ԱՆԴՐԱՆԻԿ — գրեց՝ Սմբատ /Մախլուտո/

ՀԱՅ ժողովուրդի անզուգական՝ ազգային հերոսը: Մարմնացումը իր ցեղին բոլոր առողջ բնազդներուն եւ ողջմտութեան:

Թուրքը մինչեւ ծուծը ճանչցած: Այնտեղ ուր մեծ դիւանագէտներ եւ քաղաքական խոշոր հասկցողութիւն ունեցող ղեկավարներ խաբուեցան, անգերազանցելի տեսանողի մը գուշակութեան ուժով չափեց ահաւոր վտանգը եւ իբր նախատինք նետեց խաբուածներու երեսին:

Չկրցաւ շնչել Պոլսոյ սահմանադրական մթնոլորտը. ան որ Սասնոյ եւ Տալւորիկի բարձունքներուն օդն էր ամբարած իր թոքերուն մէջ:

Խուսափեցաւ այն դիրքերէն՝ ուր սին ցուցադրութիւն եւ անարժան փառք կար: Առաջին գծին վրայ եղաւ հոն՝ ուր վտանգ կար և հայրենասիրական գործ։

Շապին Գարահիսար. Սասուն, Տալւորիկ, Առաքելոց Վանք: Ամէն մէկ քար հերոսին մարտնչումներուն կռուան ծառայած է:

Հանրապետութեան շրջանին թուրք բանակներու մղձաւանջ եւ հայ գաղթականներու պահապան հրեշտակ:

Հուսկ ուրեմն, Քալիֆօրնիա: Գերի առիւծի մը ահաւոր վիշտով զգետնուած՝ աչքերը փակելէ առաջ մրմնջեց. «Գործս կէս մնաց»:

 

***

Գրեց՝ ՍՄԲԱՏ /Սմբատ Բորոյան (Մախլուտո)/

Սմբատ Բորոյան (Մախլուտո)

Անդրանիկ ջա՛ն,

Քո զէնքի ընկերն է որ կը խօսի՝ վիրաւոր սրտով եւ յուսաբեկ տրամադրութեամբ: Արցունք չունիմ քեզ համար, որովհետեւ յաղթութեան թէ պարտութեան ատեն, կռիւներու թէ ճակատամարտներու ժամանակ, վիրաւորուած թէ առողջ, մենք միշտ ալ ժպտացեր ենք, որովհետեւ մեր ժողովրդի ազատութեան համար ենք պայքարեր:

Կը յիշե՞ս բոլոր ընկերները, որոնք մեր կողքին ինկան՝ մեծ գաղափարի համար, եւ մենք միայն հրացաններու գնդակներով կատարեցինք անոնց յուղարկաւորութիւնը:

Կը յիշե՞ս՝ վերջին ճակատամարտներու ատեն, երբ ինկող հայորդիներու դիակներուն վրայով կը խիզախէինք թշնամւոյն դէմ՝ յաղթանակով պսակելու նահատակներու ճակատը:

Այժմ ալ դուն չկաս: Այս հեռաւոր երկրին մէջ, սառ դագաղին մէջ դուն, մեր սարերու արծիւը, պառկած ես լուռ եւ յաւիտենական քնով:

Իմ սիրելի հրամանատար եւ զէնքի պաշտելի ընկեր, Քո թարմ շիրմին առջեւ ծնկաչոք՝ պատմութիւնները պիտի ընեմ մեր կատաղի կռիւներու եւ դիւցազնական ճակատամարտներու մասին, յիշեցնելու համար Քո անցեալը ամենուն, եւ թող այդ ըլլայ ծաղկեպսակ մը իմ կողմէն, Քո դագաղիդ վրայ:

Ահա դուն, սիրելի Անդրանիկ, իմ աչքի առջեւն ես իբրեւ Սասնոյ լեռներու մէջ որոտացող գնդակներու հրամանատար եւ խիզախ առաջնորդ:

Ահա դուն, Կուրաւայ գիւղի կռիւին մէջ, ուր կողք կողքի կռուեցանք մեր նամարդ թշնամու դէմ՝ Մշոյ դաշտին մէջ։

Կը յիշե՞ս Շամիրամը, Նեմրութ լերան փէշերուն վրայ թառած, ու անոր մէջ ունեցած յուսահատական յարձակումներն ու տարած յաղթանակը, ուր առանց հացի եւ ջրի, հազարաւոր թշնամիներու դէմ կուրծք կուտայինք:

Կը յիշե՞ս Աղթամարը, Վանայ ծովուն վրայ, եւ այն փոքրիկ նաւակները, ուրկէ կը դիմադրէինք մեզ շրջապատող թշնամիներուն:

Ասոնք բոլորը չեն, ուր մենք, իբրեւ զէնքի ընկերներ, կողք-կողքի կռուեցանք: Մեծ պատերազմին, նորէն, իրար հանդիպեցանք՝ կռիւներուն մէջ, ընդդէմ մեր թշնամուն եւ Հայ Ազգի Ազատութեան համար:

Ահա, իմ աչքիս առջեւ կը պատկերանայ Բուրուշխանի գագաթի վերել քը եւ անոր շուրջը մղած արիւնալից կռիւներդ՝ թրքական կանոնաւոր բանակի դէմ:

Ահա եւ Դիլիճանը: Կը յիշեմ քո մռայլ դէմքը եւ վճռականութիւնը դէմքիդ վրայ: Կը յիշեմ կռիւներդ եւ կարճ հրահանգներդ՝

Տղայ, Լաօ, զարկեցէ՛ք, զարկեցէ՛ք, եւ մենք առաջ կը խիզախէինք մեր անարգ թշնամու կռնակը շփելու:

Հոն էր, որ մեր ժողովուրդի ոյժը յաղթանակեց: Հ

ոն էր որ դուն ժպտադէմ եւ կատակախառն կ՝ըսէիր.

-«Տղայ, Լաօ, այս անգամ եթէ ազատուանք, Սասնոյ մէջ կ՝երթանք մեր թագաւորութիւնը կը հաստատենք»։

Եւ ատկէ յետոյ չէ՞ր որ մենք սրարշաւ, փրկելու համար մեր ժողովուրդի բեկորները, խոյացանք դէպի Պիթլիս՝ լուծելու համար վրէժը մեր սպաննուած մայրերուն եւ վիրաւորուած քոյրերուն:

Յիշե՞մ, արդեօք, Զանգեզուրի մէջ մղած մեր կռիւները՝ Աղուդի-Վահուդիի եւ Եայճիի մէջ: Հազարաւոր զինուած թիւրքեր կանանց պէս փախուստի կը դիմէին եւ միայն անունդ բաւական էր՝ սարսափ ազդելու համար անոնց:

Չկաս դուն, սիրելի Անդրանիկ:

Դուն այս օտար երկրի մէջ, հեռու մեր սարերէն եւ ձորերէն, մեր կիրճերէն եւ աղբիւրներէն — աչքերդ փակեցիր եւ գացիր դէպի մեր նահատակուած ընկերները: Մի՛ մոռնար, Անդրանիկ ջան, բարեւներս յիշելու իմ կողմէն բոլոր նահատակուած ընկերներուն:

Համբուրէ , իմ կողմէս, Գէորգ Չավուշը, Հրայրը, Հաճի Յակոբ եւ Մուրատը: Համբուրէ Կորիւնը, Քեռին, Նիկոլը, Թորգոմը, Վահանը եւ բոլոր իմ սիրելի ընկերները, եւ ըսէ՝ որ ես մեռած եմ հոս, բայց ողջ եմ՝ իրենց հետ:

Չմոռնաս տեսնել եւ բարեւս զրուցելու Ուրուղայ Արթինին, Տօնոյի Մակարին, Դաւօի տան եւ Կարապետենց տան մարդկանց, որոնք քեզ եւ մեզ որդու պէս սիրեցին եւ պահեցին:

Յիչէ՛ բոլորին եւ ըսէ անոնց որ մենք, ապրողներս, իրենց սկսած գործը կը շարունակենք, մինչեւ որ մեր ժողովուրդն ազատուի անարգ թշնամու լուծէն:

Չմոռնաս ըսելու անոնց որ տաքուկ համբոյրներ կ՝ուղարկեն իրենց հայրենակից Մշեցիներն ու Սասունցիները իրենց պաշտած եւ սիրած հերոսներուն:

Քո թարմ շիրմին առջեւ, սիրելի հրամանատար, գլուխս խոնարհած եւ ծնկաչոք՝ կ՝աղօթեմ յիշատակիդ համար եւ կ՝երդնում քալել այն ճանապարհով, որ դուն Յեղափոխական Մեծ Վարպետ, եւ բոլոր նահատակ ընկերները քալած են:

Կ՝երդնում ըլլալ հոն, ուր Հայ ժողովուրդն իր ազատութեան համար պայքար ունի եւ իմ կռիւներու մէջ դուն եւ ընկերներս պիտի ըլլաք իմ առաջնորդները:

 

«Ամրոց», բացառիկ թիւ 1, Հրատարակութիւն Ա․ Ա․ Ուխտի Լօս Անճէլըսի Մարմնի, Օգոստոս1, 1942