ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ — Նախաբան
Գրքոյկն ամփոփում է նշանաւոր գրող ու հասարականքաղաքական գործիչ Ռ. Զարդարեանի ակնարկը հայ ազատագրական շարժման խոշորագոյն ներկայացուցիչ, ազգային հերոս Գէորգ Չաւուշի կեանքի ու դիւցազնական գործունէութեան մասին՝ մեծ ներշնչումով ու խորին ակնածանքով գրուած ու առաջին անգամ հրատառակուած հերոսի նահատակման թուականին (1907) Ժնեւում։ Տպագրուում է 1967 թ. Բեյրութի հրատարակութիւնից։ Զետեղուած են նաեւ Զաւուշի երկու նամակները ¹։
ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հազար ինն հարիւր եօթ թուականին,
Չքնաղ Մայիսի քսանըեօթին,
Տօն է բազմաշխատ մահուան Գէորգի
Սասնոյ հարազատ մեծանուն քաջին։
Թնդաց սրտերը տասնեակ քաջերուն,
Կռուեցան անվերջ, մինչեւ իրիկուն,
Իսկ երբ գիշերը, Գէորգը շալկած,
Գիւղէն դուրս ելան յոգնած ու տրտմած,
Ճամբան աղաչեց, քաջն մահամերձ,
Հանգիստ ձգէ՛ք զիս մի՛ ընէք շնչահեղձ,
Դրէ՛ք զիս այստեղ, ծածկեցէք խոտով,
Գացէ՛ք, ընկերներ, դուք գացէ՛ք բարով։
Վերջին բարեւներս տարէ՛ք հայ ազգին,
Վերջին համբոյրներս որդւոյս Վարդգէսին
Լացին ընկերներ, կանգնեցան շարքով,
Համբուրեցին զինք ու անցան խմբով։
Նայեց բոլորտիք, ա՛լ չկայ ընկեր
Ինկած կռուի դաշտ, տառապ ու անտէր,
Համբուրեց հողը քաղցր հայրենեաց
Փակեց աչքերը ներքեւ աստեղաց։
Գէորգ Չաւուշին նուիրուած այս գրքոյկը Ռ. Զարդարեանի գրչին կը պարտինք։ Գրքոյկը հրատարակուած Է 1907ին, Ժընեւ։
Զարդարեան խոր ապրումներվ կը հետեւէր ԴուրանԲարձրաւանդակի հերոսական շարժումներուն եւ մեծ հիացմունք ունէր Գէորգի անօրինակ խիզախումներուն հանդէպ։
1907 Մայիս 27-ին տեղի ունեցաւ Սուլուխի ճակատագրական կռիւը։ Գէորգ կուրծքէն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ Մայիս 28-ին շիջեցաւ Սասունի այս հրաբուխը։
Ռ. Զարդարեան, ճիշդ ամիս մը յետոյ, 1907 Յունիս 27-ին, «Ռազմիկ»ի մէջ կը գրէր.
«Անխոցելի դիւցազն ալ մահ ունի եղեր։ Արցունքը կը խեղդէ մեզ. մահ մը չէ ասիկա, այլ ամբողջ աշխարհի մը արեւին խաւարումը, Սասնոյ ու Տարօնի երկրին զուլումը։ Հազիւ թէ վերջին քառորդ դարու մէջ հայ մայր մը իր կուրծքին վրայ դիեցուցած ըլլար կիսաստուած մը, այսքա՜ն անթերի դիմագիծով, յանդգնութեան, անձնուիրութեան, դիւցազնական անսպառ զօրութեան ա՜յսքան հրաշալի, ա՜յսքան աստուածամերձ ձիրքերով»։
Հայ ազատագրական շարժման ճակատագրական թուական մը եղաւ Մայիս 27-ի արիւնալի ճակատամարտը։ Գէորգի նահատակութիւնը զուգադիպեցաւ Մայիս 28-ին, որպէս մատաղ Հայոց ազատութեան եւ անկախութեան։
Տասնմէկ տարի ետք, 1918 Մայիս 28-ին, հայ կորովի բազուկը Սարտարապատի ճակատամարտը պիտի մղէր, Գէորգ Չաւուշի ճանապարհով. ու Մայիս 28-ը որպէս անկախութեան թուական, յաւիտենական դրօշազարդում մը պիտի մնար Սարերու Ասլանի աճիւնին։
1907 Մայիս 27-ի կռուին, դիտապաստ կ’իյնար ՔէօսԷ պինպաշին, թուրք զօրքերու ամենակարող հրամանատարը։ Անոր թաղումը կը կատարուէր զինուորական նուագախումբով։
Օր մը ետք, Գէորգ Չաւուշի մարմինը Մուշ կը բերէին, որպէսզի հաւատան թէ հայ դիւցազնը նահատակուած է։
Հերոսին թաղումը կատարուեցաւ հայ աշակերտներու եւ կղերականներու շքերթով, կառավարութեան կարգադրութեամբ։ Մշոյ ժողովուրդը տուները քաշուած էր, կոտորածի վախէն։ Ու ինչ որ զարմանալի է, կառավարական նուագախումբը հետեւեցաւ Գէորգի դագաղին, նուագեց Շոփէնի մահերգը, ինչ որ ըրած էին թուրք զօրավարին։
Գէորգը թաղուեցաւ Ծիրինկատարի ստորոտը, հայ գերեզմաննոցին մէջ։
Թուրքերը հանգստացան։ Փոթորկայոյզ Գէորգ՝ ոչ եւս էր իրենց համար։
Հայերը չհաւատացին որ Սարերու Ասլանը սպաննուած է։ Ու նեղ օրերուն միշտ կը սպասէին, որ անոր ձայնը Ծովասարէն պիտի լսեն։
Երբ Գէորգ Չաւուշի նահատակութեան լուրը կը հասնի Պուլկարիա, մեծ յուզումի կը մատնուի Անդրանիկ։ Հրաչ Զարդարեան վերջերս ինծի ուղղած երկտողի մը մէջ կը վկայէ.
«Անդրանիկ որ յօդացաւով կը տառապէր եւ անկողին կը մնար Գէորգ Չաւուշի մահուան լուրը առնելէն ետք դէմքը պատին դարձուց եւ երեք օր մարդու հետ չխօսեցաւ։ Հայրս ու մենք փոքրիկներս կը զգայինք անոր հոգեկան տառապանքը…»
Անդրանիկ բոլորէն աւելի լաւ կը ճանչնար Գէորգը եւ անոր անչափելի խիզախութիւնը։ Գէորգը հայ ազատագրական շարժման մարտական ուժի գերագոյն խորհրդանիշն էր։ Որքա՜ն մարտիկներ, Գէորգի հմայքէն ոգեւորուած՝ ֆետայի դարձան ու անմահ անուն մը թողին Հայոց յեղափոխութեան պատմութեան մէջ։
Անմահութեան փառապսակը ճակատին, Գէորգ միշտ ներկայ էր Տարօնի եւ Սասնոյ ժողովուրդի հոգիին մէջ։
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ
28 Մայիսի 1967
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!