Տէր Մովսէս Քհնյ․ Տէր Ստեփանեան

Տէր Մովսէս Քհնյ․ Տէր Ստեփանեան

Մեր քաջ հայրենակից եւ յեղափոխական տէրտէրը՝ որուն քառասնամեայ քահանայական գործունէութիւնը տօնուեցաւ այս տարի (1940 թ․) Ֆիլատէլֆիոյ մէջ, ծնած է 1870 թուի Յունվար 8-ին, Տարօն-Տուրուբերանի Մկրագոմ գիւղին մէջ, Մուշ քաղաքէն երեք ժամ հեռու դէպի արեւելք։ Յաճախած է Մշոյ Միացեալ Ընկերութեան Կեդրոնական Վարժարանը, քահանայ ձեռնադրուած է 1900-ին Զմիւռնիոյ մէջ, Մելքիսեդեկ Արքեպս․ Մուրատեանէն, ու ապա Տարօն վերադարձած է, կանչուած Հրայրէն (Հրայր Դժողք) ։ Եղած է անխոնջ քահանայ․ մասնակցեր է Մկրագոմի յաղթական կռուին 1904-ին, ինչպէս նաեւ ուրիշ շատ մը ընդհարումներու — Տարօնի մէջ եւ այլուր։ Իր յեղափոխական անունն էր  «Մրրիկ»։ «Փոթորիկ» (Խասգիւղի Տէր Քերովբէն), «Շանթ» (Ալվառինչի Քահանան) եւ «Մրրիկ» կը կազմէին եկեղեցական երրորդութիւն մը , որոց մէկ ձեռքին խաչ եւ միւսին հրացան՝ հաւատք են ներշնչեր մեր ժողովրդին ու կռուեր են մայր երկրի հողին վրայ անոր պաշտպանութեան համար։

«Տարօնի Արծիւ», թիւ 14, 1940թ․ 

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով