ԹՈՒՐՔԸ ՇՈՒՏ ԿՄԵՌՆԻ ԹԷ ՄԵՆՔ II

II

Ողբերգ ութի՞ւն կ՛ուզէք:

Ահա´:

Հայութիւն մը ուինք:

Ո՞վ կրնայ երկրագունդին վրայ ցոյց տալ երկիր մը, ուր հայ նետուած չըլլայ:

Ողբերգութեան ահաւորագոյնը այս տեսարանին մէջն է, որի վրայ մահերգութիւն մը կը խաղցուի գիշեր ցերեկ:

Ու պիտի խաղցուի այս մահերգութիւնը, միայն անոր համար, որ ան գրուեցաւ թուրքին եաթաղանով:

Հայի խելացիութիւնը, հարստութիւնը, մշակոյթը, արհեստաւորութիւնը ո՞վ չի ճանչնար: Հետեւաբար, չխօսինք անոնց վրայ:

Իբր հաստատուն կռուան մեր ապրելուն` խօսինք միայն մեր աճեկանութեան վրայ, իբր հակադիր` թուրք անաճողութեան, ցոյց տալու համար, թէ երբ թուրքը տարին 70.000 կը պակսի, ի՜նչպէս հայը տարուէ տարի կ՛աճի: Երկուքուկէս միլիոն հայութիւն ունինք:

Չենք վիճիր մեր վիճակագրութեան շուրջ, որովհետեւ փաստերը պէտք է առնենք միշտ ի նպաստ մեզի:

Այդ հայութեան 800.000ի գումար մը կծկտած է Հայաստան ըսուած քամբաղդ երկիրին մէջ: Մնացածը ցրուած` աշխարհի ամէն մէկ անկիւնը:

Հայը ոչ միայն իր թիւը կը պահէ, այլ եւ 1000ին 30 աճում ունի: Այսինքն` հայութիւնը ամէն տարի իր թիւը կ՛աւելցնէ 75.000ով, որի 24.000ը Հայաստանի մէջ:

Ոչ մէկ վէճ եւ ոչ մէկ տարակոյս այս հարցին շուրջ:

Քսան տարի, հայի աճողական կարողութիւնը միշտ պահելով նոյնը, հակառակ այն փաստին, թէ աշխարհի ամէնէն աճող ազգերէն գերմաններն ու իտալացիները իրենց բոլոր ճիգերով զգալապէս կը կորսնցնեն այդ ուժը, եւ բաղադրեալ տոկոսներով` Հայաստանի հայութիւնը կ’աւելնայ 600.000 եւ իր թիւը կը հասցնէ 1.400.000ի:

Այս թիւը, սակայն, թուրք ժողովուրդի միայն երկու դասին (20-30 եւ 30-40) գումարէն 560.000 կորսնցուցած վիճակին մէջ անգամ 840.000 պակաս է, իսկ 1.400.000 հոգի կորսնցուցած անատօլուցի թուրքին` մէկ չորրորդը:

Բայց ակնարկ մը նետենք այսօրի Հայաստանի բնակչութեան ծփանքներուն վրայ:

Ըստ Հայաստանի կեդր. վիճակագրական վարչութեան, Հայաստանի բնակչութեան թիւը եղած է հետեւեալը վերջին վեց տարիներու ընթացքին:

1922ին 781.011

1923-24ին 811.013

1924-25ին 907.755

1926-27ին 867.694

Այս պատկերը ցոյց կուտայ եւ յաւելում եւ նուազում:

Մեր նպատակը չէ վիճակագրութեան էութեան մէջ մտնել ու վերլուծումներ ընել:

Բայց մէկ բան միայն արձանագ րել: Այն, որ վերջին տարիին մէջ նուազումը բոլոր ուրիշ պատճառներէ բացի ունի այն պատճառն ալ, որ այդ բնակչութիւնը սեղմուած ըլլալով 28.241 քառ. քիլօմեթրի վրայ, հայ տարրը ամէնէն զրկուածը իր հողէն, ստիպուած է եղել փախչիլ օտար երկիրներ, կտոր մը չոր հաց ճարելու համար:

Եւ մինչդեռ հայը կը փախչի, ըստ բօլշեւիկ պաշտօնական յայտարարութիւններու, 80.000է աւելի թուրքեր աւելի ու աւելի կը հաստատուին, կ՛ամրապնդուին Հայաստանի սիրտին վրայ*:

Ահա ոճիր մը, որ աւելի մեծ է իր մօտիկ հետեւանքներով, քան բօլշեւիկ-թուրք ուժերով Հայաստանի անկախութիւնը խեղդելու ոճիրը:

Այսքանը, սակայն, արձանագրելու համար միայն փաստը:

Այս փաստը հիմք չպիտի բռնենք բնաւ ըսելու համար, որ մեր աճումը իր բոլոր կարողութիւններով չի ծառայեր հայրենիքին համար, ոչ ալ ըսելու, թէ Հայաստանի ափ մը հողը չպիտի կրնայ ապրեցնել քսան տարիի մէջ յաւելեալ 600.000 ժողովուրդը:

Մենք ի նպաստ մեզի անկարելին ալ կարելի պիտի համարենք, անպատճառ ապացուցանելու համար, որ մենք կ’ապրինք, ինչպէս, ի վնաս թուրքին, անկարելին կարելի համարեցինք թուրքին մեռնիլը ապացուցանելու համար:

Հետեւաբար, չպիտի զիջինք ոչ իսկ մէկ միաւոր եւ պիտի ընդունինք, որ թուրքը տարեկան 70.000 կորուստով կը կորսնցնէ 1.400.000 հոգի քսան տարիի մէջ, իսկ մենք քսան տարիի ընթացքին կ’աւելնանք 600.000 հոգի եւ մեր թիւը կը բարձրացնենք 1.400.000ի:

Կրկնենք միայն, որ թիւերը չարաղէտ զուգադիպութիւնով կ’ըսեն, թէ քսան տարիի մէջ թուրքը կը կորսնցնէ այնքան, որքան մեր ամբողջութիւնը պիտի կազմէ 600.000 աւելնալէ յետոյ: Եւ պատկերը կրկին պիտի ըլլայ մեռնող թուրքը 5.600.000, ապրող հայը` 1.400.000:

***

Քիչ մըն ալ այն հայութեան մասին, որ Հայաստանէն դուրս է:

Որ հայը ամէն տեղ կ’աճի, չենք տարակուսիր, նոյնիսկ թող պահէ նոյն կարողական տոկոսը, ինչ որ հաշուեցինք Հայաստանի համար:

Այստեղ արդէն մեզ չի հետաքրքրեր, թէ Ամերիկայի կամ Ֆրանսայի հայը որքա՞ն կրնայ աճիլ եւ թիւը քանիո՞վ բարձրացնել, այլ այն, թէ հայը իբր Հայաստանի պիտանի քաղաքացի ի՞նչ պիտի ներկայացնէ:

Ո՞վ է այն հայը, որ կրնայ պնդել, թէ, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ գտնուած 50.000 հայութեան 25 տոկոսէն աւելին է, որ այսօր կը հետաքրքրուի հայով ու Հայաստանով:

Եւ դեռ հինգ տարի է անցեր միայն:

Ճառի ու յօդուածի իբր նիւթ կարելի է ծառայեցնել` յայտարարելու համար, թէ հայութիւնը կը բաղձայ իր հայրենիքը վերադառնալ: Բայց իրողութիւնը բոլորովին հակառակն է:

Ան, որ ծածկ մը գտաւ գլուխը հանգչեցնելու, կտոր մը հաց` փորը կշտացնելու եւ վստահութիւն մը, որ զինքը չեն քշեր իր գտնուած տեղէն, ան, այդ հայը, ամէն անցնող օրի հետ թել մը կը կտրատէ թէ հայութենէն թէ Հայաստանէն:

Եւ փաստն այն է, որ այսօր հայը, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, այլեւս այն թափառական բազմութիւնը չէ` ինչ որ էր 4-5 տարի առաջ:

Ան նստակեաց է արդէն, գէշ աղէկ գործ մըն է ճարած, տեղային բարքերուն է վարժուած, գործարանէն առած ամսականը պարասրահներուն մէջ ծախսել է սովրած:

Մօտեցէք այդ հային ճիշտ այն վայրկեանին, իսկ երբ Հայաստան կ’երգէ եւ ըսէք իրեն, որ պայուսակը կապէ: Այն ատեն յայտնի կ’ընէ, թէ այն որքանով պիտանի է Հայաստանի:

Ան, որ եկաւ այստեղ իր մեծերուն հետ դեռ 5-10 տարեկան հասակին մէջ` ան արդէն 15 տարեկան է դարձած, տեղին լեզուն սովրած եւ տեղային բարքին ու կեանքին ընտելացած:

Այսօր, դեռ յոյս կայ այդ պատանիկ սերունդի որոշ տոկոսին համար, որ հետեւի իր մեծին, գոնէ մեծին բռնութեան տակ համակերպի: Հինգ տարի եւս, եւ ան կը դառնայ քսան տարեկան, այլեւս դրամ կը վաստկի ու Մինէթին մարմնին հոտն ալ առած է, եւ դուք զայն հայ համարեցէք ու անոր վրայ հաշուեցէք:

Ան, որ եկաւ 15 տարեկանին` այսօր արդէն 20 տարեկան է:

Այդ դասի 95 տոկոսը ամէն գիշեր դուք կը տեսնէք պարասրահներու եւ Ժօզէֆինի բազուկներուն մէջ:

Հինգ տարի եւս եւ ան կը դառնայ 25 տարեկան, տէր լեզուին եւ թերեւս հանգիստ կեանքի մը: Եթէ գործաւոր մնաց անգամ, գիտէ, թէ հեռու է թուրքին եաթաղանէն, որի սարսափներու յիշատակը արդէն ջնջած է ուղեղէն:

Ան, որ եկաւ 50 տարեկանին` արդէն 55 տարեկան է այսօր: Անցած զարհուրանքներու ճամբաներէն` մարմինին հետ ուղեղն ալ քայքայուած:

Չանցնիր հինգ տարի, եւ այդ դասը, որ ամէն օր իր օջախին եւ հայրենիքին ախուվախով կ’անցնէ, շուտով կը լռէ հողին տակ:

Ի՞նչ օգուտ այս տարրէն ոեւէ հայրենիքի համար, եթէ նոյն իսկ ան կարենար երթալ:

Քաղաքական առողջ հասկացողութեան առջեւ անզօր է ՙա¯խ երկիրս երթամ ու հոն մեռնիմ՚ի կարօտը:

Հայրենիք մը ո´չ անկելանոց է, ո´չ ալ գերեզմանոց:

Կը մնայ այն դասը, որ եկաւ 20-25 տարեկանին ու այսօր 30 տարեկան է:

Քսան տարի յետոյ այս սերունդն ալ հոգիով ու մարմինով կը դառնայ անպէտ:

Այսօր, ան դեռ կը պահէ յիշատակը այն ճամբաներուն, որ կտրեց, կը պահէ վրէժը իր տեսածներուն ու կ’ըմբռնէ, թէ ի՞նչ ըսել է հայրենիքը, ոչ թէ իբր զգացում միայն, այլ` իբր միտք ու ուղեղ:

Ահա սերունդը, որմէ պիտի սպասէինք շատ բան, եւ որ, սակայն կ’օրօրենք նստիլ ու սպասել, որովհետեւ ՙթուրքը ինքնիրենը կը մեռնի՚:

Եւ ան պիտի սպասէ, որովհետեւ սպասումով անցնող ամէն մէկ օր անոր մէջ նոր սպասումի օր մը կը ստեղծէ, մինչեւ որ անցնի քսան տարի, թուրքը նուազի 1.400.000ով, բայց մնայ 5.600.000, իսկ ինք դառնայ 45 տարեկան կամ` անպէտ իր հայրենիքին կամ կեր` օտար հողին:

Այս է անխուսափելի ճակատագ իրը առաջին կարգին, Հիւս. Ամերիկայի, Հարաւ. Ամերիկայի, Քանատայի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայերուն, որոնց թիւը կը հասնի մօտ 250.000-ի:

Ճակատագիրը նոյնն է Յունաստանի, Բուլգարիայի, Ռումանիայի հայութեան, այն տարբերութիւնով, որ քիչ մը աւելի ժամանակ պիտի անցնի:

Ճակատագիրը տարբեր չէ մինչեւ անգամ Սուրիայի հայութեան, որ իր միջավայրով ու խմբաւորումներով եւ մանաւանդ հին հայրենի հողերուն ու հովերուն մոտիկութիւնով ամէնէն տոկունը կրնայ համարուիլ:

Բայց առէք ոեւէ թերթ ու տեսէք, թէ ի՞նչ կը կատարուի այնտեղ ալ:

Գրուածները` որքան ալ մերկացնենք հայկական լալկանութիւններէն, բան մը կայ, որ չենք կրնար ժխտել այն, որ Սիւրիայի հայութիւնն անգամ կ՛այլասերի այն ձեւով, որ այլեւս չկրնանք հաշուել զայն իբր քաղաքական տարր` հայութեան ու Հայաստանի համար:

Քսան տարի, եւ այսպէս նստած «թուրքն ինքնիրեն կը մեռնի»ի հեքիաթներ, ու որքան ալ փաստերը ի նպաստ մեզի դասաւորենք, հայ գաղթականութենէն (չհաշուելով Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստանի մօտիկ գտնուածները) մենք կը կորսնցնենք, իբր հայ, մօտ կէս միլիոն:

Ու վերջի վերջոյ կը մնանք կանգ նած պակսած թիւով 5.600.000 թուրքին դէմ 1.400.000 հայով, բոլոր անկարելի յաւելումներով:

Ի՞նչ կ՛ըսեն այս փաստերը բացի այն ահաւոր ճշմարտութենէն, որ ամբողջ աշխարհը պատերազմը դադրեցուցած` իր կորուստները կը վերականգնէ, իսկ հայը ճակատամարտի մը մէջ է, ուր ահաւոր նոր զոհերով կը փճանայ, կը վերջանայ:

Բայց նորէն «նստինք ու սպասենք»:

Մենք նստած կը սպասենք դժբախտաբար: Եթէ միայն թուրքն ալ նստէր:

Իսկ 20 տարիի ընթացքին քանի՞ անգամ թուրքը պիտի կանգնի ու քալել ուզէ, եւ պիտի քալէ ու 24 ժամը պիտի ըլլայ վախճանը այս ողբերգութեան, որ չեն տեսներ սպասելու օրօրերգ ուները:

Եւ պիտի քալէ թուրքը:

Եթէ ոեւէ ուրիշ պատճառ չունենար իսկ, այն որ ինք պիտի հալէր ու մենք պիտի աճէինք, բաւական պիտի ըլար, որ քալէր, որովհետեւ թուրքը կրնայ հաշտուիլ մեռնելուն հետ, բայց բնաւ չի հաշտուիր հայէն առաջ մեռնելուն հետ:

* * *

Ո՞վ գրեց այս մահերգութիւնը:

Թո´ւրքը, թո´ւրքը եւ դարձեա´լ թուրքը:

Թո´ւրքը, որ չճանչցանք երէկ` չենք ճանչնար այսօր:

Եւ երբ մեր մահը ստոյգ է, իսկ թուրքինը` ենթադրական, մենք կ՛օրօրուինք ու կ՛օրօրենք, թէ սպասենք, որովհետեւ թուրքը ինքնիրենը կը մեռնի:

Թուրքը` միակ պատճառը, որ Հայաստանի հայը ոչ թէ իր աճումին տեղ չունենայ, այլ այսօրի եղածին:

Ու գաղթական քիչ ունենայինք` կարծես նոր գաղթականներ կուտանք:

Բայց նորէն մենք կ’ապրինք` թուրքը կը մեռնի:

Թուրքը կը հատնի ու կը հատնի, տեղը նօրէն կը մնայ մեր քառապատիկը, որ մէկ օրի մէջ կրնայ կոխկրտել մեզ:

Բայց նորէն մենք կ’ապրինք` թուրքը կը մեռնի:

Ան, քսան տարիէն, մեր բաղձանքին խաթերն համար կը կորսնցնէ այնքան, որքան մենք մեր ամբողջութիւնը կը կորսնցնենք հինգ տարիէն:

Ահաւոր է, այո´, բայց է´ ինչ որ է:

Մենք գրեցինք այն քիչերուն համար, որ չեն վախնար սրբազան խելագարութիւններէ անգամ, ապրիլ ճգնելու համար` աւելի քան թուրքը:

Ու թող խցուին ականջները` նստած սպասելու քարոզներուն դէմ:

Չէ´, ալ հերիք է, ոտքի կ’անգնէ´, հայ ժողովուրդ:

Նստած սպասելով` մեռնելէն պատւաւոր է կանգնած մեռնիլ:

Շահան

«Ազատամարտ», Փարիզ, 1928, դեկտեմբեր 2, Ա․ Տարի թիւ 2:

* «Մեր երկրէն վտարւած հսկայական թուրք ազգաբնակչութիւնը վերադառնալով կապւեր է հողին: Անոր թիւը կը հասնի 80.000ի: Ազային փոքրամասնութիւններէն առանձնապէս թուրք ազգաբնակչութեան հանդէպ մենք մասնաւոր քաղաքականութիւն վարած ենք, արտօնեալ պայմաններ ստեղծելով թուրքերու համար»:

Ա. Երզնկեան,

Հայաստանի Կ․ Գործ․ կոմիտէի համագումար, 1928