Գոմք գիւղի եկեղեցական համալիրը

Պետրոս Վարդապետ

Արիասիրտ Վանահայրը

                Գրեց՝ Մկրտիչ Աւ․ Քահ․ Մուրատեան

                Հալէպ

Այս վերնագրով միայն կարելի է որակել խրոխտ եկեղեցական մը, որ քաջ հովուի յատուկ անձնուիրութեամբ, քառասուն երկար տարիներու ընթացքին, գիտցած է անվթար պահել իր վանքին ու ժողովուրդին պանծալի գոյութիւնը։

Պետրոս վարդապետ ծագումով կը պատկանի Պետիկեան մեծահամբաւ գերդաստանին։ Այդ գերդաստանը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր միշտ քահանայ եւ վարդապետ տուած է իր մեծանուն օճախէն եւ այս իսկ պատճառաւ ժողովուրդը շատ իրաւամբ զայն կոչած էր «իրցու տուն»։

Այս տեսակէտով Մատին Առաքելոյ վանուց ծանօթ վանահայրերու ցանկին մէկ առաջին տեղը կը գրաւէ Պետրոս վարդապետը՝ ծնած 1832-ին, Սասնոյ Բսանաց գաւառի Գոմք գիւղին մէջ եւ իր նախնական ուսումը ստացած իր ազգատոհմէն վանահայր՝ Աւետիս վարդապետէն։ 1857-ին ան կ՛երթայ Մշոյ Ս․ Կարապետի վանքը, ուր, իր ուսման ընթացքը աւարտելով, կը ձեռնադրուի վարդապետ՝ ձեռամբ Մշեցի Մամբրէ Եպիսկոպոս Մամիկոնեանի։ 1861-ին Սասուն վերադառնալով, կը կարգուի վանահայր Մատին Առաքելոյ վանքին, որուն աթոռակալ Աւետիս վարդապետը, իր յառաջացած տարիքին բերումով, ինքնայօժար կը հրաժարի վանահայրութենէ եւ կը քաշուի Պշերիկ (Ռշտունիք), ուր կ՛անցնէ իր ծերութեան օրերը եւ կը վախճանի՝ ձիէն իյնալով։

Գոմք գիւղի եկեղեցական համալիրը

Գոմք գիւղի եկեղեցական համալիրը։ Շատ հաւանաբար Սբ. Պետրոս Առաքեալի վանքի աւերակներն են (յայտնի էր նաև Մատնեվանք, Մատին–Առաքեալ, Մատին առաքելոյ, Ճկութի Սբ. Պետրոսի, Փսանքի Գոմաց վանք անուններով)։ Կը գտնուի Մարաթուկ լերան արևմտեան ստորոտին՝ Գոմք և Միջգեղ գիւղերուն քով։ Լուսանկարուած է 1970-ականներուն (Աղբիւր՝ Rensselaer Polytechnic Institute (RPI) collection, Troy, New York)։

Իննսունական թուականներուն երբ հայ յեղափոխութիւնը դեռ նոր մուտք կը գտնէր Սասնոյ մէջ, Պետրոս վարդապետը Առաքելոյ վանուց վանահայրն էր եւ իր խիզախ գործունէութեամբը եւ ճարտար նշանառութեամբը մեծ հռչակ հանած էր, իբրեւ ռազմիկ վարդապետ մը։

1892-ի աշնան վերջերը, Տաղներցի քիւրտ աշիրեթը՝ կառավարութեան դիւային սադրանքներէն տարուելով, յարձակում կը գործէ Բսանաց հայ գաւառին վրայ եւ, առաջին պատեհութեամբ, Բսանք գիւղը գրաւելով, դուրս կը վռնտէ հայերը։

Պետրոս վարդապետ իր աջ բազուկը Մրտկայ ռէս Շարրօն, եօթը թաղ գաւառի հայ կտրիճները ի զէն կոչելով, կը փութան Բսանցիներու հաւարին եւ երեք օրուան արիւնոտ կռիւներէն եւ երկուստեք բաւական զոհեր տալէն յետոյ, կը յաջողի վերագրաւել Բսանք գիւղը, որուն այս եղերական պատմութիւնը անմահացուցած է Մըշգեղու բանահիւիս-գուսան իրցու տան Կորցէն իր «Օհանէ-Թէմմէ» քրտերէն դիւցազներգութեամբ։

1893 Հոկտեմբերին մութ գիշեր մը նորէն կը մտնեն վանք։

Հետեւեալ առաւօտ Պետրոս վարդապետ պաշտամունքին փոխարէն կը ստիպուի դարփեալ ձեռք առնել հրացանն ու վառօդը, դարձեալ եօթը թաղ գաւառի կտրիճ տղամարդիկ ի զէն կոչելով կ՛երթայ կը պաշարէ Խալիլ Աղայի գիւղն ու անցքերը, ուր ինքն իսկ, հասարակ կռուողի մը նման Ս․ Թորոս քարի դիրքին էջ էր։ Այս պաշարումը կը տեւէ հինգ օր եւ , վերջապէս առանց կորուստ տալու, կը յաջողի ետ առնել վանքին թալանն ու գերի տարուած երկու պարզուկ հովիւները՝ Աւէն ու Պետէն։

Փափուրենց չարագործ Կենճօն, հայակեր Բորեանը որ 1894-ի Տալուորիկի ապստամբութիւնը զսպելու եւ հայ յեղափոխականները հետապնդելու համար լիազօրութիւն ստացած էր կեդրոնական կառավարութենէ, երբ 4-րդ զօրաբանակի հրամանատար Զէքի փաշայի օժանդակութեամբ, յաղթանակտարածի պէս ետ կը վերադառնար կը մտադրէ իր կարգին ջարդել նաեւ Բսանաց գաւառի հայութիւնը։ Սակայն Պետրոս վարդապետի մարտական համբաւն ու Շիկօներու հետ կնքած բարեկամական դաշինքը ի միտի ունենալով, կը վախենայ ընթացք տալ իր այդ չար մտադրութեան։

Պետրոս վարդապետ ազգային կեանքի մէջ ալ բաւական օգտակար ծառայութիւններ ունեցած է իր կրկին պաշտօններովը։ Անիկա իբրեւ շինարար վանահայր մը, իր անդուլ ջանքերով նորոգել կուտայ վանքին ստորերկրեայ ջրմուղը (որուն փողրակները դարերու ընթացքին գրեթէ անգործածելի դարձած էին)․ ապահովելով վանքին խմելու ջուրը որ կու գայ հեռաւոր սարի մը ստորոտէն։ Իսկ բարձրակամար եկեղեցւոյ զոյգ գմբէթները երկարատեւ փմեռներու սաստիկ պաղէն ու վտանգէն պաշտպանելու մտօք, Տիգրանակերտէն մեծաքանակ զինկ բերել տալով, կը ծածկէ զանոնք ամրակուռ գամերով։

Պետրոս վարդապետ իր քաջութեանց հետ մէկ տեղ, ջանացած է հետեւիլ նախնեաց տիպար օրինակին, անվթար պահել ազգային նուիրական աւանդութիւնները եւ որպէս քաջ շարականագէտ, երգած ու տարածած է հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը։

Այս պատուական վարդապետը, որուն հերոսական կեանքին ու օգտակար գործունէութեան ամենապզտիկ գիծերն իսկ հազիւ կրցայ ծանօթացնել, շատերու պէս ինքն ալ, առանց կարենալ վայելելու իր ծանրագոյն աշխատութեանց փառապսակը՝ վախճանած է 1907 թ․, անմահ Գէորգ Չաւուշի հերոսական մահէն ճիշտ երեք ամիս վերջը, երբ տակաւին հռչակուած չէր Օսմ․ տարաբախտ Սահմանադրութիւնը։

Վարդապետին յոգնատանջ մարմինը ամփոփուած է վանքին եկեղեցւոյ առաջին բաժնի հիւսիսային պատին առջեւ՝ իր նախնեաց շիրիմներու շարքին։

«Յեղափոխական Ալպոմ»

Բ․ շարք, թիւ 4


 

Լուսանկարները վերցված են houshamadyan.org     կայքից։