Ընծայր Գէորգ վրդ․ Նալպանտեան Սբ․ Փադէի վանահայր

Գէորգ Վրդ․ Նալպանտեան

(Ընծայր)

Գէորգ վարդապետ ծնած է Ուրֆա մօտաւորապէս 1870 թուականին։ Բուն անունը Ասլան է․ իր հայրը կը կոչուէր՝ Նալպանտ Շըխենց Գէորգ։

Փոքր տարիքին ուսերուն լաթի կտորներ կը նետէր, թուղթէ շինուած վեղար կ՛անցնէր գլուխը եւ պատուհանը խորանի վերածելով՝ պատարագի կը սկսէր։ Միեւնոյն ատեն դպրոցէն տուն կը դառնար ձեռքը կամ գլուխը վիրաւորուած ու այս կերպով ապացոյցը կուտար իր կռուազանութեան։ Հայրը միշտ կ՛ըսէ եղեր, որ «այս տղուն մէջ հրեշտակ ու սատանայ միասին կ՛ապրին»։

Երբ պատանեկան տարիքը կը թեւակոխէ Ասլան, փափաք կը յայտնէ Երուսաղէմ երթալ՛ վարդապետ ըլլալու համար։ Ասլանին որոշումը լուրջ էր սակայն։

Ասլան կը բռնէ Հալէպի ճամբան։ Հալէպի մէջ ան անյայտ պատճառով կը բանտարկուի․ սակայն բանտը ծակելով կը յաջողի փախչիլ եւ հասնիլ Երուսաղէմ։

Ձիւնին տարին (1911) Ասլան Ուրֆա եկաւ իբրեւ Գէորգ վրդ․ Նալպանտեան, մնաց ամիս մը ու ապա կրկին մեկնեցաւ Հայաստանի կողմերը։

Թադէի ՎանքԹադէի վանքը, ինչպէս գիտենք, երկիր ռազմամթերք եւ մարդ փոխադրող ամենախոշոր խողովակն էր, Խոյից վանք ռազմամթերք միշտ փոխադրել ենք մեր միջոցներով, այսինքն մեր զինատար խմբերով, կամ վանքի սնտուկներով՝ վանքի ապրանքներ անուան տակ։ Ուստի պէտք էր զայն օժտել սեփական տնտեսութեամբ ու վստահելի վանահօր մը միջոցաւ քօղարկել գաղտնի աշխատանքները։

Այս մասին դիմուեցաւ Խրիմեան Կաթողիկոսին, որ շատ լաւ հասկնալով նպատակը, այս օրերուն հեռուէն եկած նորեկ վարդապետ մը ղրկեց հոն։ Այդ վարդապետը Գէորգ վարդապետ Նալպանտեանն էր, որ մեր յեղափոխութեան պատմութեան մէջ ծանօթ է «ԸՆԾԱՅՐ» ծածկանունով։

Վանքում այն ժամանակ շատ սենեակներ չկային։ Մնացեր էին միայն քարուկիր երկու խուցեր, մէկի մէջ նստում էր վանահայր Գէորգ վարդապետ Նալպանտեան, իսկ միւսում կուսակցութեան ներկայացուցիչը։

Ուրֆացի այդ համեստ վանականը կը   լծուի հերքիւլեան աշխատանքի եւ չեղածէն կը ստեղծէ տանելի դրութիւն մը։ Անշուշտ Դաշնակցութիւնն ալ, որոշ չափով կ՛օժանդակէ նիւթապէս։ Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի վերաշինել քանդուած  հին ջրաղացը, որոշ եկամուտ մը ապահովելով վանքին։ Վաղուց ի վեր դատարկուած ախոռը նորէն կը լեցուի կթան կովերով, ոչխարի փոքր հօտով, եզներով։ Քանի մը մարդավարի սենեակներ ալ կը շինէ, թէեւ ոչ ամբողջովին լրացած վանք գիւղի մանուկներու համար, որպէս դպրոց։

Վարդապետը վանք գալէն առաջ կը վարէր Սղերդի առաջնորդական փոխանորդութիւնը։

Յեղափոխականները անոր մեկնելէն առաջ բացատրած էին, թէ ուր պիտի երթայ եւ ինչ նպատակով պիտի ստանձնէ վանքին տեսչութիւնը։ Ըսած էին թէ վանքը աշխարհէն կտրուած, ամայի լեռներու մէջ քիւրտերով շրջապատուած վայր մըն է, եւ թէ ինքը փոխադրական այդ խիստ կարեւոր կայանին ղեկավարը պիտի ըլլայ․

Շուտով վարդապետը ճանչուեցաւ Մակուի ամբողջ քրտութեան կողմէ։ Ծանօթ՝ քիւրտերու հոգեբանութեան եւ լեզուին, ան կրցաւ մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերել անոնց մէջ։ Զայն թէ կը յարգէին եւ թէ կը վախնային անկէ․ որովհետեւ զինուած կը պտտէր եւ կողքին ունէր քաջ «մշակներու» խումբ մը։

Գէորգ վարդապետ գուրգուրացող հայրիկը եղաւ վանք եկող եւ երկիր անցնող յեղափոխականներուն։ Քիւրտ եւ հայ սուրհանդակներ կ՛ընդունէր շարունակ եւ անոնց կռնակին կը բեռցնէր Վասպուրական ղրկուելիք փամփուշտի տոպրակները։

Վարդապետը կապ մըն էր նաեւ Խոյի եւ Սալմաստի միջեւ ու այդ պատճառով ալ երբեմն բախումներ կ՛ունենար քիւրտերու հետ։ Քանի քանի անգամներ վանքը յարձակման ենթարկուած էր աւազակներու կողմէ իսկ երբեմն ալ Մակուի խանին զինուորները կուգային խուզարկութիւններ կատարելու վանքէն ներս։ Վարդապետը իր քով գտնուող ֆետայիններուն գլուխը անցած կը քշէր աւազակները․ կը դիմաւորէր զինւորները ու զանոնք ետ կը ղրկէր առանց վտանգելու իր պահեստները։

Գէորգ վարդապետ Նալպանտեան Աղթամարի միաբան էր։ Մեծ դէպքին (1896 թ․) իբրեւ յեղափոխական՝ աքսորուած էր Պոլիս, այնտեղից անցել էր Բուլգարիա եւ մերոնց գործակցել։ Այնտեղից ծանօթ էր Վարդգէսի, Վահան Մանուէլեանի եւ շատ ուրիշների հետ։

Շաբաթ իրիկունները Ընծայր իր տխուր ու ազդող ձայնովը Լոյս Զուարթ կ՛երգէ, ու գիշերները պահեստներու մէջ կը տեղաւորէ ռազմամթերքը։

Աշխարհի ո՞ր ծայրերէն եկար դու, ղարիպ ճամբորդ։ Ո՞ր հովերը քեզի քշեցին մինչև այդ անապատ վանքը, ուր տարիներով քրտնաջան աշխատեցար սիրած երազիդ համար, ուր դուն ինքզինքդ մոռացար, ազգի ցաւովը ապրելու համար։ Օր մ՛ալ տարիներու պանդխտութենէ վերջ, հայրենիքդ՝ Ուրֆա գացիր, անկից ալ Սղերդ, այնտեղից էլ անցար Խարբերդ Չարսանճագ, որ քրդական տիրապետութիւն էր դարձեր եւ հողային մեծ վէճեր կային, այնտեղ միւս առաջնորդների նման քու հօտի հետ միասին հերոսաբար նահատակուեցար։

Յիշատակդ օրհնուած լինի, թանկագին վարդապետ- սիրելի Ընծայր։

Քաղեց Հայորդի

«Յեղափոխական Ալպոմ»

Բ․ շարք, թիւ 2

 


0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով