Բ. ՎԵՐԾԱՆՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՐԱՑՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ԵԼՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հարց.- Ինչպէ՞ս կերպաւորուեցաւ հայ յեղափոխութիւնը:

Պատասխան.- Ընդհանուր գիծերով ան կերպաւորուեցաւ այնպէս, ինչպէս պատմութեան մարզին մէջ արձանացող հոգևոր կարգի ամէն եղելոյթ, այսինքն` ունեցաւ աստիճանական զարգացման պատմական ուղի մը. սկսաւ քաոսային խռովքով, անցաւ անհատականացման առաջընթացէ մը (խմորումներ սերմանող առաքեալներու շրջան), որոշ նախնական ձևեր ստացաւ` խմբակցական ելոյթներու միջոցաւ (դաւադրական փոքրիկ կազմակերպութիւններ), վերածուեցաւ ընդլայնուելու ճիգի մը (արմենական-հնչակեան շարժում) և ի վերջոյ յանգեցաւ համադրական բարձր ձևի մը (Հ.Յ.Դաշնակցութիւն):

Զէյթունի 1877-ի ապստամբութիւնը թուրք պետութիւնը զէնքով պատուհասելու նորատիպ ազդանշան մըն էր: Հայ ժողովրդի մէկ մասն օսմանեան բռնապետութեան ցոյց կուտար Խրիմեանի երազած «խեթիչ եղջիւր»-ը: Նոյն Խրիմեանի հայրենիքին մէջ, տակաւին 50-60-ական թուականներուն կ’աճէին իր իսկ հայոց հետագայ Հայրիկի սերմանած սաղմերը: Վանի մէջ 1872-ին կազմուեցաւ «Միութիւն և Փրկութիւն» գաղտնի խմբակցութիւնը: Շուտով հոն պիտի մտնէր հայ յեղափոխութեան կարապետներէն Մկրտիչ Փորթուգալեանը` փոթորկելու հայ երիտասարդութեան սիրտը: Յետ այնու կը ստեղծուէր «Հայոց հայրենասիրական ընկերութիւն»-ը, որ ո′չ միայն քարոզիչներ, այլ և զինակիրներ կ’ուղարկէր գաւառները: Հայոց դաւադրական առաջին ամենամեծ ընկերութիւնը, սակայն, կազմուեցաւ Կարնոյ մէջ, 80-ական թթ. սկիզբները: Բնորոշ է, որ յեղափոխական նպատակ հետապնդող այս ուխտը կ’որդեգրէր ամենախիստ կարգապահութեան դրութիւնը: Խռովքի մէջ էին նաև Փոքր Հայքը և Երիզան, ուր 80-ական թուականներու վերջերուն կը գործէին ո′չ միայն քարոզիչներ, այլ և հրոսախումբեր: Հայ յեղափոխութեան լեգենդար հերոսներէն Արաբօն խորհրդաւոր շրջագայութիւններ կ’ընէր Տարօնի մէջ: Գործի վրայ էին նաև Ժիրայրն ու Յունօն, և ուրիշ անյայտ կամ յայտնի Ժիրայրներ կամ Յունօներ: Օրըստօրէ կ’աճէր նաև աստուածային ու մարդկային արդարադատութենէն յուսահատած և վայրենօրէն հուժկու կուրծքերու տակ ամենազգայուն սրտի մը քնքշանքները կրող «աւազակներ»-ութիւը: 80-ական թ. վերջերուն, Վասպուրականի մէջ սկսաւ թափուիլ հայ յեղափոխական նահատակի արիւնը: Կովկասահայ զանգուածը լուռ հանդիսատեսի դերին մէջ չէր: Տակաւին 1882 թուականին, Մոսկուայի հայ ուսանողները, խթանուած «Հայաստանի բազմաչարչար ժողովրդի վշտից», հիմնեցին «Միութիւն Հայրենասէրների» դաւադրական ընկերութիւնը: Պետերբուրգի հայ ուսանողութիւնը ձայնակցեցաւ անոր: Քիչ յետոյ իր հետևանքներով ճակատագրական եռուզեռ մը կը սկսէր Կովկասի հայոց մտաւորական կեդրոն Թիֆլիսի մէջ: Կային բազմաթիւ և բազմանպատակ խմբաւորումներ (կոսմոպոլիտներ, համառուսական շարժման կողմնակից նարոդովոլէցներ, ազգայնական պահպանողականներ, ազատախոհ հայրենասէրներ), որոնցմէ «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակցութիւնը հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէջ կատարեց համադրիչ ազդակի մը դերը: Շուշիի մէջ կը գործէր «Ոյժ» ընկերութիւնը. Երևանի և Բագուի այլևայլ խմբակցութիւնները որոնումներու մէջ էին: Միասնաբար կամ առանձին առանձին այս ընկերութիւնները սահմանէն անդին կը ղրկէին սուրհանդակներ, որոնք երկրի տառապանքի ճիչերն ու օրհասական ոգորումները իբր նուիրական յուշեր կը պատմէին խռովքի մատնուած երիտասարդութեան և անոր սրտին մէջ կը բարձրացնէին աննկարագրելի յուզումի ալիքը:

Անծանօթ արևելեան Հայաստանի և Կովկասի մէջ զգացումները փոթորկող, բախտորոշ խռովքին Եւրոպա հաստատուած կարգ մը հայ գործիչներ փորձեցին հիմք դնել կազմակերպուած կուսակցութեանց: Մարսէյլ հաստատուած Փորթուգալեանը, ի տես Վասպուրականի մէջ գործող իր աշակերտներու սրտառուչ ոգորումներուն, հայ քաղաքական դատի պրոպագանդը կազմակերպելու նպատակով 1885-ին հիմք դրաւ «Արմենիա» թերթին, որու շուրջը համախմբուած տարրերը կազմեցին «Արմենական» կուսակցութիւնը: Դժբախտաբար, հայոց այս առաջին քաղաքական կուսակցութիւնը տարածման լայն ուղիներ չգտաւ: Եւ այդ` մասամբ շնորհիւ այն իրողութեան, որ շուտով մարքսական աղօտ ըմբռնումներով տոգորուած, այլապէս հայրենասէր երիտասարդներու խմբակ մը` Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ, դարձեալ Եւրոպայի մէջ, հրատարակեց «Հնչակ» թերթը և տակաւին 1887-88-ին Արմենական կուսակցութեան հակադրեց Հնչակեան շարժումը: Այս երկու կուսակցութիւնները, որոնք իրենց գոյութեան փաստով իսկ ներքին ճակատներ կրնային ստեղծել և տկարացնել հայ յեղափոխութեան ուժը` բնականաբար, պիտի չկարողանային կովկասահայութեան խռովքը ձևաւորել և զանգուածները քաշել մէկ դրօշի տակ: Սակայն և այնպէս կար ուժերը համադրելու, անոնց միջև կուռ դաշնակցութիւն մը առաջ բերելու պահանջը: Այս համահայկական առաջին դաշնակցութիւնը ստեղծելու պատիւը պատմութիւնը վիճակեց փոթորկալից խառնուածքով, տեսական մեծ հմտութեամբ և կազմակերպչական հանճարով օժտուած յեղափոխականի մը – Քրիստափոր Միքայէլեանին, որ 1890 թուականին Թիֆլիսի մէջ այլազան համոզումներու տէր անհատներու և խմբակցութիւններու, ինչպէս նաև տարբեր նպատակներ հետապնդող հոսանքներու ներկայացուցիչներու ուշադրութիւնը կեդրոնացուց թուրքաց Հայաստանի դատին վրայ և հիմք դրաւ հայոց համազգային քաղաքական շարժման – «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ»: Երկու տարի յետոյ ան վերանուանուեցաւ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, դարձաւ քաղաքական ամրակուռ կուսակցութիւն մը և հակառակ հնչակեաններու հեռացումին համազգային ուխտէն` այնու ամենայնիւ պահեց իր համահայկական նկարագիրը, աստիճանաբար նուաճեց բուն Հայաստանի – Մեծ Հայքի – ժողովրդական բոլոր զանգուածները, արձանագրեց հայոց ահարկու գուպարներու, յաղթանակներու և պարտութիւններու պատմութիւնը և օր մըն ալ (1918-ին) հիմքը դրաւ հայոց քաղաքական կառոյցին, երկնելով օրհասական և հերոսական ՄԱՅԻՍ ՔՍԱՆԵՒՈՒԹԸ:

Հարց.- Ի՞նչ պատճառով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը դարձաւ հայոց քաղաքական և մարտական համազգային կազմակերպութիւնը:

Պատասխան.-Հոգեբանական, տեսական և գործնական շարք մը նշանակալից պատճառներով, որոնց պիտի ծանօթանանք` ստորև:

1․ Իրերու տրամասութիւն կամ 19-րդ դարու հայոց պատմական կեանքի զարգացում.— Արմենական կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ հայ յեղափոխութեան քարոզչական-դաստիարակչական պարբերակը (պերիոդ): Փորթուգալեանը Պոլսոյ «Արարատ» կրթական միութեան գործիչն էր և հայոց փրկութիւնը կը տեսնէր մտաւոր բարձրացումի և դաստիարակութեան մէջ: Սակայն տաճիկները խափանեցին թուրքաց Հայաստանի հայոց կրթական ցանցը, իսկ Րաֆֆին հանդիսացաւ ցեղային դաստիարակութեան ամբողջ դպրոց մը: Դաշնակցութիւնը որդեգրեց այս դպրոցի սկզբունքն ու տառը և հասակ նետեց այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր իր հոգևոր հայր Րաֆֆին ճշմարիտ կուռք մը դարձած էր: Արմենական կուսակցութիւնը ծրագրեց դաստիարակչական գործը, չկրցաւ զայն իրականացնել: Դաշնակցութիւնը իր կենդանի գործի ճանապարհին հանդիպեցաւ դաստիարակչական արուեստի մեծ վարպետ Րաֆֆիին: Հնչակեան կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր հայ յեղափոխութեան ցուցարարական-ընդվզական պարբերակը (Գում Գաբու, Բաբը Ալի): Կեանքը, սակայն, ցոյց տուաւ, որ նման գործունէութիւնը ոչ միայն աւելորդ աղմուկ մըն է, այլև արիւնոտ նախճիրներու պատրուակ մը` օսմանեան բռնապետութեան (յիշել 1895թ. կոտորածները): Միջավայրի մը մէջ, ուր ժողովրդական անզէն զանգուածները կը գտնուէին բարբարոս իշխանութեան մը և սպառազէն խուժաններու սուրին տակ, ուր հայդուկները ճրագով կը փնտռուէին, աւելի նպատակայարմար էր կռուին տալ խմբային ընդհարումներու և ահաբեկումներու ձև, մինչև որ զանգուածները յեղափոխական կենդանի գործի քուրային մէջ հոգեփոխուէին և ռազմունակ դառնային: Հնչակեան կուսակցութիւնը չկրցաւ որդեգրել անհամեմատօրէն դժուարին և շարքերէն մեծ զոհողութիւն պահանջող մարտարուեստի այս դրութիւնը: Միայն Դաշնակցութեան սրտագին աջակցութեամբ Մուրատը կրցաւ Սասունի 1894-ի այլապէս անյաջող ապստամբութիւնը կազմակերպել: Հնչակեան կուսակցութեան հոգեբանօրէն սխալ ընբռնուած ցուցարարական գործունէութիւնը փակուեցաւ զարհուրելի ջարդերով և այս կազմակերպութան աղիտաւոր պառակտումով ու բարոյական քայքայումով: Փոխվրէժի գործի կազմակերպումով միայն հայ յեղափոխութեան պատիւը կրնար փրկուիլ:

Իր վրէժխնդիր մարտիկներու փաղանգով գրոհի անցնող Հ.Յ.- Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէր հայ յեղափոխութեան գործնական-ռազմական պարբերակը: Խանասորի արշաւանքը, որ կը լուծէր ո′չ միայն դաշնակցական Պետօներու, այլև արմենական Աւետիսեաններու և հնչակեան Մարտիկներու վրէժը, գործնական արժէքի հետ կը կրէր նաև ներցեղային բարոյականի բարձր աքթի մը կնիքը: Առ հասարակ Դաշնակցութիւնը վարպետ է իր պայքարը հոգեբանօրէն կազմակերպելու գործին մէջ: Այս իրողութեան պատճառն այն է, որ ան իր ռազմարուեստի մէջ ո′չ միայն կը խտացնէ թէ′ արմենական (դաստիարակչական), թէ′ հնչակեան (ցուցարարական) գծերը, այլև իր ռազմական հուժկու խառնուածքին շնորհիւ առանձին թափ մը կուտայ անոնց` նսեմացնելով բուն հեղինակները:

2. Անհատապաշտական գիծ.- Արդէն Հայաստանի բնութեան ներանջատական նկարագիրը և հայոց ցեղային բաղկացութեան տարրերը մեր ժողովուրդին պարտադրած են անհատապաշտական հոգեբանութիւն մը: Դաշնակցութեան հիմնադիրներու հմտութեան շնորհիւ, աշխարհագրական ցրուածութեան հետ, հաւանաբար այս պարագան ալ հաշուի առնուեցան և կազմակերպութեան տրուեցաւ ապակեդրոնական ձև: Այս ձևը զարգացուց փոքրիկ խմբակցութիւններու և անհատներու նախաձեռնութեան ոգին: Միւս կողմէ, անհատապաշտական հայեցողութիւնը համապատասխան ըլլալով հայ հոգեբանութեան, դարձաւ ձգողական ուժ մը և կազմակերպութեան դրօշին տակ հաւաքեց անհատապաշտ ժողովրդի զաւակները: Արմենականները առանձին աշխարհահայեցողութիւն մը չորդեգրեցին, իսկ հնչակեանները տարուեցան հայ էութեան խորթ մարքսական զանգուածապաշտական մտածումի հովերով: Անհատապաշտական աշխարհահայեցողութեան շնորհիւ Դաշնակցութեան շարժումը ստացաւ հոգեբանօրէն կազմակերպուած և բնականօրէն զարգացող առաջընթացի մը բնոյթ – հայդուկային փոքրիկ խումբերը աստիճանաբար վերածուեցան յեղափոխական գունդերու, իսկ ասոնք ալ ճամբայ բացին պետականօրէն կազմակերպուած բանակի դրութեան:

«Դաշնակցութիւն» բառը արդէն կը բնորոշէ հասարակական կազմակերպութեան անհատապաշտական ձև մը: Դաշնակցութիւնը կը նախատեսէ անհատներու այնպիսի ներդաշնակ միութիւն մը, որուն մէջ, ի յառաջագունէ, հաշուի կ’առնուի իւրաքանչիւր անդամի անձնաւորութիւնը: Դաշնակցական անհատ մը ազատ կամեցումի տէր անձ մըն է և ոչ թէ մարքսական ստրուկ մը: Ան անհատականութիւն է, ինքնակամ ստեղծագործութեան իրաւունք վայելող անձնաւորութիւն մը և ո°չ թէ զանգուածի մէկ աննշան մասնիկը: Բարոյական այս ազատ մթնոլորտի շնորհիւ էր, որ Դաշնակցութեան մէջ հասակ նետեցին հզօր անհատականութիւններ, մեծ, փառահեղ հայդուկներ:

3. Համադրական.- Համադրութիւնն այնտեղ է հնարաւոր, ուր համադրելի իրականութիւններ կան: Այս համադրելի իրականութիւնները նախ և առաջ կազմակերպութիւնը բաղկացնող անձնաւորութիւններն են, որոնց միջև մտածումի, զգացումի և գործելակերպի ներդաշնակութիւն պիտի ստեղծուի: Բայց, որպէսզի գիտականօրէն այդ հնարաւոր ըլլայ, նախ ինքը` կազմակերպութիւնը պիտի որդեգրէ փիլիսոփայութիւն մը կամ աշխարհահայեցողութիւն մը, ըստ որու` աշխարհի մէջ այլազան իրականութիւններ կան, որոնք ըստ կարելոյն իդէալ ներդաշնակութեամբ մը պիտի միանան: Փիլիսոփայութիւնը (որով նաև գիտութիւնը) այդ իրականութիւնները կը բաժնէ երկու ստորոգածի (կատեգորիա) – նիւթական և գաղափարական կամ մարմնական և հոգևոր: Մարքսականները շեղուելով ճշմարիտ գիտութեան ուղիէն կը ճանչնան միայն նիւթական իրականութիւննեը: Հպարտանքով միայն կարելի է արձանագրել այն փաստը, որ Դաշնակցութեան տեսաբանները կրցած են հաւատարիմ մնալ իրենց ժողովրդի էութեան և տուրք տալ քննադատական իրապաշտութեան (այսօր ամէնէն տիրական փիլիսոփայական ուղղութիւնը) որդեգրելով երկարմատեան (տուալիստական) պատմահայեցողութիւն մը և իբր գիտական, որով նաև ընկերաբանական իդէալ` հաւատալ առարկայականի և ենթակայականի համադրումին: Համադրական այս հոգեբանութիւնը փրկելով Դաշնակցութիւնը կոյր միակողմանիութենէ (վայրենիի տգիտութիւնը միայն կրնայ պնդել, թէ միայն նիւթ կայ, ինչպէս մարքսականները կ’ընեն, կամ միայն ոգի` ինչպէս միարմատեան գաղափարապաշտները, քանզի բնազանցութիւնը տակաւին չէ ճշտած, թէ ի՞նչ է նիւթը, ի՞նչ` ոգին) ներշնչած է անոր գործնական ըմբռնում մը հասարակական կեանքի և ընդհանրական շահերու համադրման մասին: Այս ըմբռնումը սքանչելիօրէն պատկերուած է Դաշնակցութեան էմբլէմով – զինանշանով: Հոն` գրիչը միտքը կը խորհրդանշէ, բահը` աշխատանքը, դաշոյնը` ռազմական կորովը: Ըստ այսմ` Դաշնակցութիւնը հասարակական շարժում մըն է, որ զանգուածներուն կը խոստանայ լոյսը, որ ազատ մտքէն կը ծնի, հացը, որ արդար աշխատանքէն կ’ելլէ և ազատութիւնը, որ սուրով կ’ապահովուի: Դաշնակցութիւնն ուրեմն` ե′ւ մշակութային շարժում է, ե′ւ տնտեսական յեղափոխութիւն, ե′ւ ռազմական ոգորում: Ան կը հետապնդէ ո′չ թէ հայկական որևէ խաւի կամ դասակարգի շահերը, այլ բովանդակ ազգի մշակութային, տնտեսական և քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանումը: Համադրական այս ոգու շնորհիւ էր, որ Դաշնակցութիւնը դարձաւ համահայկական կազմակերպութիւն մը և համահայկականութեան գաղափարի դրօշակակիրը:

4. Գաղափարապաշտութիւն.- Պէտք է առանձնապէս յիշել դաշնակցական էութեան այս գիծը: Անոր հերոսները, ինչպէս յիշուեցաւ, ամէնէն առաջ ազնիւ տառապանքի հսկաներ էին: Գաղափարապաշտութիւնը հայաստանածին հայութեան հոգեբանութեան տիրական մէկ գիծն է: Հայը առաւելապէս հողագործ մըն է և միշտ ալ հակամէտ` իր զբաղումի բերումով բնօրէն պարտադրուած խորհրդապաշտութիւնը` հակազդել գաղափարապաշտութեամբ: Սրտառուչ այն ճիգը, որ թափեց ան իր քրիստոնէութիւնը պահպանելու` այս իրողութիւնը հաստատող փայլուն ապացոյց մըն է: Դաշնակցութիւնը որդեգրելով գաղափարապաշտական գործունէութեան դրութիւնը` թափանցեց հայ ժողովրդի էութեան խորը, յետոյ արժանանալու անկէ հարազատուելու և ժողովրդական հոգեբանութիւն դառնալու բարձրագոյն պատուին: Մինչ հնչակեան փերեզակային «մաթերիալիզմը» խրտչեցուց հայ զանգուածները և առիթ դարձաւ, որ այս կուսակցութիւնը Մեծ Հայքի սահմաններուն մէջ ի սպառ կորսնցնէ իր պատուանդանը: Բացի այդ, գաղափարապաշտութիւնը մշտանորոգ ուժ մըն է: Այստեղ` գաղտնիքը ա′յն փաստի, որ Դաշնակցութիւնը յաճախ կ’այրի, բայց երբ պատմութեան ահազանգը կը հնչէ` առասպելական փիւնիկ թռչունի պէս իր մոխիրներէն կը վերածնի:

5. Ցեղայնութիւն.- Դաշնակցութեան էութեան տարերքն է սա: Հայոց ցեղայնութեան յատուկ է հոգևոր ինքնամփոփումի և գաղափարական կղզիացումի գիծը: Ահագին խորհուրդ կայ ա′յն փաստի մէջ, որ լուսաւորչական դաւանութեան միջոցով քրիստոնէութիւնը կղզիացաւ Հայաստանի մէջ, այսինքն` ազգայնացաւ: Նոյնանման հոգևոր առաջընթաց մը տեղի ունեցաւ, երբ յանձին Դաշնակցութեան, ընկերվարութիւնը ազգայնացաւ Հայաստանի մէջ: Դ. դարու սկիզբներուն` հայերը ռազմական կորով ունէին, բայց կը տառապէին գաղափարական աղքատութենէ, ԺԹ. դարու վերջերուն` հայերը գաղափարական շարժի մը ենթարկուած էին, բայց կը տառապէին ռազմական կորովի չգոյութենէն: Դ. դարու հայկական տառապանքէն ծնաւ հայոց քրիստոնէութիւնը, ԺԹ. դարու տառապանքէն` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Այնժամ` հայոց ազգային անձնաւորութիւնը արձանացաւ իբր կրօնական զգացում, այսժամ` իբր ռազմական կորով:

6. Տեմպերամենտ.— Տեմպերամենտը անհատական կամ հաւաքական եսի ներքին ուժականութեան, տարերային, անբանական կարողութեան չափանիշն է: Պատմութեան մարզին մէջ` ան է որոշիչը «ես»-ի ստեղծագործութեան երանգներու և շատ տեսակէտներով` ստեղծագործուած արժէքներու ճակատագրի: Զօրեղ տեմպերամենտ, հուժկու խառնուածք ունենալ – կը նշանակէ ինքնարձանացումի ընդունակ ըլլալ: Զօրեղ տեմպերամենտը սիրտերը ճմլող, նուաճող ուժ մըն է: Հայաստանը` իր հրաբխային ցնցումներով, երկրաշարժներով, ջրվէժներով, կատաղընթաց գետերու սահանքներով, կլիմայական հակադրութիւններով… ունի բնական եզակիօրէն հուժկու տեմպերամենտ մը: Քանի որ տեմպերամենտը նուաճողական զօրոյթ մըն է — ապա` բնական տեմպերամենտը, իբր միջավայրի ազդեցութիւն` իր կնիքը կը դնէ ժողովրդի հոգեբանութեան վրայ: Որքան հուժկու է հայրենիքի բնութեան տեմպերամենտը, այնքան խոր կ’ըլլայ անոր ազդեցութիւնը տուեալ ցեղի էութեան վրայ: Զարմանալի չէ, որ հայը նախ և առաջ ցայտունօրէն ներշնչական էակ մըն է: Հայրենիքի ահարկու բնութեան տեմպերամենտի մէջ է հայու տառապաշտական հոգեբանութեան իրրացիոնալ գաղտնիքը: Այս համեմատութեամբ` հուժկու է անոր անդրադարձական զօրոյթը: Հոգեբանօրէն ներգործօն դարձած հայը` ահեղ տեմպերամենտով օժտուած էակ մըն է: Երբ հայը շարժման կ’անցնի` իր հայրենիքի երկրաշարժային բնութեան պէս, անոր ոգին կը դառնայ ցեղաշարժի մարզ մը: Հայու ուժը իր տարերայնութեան, իր մոլեռանդութեան մէջ է: Դաշնակցութիւնը կրցաւ հայ ցեղային էութեան այս գծերը մարմնացնել իր շարժման մէջ: Դաշնակցութեան ուժի գաղտնիքը իր բարձր տեմպերամենտի մէջ է: Ասոր շնորհիւ էր, որ կուսակցութիւնը 20-րդ դարու սկզբին դարձաւ աշխարհի ամէնաահարկու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը: Ասոր հետևանքով էր, որ տիտանականութեան հասնող հոգևոր խոյանք մը միշտ զուգահեռուեցաւ անոր յեղափոխական գործունէութեան (Բանկ Օտտոմանի խոյանքը և մանաւանդ Բաբկէն Սիւնիի Պոլիսը հրկիզելու ծրագիրը): Բարձր տեմպերամենտով պայմանաւորուեցաւ կազմակերպչական մեծ հանճարներու ներկայութիւնը` այս կուսակցութեան մէջ (Քրիստափոր և Արամ): Բարձր տեմպերամենտը ասպարէզ կոչեց Դաշնակցութեան մարգարէատիպ առաքեալները (Զաւարեան, Ռոստոմ, Հրայր): Ան էր, որ ոտքի հանեց տիտանատիպ հսկաներ (Սերոբ և Գէորգ Չաւուշ, Դուման ու Խեչօ, Մուրատ ու Քեռի), ահեղաշունչ զօրավարներ (Անդրանիկ ու Եփրեմ) և վերջապէս լեգենդար հերոսներու ամբողջ փաղանգ մը (Արաբօն ու Սաքօն, Չաթօն ու Շէրօն, Լաթօն ու Յարօն, Ախօն ու Սայդօն և տարօրինակ մարդոց ամբողջ հարիւրակներ): Տարբեր է նաև դաշնակցական մտածողի, վիպասանի, բանաստեղծի ոճը. կրակ կայ անոր մէջ, թափ և տարերայնութիւն (Սիամանթօ, Վարուժան, Ակնունի): Մեռելները միայն յիշեցինք, անոնց գիծը և նկարագիրը. մեռելները, որոնք իրենց հուժկու խառնուածքով ճմլեցին աշխարհի սիրտը և մեր պատմութեան անիւը մղեցին դէպի Մայիս 28-ի նոր կռահումներով յղի արշալոյսը:

Փա′ռք իրենց

Հարց.— Եւ սակայն ի՞նչ է այս Մայիս 28-ի խորհուրդը:

Պատասխան.— Մայիս 28-ը համահայկականութեան գաղափարի քաղաքական յաղթանակի օրն է: Դարերէ ի վեր, հայ ոգու մէջ կը մաքառէին տրամագծօրէն ներհակ երկու իդէալներ կամ սկզբունքներ: Ատոնցմէ մէկը` համահայկականութեան սկզբունքն էր, միւսը` անհատականացման: Առաջինը միայն գաղափար մըն էր, երկրորդը` իրականութիւն մը: Գաղափարը կը պայմանաւորուէր մեծ հայրենասէրներու իղձերով, իրականութիւնը` Հայաստանի ներանջատական բնութեամբ: Մեծ հովիտները, որոնք մշակութային կեդրոններ էին` կը հետապնդէին ազգի քաղաքական միութեան իդէալի իրականացումը, լեռնաստանները` կեդրոնախոյս հակում ունէին: Այրարատն ու Տարօնը չկրցան հաղթահարել լեռնաստաններու ընդդիմութիւնը, վրայ հասան օտար ուժերու արշաւանքները և հայութեան քաղաքական դրօշը աստիճանաբար նսեմանալով` ի վերջոյ հրապարակէն իսպառ չքացաւ: Ազգային ամբողջականութիւնը փրկելու համար` հայ խորհողները (այրարատցի կամ տարօնացի) դիմեցին կրօնական-դաւանական մշակութային միջոցներուն և լուսաւորչական դաւանութեամբ և Ե. Դարուն սկսուած գրական կեանքով յաջողեցան ազգը, գէթ հոգեպէս, միացնելու կերպ մը գտնել: Մշակութային և դաւանական այս գործօններուն հետագային միացաւ բացասական երևոյթ մը – բռնակալներու պարտադրած համատարած տառապանքը: Այս վերջին գործօնը, որ ճակատագրով նոյնացուց բոլոր հայերը, հրահրեց ո′չ միայն քաղաքական վերածնութեան, այլև համահայկական քաղաքական միութեան իդէալը: 19-րդ դարու վերջերուն հրապարակ եկաւ Րաֆֆին և գաղափարաբանական ձևակերպում մը տուաւ անոր: Այնուհետև սկսաւ Դաշնակցութեան փառաբանութեամբ և ձգտումներով էապէս համահայկական քաղաքական շարժումը: Դաշնակցութիւնը որոշեց ֆէդէրացիոնի ճանապարհով աստիճանաբար յանգիլ հայոց քաղաքական միութեան իդէալին: Համաշխարհային պատմական անցքերը, սակայն, ուրիշ դրութիւն մը պարտադրեցին և հայ զանգուածները ամէն կողմէ քշեցին դէպի իրենց հայրենիքի բնական և իրենց ցեղայնութեան հոգևոր կորիզը եղող Արարատեան Դաշտը: Եւ հոս ալ քանի մը բախտորոշ ճակատամարտներէ յետոյ 1918-ին իրականացաւ հայու քաղաքական միութեան իդէալը:

Այստեղ` Մայիս 28-ի խորհուրդը. խորհուրդ մը, որ կեանքի հրամայականով, նոր փոթորկումներու և արիւնի ճանապարհով մեզ պիտի մղէ համահայկական և Համա-Հայաստանեան քաղաքական միութեան – ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ – գաղափարի իրականացման գործին: