Ստեփան վարդապետ Պաղտասարեան
Ստեփան վարդապետը ծնած է Սասնոյ Բսանաց գաւառի Գոմք գիւղը իր ուսումը ստացած է Մշոյ Սուլթան Ս, կարապետի վանքը․ եւ հոն իր համեստ ուսման ընթացքն աւարտելով, վարդապետ ձեռնադրուած էր Մամբրէ եպիսկոպոս Մամիկոնեանէ։
Օսմ․ Սահմանադրութեան (1908-1915) խաղաղ տարիներուն զուգադիպելով, բաւական օգտակար ծառայութիւններ ունեցած է։ Սակայն իր անհեռատեսութենէ կամ լաւ է ըսել, օրուան քաղաքականութեան փաղաքշանքէն խաբուելով, բոլորովին զանց կ՛ընէ քիւրտ աշիրէթներու բարեկամական կապերը ամուր պահելու օգտակարութիւնը, այլ ընդհակառակը, անոնց հետ խիստ վարմունք ունենալով, տեղի կուտայ քիւրտերու զայրոյթին։
Ընդհանուր տեղահանութեան միջոցին քիւրտ աշիրէթները կառավարական քաջալերանքէն օգտուելով անխնայ կը ջարդեն Սասնոյ ամբողջ հայութիւնը։
Այսու ամենայնիւ, Ստեփան վարդապետն ալ իբրև յեղափոխական եւ զէնքի մարդ, վերջին տեղահանութեան ընթացքին, մինչև իր վերջին շունչը, ափ մը հայ կռուողներու հետ,շուրջ մէկ ամիս, վանքին մէջ քաջաբար կը դիմադրէ եւ հոն զոհ կուտան եղբայրս Կենճոն ու Մջգեղի Ռէս Շառոն, որոնք, վարդապետին աջ բազուկն էին։ Այս երկու անգին զոհերու անկումով եւ թշնամւոյն կողմանէ վանքին ջուրին կտրուելով, անձնուէր վարդապետը կը ստիպուի թողուլ վանքը ու երթալ Անտոքի ռազմավայրը։
Հայ տղերքը Մայիսեան մութ գիշերուան մը մէջ թշնամւոյն հազարաւոր խուժանը ճեղքելով կը թռչին դէպի մեծ Անտոք, ուր միանալով Ռուբէն Տէր Մինասեանի, հոն ալ ամբողջ երեք ամիս թուրք զինուորական ու քրտական անհամեմատ ուժերու դէմ կը մարտնչին։ Գնդակահար կ՛իյնան Ստեփան վարդապետն ու իր քաջընտիր մարտիկները, որոնք գերեզման իսկ չեն ունենար։ Իսկ Անտոքի այդ ամայի բարձրութեան վրայ աւելի քան վաթսուն հազար ապաստանուած անյոյս ժողովուրդը, թուրքին ու քրտին յանձնուելով, կը յօշոտուի ճամբաներու վրայ եւ ձորերու մէջ․․․
Ստեփան վարդապետն իր հետ Անտոք տարած էր Վանքին Ս․ ճկոյթի մասունքն ու շարժական ապրանքներէն կարգ մը թանկագին անօթները․ որոնք իրենց տեսակի մէջ, կարեւոր հնութիւններ ըլլալով այսօր անհետ կորուստի մատնուած են։
Որքա՜ն ուրախ ու ոհ պիտի ըլլայ վերապևած հայը երբ բախտն ունենայ ձեռք բերելու իր բնագաւառի չնաշխարհիկ վանքին գէթ այդ թանկարժէք առարկաները․․․։
Մկրտիչ Աւագ քահանայ Մուրատեան
Հալէպ
«Յեղափոխական Ալպոմ», Բ շարք, թիւ 5