըսէ․

-Ընկեր Քոլոս Սասուն կը մնայ մինչեւ երկրորդ ապստամբութիւնը ու կ՛ապրի իբր հնչակեան յեղափոխական։ Անկէ ետք կ՛անցնի Կովկաս, ուր կը մասնակցի  հայ-թաթարական կռիւներուն։

«Սահմանադրութիւնէն ետք կ՛երթայ Տիգրանակերտ, ուր կը մնայ որպէս կազմակերպիչ։ Պատերազմէն քիչ առաջ զէնք փոխադրելու համար կը մեկնի Պոլիս։ Վերադարձին կը սկսի Մեծ Պատերազմը, որով կը հարկադրուի անցնելու Հալէպ, ուր կ՛անցընէ արհաւիրքի դժխեմ տարիները։

«1919-ին Քոլոս Յովհաննէս անցնելով Ատանա, հոն կը մնայ մինչեւ Կիլիկիոյ պարպումը․ ապա կու գայ Պէյրութ, մայրիներու երկիրը ու կը մնայ մինչեւ իր մահը»

։

1931-ի Ապրիլի 24-ին, հայ ազգի գողգոթայի ու նահատակութեան օրը, անոր դագաղին առջեւ խօսք կ՛առնէ իր վաղեմի գործակից, յեղափոխական ընկերներէն, ղեկավար Միհրան Տամատեան, վեր առնելով Քոլոս Յովհաննէսի ազգային-յեղափոխական կեանքն ու գործը։

 

«Յեղափոխական Ալպոմ» 8-րդ հատոր, 1971, թիւ 12 (96)