Օժանդակ խումբեր

ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Սահմանէն ներս մտնող օժանդակ խումբերու անդամներու թիւը պէտք է ըլլայ 35, 55, 75, 95։ Երեսունհինգը նւազագոյն թիւն է, որմէ պակաս պէտք չէ ուղարկել, որովհետև ճանապարհներու վրայ գտնւած թշնամին բաւական ուժեղ է։ Եթէ խումբը քիչ թիւով ըլլայ — շատ դիրքեր չի կրնար բռնել, իր բռնելիք դիրքերը դատարկ կը մնան՝ որոնք թշնամին կը բռնէ։ Եթէ զինւորները իրարմէ հեռու դիրք բռնեն՝ կարող է թշնամին մէջերը մտնել և անջատել․ եթէ իրարմէ հեռու ըլլան՝ չեն կրնար յարաբերութիւն պահել մէկ մէկու հետ և իրարու ըրածը չեն հասկնար։ Եթէ տասը հոգինոց խումբ մը պիտի ղրկւի՝ աւելի լաւ է երբէք չի ղրկել։ Օժանդակ խումբերը պէտք է ճամբայ հանել այն ժամանակ՝ երբ գիշերները երկար են և լուսնկայ չեն։

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Երբ որևիցէ վայր մը խումբ պիտի ուղարկւի, Զինւորական Խորհուրդը նախօրօք պէտք է այդ խմբի ռազմամթերքը պատրաստէ։ Յետոյ նայելով իր մօտն եղած զինւորական ցուցակներուն՝ խմբի համար ընտրէ այնպիսի զինւորներ, որոնք գնալիք ճամբաներուն վրայ գտնւող գիւղերէն կամ քաղաքներէն ըլլան։ Երկիր մտնելէն 15-20 օր առաջ՝ պէտք է կանչել այդ զինւորները և ցրւել սահմանագլխի այն հայ գիւղերը՝ որոնք անցնելիք ճամբուն վրայ են։ ԱՅդ մէկ քանի օրուան ընթացքին մէջ զինւորները միշտ քալելու փորձեր պիտի ընեն։ Առհասարակ քալելու անկարող մարդիկ պէտք չէ գտնւին այս կեանքին մէջ, որովհետև անոնք ոչ միայն օգտակար չեն կրնար ըլլալ, այլ իրենց ըներներուն ալ վնաս կը պատճառեն։ Խմբապետը պարտաւոր է այդ մէկ քանի օրւան մէջ մէկ-մէկ կանչել զինւորները և իմանալ անոնց հրացանի վարժութիւնները։ Եթէ պակասութիւն կայ՝ անհրաժեշտ ՝ լրացնել։

ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐ ԽՄԲԻ ՄԷՋ

Խումբը ունենալու է իր մէջ ռումբ ձուլող և պատրաստող, զինագործ, բժիշկ կամ վիրաբոյժ, ատաղծագործ, կօշկակար, դերձակ, լուսանկարիչ, որոնք ամենքն ալ շատ կարևոր են և առանց անոնց՝ խումբը մեծ նեղութիւն կը կրէ։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Երկիր մտնողները՝ խմբապետէն սկսած մինչև վերջին զինւորը՝ բարոյապէս բարձր պիտի պահեն զիրենք և ապրելով ժողովուրդին մէջ՝ լաւ տպաւորութիւն պիտի թողնեն անոնց վրայ։

ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒՄ

Իւրաքանչիւր զինւոր պէտք է ունենայ լաւ հրացան մը՝ առանց որևէ պակասի։

Զինւորնե՛ր, լաւ ուշադրութիւն դարձուցէք հրացանի պակասութեան վրայ․ եթէ անոր որևիցէ մասը պակաս է կամ վատ՝ չառնէք։ Ձեր խմբապետէն լաւ հրացան պահանջեցէք․ եթէ լաւը չի տւաւ՝ եղածը մի՛ առնէք ու մի՛ երթաք։

Իսկ խմբապետը պարտաւոր է զինւրներուն անթերի, լաւ հրացան տալ։ Առանց զինւորներու, դու՛ն, խմբապետ, ոչ մէկ ու չես կազմեր և պէտք ք անոնց կեանքը շատ ու շատ բարձր գնահատես։ Եթէ հրացանը վատ է, զինւորը ձեռքերը ծալած՝ պիտի նստի կողքիդ․ հապա ո՞վ կռւի։

Իւրաքանչիւր զինւոր պէտք է ունենայ տասն հարւածեան ատրճանակ մը լաւ տեսակէն, հրացանի փամփուշտ՝ 300 — 350 հատ, իսկ ատրճանակի փամփուշտ՝ 100 հատ։ Աւելի պէտք չէ տալ, եթէ զինւորները պահանջեն իսկ։ Բոլոր փամփուշտները պէտք է մաքրել և մէկ-մէկ փորձել հրացանի մէջ, որ ետքը փորձանք մը չի պատահի։

Փամփուշտակիրները (պադրօնտաշները) ծածկւած ըլլան, որ չի թափւին։ Մէջքէն կապելիք փամփուշտակիրները երեք կարգ և իրարու միացած ըլլան։ Մէկ ալ ձախ ուսին կապելու է։ Այս ալ լաւ կարւած ըլլալու է, որ նոյնպէս փամփուշտը չի թափի։ Ատրճանակի փամփուշտամանը ձգել աջ ուսը։

Անհրաժեշտ է՝ մէկ-մէկ տուփ աւելորդ ռուսական վառօդ, 500 կապսիւլ, հրացաններու բոլոր մասերուն պէտք եղած աւելորդ վինտեր, մէկ-մէկ զսպանակ, մէկ-մէկ հատ 3, 4 կամ 5 փաթանոց մանր զսպանակ (պրուժին) երկու գլուխները կպցուած։ Այս մանր զսպանակները շատ պէտք են, երբ հրացանի զսպանակը թուլանայ և կապսիւլը չկոտրէ, այն ժամանակ այդ մանր զսպանակը կը ձգւի երկար զսպանակին առաջքը, որով կապսիւլը կը կոտրի և առանց խփելու՝ փամփուշտը կրակ կ՛առնէ։ Միասին պէտք է վերցնել նաև՝ տասնի չափ հրացանի աւելորդ ասեղ, հրացանի ոտք, մուշկա, երկու կամ երեք սիւրմէ (զատւօր), իւղով լեցուն իւղամաններ, հրացան մաքրելու շորեր, մէկ-մէկ քանդիչ, փոքր կաշիէ ճզդան մը՝ հրացանի մանր մասերն ու մաքրելու շորերը դնելու համար։

ՀԱԳՈՒՍՏ

Զինւերներու հագուստը մոխրագոյն պէտք է ըլլայ՝ թէ լազի և թէ չէրքէզի։ Իւրաքանչիւր զինւոր ունենալու է մէկ աւելորդ շապիկ կամ ֆանէլ, մեծ թաշկինակ մը՝ քրտինքը սրբելու համար, երկու ձեռք գուլպա՝ թանձր տեսակէն, ոտքի աման՝ սոլ կամ տպղւած տրեխ։ Ոտնամանները թեթև ըլլալու են և նեղ գալու չեն, որպէսզի չի սղմեն։ Զինւորը սկիզբը կ՛ըսէ — «լաւ է․» բայց երբ երկու գիշեր քալէ, արիւնի հոսանքը վար կ՛իջնէ և ոտքը կը նեղէ։

ՈՒՏԵՍՏ

Իւրաքանչիւր զինւոր պէտք է ունենայ պաշարի համար լաւ կարւած տոպրակ մը, մոխրագոյն, կապերը հաստատուն, ուսերուն վրայ գալիք տեղերը բաւորդ կամ բամբակ դրւած, որ չի ցաւցնէ։ Սահմանէն ներս մտնելու ատեն՝ իւրաքանչիւր զինւոր առնւազն պէտք է ունենայ երեք օրւայ հաց, չորս խոշոր գաթայ, երեք գլուխ հէլւա, վեց գլուխ չորթան, փոքր կտոր մը մեղրամոմ, լիմոնի աղ, ծամելու ձութ։ Իւրաքանչիւր զինւոր ունենալու է նաև ջրի աման մը թիթեղէ, վրան մոխրագոյն լաթ անցուցած, որ ձայն չի հանէ և չի փայլի։

ԱՄԲՈՂՋ ԽՈՒՄԲԸ

Պէտք է ունենայ երկու լաւ դիտակ և երկու կողմնացոյց, դրօշակ մը՝ ընդհանուր խմբին և երեքական դրօշակ ամէն մէկ տասնակին՝ սև, ճերմակ ու կարմիր գոյներով։ Այս երեք տեսակ դրօշակներուն երեք նշանակութիւնը պէտք է որոշէ խմբապետը։ Բացի դրօշակէն՝ խմբապետը պէտք է ունենայ իր փարոլներ և գիտցնէ ամբողջ խումբին։ Դրսի ժողովուրդը պէտք չէ հասկնայ այդ փարոլները։ Ասկէ զատ, խումբը պէտք է ունենայ սուլիչներ՝ սուլելու համար որևէ թռչունի ձայնով, սուլելու նշանակութիւնն ալ պէտք է գիտնան բոլոր զինւորները և լաւ մտքերնին պահեն։ Եթէ հնարաւոր է՝ խումբը ունենալու է նաև երկու փէտատ և երկու թիակ՝ դիրքեր շինելու համար։ Խումբն իր հետ ջորիներով փամփուշտ պէտք է ունենայ, թեթև բեռցած։

ՎԷԼԷՏՆԵՐ (առաջնորդներ)

Հարիւր հոգինոց խումբը պէտք է երեք լաւ վէլէտ ունենայ։ Դեռ տեղէն չի շարժած՝ խմբապետը վէլէտներուն առանձին-առանձին կանչել հարցնելու է թէ սահմանէն մտնելէ յետոյ քանի՞ ժամ պէտք է քալել՝ հասնելու համար առաջին դիրքը։ Օրինակ, վէլէտը կ՛ըսէ՝ «Ութ կամ վեց ժամ»․ լաւ գիտցած եղիր որ, 6 ժամ ըսածը՝ 8 ժամ կը ռեւէ և 8 ժամ ըսածը՝ 10 ժամ։ Առ հասարակ վէլէտները ժամացոյցէն չեն հասկնար․ եթէ հասկնան ալ՝ անոնց հաշիւը ցերեկւայ յաշիւ է։ Վէլէտները գիշեր ալ ճամբորդած ըլլան, իհարկէ չորս կամ 6 հոգիով են գացած, որոնք աւելի շատ ճամբայ կը կտրեն՝ քան բեռնաւորւած հարիւր հոգինոց խումբ մը։ Այս հարցումներու ժամանակ պէտք է ներկայ ըլլան նաև տասնապետները։ Խմբախետքը վէլէտներուն պէտք է հարցնէ նաև ճանապարհին պատահելիք ջրերը, քարերը, հասնելիք դիրքի մեծութիւնը։ Եթէ առանձին-առանձին բոլոր երեք վէլէտները միևնոյն տեղեկութիւնները տւին -լաւ․ իսկ եթէ տրւած տեղեկութիւնները միևնոյնը չեղան, պէտք է երեքն ալ իրարու քով կանչել և համաձայնութեան բերել զանոնք։

ՊԱՇՏՕՆՆԵՐ

Խումբը պէտք է բաժնել տասնեակներու․ ամէն տասնեակ ունենալու է իր անունը և տասնապետը։ Եթէ զինւորները արդէն անգամ մը մտած են Երկիր, թող իրենք որոշեն՝ ձայներու մեծամասնութեամբ՝ իրենց տասնապետները և օգնականները․ իսկ եթէ Երկիր մտած չեն, խմբապետը թող նշանակէ տասնապետներ և օգնականներ անաչառութեամբ։ Խմբապետը և խմբապետի օգնականը կ՛ընտրւին Երկրէն դուրս գտնւած Զինւորական Խորհրդին կողմէ։

ՇԱՐԺԵԼԷ ԱՌԱՋ

Խմբապետը պէտք է ընկերացնէ բոլոր զինւորները, այսինքն իւրաքանչիւր զինւոր ճանչնալու է իր ընկերը և առանց անկէ բաժնւելու՝ անոր կողքէն քալելու է միշտ։ Յետոյ խմբապետը բոլոր զինւորները պէտք է ամփոփէ քանի մը քաջալերական խօսքերով՝ նկարագրէ հայդուկային կեանքի դժւարութիւնները, յայտնէ որ կերթան պատերազմի դաշտը և պատկերացնէ այդ կեանքի բոլոր վտանգներն ու նեղութիւնները։ Կը պատահի որ թոյլ ու վախկոտ անհատ մը ըսէ․ «Ես չեմ կրնար այդ կեանքը տանիլ»։ Բայց չէ՞ որ նախօրօք այդ միևնոյն զինւորը ազնիւ խօսք էր տւած, ինչո՞ւ դրժէ զայն։ Այս տեսակ դէպքեր չի պատահելու համար՝ անհրաժեշտ է առաջուց տեղական մարտական խումբերու մէջ խօսիլ ամեն բան։

ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆ

Մինակ Զինւորական Խորհուրդը, խմբապետն ու տասնապետները և վէլէտները պէտք է գիտնան թէ խումբը ո՞ր գծով պիտի սահմանն անցնի։ Պէտք է վէլէտներուն խիստ պատւիրել, որ այս կէտը ոչ ոքի չի յայտնեն, որպէսզի լուրը չի տարաձայնւի։ Կառավարութեան սահմանագլուխներ գտնւած հիւպատոսները լրտեսներ ունին, որոնք իմանալուն պէս լուր կուտան սահմանապահ զօրքերուն և ասոնք ալ պէտք եղած միջոցները ձեռք կ՛առնեն, որ խումբին առաջքը կտրեն։ Եւ եթէ առաջին գիշերը չի պատահին իսկ, ցերեկը ձեր հետքերը կը գտնեն և լուր ուտան աւելի ներսը։ Եթէ մօտակայ սարն էք ապաստանած կամ գիւղը՝ կարող են գտնել և կամ կռւի ստիպել։

ՔԻՉ ՈՒՏԵԼ ԵՒ ԽՄԵԼ

Իրիկունը հաց քիչ ուտելու է։ Պէտք է ըսել՝ «ճամբայ պիտի երթանք, շատ ուտողը չի կրնար քալել»։ Քալել սկսելէ յետոյ՝ ջուր ալ քիչ խմեցէք և ջրի ամանները լեցուն պահեցէք։

ԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՐԱՍՏ

Խումբը ոտքի վրայ պատրաստ է․ խմբապետը վերջին անգամ կը կրկնէ իր պատւէրներն ու կարգադրութիւնները։ Յետոյ պէտք է նաև քանի մը խօսք ըսէ․ «Ընկերնե՛ր, կտրիճ ըլլաք և աչքբաց, մատա՜ղ ձեր ոտքերուն։ Կռւողին համար կռիւը արհեստ մըն է։ Սիրով ըլլաք իրարու հետ և ուրախ։ Բոլորիս մարմիններն ուհոգիները միացած մէկ կազմ ունենանք։ յառա՜ջ ․․․»։

ՇԱՐԺՒԵԼՈՒ ԿԱՐԳԸ

Խումբի առջևէն 30 կամ 50 քայլ առաջ պէտք է քալեն վէլէտ մը և երեք ճարպիկ զինւոր։ Ասոնց և խմբիչն միջև պէտք է քալեն երկու զինւոր։ Այս երկու զինւորին ետեւէն քալելու է խմբապետը վէլէտի մը հետ՝ խումբին առաջն ընկած։ Խմբապետի օգնականն ու տասնապետ մը՝ ուրիշ վէլէտի մը հետ՝ պէտք է կազմեն խումբին վերջապահ մասը, ասոնց պարտականութիւնն է քալեցնել զինւորները, չի թողուլ որ անջատւին իրարմէ։ Խմբապետը պարտական է որոշ չափով արագ քալեցնել խումբը որպէսզի արշալոյսին չի մնան և ճամբորդի չի հանդիպին։ Երկու տասնապետ պէտք է երթան խումբի կողքերէն։ Զինւորներոն իրարու հետ պէտք չէ խօսին, ոտքերով ձայն չպէտք է հանեն, առանց հրամանի սիկար չի ծխեն։ Ջորիով ռազմամթերքը միշտ պէտք է երթայ վերջին տասնեակի հետ։

ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՊՔ

Եթէ ոևէ դէպք պատահի, խմբապետին հետ գտնւած տասնեակը պէտք է կռւի իր վէլէտի հետ։ Վերջին տասնեակները կրակելու իրաւունք չունին։ Երբ առջևէն գնացող խումբը կրակ բացաւ, ետևէն եկողները իրաւունք չունին կրակելու, հակառակ պարագային կարող են ընկերներ սպաննել։ Խմբապետի օգնականը՝ քովը գտնւած վէլէտին հետ անցնելու է խումբին առաջը և շարունակելու է ճանապարհը։ Հեռանալով 100 — 150 քայլ՝ եթէ քարեր կան՝ դիրք բռնելու է խմբով․ իսկ եթէ քար չի կայ, դուրան է, պէտք է զինւորները ցրւած պառկեցնել կողքի վրայ։ Գիշերւայ կռիւներն առ հասարակ երկու-երեք զալպէն աւելի չեն ըլլալ։ Խմբապետն իր քով եղած տասնեակով նստիլ կռւելու չէ, այլ արագութեամբ խոյս տալու է թշնամիէն։ Երբ բաւական հեռացաւ՝ սուլելու ՝ որոշեալ սուլոցով, որուն պէտք է պատասխանեն ընկերները։ Այնուհետև նորէն կը միանան և առաջւայ մազմով կը շարունակեն ճամբան։

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ

Եթէ պատահին սահմանապահ զօրքեր որոնց հետ մենք գործ չունինք և որոնց մենք թշնամի չենք — պէտք չէ կրակել։ Երեք անգամ յայտարարելու է թէ բարեկամներ ենք և ճամբորդ։ Եթէ լսեցինժ լա՛ւ․ եթէ չի լսեցին ու զարկին ձեզի, խմբապետը հրամայածին պէս՝ զարկէք անխնայ իբրև թշնամու՝ սրտերուն ու ճակատնուն։ Յիշեցէ՛ք Թորգոմի և Որսորդ Գէորգի խումբը։

ՅՈԳՆՈՂ ԸՆԿԵՐԸ

Յոգնող ընկերներուն պէտք է օգնել։ Այս իմանալով՝ թող զինւորները առիթէն չ՛օգտւին և թոյլ բռնեն զիրենք, որպէս զի միւս ընկերները օգնեն իրենց։ Եթէ իսկապէս յոգնած չես, ազնիւ բան չէ որ քու ծանրութիւնդ միւս ընկերներուդ տաս։ Ի հարկէ եթէ ընկեր մը գլորւած ըլլայ և որեւիցէ մէկը տեղը ցաւցած կամ թեթև վիրաւորւած՝ ընկերները պարտաւոր են անոր ծանրութիւնը վերցնելու։ խմբապետը պարտաւոր է զինւորներուն չափ ինքն ալ ծանրութիւն առնելու, որ իրաւունք ունենայ հրաման ընել ընկերուն՝ քալելու։

ԱՌԱՋ ԳԱՑՈՂՆԵՐԸ

Առաջը գացող վէլէտն ու երեք զինւորները միշտ պէտք է իրենց հրացանները պատրաստ ունենան՝ փամփուշտ լեցուցած և գրկերնին առած։ Խմբապետն ու իր տասնեակը նոյնպէս պէտք է հրացանները լեցուցած պատրաստ ունենան։ Մնացածները դատարկ կը պահեն իրենց հրացանները։ Խմբապետին աչքը առաջ գացողներուն վրայ պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոնք որ կողմը որ դառնան, ինքն ալ նոյն ուղղութեամբ տանի խումբը։

ԼԵՐԱՆ ՔԻԹԵՐԸ

Երբ լերան քիթեր հանդիպին, որոնց միւս կողմը չերեւնայ, առջեւէն գացեղ վէլէտն ու 3 զինւորները պէտք է արագ անցնին և լրջօրէն ուսումնասիրեն ճամբան։ Մթութեան մէջ երեւին հատ — հատ ծառեր կամ քարեր, կամ գուցէ մարդ՝ որ այդ րոպէին չի շարժիլ — պէտք է շատ լուրջ նայիլ, յետոյ ծռիլ՝ գետնի երեսաց նայիլ և ապա՛ միայն շարժւիլ։

ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄ

Առջեւէն գնացող մարդիկ շատ լաւ գիտնալու են թուրքերէն և քրդերէն, բոլորովին նման թուրքի և քիւրդի խօսելուն։ Եթէ յանկարծ մօտէն հարցում եղաւ․ «Դուք ո՞վ եք», առանց տատանելու՝ իսկոյն պատասխանել․ «Զօրք ենք»։ Եթէ համարձակեցան մօտ գալու և թւով երկու — երեք հոգի են — պէտք է պահւտիլ երեք տեղով և մօտենալուն պէս՝ բռնել անմիջապէս։ Իսկ եթէ շատւոր են, թող այն ժամանակ, մինչև որ առաջինները կը խօսին՝ խումբը խոյս տայ անշշուկ՝ ձախ կամ աջ կողմը, նայելով թէ տեղն ի՞նչ յարմարութիւն ու քարեր ունի։ Ապա առաջ գնացող չորս հոգին ալ խոյս կուտան և կ՛անհետանան։

ԿԱՐՃ ՀԱՆԳԻՍՏ

Երբ բաւական գնացիք՝ հարցնել վէլէտներուն թէ՝ ո՞րտեղ յարմար է ջուր խմելու, կտոր մը հաց ուտելու և ծխելու համար։ Ցոյց տւած տեղը կը նայիք և ձեզմէ  30 — 40քայլ հեռու պահապաններ կը դնէք։ Տղաքը պէտք է քիչ ուտեն, շատ ջուր չի խմեն, ծածուկ ծխեն, լուցկի չի վառեն, ոչ ալ կրակհան։ Թուղթէ ղավ կայ, որ առանց կրակ տալու՝ կը վառի, զայն գործածել։ Ամենաշատը պէտք է նստիլ քառորդ ժամ կամ տասը րոպէ, որովհետև տղաքը քրտնած կ՛ըլլան և կարող են մրսիլ։ Պէտք է շուտ ոտքի ելնել և ամեն հանգստի տեղէն հինգ րոպէ շահիլ, ար առտուն շատ կանուխ դիրքերը հասնիք և խումբը տեղաւորւի դիրքերու մէջ։ Մեկնելէն առաջ ջրի ամանները լեցնել տալ։ Տասնապետները շատ ուշադիր հսկելու են որ իրենց զինւորները այդտեղ չի քնանան։ Քնանալով ուլեի կը թուլանան։ Վեր կեցած ժամանակ ամեն ընկեր իր ընկերոջ կողքին պիտի ըլլայ։ Եթէ ընկեր ը պակաս է, կողքի ընկերը, դեռ խումբը չի շարժւած, պէտք է հարցնէ թէ ո՞ւր է ընկերս։ Կարող է պատահիլ որ քնացած ըլլայ քարի մը կամ թփի մը տակ։ Այս բանը շատ անգամ պատահած է։ ճանապարհ իյնալէ առաջ՝ ամեն անգամ տասնապետները համրելու են իրենց տասնեակը։

Գլորւած կամ պառկած ժամանակ՝ լաւ հսկել որ ատրճանակը յանկարծ կրակ չառնէ՝ քարի վրայ սեղմւելով։ Աւելի լաւ է նոր սիստեմի ատրճանակ ունենալ, փամփուշտն ամպարը լեցնել և խողովակի մէջ փամփուշտ չի դնել։ Զգուշանալ նաև, որ քարերու վրայ պառկած ժամանակ հրացանի փամփուշտները չի ճմլւին․ վերջէն՝ առանց իմանալու՝ ճմլւած փամփուշտը կը մտցնեն հրացանի մէջ, չերթար, ոչ ալ կուգայ և կարող է զինւորը սպաննւիլ։

ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔ

Երբ գիշերով հասաք առաջին դիրքերը, խմբապետը թող պտըտի և քննէ բոլոր քարերը։ ԱՅդ տեղ դիրք բռնելէ առաջ, խմբապետ, հարցուր վէլէտներուդ — եթէ դեռ բաւական գիշեր ունիս — թէ մօտակայ տեղ աւելի լաւ դիրք կա՞յ։ Երբ կայ — հոն գնա՛, մի՛ ըսեր թէ տղաքը յոգնած են։ Եթէ երթաս՝ թէ՛ աւելի լաւ դիրքով տեղ կունենաս և թէ միւս գիշերւայ դիրքիդ մօտեցած կ՛ըլլաս։ Իսկ եթէ չի կայ — այդտեղ կը մնաս։ Բնական դիրքեր քիչ գտնւած տեղերը՝ արհեստական դիրքեր շինել տուր։

Քու բռնած դիրքէդ բարձր դիրք պէտք չէ գտնւի հոն։ Եթէ երկու բլուր կան իրարու մօտ՝երկուքն ալ բռնէ։ Եթէ մէկը հեռու է՝ բռնէ այն բլուրը, որը բարձր է։ Եթէ տասնեակները իրենց տասնապետերով մտան դիրքերը, խմբապետն ու տասնապետի օգնականները պէտք է պահաան կանգնին, մնացածները քնանան։

Երբ լոյսը սկսաւ բացւիլ և տեսար թէ մօտակայ տեղերը լաւ քարեր կան, քանի մը զինւոր ղրկէ, որ գրաւեն։ Բայց այդ քարերը իրարու մօտիկ պէտք է ըլլան, որ կռւի ժամանակ հաղորդակցութիւն ունենաք և թշնամին չի կրնայ մտնել երկուքիդ մէջտեղը և ձեր ուժերը բաժնէ։ Ասկէ զատ՝ երեկոյեան հեռանալու ժամանակ չէք կրնար միանալ և անջատւած կը մնաք։

Արեւը ծագելէն ետք՝ երբ բան չի պատահեցաւ, խմբապետի օգնականը և տասնապետներուն մէկ մասը պէտք է պահապան կանգնին և միւսները քնանան։ Վէլէտները մնալու են խմբապետին քով։ պահապաններու մէկ կամ երկուքը նոյնպէս պէտք է մնան խմբապետին քնացած տեղը։

ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐԸ

Պէտք չէ կանգնին կամ պտտին, որովհետև հեռուէն կը տեսնւին։ Խիստ զգոյշ պէտք է ըլլան, ուշադիր և կարգով հսկել։

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐ

Զինւորները մեծ քարերով դիրք շինելու են, ո՛չ մանր քարերով։ Եթէ դիրքը մանր քարերով շինւած ըլլայ, թշնամիին գնդակները մանր քարերուն զարնելով՝ կը փշրեն, որով մէկ գնդակի հետ՝ հինգ-վեց ալ քարի կտորներ գնդակ կը դառնան՝ և կ՛առնեն ձեր երեսին ու սպաննեն։

ՏԵՂԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեք-չորս ժամ քնանալէ յետոյ , պէտք ՝ շուտով արթնցնէք խմբապետը, որ թէ աչքով և թէ դիտակով սարի գագաթէն դիտէ չորս բոլորը։ Խմբապետը վէլէտներուն հարցնելու է ճանապարհի վրայ պատահելիք գիւղերը, ջուրերը, քիւրդերու վրանները, ցեղերու անունները, անոնց ո՛րքան զէնք ունենալը և այլն, և ասոնք գրէ ամենքն ալ։ Հարցնել թէ՝ վաղւան դիրքը այդտեղէն կ՛երեւի՞։ Եթէ կ՛երեւի -դիտակով շատ լաւ նայիլ․ իմանալ երթալիք տեղերը, վաղւայ դիրքը աւելի լա՞ւ է այսօրւանէն, այս գիշերւայ ճանապա՞րհն էր շատ՝ թէ վաղը գիշերւանը, և ասոնք բոլորը նկատողութեան առնել։

Դիրք բռնած սարիդ թէէ գագաթները և թէ ստորոտները լաւ նայէ․ տե՛ս ոչխարի հետք կամ ոչխարի նոր պարուկ կա՞յ։ Եթէ կայ — գիտցիր որ հովիւները ոչխար կը բերեն այդ տեղ։ Այն ժամանակ հարկաւոր է խիստ զգուշութեամբ պահւիլ։ Հովւի շները հոտառութեամբ կը հաջեն և կուգան ձեր մօտ։ Պէտք է պահւիլ և չերեւիլ, երբ հովիւը գայ ձեզ մօտ՝ բռնեցէ՛ք։ Եթէ վարպետութեամբ չի բռնեք — «հարա՜յը» կը ձգէ և քանի մը հրացան օդին մէջ կը պարպէ ու կռիւը կը սկսի։

ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Ցորեկէն ընտրէ թէ՝ ո՛ւրկից յարմար է գիշերը դուրս գալ՝ եթէ կռիւ պատահի, որպէսզի իրիկունը չի շփոթիս։ Պէտք է դուրս գալ այն կողմէն, որտեղ թշնամին դիրք չունի։ Երբ ըստ տաճկաց ժամը 12-ն եղաւ, հեռաւոր դիրքերը գտնւած տղաքը կը հաւաքես շուրջդ, խմբապետ, և կը պատրաստուիս մեկնելու։

ՄԵԿՆՈՒՄ

Ենթադրենք թէ այդ օրը բան չի պատահեցաւ։ Իրիկունը կը քանդէք արհեստական դիրքերը՝ եթէ շինած էիք, ու լուցկի, ծխախոտի թուղթ, ծխախոտի գլուխներ, հացի կտորներ և այլն չէք թողուր այդտեղ, փամփուշտ չէք թափեր, ջրաման, հրցանի շիշ և այլն չէ՛ք մոռնար։ Խումբը կը մտնէ առաջւայ կազմին մէջ և ժամը մէկին կամ մէկ ու կէսին՝ ճամբայ կ՛իյնայ։ Եթէ սարի ստորոտները գիւղի մօտէն պիտի անցնի խումբը, սարէն իջած ժամանակ քարեր չի գլորել և որքան կարելի է ոտքի ձայն չի հանել։

ՎԻՐԱՒՈՐ ԸՆԿԵՐԸ

Ճանապարհը կէս չեղած, օրինակ, պատահեցան խումբ մը ձիաւոր կամ հետեւակ մարդիկ և դուք իրարու ետեւէ քանի մը համազարկ (զալպ) տւիք ու անցաք, կարող է պատահիլ որ ձեզմէ մէկը շատ ծանր վիրաւորւի և անկարող դառնայ քալելու, այսպէս՝ կա՛մ ոսկրը կոտրած ըլլայ կամ վէրքը մահացու․ ի՞նչ պէտք է ընել։ Սպանել այդ ընկերը՝ շատ դժւար է․ բայց եթէ կենդանի թողուք, կարող է ապրիլ, օր մը երկուք և իյնալ թշնամիներու ձեռք, որոնք հարց ու փորձի կ՛ենթարկեն զայն արնաքամ վիճակի մէջ։ Կրնայ պատահիլ, որ անգիտացաբար բոլոր գաղտնիքները խոստովանի։ Խոստովանութիւն առնելէ ետք, անկասկած զայն դաշոյններով կտոր-կտոր կ՛ընեն․ հետեւաբար աւելի լաւ է ո՛ևէ կերպով վերջ տալ անոր կեանքին։ Բայց եթէ խումբն իր հետ ձի կամ ջորի ունի, կրնայ հեծցնել և փոխադրել իր հետ։

ՄԻՆՉԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ

Եթէ առաջին իրիկուն որեւէ ընդհարում պատահեցաւ, միւս գիշեր խումբը աշխատելու է քարերու վրայէն, չոր գետինէ կամ թէ ցած խոտոտ տեղերէ քալել, որ հետք չի թողու։ Փոշոտ ճանապարհ պատահած ատեն, ամբողջ խումբը թող կռնակը դարձնէ և այնպէս քալէ։ Այսպէսով ոտքերու քթերը կը դառնան հակառակ կողմը, ուսկից կուգար։ Այս ձևով գուցէ թշնամին շփոթելով կորսնցնէ հետքը․ եթէ գտնէ ալ, շատ դժւարութեամբ կը գտնէ և կէսօրին անցած կ՛ըլլայ, որով թէ քիչ կռիւ կունենաս և թէ քիչ կռւող թշնամի։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔ

Նոր դիրքերը հասածիդ պէս՝ իսկոյն տասնեակներդ ցրւէ՛, ինչպէս առաջին անգամ և արհեստական դիրքեր շինէ՝ եթէ հարկ կայ։ Այս մասին երկար գրելն աւելորդ ՝, խմբապետն ու տասնապետները պէտք է քիչ թէ շատ փորձառութիւն ունեցած ըլլան, իրենց պարտականութիւնները լրջօրէն կատարեն և անհոգութեան չի տան․ ամեն զոհողութիւն պէտք է յանձն առնեն և գործը չի վտանգեն։ Ամէն դիրքի մէջ պէտք է շատ լաւ պահւիլ և տեղերէն ամենեւին չի շարժւիլ։

ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԹՇՆԱՄԻՆ

Ձեր հետքերուն հետամտելով՝ թշնամին կուգայ հարա-հրոցով և կը գոռայ․ «Այստե՜ղ են, այստե՜ղ»։ Բայց սուտ են, դիտմամբ այդպէս կ՛ընեն, որ ձեր կողմէն շարժում մը ընէք կամ հրացան բանաք, որ յանկարծակիի չի գան։ Եկողներն, առ հասարակ, առաջ ձիաւորները կ՛ըլլան և միշտ կը խաղցնեն ձիերը՝ իրենց կողքերը դէպի ձեզ տւած։ Պէտք է ամէն կերպ աշխատիլ այդ ժամանակ և թողուլ որ մօտենան։ Բոլոր զինւորները հրացանները լեցուցած՝ կը սպասեն խմբապետի հրամանին։ Երբ խմբապետը գոռաց․ «Կրակ», զարնել անոնց՝ եթէ ձիաւորները հանդարտ են, իսկ եթէ շարժման մէջ են՝ զարնել ձիերուն։ Անհրաժեշտ է իրարու ետեւէ չորս-հինգ համազարկ բանալ․ իսկ եթէ թշնամին շատ է — շատ համազարկել բանալ։ Անոնք այն ատեն իսկոյն կա՛մ կը փախչին կամ կ՛իջնեն ձիերէն և դիրք կը բռնեն։

Արդէն թշնամիին եկած ժամանակ՝ անոնց շարժումներէն յայտնի կ՛երեւայ թէ խումբի ո՛րտեղ ըլլալը դիտած են թէ չէ։ Երբէք թողելու չէ, որ առաջին կրակը թշնամին բանայ։ Այս բանը խմբապետը նկատողութեան առնելու է, առաջին կրակը միշտ խումբի կողմէն բացւելու է։ Այդ կրակէն թշնամին մեծ սարսփի մէջ կ՛իյնայ։

Առաջին համազարկերը տալուն պէս՝ տղաքը խէտք է նարձր ձայնով հարա-հրոց բարձրացնեն, իսկ յայտնի ձայն ունեցողները պոռան թշնամիին թէ՝ «Եկէ՛ք, մի՛ փախչիք, մօտեցէ՜ք կռւինք»։ Մեր զինւորները պէտք չէ քֆրեն․ քֆրելը տղամարդու գործ չէ։ Համազարկի ժամանակ անհրաժեշտ է միշտ աղմուկ բարձրացնել, իսկ հանդարտ ժամանակ՝ կռւիլ ու երգել և նայիլ խմբապետի հրահանգներուն ու ձեր քովը գտնւած տասնապետներուն։ Պարապ տեղը՝ չըլլայ որ փամփուշտ վառէք։ Երբեմն ալ մի՛ մոռնաք հրացանները մաքրել։

Վիրաւորւած ընկերը անմիջապէս բերելու է վիրաբուժին քով։

ԹՆԴԱՆՕԹ

Եթէ թշնաիմ թնդանօթով կը ռմբակոծէ ձեզ՝ և դուք բոլորակ դիրք ունիք, պէտք է անմիջապէս բոլորակը քանդէք և շղթայաձև դիրք բռնէք՝ նայելով տեղին։ Բոլորակ դիրքը շատ վտանգաւոր է թնդանօթին առջև։

Ուշադրութեամբ նայիլ և հաշւել թէ որքան հեռաւորութիւն ունի թնդանօթը։ Երբ ծուխը երեւցաւ սկսեցէք համրել՝ մէկ-երկու և այլն՝ և տեսէք թէ քանի՞ կ՛ընէ մինչև ռումբի պայթումը․ եթէ օրինակ, համրեցիք տասը, ուրեմն 1000 քայլ հեռու է, եթէ 15 — 1500քայլ։ Մէկ համրանքը 100 քայլ է։ Երբ հաշւեցիք և տեսաք թէ ձեր գնդակները կարող են հասնիլ թնդանօթաձիգներուն, այն ատեն խմբապետը թող զատէ քանի մը լաւ նշանառու զինւորներ և զարնել տայ թնդանօթաձիգներուն։

ԽՈՒՍԱՓՈՒՄՆ

Կռիւը կը տեւէ մինչև երեկոյ։ Երեկոյեան դէմ խմբապետը զինւորական խորհուրդի կը կանչէ տասնապետներն և խմբապետի օգնականը, և շուտով խորհուրդ կ՛ընէ ընելիքը որոշելու։ Ցորեկը պէտք է աշխատիս թշնամիէն ձի առնելու, որ եթէ վիրաւոր ունենաս, իրիկունը ձիերու վրայ նստցնես զանոնք։

Երբ մութն ինկաւ և հեռուէն մարդ չի երեւիր, դիրքերու մէջ եղած խումբը ամփոփէ։ Այդտեղ պէտք է թողուլ վէլէտ մը, խմբապետի օգնականը, տասնեակ մը և տասնապետ մը, որոնք արագ-արագ կը կրակեն թշնամիին բացած կրակներուն վրայ։ Ամէնքն ալ զանազան ուղղութեամբ կրակ կը բանան, որ թշնամին կարշէ թէ ամբողջ խումբը հոն է։ Այս միջոցին խմբապետը դուրս կը հանէ խումբը պաշարւած դրութենէն՝ այն կողմով, ուր թշնամի չի կայ։ Այդ կէտը անիկա առաջուց պէտք է դիտած ըլլայ։ Քիչ յետոյ խմբապետի օգնականն ալ առնելով իր տասնեակը և քովն եղած վէլէտը՝ արագ կերպով կը հասնի խուսափող խումբին։

Կը պատահի որ չորս կողմն ալ պաշարած ըլլայ թշնամին․ այս պարագային ալ դուրս գալու է այնկողմէն՝ ուր թշնամին քիչ է։ Խմբապետը այս պարագային պէտք է առնէ տասնեակ մը և վէլէտ մը՝ ու առաջ անցնի։ Եթէ թշնամիի ատահեցաւ — կռւելու է․ այդ ատեն խմբապետի օգականը կ՛առնէ մնացած խումբը և լռիկ մնջիկ կը քալէ։ Խմբապետին հետ կռւող տասնեակը պէտք է կրակէ և արագ-արագ տեղը փոխէ, որովհետև գիշերւան կռւի պահուն հրացանի բերնէն եղած բոցերուն կը զարնեն, ու շուտով անյայտանալով՝ միանայ խումբին, առաձւայ կազմով շարունակելու ճանապարհը։

ՀԵՌԱԳՐԱԹԵԼԵՐԸ

Պաշարւած դրութենէն դուրս եկածին պէս՝ խումբը, եթէ մօտերը հեռագրաթելեր կան, անմիջապէս քանի մը տեղով պիտի կտրէ զանոնք և անցնի՝ առանց հետք թողնելու։ Անշուշտ ցորեկւնէ հեռագրւած կ՛ըլլայ դէպքի մասին, բայց մանրամասնութիւնները դեռ յայտնւած չեն ըլլար։ Հեռագրաթելերը կարելը անհունապէս օգտակար է խումբին համար։

ԿՌՒՈՂ ԹԻՒՐՔՆ ՈՒ ՔԻՒՐԴԸ

Կռւի ժամանակ առ հասարակ պէտք է քիւրդերէն զգուշանալ։ Անոնք աւելի ընդունակ են կռւելու, ծանօթ են դիրքերուն և իրենք զիրենք լաւ կը պահեն։ Անոնք օձի պէս դիրքէ դիրք կը սողան, մինչ թիւրք զօրքը անծանօթ է տեղին և պահւիլ չի կրնար, կը նայի հրամանատարի հրահանգներուն և փողերու հնչումին։ տասը ֆէդայի ուրախութեամբ կը կռւի 100 — 200 զինւորի դէմ։ Եղեր է ժամանակ, որ մեր տղաքը տասը հոգիով կռւած են 100-ի դէմ և առանց զոհ տալու՝ յաջողութեամբ դուրս եկած։ Սահմանագլխի քիւրդերը թէև զինւած են կանոնաւոր հրացաններով, բայց առանց զօրքի օգնութեան չեն կրնար կռւիլ։

ԿՌՒԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ

Խմբապետն ու տասնապետները, որքան ալ սաստիկ ըլլայ կռիւը, միշտ ուրախ դէմք ունենալու և քաջալերելու են հայդուկները․ պաղարիւն մնալու են, շփոթւելու չեն։

ԽՈՒՄԲԸ ՈՒՇԱՑԱԾ

Ենթադրենք թէ խումբը ինչ-ինչ պատճառներով չի կարողացաւ քալել և ուշացաւ․ լոյսը բացւած է, բայց դեռ նշանակւած տեղը հասած չէ, դեռ կէս կամ մէկ ժամ կայ դիրքերը հասնելու։ Խմբապետը թո՛ղ նախատեսէ այդ պարագան և խմբապետի օգնականը՝ վէլէտի մը և 10 -12 լաւ քալող զինւորներու հետ՝ առաջ ղրկէ, որպէս զի չի լուսացած՝ տեղ հասնին և դիրքերը գրաւեն։

ՀԱՑԻ ԿԱՐԻՔԸ

Կը պատահի որ ճանապարհին հացը կը սպառի։ Եթէ մօտերը հայ գիւղ կայ, գնա՛ և հաց ա՛ռ․ մի՛ ըսեր թէ կը մատնւիս և կռւի կը բռնւիս։ Հակառակ պարագային՝ ամբողջ խումբն անօթի կը մնայ, անկարող կ՛ըլլայ քլելու և նորէն կը լուսնայ ու չես կրնար դիրքերը հասնիլ, կը մնաս դուրանի վրայ ուժասպառ և ամբողջ խումբը կը վտանգես։ Իսկ եթէ մօտերը հայ գիւղ չի կայ, այլ 10 -20 տնւոր թիւրքի կամ քիւրդի գիւղ, և գիտես որ ուժդ կը յաղթէ, գնա՛ անոնցմէ ա՛ռ հացը։ Հետերնին քաղցր վարւէ՛ և առած հացիդ դրամը վճարէ։ Մեկնելուդ հետդ նոյն գիւղէն չորս նշանաւոր քիւրդ կամ թիւրք վերցուր իբր պատանդ, և հեռացիր։ Հացիդ մասին պէտք է նախօրօք մտածես, որ այս դրութեան մէջ չիյնաս։

ՏԵՂ ՀԱՍՆԻԼԸ

Դեռ օժանդակ խումբը սահմանէն ներս չանցած, դրսի Զինւորական Խորհուրդը՝ նայելով յարմարութեան՝ պէտք է լուր տայ երկրին մէջ գտնւած խմբապետին, ներկայացուցիչին կամ Զինւորական Խորհուրդին, թէ երբ կը հասնի խումբը։ Երկիր գտնւած ընկերը կամ մարմինը չափազանց գաղտնապահութեամբ այդ լուրը մէկ կամ երկու կարեւոր ընկերոջ միայն կ՛իմացնէ։ Ասոնք պաշարի պատրաստութիւն կը տեսնեն, կ՛որոշեն խմբի գալիք վայրը և ցրւելիք տեղերը։

Երբ օժանդակ խումբը մօտեցաւ առաջադրւած վայրին, խմբապետը լուր կուտայ ներսը գտնւած ընկերներուն։ Ասոնք գաղտնապէս մէկ կամ երկու վէլէտ պէտք է ղրկեն ցորեկով այն դիրքերը, ուր պահւած է եկող խումբը և գիշերով զանոնք փոխադրեն որոշեալ տեղը։ Եթէ յանկարծ այդ օրը կռիւ տեղի ունենայ և այդ շրջանէն զօրք ղրկւի խմբի վրայ, Երկրի մէջ գտնւած խմբերը պէտք է դուրս գան և կրակեն զօրքին վրայ։ Եթէ թւով քիչւոր են, այդ պարագային յարձակւելու են թշնամիին քիչ գտնւած տեղը և շփոթութեան մէջ ձգելու են զօրքերը։ Այսպիսով բոլոր եղած ուժերը նոր եկող օժանդակ խմբի վրայ չեն ղրկւիր և խումբը չի վտանգւիր։