Ապրիլեան Եղեռնը եւ Թուրք մտաւորականութիւնն ու մամուլը

Ապրիլեան Եղեռնին հանդէպ թուրք մամուլն ու մտաւորականութիւնը ամենէն անարգ վերաբերումը ցուցաբերեցին։ Անոնք ոչ միայն չըմբոստացան ի տես կատարուած ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ջանացին արդարացնել քսաներորդ դարու մեծագոյն ջարդարարները։ Գերման մտաւորականութեան ամենէն փայլուն ներկայացուցիչները ծառացան նացիներու կազմակերպած ջարդերուն դէմ, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին թէ պատերազէն վերջ։

Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին Գերմանացի Տօքթ․ Լեփսիւս եւ այլ դէմքեր դատապարտեցին իրենց կառավարութիւնը, որ հայկական ջարդերու հանդէպ լուռ  հանդիսատեսի եւ երբեմն ալ քաջալերողի դիրքին մէջ գտուած էր։ Թուրք ժողովուրդին մէջէն Տօքթ․ Լեփսիւս մը չգտուեցաւ որ դատապարտէր կատարուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը։

Թուրք ժողովուրդի ամբողջ ողբերգութիւնը այս իրողութեան մէջ պէտք է փնտրել։

1922-ին, Պոլսական թերթ մը, Ճեմալ Փաշայի սպաննութեան առթիւ, հրատարակելէ ետք «Նահատակուած» վեց թուրք դահճապետներուն լուսանկարները, կը գրէր․


ՊԱՆԴՈՒԽՏ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՎԵՑ ԵՂԱՒ ՕՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՁԵՌՔՈՎ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ՎԵՑ ԹՈՒՐՔԵՐ

Թայմըզ թերթը Ճեմալ Փաշայի ահաբեկումը ոչ թէ հայերու՝ այլ բոլշեւիկներու կողմէ կատարուած ըլլալու հաւանականութեան մասին կը գրէ։ Այս հարցի մասին կարելի՞ է հաւատք ընծայել Թայմըզի գրածին։  Եւ արդէն կարեւորը ապաննողին անձը չէ, այլ՝ կարգ մը թուրքերու հանդէպ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ եւ իրերայաջորդ կերպով ոչնչացման վճիռ  տրուած ըլլալու պարագան։ Ինչպէս կ՛ըսէինք ասկէ առաջ կատարուած նողկալի սպաննութիւններու առթիւ, եթէ նոյնիսկ մեր այդ հայրենակիցները թրքութեան հանդէպ յանցաւոր եւ հաշուետու ըլլան, անոնց օտարութեան մէջ այսպէս վատօրէն սպաննուիլը նողկանքով կը դիմաւորենք։ Այդ ոճրագործները, մեր հայրենակիցները այդ ձեւով դաւադրաբար սպաննելով՝ անոնց բոլոր մեղքերուն թողութիւն տուին եւ զանոնք վերածեցին ազգին համար զոհուած հերոսներու։ Մեր հայրենակիցներու օտար եւ թշնամի ձեռքերով վատաբար ոչնչացումը բոլոր թուրք հայրենակիցները հոգեպէս պիտի ցնցէ։ Ամէն պարագայի տակ, այս զզուելի ոճիրները գործադրողները պէտք է վստահ ըլլան, որ մեզմէ քանի մը հոգի ոչնչացնելով մեր ուժին եւ վճռականութեան հիւլէի չափ վնաս չեն կրնար հասցնել․ ընդհակառակը, այս ոճիրներու շարունակութիւնը մեր մէջ պիտի շեշտէ այն համոզումը որ ապահովութեան եւ խաղաղութեան միակ միջոցը մեր միակամ ըլլալն է։ Ամէն պարագայի տակ, կասկած չունինք, որ թուրքերու անարգ ոճրագործներու ոխակալութեան զոհը դառնալու վախճանը մօտեցած է։