Միհրան Տամատյան
Միհրան Տամատեան ծնած է Պոլիս, 1864-ին: Նախնական ուսման համար կը յաճախէ տեղւոյն Ս. Յակոբ եւ Վիեննական Մխիթարեաններու վարժարանները, ապա ծնողքը զայն կը ղրկեն Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան: Պատանի Տամատեան կանուխէն ցոյց կու տայ իր կարողութիւնները, գրական յօդուածներ ստորագրելով «Բազմավէպ» հանդէսին մէջ: Իր առաջին ոտանաւորները կը հրատարակուին 1878-ին:
Վենետիկի մէջ աշակերտելով Հ. Ղ. Ալիշանին, առաջին անգամ անկէ կ’իմանայ Հայկական խնդրի էութեան մասին, եւ իր դասընկերներուն հետ միասին կը սկսի հետաքրքրուիլ այդ խնդրով:
1880-ին երբ Տամատեան շրջանաւարտ կ’ըլլայ վարժարանէն, կը վերադառնայ Պոլիս: Պերլինի վեհաժողովին մէջ պատահած տխուր զարգացումներուն իրազեկ դառնալով, Հայկական խնդիրը առաւել եւս կը խմորուի անոր մէջ:
Պոլսոյ մէջ Տամատեան մինչեւ 1883 ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ, միջանկեալ կարճ շրջան մը պաշտօնավարելով նաեւ Ատանայի մէջ:
Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Արփիար Արփիարեանի հիմնադրած Հայոց Միացեալ

Ընկերութիւնը արդէն շարք մը վարժարաններ բացած էր Արեւմտահայաստանի զանազան գաւառներու մէջ՝ նպատակ ունենալով ապահովել մտաւորական զարգացումը հայ պատանիին, միաժամանակ զայն թրծել ազատագրական ձգտումներով:
Միացեալ Ընկերութեան կարեւոր վարժարաններէն մէկն էր Մուշի Ներսիսեան դպրոցը, որու տեսչութեան կը կոչուի Տամատեան, 1884-ին: Հոն՝ Տամատեան առիթը կ’ունենայ ծանօթանալու այդ դպրոցի վանեցի առաջին ուսուցիչ Հայրապետ Ճանիկեանին, որ աւելի ուշ Արմենական Կուսակցութեան Մուշի մասնաճիւղին հիմնադիրը պիտի դառնար:
Տամատեանի մէջ հետզհետէ զարգացող ազատագրական գաղափարախօսութիւնը Մուշի մէջ նոր բովանդակութիւն կը ստանայ եւ անոր մէջ փափաք կ’արթննայ Ճանիկեանին հետ այցելելու Վան, ուր Միացեալի յառաջատար վարժարանը՝ Վանի Վարժապետանոցը, Փորթուգալեանի շունչին ներքոյ դարձած էր ազատագրական ոգիի հնոց մը Վասպուրականի համար:
Տամատեան Պոլիս բնակող իր եղբօրմէն մնայուն կերպով տեղեկութիւններ կը ստանար թրքահայութիւնը յուզող կարեւոր անցուդարձերու մասին: Կարճ ժամանակի ընթացքին, Տամատեան Մուշի մէջ կը տիրանայ փնտռուած մտաւորականի համբաւի եւ շրջանին մէջ պատահած զանազան դէպքերուն մղումով յեղափոխական վարքագիծ կ’որդեգրէ: 1886-ին, Ճանիկեանի եւ տեղւոյն առաջնորդարանի քարտուղար Գեղամ Տէր Կարապետեանի հետ ան հիմը կը դնէ գաղտնի կազմակերպութեան մը: Կազմակերպութիւնը գաղտնապահութեան ուխտագիր ունէր: Անոր անդամները, բացի զիրենք անդամագրողներէն, անծանօթ պիտի ըլլային իրարու:
Կազմակերպութեան հանդէպ տեղացիներուն մօտ ստեղծուած էր մեծ խանդավառութիւն եւ մեծ էր թիւը անոր անդամագրուիլ փափաքողներուն: Նախաձեռնողները, շուարած այս ընդունելութենէն, եւ վախնալով որ դժուար պիտի ըլլայ ծաւալուն կազմակերպութիւն մը գաղտնի պահելը, պահ մը կ’առկախեն նոր անդամներու ընդունումը՝ ներքնապէս կազմակերպուելու համար:
Տամատեանի բարձրացող համբաւին նախանձողներ կը դիմեն մատնութեան: 1888-ին Տամատեան կը հարկադրուի ձգել Ներսիսեան Վարժարանը եւ վերադառնալ Պոլիս՝ ուսուցչութիւն ընելու Օրթագիւղի կաթողիկէ վարժարանին մէջ:
Իր ընտանիքին միանալէ ետք, Տամատեան կը նկատէ, թէ անցնող քանի մը տարիներուն շատ բան փոխուած էր Պոլսոյ հայութեան մէջ եւ Հայկական խնդրին լուծումը հեռացած կը թուէր իրականութիւն դառնալէ:
Վանի եւ Տարօնի միջադէպերը վատ արձագանգ սկսած էին գտնել պոլսահայութեան մէջ: Տամատեանին կը թուէր, թէ պատճառը Պատրիարքարանն ու Ազգային Վարչութիւնն էին: Ինք համոզուած էր, որ Պոլսէն պէտք է սկսէր յեղափոխական մեծ շարժումը եւ ճառագայթէր դէպի հայկական գաւառները:
Այդ շրջանին է, որ Տամատեան կը ծանօթանայ Համբարձում Պոյաճեանին (Մեծն Մուրատ): Միասին կը կազմեն գաղափարակիցներու խումբ մը, որուն կը միանան Արեւմտահայաստանէն Պոլիս հաստատուած յեղափոխական երիտասարդներ: Անոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար կապ հաստատել խաւարի մէջ տուայտող գաւառային շրջաններուն հետ:
1889-ին Տամատեան ու անոր գործակիցները կ’որոշեն յարիլ նորակազմ Հնչակեան Կուսակցութեան մասնաճիւղին՝ առաւելաբար Մուրատի պնդումներուն տեղի տալով:
1890-ին տեղի կ’ունենայ Գում Գափուի ցոյցը, որուն հետեւանքով կը ձերբակալուին Արմենական եւ Հնչակեան մեծ թիւով երիտասարդներ: Տամատեան կը յաջողի ապաստանիլ Աթէնք, ուր յոյներու հետ կը շարունակէ իր յեղափոխական գործունէութիւնը:
Տարի մը չանցած, Մելքոն Խուրշիտ կեղծ անունով, Տամատեան ճամբայ կ’ելլէ դէպի Արեւմտահայաստան: Նախ կ’անցնի Կիլիկիոյ քաղաքներէն, ուր կը ծանօթանայ տեղական կացութեան, ապա կը հասնի Սասուն, ուր ապստամբութեան պարարտ հող կը գտնէ, մանաւանդ որ կարեւոր թիւով յեղափոխականներ հոն հաւաքուած էին: Կարճ ժամանակ ետք՝ 1893-ին, մատնութեան հետեւանքով, Տամատեան կը ձերբակալուի թրքական կառավարութեան կողմէ, ու որպէս վտանգաւոր յեափոխական՝ կը տարուի Պոլիս: Փոխադրութեան ընթացքին կը վիրաւորուի սրունքէն: Տարի մը Պոլսոյ բանտին մէջ անցընելէ ետք, կը յաջողի փախուստ տալ: 1895-ին կը կազմակերպէ Պապը Ալիի ցոյցը: Սակայն ցոյցէն օր մը առաջ, իր գործակիցներուն որոշումով, կը ղրկուի Պուլկարիա եւ Ռումանիա՝ հոն կուսակցական աշխատանք ծաւալելու: Այս անգամ ռումանական կառավարութիւնն է, որ զայն կը ձերբակալէ եւ ճամբայ կը հանէ դէպի Պոլիս: Շնորհիւ իր ճարպիկութեան, Տամատեան կը յաջողի անգամ մը եւս խոյս տալ եւ ապաստանիլ Աթէնք՝ վերջնականապէս հեռանալով իր ծննդավայրէն:
1896-ին Տամատեան կը մեկնի Լոնտոն որպէս խորհրդական անդամ Հնչակեան Կեդրոնին եւ աշխատակից «Հնչակ» թերթին: Մինչ այդ արդէն ծայր առած էր պառակտումը կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ՝ Նազարբէկեանի եւ համախոհներու ընթացքին եւ սոցիալիզմին (ընկերվարութիւն) հետեւելու կամ չհետեւելու վերաբերեալ տարակարծութեանց պատճառով:
Գերադասելով հեռու մնալ ընկերվարութեան գաղափարախօսութենէն, Տամատեան կը միանայ Արփիարեանին եւ Միհրան Սվազլեանին, որոնց եւ քանի մը այլ համախոհներու հետ կը կազմէ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը Լոնտոնի մէջ՝ դառնալով անդամ անոր կեդրոնին:
1898-ին Տամատեանը կը գտնենք Աղեքսանդրիա, ուր կը ջանայ զարկ տալ Վերակազմեալներու տարածումին:
1900-ին ամուսնանալով, կ’որոշէ հաստատուիլ Եգիպտոս եւ մաքսատան մէջ կը սկսի գործել որպէս հաշուակալ:
Վերակազմեալներու միջեւ ծայր առած անհամաձայնութիւններ պատճառ կը դառնան, որ շրջան մը հեռանայ կուսակցական գործունէութենէ՝ ազգային ծառայութեան իր բաժինը բերելով յօդուածագրութեամբ:
1904-ին Տամատեան կը ստանձնէ քարիւղի Մանթաշէֆի ընկերութեան Աղեքսանդրիոյ համարակալի պաշտօնը, զոր պիտի վարէր մինչեւ 1917: 1908-ին Օսմանեան կեղծ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, խումբ մը գաղափարակիցներու հետ, նոյն տարուան 31 Հոկտեմբերին կը հիմնէ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը, որուն շուրջ ի մի եկած էին Արմենական Կուսակցութեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան չափաւորական թեւի անդամներ: Սահմանադրականներու հիմնադիրներուն մէջ էին նաեւ Վահան Թէքէեանը, Վահան Մալէզեանը եւ ուրիշ ականաւոր մտաւորականներ: Արմատական վերակազմեալները պիտի որդեգրէին Ազատական անունը:
Տիրապետելով եօթը լեզուներու՝ Տամատեան պաշտօնի բերմամբ յաճախ կը ճամբորդէր Միջին Արեւելքի քաղաքները, ի շարս որոնց՝ Հալէպ եւ Պէյրութ: Կարելի եղածին չափ, ան իր ժամանակէն միշտ բաժին կը հանէր ազգային հարցերու: Կ’այցելէ նաեւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններ՝ ռամկավար ակումբներու հիմը դնելով:
1915-ին Տամատեան կը դառնայ հիմնադիրներէն մէկը ռամկավար «Արեւ» պաշտօնաթերթին, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ օրս: Տամատեանի մասնակցութեամբ, 1916-ին Եգիպտոսի մէջ հիմը կը դրուի Հայ Ազգային Միութեան, որու նպատակն էր հայկական կամաւորական շարժում մը կազմակերպել: Այս առնչութեամբ ան կը մեկնի Փարիզ, կը տեսակցի Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի հետ: Ապա Հնչակեան Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի ու Դաշնակցական Արտաւազդ Հանըմեանի հետ կ’ուղղուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը կազմէ Հայ Ազգային Միութիւն մը՝ միշտ կամաւորական շարժումին նպաստելու նպատակով:
1917-ին Տամատեան կը ղրկուի Իտալիա՝ իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ իտալական կառավարութեան մօտ:
1918-ին երբ կեանքի կը կոչուի Ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութիւնը, Տամատեան կը նշանակուի Կիլիկիոյ լիազօր ներկայացուցիչ, իբրեւ այդ շրջանին քաջածանօթ անձ: Այդ պաշտօնով ան կ’անցնի Կիլիկիա՝ առաքելութիւն ունենալով կազմակերպելու ընդհանուր ապստամբութիւն մը, որուն պիտի օժանդակէին նաեւ Դաշնակից պետութիւնները: Տամատեան կը յաջողի քով-քովի բերել հայերը, յոյները, ասորիներն ու արաբները, եւ շնորհիւ անոր ջանքերուն, 4 Օգոստոս 1920-ին Կիլիկիան կը հռչակուի անկախ՝ Տամատեանի վարչապետութեամբ: Բայց այդ երազն ու խանդավառութիւնը նոյնիսկ օրուան մը կեանք չեն ունենար, որովհետեւ ֆրանսական կառավարութեան խարդաւանքները կասեցուցած էին Զօրավար Անդրանիկի եւ Արմենակ Եկարեանի Կիլիկիա մուտքը եւ անդամալուծած՝ հայ կամաւորները:

Տամատեան տարի մը արգելափակուած կը մնայ: 1921-ին կը վերադառնայ Եգիպտոս: Նոյն տարուան 1 Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր ժողովը: Տամատեան կ’ընտրուի կուսակցութեան կեդրոնի անդամ, ապա՝ նախագահ:
1922-ին, Մանթաշէֆի ընկերութիւնը Տամատեանը կը ղրկէ Պէյրութ՝ վարելու ընկերութեան տեղի մասնաճիւղի տնօրէնի պաշտօնը: Հոն կը մնայ շուրջ ութ տարի: Իր Լիբանան կեցութեան շրջանին, Տամատեան Պէյրութի մէջ կը հաստատէ ծխախոտի արտադրութեան գործարան մը եւ կը դառնայ ազգային կեանքին մղում տուող ուժ: Պէյրութի մէջ Տամատեան մասնակից կը դառնայ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան հիմնադրութեան, եւ կը յղանայ առաջին Ռամկավար Ազատական օրաթերթին հիմնադրման ծրագիրը, որ աւելի ուշ, 1937-ին պիտի իրականանար «Զարթօնք» օրաթերթին լոյս աշխարհ գալով:
1936-ին Տամատեանի առողջական վիճակը կը ծանրանայ. վիրահատուելով՝ կը կորսնցնէ 43 տարի առաջ վիրաւորուած աջ սրունքը:
Տամատեան կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’անցընէ իր կեանքի վերջին տարիները: Անոր ազգային վերջին իրագործումը կ’ըլլայ մասնակցութիւնը Հայ Ազգային Հիմնադրամի ստեղծումին 1942-ին:
12 Օգոստոս 1945-ին Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ այս անզուգական ղեկավարը, որ մեր ազգային ազատագրական շարժումին նուիրուած մտաւորական ու յեղափոխական գործիչներու ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն է:
Արա Ահարոնեան, Լոս Անճելըս, 1 Օգոստոս 2020
Աղբյուրը՝ keghart.org