ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻՆ

ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻՆ

25 Նոյեմբեր 1906

ԲԻՒՐԱԿՆ

 

Արեւելեան Բիւրոյին.

 

Նոյեմբեր ամսոյ 4-ին ընկեր մըն ալ հետս՝ եկայ Բիւրակն եւ պիտի գայի արտասահման, հասնէի [Ընդ]հանուր ժողովին, բայց ձիւնի բուքի պատճառաւ արգիլուեցայ 15 օր Բիւրակն, եւ օր մըն ալ քուրդ վալատի հետը միասին մեկնուեցանք որ պիտի գայինք. եւ հասանք մինչեւ Կուլէի Պարազան(?). այստեղ սկսեց ձիւն գալ, սաստիկ քամի եւ բուք, ճար չգտնելով ետ վերադարձանք. բայց խեղդուելէն հազիւ հազ ազատուանք. անկէ զկնի աշխատեցայ Բարձրաբերդի ¹ գծով գալ ծպտեալ, սակայն ոչ ոք յանձն չառաւ զիս տանելու. եւ ինչպէս ալ Բիւրակնի ² ընկերներ գրած են, ճարահատ մնալով ետ վերադարձայ դէպի Դուրանում, շատ ցաւալով, որ բաղդ չունեցայ գալ եւ ներկայանալ ձեր ազնիւ ժողովին։ Սակայն խնդրում եմ որ զմեզ այստեղ մտահան չանէք. արդէն գրած ենք զբոլոր Երկրի անց ու դարձը եւ Երկիր ինչ պահանջելը. նաեւ շատ մը գաւառների տեղեկագրները որ ստանում էք. կարդալով պիտի հասկանաք զմանրամասնութիւնը։

Գալով ժողովի առթիւ երբ ես չկարողացայ գալ, ես այստեղէն տալիս եմ ձայնս Պարոյրին եւ Մուրատին, որ նրանք լաւ ծանօթ են Երկրի դիրք եւ դրութեան, եւ արդէն մենք պարզած ենք զամէն մի հարցը Երկրի գործունէութեան մասին։

Իմ վկայական էլ ղրկեցի. եւ իմ որոշուած անձերը որ որոշած եմ եւ ձայնս նրանց տուած եմ. լի յուսով եմ՝ պիտի ընդունէք, եւ զմեզ ալ պիտի ճանչնաք իբրեւ ընկեր, եւ ապստամբավայր՝ տեղը։

Համբոյրներով՝

ՍԱՐՀԱՏ

 

1․ Կարնոյ։

2․ Նամակի ձեռագրով, այս տեղանունը, կարելի է կարդալ Բերակ, Բիրոկ եւն։ Պէտք է ըլլայ Բիւրակն (Պինկէօլ), ինչպէս կը հետեւցուի ի մասնաւորի Տատրակի (Մշոյ Գեղամի) նամակէն։

 

Վերցված Գրքոյկից, որն ամփոփում է նշանաւոր գրող ու հասարականքաղաքական գործիչ Ռ. Զարդարեանի ակնարկը հայ ազատագրական շարժման խոշորագոյն ներկայացուցիչ, ազգային հերոս Գէորգ Չաւուշի կեանքի ու դիւցազնական գործունէութեան մասին՝ մեծ ներշնչումով ու խորին ակնածանքով գրուած ու առաջին անգամ հրատառակուած հերոսի նահատակման թուականին (1907) Ժնեւում։ Տպագրուում է 1967 թ. Բեյրութի հրատարակութիւնից։