Կոմիտաս Վարդապետ եւ Խալիտէ Էտիպ*

Ծանոթագրություն։

Տողերի հեղինակ Հալիդե Էդիփ Ադիվարն (1884 — 1964) է։ Թուրք ազգայինական, քաղաքական գործիչ։

Կարմիր սուլթան Աբդուլ Համիդին մոտ ընտանիքի զավակ։ Երիտթուրքական հեղափոխության ակտիվիստ, հայտնի իբրև կանանց իրավունքների պաշտպանության մարտիկ։

Մտերիմն ու գաղափարական ընկերն է եղել Հայոց Ցեղասպանության կազմակերպիչներ Ջեմալ, Թալեաթ փաշաների։ Եղել է Թուրքական պարլամենտի պատգամավոր։ Հայտնի է մանավանդ իր  հիմնականում անգլերեն լեզվով և արևմտյան երկրներում հրապարակված պրոպագանդիստական գրքերով։ Հեղինակել է «Միացյալ Թուրան»,«Թուրքական դժբախտություն»,«Թուրքիան ընդդեմ արևմուտքի» և այլ գրեքր։

Ստորև հրապարակվող հոդվածը հատված է իր «Հալիդե Էդիբի Հուշերը» գրքից, որտեղ մի ամբողջ գլուխ է հատկացված հայկական հարցին և Հայոց Ցեղասպանությանը, որտեղ հեղինակն իր զարմանքն ու դժգոհությունն է հայտնում արևմուտքից, այդ փաստերը դատապարտելու համար։ Հատվածը նվիրված Կոմիտաս Վարդապետին թարգմանվել ու հրապարակվել է 1943 թվականին Փարիզում՝ «ՀԱՅԿԱՇԷՆ, վարուցան գրականութեան եւ մշակոյթի» պարբերականում։ Հետևությունները թողնում ենք ընթերցողին։

Հոդվածը հրապարակվում է նույնությամբ, պարբերականի ծանօթագրություններով ու թարգմանությամբ։


ԾԱՆՕԹ․— Հի˜ն է պատմութիւնը, բայց քանի՞ հոգի լսած կամ կարդացած են։ Թուրք տասնապետ — գրագիտուհին 1925-ին իր յուշերը հրատարակեց Ամերիկայի մէջ, ինչպէս, անկէ վերջ, ուրիշ քարոզչական գործեր, շքեղ տպագրութեամբ եւ միշտ անգլերէն։ Այդ յուշերը կը շօշափեն նաեւ հայկական խնդիրը եւ մասնաւորապէս 1915-ի Զարհուրանքը․ իսկ մասնաւոր գլուխ մը յատկացուած է Կոմիտաս վարդապետի (էջ 370 — 374)։ Կը թարգմանենք նոյնութեամբ, խորհրդածութիւնը ձգելով ընթերցողին։ Ըսենք միայն որ կատարուած խեղաթիւրումներն ու «յայտնութիւնները» միայն իրեն յատուկ չեն, այլ ընդհանուր տեսակէտ —

Թիւրք Օճաղըին բեմը եւ սրահը այդ տարիներուն (1913 — 14) բաց էին դասախօսութեանց, թատերախաղերու եւ նուագահանդէսներու համար որոնք սահմանուած էին բարձրացնելու ընդհանուր հասարակութեան ճաշակը։ Այստեղ էր, որ առաջին անգամ սկսաւ  խառն ունկնդրութեանց սովորութիւնը։Շնորհիւ այն ատեն Օճախին մէջ եղած երիտասարդներու խոհական եւ իսկապէս կատարեալ կենցաղավարութեան, այս դէպքը տեղի չտուաւ խօսքի կամ քննադատութեան։ Այդ նոյն սրահին մէջ էր որ ես ճառ խօսեցայ բազմաթիւ այր ունկնդիրներու առջեւ։ Մէկ տարուան ընթացքին այս բանը բոլորովին բնական երուցաւ, եւ ես շատ մը հրապարակային դասախօսութիւններ ունեցայ ամն տեսակէ, Օճախէն ներս եւ դուրս։

Այդ սրահին մէջ էր որ ծանօթացայ Կոմիտաս վարդապետին, — հայ քահանան, երաժիշտը եւ երգահանը։ Այն մէկն էր այն համբաւաւոր երաժիժտներէն, դերասաններէն եւ դասախօսներէն զոր Օճախը կը հրաւիրէր իր շաբաթական դասախօսութեանց (*)։

*Կարծիքները բաժնուած էին Օճախին մէջ շաբաթական ներկայացումներու ծրագրի մասին։ Ոմանք կ՛ուզէին որ միայն թրքական բաներ դրուին, իսկ ուրիշներ կը պնդէին թէ աւելի լայն ազդեցութիւն պիի գործէր ծանօթանալ ուրիշ ազգերու գեղեցկութեանց եւ մշալոյթին։ Այն ատեն յաղթեց այս վերջին տեսակէտը։

Կոմիտաս մեծ հռչակ հանած էր անատոլեան երգերով եւ հին գրիգորեան տաղերու երաժշտութեամբ զոր հաւաքած էր տարիներու համբերատար աշխատանքով Կ․ Պոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ։ Ան երգչախումբ մը մարզած էր հայ երիտասարդներէ եւ մեծ առաջնորդ մը կը համարուէր Հայոց մէջ։

Երբ ան երեւցաւ իր քահանայական սեւ ու երկար վերարկուով, իր մութ դէմքը նոյնքան միամիտ որքան որ եւ է պարզ Անատոլուցիի դէմքը, եւ աչքերը լեցուն այն գորովանքով եւ կարօտով զոր իր ձայնը կ՛արտայայտէր իր վճիտ կորովի խաղերով, զգացի թէ ան մարմնացումն է Անատոլուի ֆոքլորին եւ երաժժշտութեան։

Եղանակները անոնք էին զոր յաճախ կ՛երգէին մեր Քեմախցի եւ Էրզրումցի սպասաւորները։ Ան պարզապէս հայերէնի վերածած էր բառերը։ Բայց ես որ եւ է կարեւորութիւն չտուիլեզուին․ ես միայն զգացի ներքին նշանակութիւնը այդ քնքոյշ եւ թաղծագին մեղեդիին Անատոլուի մենաւոր տափաստաններէն։

Այդ օրէն սկսած ծանօթութիւնը շարունակուեցաւ․ Կոմիտաս յաճախ իմ տունս կուգար երգելու։ Ան կը շարունակէր գալ նոյն իսկ Հայերու եւ Թուրքերու փոխադարձ ջարդէն վերջը։  Մենք երկուքս լռին կը տառապէինք այս վիճակին մէջ, բայց մեզմէ ոչ մէկը յիշեց այդ պարագան։ Մուհամմէտ Էմին եւ Եահեա Քէմալ պէյերը, երկուքն ալ մեծ բանաստեղծներ որոնք միշտ մարդասիրական տեսակէտով կ՛ըմբռնէին ազգայնականութիւնը, կը հետաքրքրուէին իր անձնաւորութեամբ եւ կուգային լսելու զինքը։ Եուսուֆ Աքչուրա եւս կուգար, մղուած իր երաժշտասիրութիւնէն, բայց կը յայտարարէր թէ Կոմիտաս մեծ վնաս պատճառած է Թուրքին, գողնալով անոր ժողովրդական մշակոյթը երաժշտութեան եւ երգերու ձեւով։

Կոմիտաս Քէօթահեացի էր եւ եւ շատ աղքատ ծնողքէ սերած։ Անոնք հայերէն չէին գիտեր եւ Կոմիտաս զայն սորվեցաւ շատ վերջը․ իր ծնողները հաւանաբար թրքական ծագում ունէին, այն Թուրքերէն որոնք Գրիգորեան եկեղեցիին յարած էին։ Բիւզանդական վեհապետները թուրք ցեղեր հրաւիրած էին, պատուար մը կազմելու համար Սարակինոսեան արշաւանքներուն դէմ, ու թէեւ ասոնք մեծ մասով տեղաւորուած էին հարաւային սահմաններուն վրայ, բայց ոմանք կրնան այլուր տեղափոխուած ըլլալ։

Կոմիտասի ձայնը ուշադրութիւնը գրաւած էր Քէօթահեայի հայկական եկեղեցւոյ վարիչներուն եւ ան շատ կանուխէն ղրկուեցաւ Հռոմ(?), երաժշտական կրթութիւն ստանալու, ինչպէս եւ քահանայ ձեռնադրուելու համար։ Հայ ազգայնական մըն էր ան, իր ծագումը թրքական ըլլայ թէ հայկական, բայց խառնուածքով ու սրտով իսկ եւ իսկ Անատոլուցի Թուրք մըն էր, թերեւս անգիտակից։ Իր երաժշտական երակը ժառանգական էր։ Կը յիշեմ իր իսկ բառերը որոնք թելը գտնել տուին ինծի։ Ան կըսէր․ — Ծնողքէս ժառանգեցի զոյգ մը կարմիր կօշիկ եւ երգ մը։ Կօշիկները հօրմէս էին, բայց երգը մօրմէս էր․ ան յօրինեց երաժշտութիւնը եւ շինեց բառերը։

Եղածը պարզ երգ մըն էր երկու ճերմակ աղաւնիներու մասին, զուտ անատոլեան գաւառաբարբառով։ Մինչև այսօր Անատոլուի կիներն են որ երգեր կը յօրինեն եւ ժողովրդային բանահյիւսութիւն կը շինեն։ Երգը կ՛երթայ բերնէ բերան եւ լաւագոյնը բնականաբար կ՛ապրի։

Իբրև մարդ եւ իբրեւ արուեստագէտ Կոմիտաս հազուագիւտ էր։ Իր ճգնաւորական կենցաղը, վճիտ եւ գեղեցիկ պարզութիւնը որով կ՛ուսուցանէր Հայերուն, շատ լաւ կրնային օրինակուիլ ուրիշ ազգայնականներէ։ Անատոլուն թէ երգով եւ թէ զգացումով արտայայտելու իր եղանակը արժանի է ունկնդրութեան։

Կոմիտաս օր մը Տէր Ողորմեա ? (Ավէ Մառիա) երգեց հայերէն որ կը պատկանէր Զ․ դարուն, —— կտոր մը հազուագիւտ խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ․ եղանակին գերագոյն յափշտակուիւնը և կրօնական յուզումը այնքան թովեցին զիս որ հարցուցի թէ երաժշտութեան վերածա՞ծ է որ եւ է Սաղմոս։

—Այո, ըսաւ, 101րդ Սաղմոսը։

—Կրնայի՞ք երգել․ արդեօք շա՞տ յոգնած էք, հարցուցի։

Վարդապետը փռուած էր ցած աթոռին վրայ, դաշնակին մօտ, եւ դէմքը ճերմակ էր եւ լեցուն տառապանքի տարօրինակ գիծերով։

Սկսաւ երգել առանց շարժելու աթոռէն։ Երբ սկսաւ երգել, զգացի թէ եղանակը ոչինչ ունէր Ավէ Մառիայի նուիրական եւ խոնարհ գեղեցկութենէն։ Ան սկսաւ իբրեւ շչուն անէծք մը, դառն, ըմբոստ եւ զյրալի․ մինչ կը շարունակէր, յամրաբար ոտքի ելաւ, — երեւալով այնպէս ինչպէս Մէֆիստօն Ֆաուստի մէջ, եւ հասնելով իր կատարեալ բարձրութեան երբ կ՛արտասանէր վերջին բառերը։ Յետոյ թեւերը բարձրացնելով, դէմքը իբրեւ ճերմակ բոց մը եւ աչքերը իբրեւ երկու սեւ շանթեր, եղանակը վերջացաւ ինչպէս թնդիւն մը արձագանգող որոտումի։ Վախցայ եւ տարօրինակ զգացում մը ունեցայ։ Բնազդաբար քովի գրակալէս քաշեցի Աստուածաշունչը եւ գտայ 101 Սաղմոսին վերջին տունը․

Ընդ առաւօտս սպանանէի զամենայն մեղաւորս երկրի․ զի սատակեցից ի քաղաքի Տեառն զամենեսեան՝ ոյք գործեն զանօրէնութիւնս։

Իրհոգիին ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան աղաղակն էր իմ ժողովուրդիս համար։ Խելագարութեան եւ տառապանքի այնպիսիս նայուածք մը ունէր որ փորձեցի բացարձակապէս հանդարտ ըլլալ, բայց ան սրտնեղած կ՛երեւար․ գիտէր որ մէկմէկու հոգիներուն մէջ նայած էինք։ Մենք իրար կը տեսնէինք, հայկական եւ թրքական արիւնով, եւ հայկական եւ թրքական տառապանքով, իբրեւ յարաճուն հեղեղ մը մեր միջեւ։

1915ին Օճախը վեհանձնաբար իր ազդեցութիւնն ի գործ դրաւ որպէսզի ազատ մնայ աքսորէ, բայց 1916ին ծանր խանգարում մը ունեցաւմտքին մէջ որ խախտեցաւ այդ քստմնելի ժամանակներու ճնշումին տակ։ Տոքթ․ Ատնան խնդրեց Թալէաթ փաշայէն որ արտօնէ Փարիզ երթալ դարմանուելու եւ այս արտօնութիւնը տրուեցաւ։


«ՀԱՅԿԱՇԷՆ, վարուցան գրականութեան եւ մշակոյթի»

Խմբ․ Շաւարշ Միսաքեան, Փարիզ, Գիրք Երկրորդ։ 1943 թ․։ 

(Էջ 65-68)

 

 

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով