Աքսոր

Փոքրիկ դրուագ Խրիմեան Հայրիկի կեանքէն

Վարագի ծերունազարդ Պրն․ Պետրոս կը պատմէր՝

Մարտ 10, 1885-ին Վանի կուսակալ Համիտ Փաշան պաշտօնապէս յայտնեց Խրիմեանին, որ 8 օրուայ ընթացքին պատրաստուի եւ ճամբայ ելնէ դէպի Պոլիս։

Մեկնումէն շաբաթ մը առաջ Հայրիկը Վարագայ տաճարին մէջ պատարագեց եւ սրտառուչ քարոզով մը հրաժեշտ տուաւ միաբանութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ հօտաղներուն։

Մեկնումի առտուն, Հայրիկ «Արծուի Վասպուրական»ի տպարան մտաւ, գրկեց մամուլը հեկեկաց ու լացաւ։ Ապա Վանքի դարպասէն դուրս ելնելով հեծաւ իր ճերմակ ձին

, խոր հառաչ մը քաշեց ու բացականչեց՝

Մնա՜ս բարեա՜ւ իմ սիրելի Վարագ, մնաս բարեա՜ւ իմ սիրելի Արծուաբոյն։ Յոյս ունիմ թէ քեզ նորէն պիտի տեսնեմ։ Եթէ, աւա՜ղ, ի յոյսս իթերեւ ելնէ, կուզեմ որ դիակս քու Սուրբ Խաչին ներքեւ թաղուի։ Մնաս բարեա՜ւ իմ սիրելի Վարագ, մնաա՜՜՜՜՜՜սսս․․․․ եւ ալ չկրցաւ շարունակել։ Արցունքներ այտերէն վար գլորուեցան։ Միաբանութիւն, աշակերտներ, ամէնքն ալ սկսան լալ, իսկ Հայրիկը մտրակեց Քօլօզը (Հայրիկի ձիու անուն) եւ իր հետեւորդներով հեռացաւ։

Մարտիրոս Խէրանեան կը պատմէր՝

Խրիմեան Հայրիկ՝ Վարագի Վանքէն  մէկ ու կէս ժամէն իրհայրենական տուն հասաւ։ Քանի մ՛ ժամ աալ իր հարազատներու, ազգականներու շրջանին մէջ անցուց, բոլորին զատ զատ մնաս բարեւ ըսաւ, ապա տունէն դուրս ելնելով հեծաւ իր ճերմակ ձին։

Սկսաւ հսկայական թափօր մը։ հայրիկի ձիու առջեւէն կերթային Ռուսաց հիւպատոսի երկու կազակներ, իսկ թուրք ոստիկաններ որպէս պատւոյ պահակազօրք կարգը կը պահպանէին։ Վան քաղաքը տխուր էր։ Փողոցներ լեցուած էին խուռն եւ երկսեռ բազմութեամբ, իսկ տանիքներ կիներով եւ աղջիկներով։ Ամէն ոք կուլար ու կը հեկեկար։

Հազիւ թէ թափօր Խաչի փողոց հասած էր, երբ Վարագայ միաբաններէն ծերունազարդ Մելքիսեդեկ Վարդապետ (Թիմարի Նորովանց գիւղացի) հեւ ի հեւ վազելով, եկաւ հասաւ ու բռնելով Հայրիկի ձիու սանձը, լացաւ եւ յուզուած ձայնով ըսաւ,

—Սրբազան Հայրիկ, եթէ երթալդ կամքիդ  եւ ցանկութեանդ հակառակ է նէ, ինձի ւսէ, տես թէ ի՞նչ կընեմ։

—Ի՞նչ պիտի ընես, վարդապետ, — յարեց Հայրիկը ժպտագին։

—Հիմա, հիմա, երիտասարդները ոտքի կը հանեմ, արիւն կը թափենք եւ քեզի հոս կը պահենք։

—Չէ , վարդապետ, ես իմ կամքովս կերթամ, — պատասխանեց Հայրիկը։

Մելքիսեդեկ վարդապետը յուզուած, գլուխը ծռելով մէկ կողմ քաշուեցաւ ու ըսկսաւ լալ, իսկ թափօրը իր ճամբան շարունակեց դէպի Աւանց։

Երբ Հայրիկ Արճէշի եւ Էրզրումի ճամբով Տրապիզոն հասաւ, իր ձին  Կարապետին յանձնեց, որ Վան վերադարձնէ։ Հայրիկի կարօտը ազդեց Քօլօզի վրայ, որ երկար ատեն մերժեղ խոտ ուտել, օրն ի բուն խրխնջաց և կամաց կամաց հիւծուելով, սատկեցաւ։

Մարկոս Նաթանեան կը պատմէր —

Հայրիկ շատ կը սիրէր ձիով երթեւեկել, գլխաւորապէս իր տունէն Առաջնորդարան։ Յաճախ կերթար Վարագայ Վանքը եւ կը դառնար նոյն օրն իսկ։ Երբէք կամաց չէր քալեցներ իր ձին  այլ քառասմբակ կը վազցնէր։ Արդէն նշանաւոր ձիավարժ էր եւ մեծ հաճոյք կզգար իր ձին վազցնելով։ Իր ճերմակ գեղեցիկ ձին ալ շատ հլու եւ ընտել էր իրեն։ Ամէն անգամ որ այդպէս սրարշաւ կանցնէր Այգեստանի ծառազարդ փողոցներէն Հայ եւ Թուրք՝ պատկառանքով բարեւի կը կենային եւ երջանիկ կը համարէին զիրենք, եթէ ձեռքի բարեւ մւ ստանային Հայրիկէն, իսկ Հայրիկ բարեւելով կը սուրար։

Տիրացու Մկրտիչ

Պոսթոն 

 

«Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթ, Բ տարի, 1941