ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ — 2

ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ

Մաս 2

1885-ին, առաւօտ մը, Սասնոյ սարէն լեռնցի մը կ’իջնէր դէպի վար։ Քովն ի վեր կը քալէր պատանի մը՝ պայծառ, լուսաւոր ճակատով եւ կրակոտ, համարձակ աչքերով։ Հայր ու տղայ էին։ Կ’երթային դէպի, Առաքելոց վանքը։

Աստուած օգնակա՜ն, Հայր սուրբ։

Հոգուդ պահապա՜ն, զաւա՛կս։

Մեռնիմ քեզիք, Հայր Սուրբ էտա զիմ լաճ բերեր եմ վանք կարդալ սովրելու, միս քեզի՜ք, կաշին ու ոսկոր ինծի՜ք։

Այդ միսն ու ոսկորը Գէորգինն էին, որու հայրը գրին ու գրքին երկիւղած պաշտամունքովը՝ կը բերէր իր զաւակը ահա Առաքելոց վանքի դպրութեան տաճարին, իբրեւ մատաղ։

Տասնեւչորս տարեկան էր այն ատեն Չաւուշը, հազիւ խելահաս ու գիտակից այդ ճակատագրական նուիրումին՝ որ կը բանար կեանքի առաջին խորհրդաւոր կամարը իր առջեւ եւ որմէ ետք դեռ պիտի բացուէին նոր ու անծանօթ կամարներ` լի մրրկայոյզ անակնկալներով ու գահավէժներով, լի պայքարով, փոթորիկով ու ալեկոծութեամբ։

Դժուար թէ չորս հսկայ պարիսպներով շրջապատուած այդ դարաւոր մենաստանը կարողանար պահել իր մէջ Բսանաց գաւառի ըմբոստ զաւակը, եթէ այդ մենաստանը` Առաքելոց վանքը չ’ըլլար միայն, ուր լեռնական մատաղ բայց խրոխտ հոգիները՝ հեռո՜ւ միստիքական թելադրութիւններէ, կու գան սնանիլ քիչ մը լոյսով ու ձգտիլ դարձեալ իրենց սարերու կոյս ազատութեանը։

Չորս տարի մնաց Գէորգը վանքին մէջ եւ այդ դպրոցական չորս տարիները եղան նոյնքան արկածալից ու անհանդարտ, որքան իր կեանքի հետագայ տարիները, կռի՜ւ քիւրդ լաճերու հետ՝ որ կը համարձակէին վանքի գառնուկները գողնալ, կռի՜ւ քիւրդ հովիւներու հետ՝ որ կը բերէին իրենց նախիրը արածելու վանական արօտներու վրայ։

Այս միջոցներուն էր ահա, որ վանքի շուրջը հանդիպեցաւ Արաբոյին ու ընկերներուն եւ առաջին անգամ լսեց, «ընկերութիւն» խորհրդաւոր բառը։ Ոգորումի, արկածի էւ խռովքի ծարաւի իր հոգւոյն խորը արթնցան առաջին դիւցազնական բնազդները այս հանդիպումէն՝ որ ներշնչեց իրեն անձնավստահութիւն ու յանդգնութիւն։ Եւ սրտովին կապուեցաւ Արաբոյին, Լեւոնին ու ընկերներուն, որոնց գաղտնաբար կերակուր կը տանէր վանքէն։

Անծանօթ գրգիռ մը նեղել կը սկսէր իր պատանի զգացումները եւ անհրապոյր, հետզհետէ անտանելի կը դարձնէր իրեն՝ վանքն ալ, դպրատունն ալ, դասագիրքն ալ։

Վրայ հասաւ Կիւլիզարի ողբերգական դէպքը եւ Մուսապէկի խժդժութիւնները, որոնք ցնցեցին Տարօնը։

Դժոխք դարձաւ վանքը։ Գէորգ կապեց տրեխները, վերցուց ճոկանը ու առաւօտ մը նորէն իր լեռնաշխարհը բարձրացաւ։

Մքտինքն է հիմա, իր պապենական օրհնեալ օճախը։

Մքտինքը, Գէորգի այդ ծննդավայրը, Բսանաց գաւառի այն գիւղն է՝ Պէրմի հետ, որ սնուցած է Սասնոյ յայտնի կտրիճները եւ խանձարուրը օրօրած է այն քաջարի ասպետներուն, որոնք իրենց քաջագործութեան համբաւովը լեցուցած էին երկիրը։

Վարպետ եւ անվեհեր որսորդներ են հոն ամէնքն ալ, այդ վայրի ու խրոխտ աշխարհին մէջ՝ որ թօթափած իր վրայէն լոյս ու բուսականութիւն՝ ժայռ ու ապառաժ է կտրած։ Ոչ մէկ քնքշութիւն, ո՛չ մէկ փափկութիւն, բնութեան ո՛չ մէկ թեթեւ նազանք. սեպ կատարներուն վրայէն՝ որ կը փայլին արեւուն դէմ, կ’անցնին քարայծները հովի պէս արագ եւ օդին մէջ կը լսուի արծիւին հզօր թեւերուն թափահարումը. յարաժամ, տեւականօրէն տարերային պայքարը կը լարէ կենդանին կենդանիին, քիւրդը հայուն եւ հզօրը տկարին դէմ։ Վա՜յ տկարին, վա՛յ անզօրին։

Գէորգին հայրը համբաւաւոր որսորդ էր, որուն աչքերը դժբախտութիւն ունեցան տարիներ յետոյ լոյսէ զրկուելու։ Գէորգին կը մնար, ուրեմն՝ սպաննելու համար լերան ձանձրոյթը, հօրը հրացանը շալկել եւ թափառիլ մացառներուն ետեւ, ապառաժներուն վրայ եւ որսալ ինչ որ հանդիպէր։ Առտուն կանուխ դուրս գալով տանէն՝ իրիկունը մութին հետ տուն կը մտնէր։

Վանքէն, վարի աշխարհէն, Արաբոյէն ու ընկերներէն արդէն բաժնուած էր աւելի ըմբոստ, աւելի խիզախ։ «Ընկերութիւն» բառը մոգական ազդեցութիւն ըրած էր անոր մտքին վրայ, որ կը մղէր զինքը իր շուրջը խմբելու երիտասարդ ընկերներ եւ պատրաստելու զանոնք։

Եւ մանուկ «ընկերութիւնը» պատանի այդ ըմբոստներուն՝ յափշտակուած Արաբոյի, Լեւոնի քաջագործութիւններով՝ անդադար կռուի մէջ էր քիւրտ լաճերու հետ, աոաջնորդ ունենալով Գէորգը։

Բայց հազիւ տարի մը կը տեւէ այս ազատ, ինքնիշխան կեանքը` երբ տարօրինակ միջադէպ մը եկաւ յայտնելու թէ այս պատանիին մէջ կազմուած էր արդէն պինդ եւ անկախ նկարագիր մը, որ կը շեշտէր անոր ըմբոստ անհատականութիւնը։

Իրիկուն մը տուն վերադարձին, հայրը բարկացաւ իրեն եւ արգիլեց իր հրացանը գործածել այլեւս։

Վա՜յ, այդպէ՞ս, հա՛, ըսաւ Գէորգ, թող այս օճախը ինծի հարամ ըլլայ մինչեւ որ ես ինծի համար հրացան մը չգտնեմ։

Գեղեցիկ հրացան մը ամբողջ հարստութիւն մը, թագաւորութիւն մը կ’արժէ Սասնոյ լեռներուն վրայ։ Ո՞ւր գտնել։

Գէորգ վար իջաւ սարէն, ջորեպանի մը հետ գնաց շիտակ Հալէպ՝ դրամ վաստկելու, որպէսզի հրացան մը գնէ։ Հազիւ վեց ամիսի չափ մնաց հոն, որովհետեւ ազգականները իր հաւնած հրացանը գնեցին, տուին իրեն ու վերադարձուցին հայրենիք։

Երբ տուն դարձաւ ու դռնէն ներս մտաւ, իր «պռահիմփաշա» չախմախլի հրացանը հօրը առջեւ դրաւ ու ըսաւ՝

Վատ դրացին մարդս գործիքի տէր կ’ընէ…

Ճիշդ է, ոչ միայն գործիքի տէր եղաւ, այլեւ գտաւ իր բացարձակ անկախութիւնը։

Այս պահուն արդէն 1890 թուականն էր, որ կը բանար հայկական յեղափոխութեան արիւնոտ շրջանը, եւ դեռ յեղափոխական առաջին քարոզիչները Սասնոյ լանջերուն վրայ չերեւցած՝ արդէն Գէորգը, ինքնաբերաբար, իրերու բռնութեամբը, շրջապատող պայմաններուն դէմ ըմբոստ՝ կը հրաւիրէ գիւղացի երիտասարդութիւնը «ո՛չ խարճ, ո՛չ ալ խարաճ տալ կառավարութեան»։

Ու երբ Տամատեան Սասնոյ վրայ ոտք կոխեց՝ Գէորգը եղաւ անոր առաջին ընկերը, անոր վստահելի ու ամենէն անխոնջ գործակիցը, ինչպէս նաեւ տեղին պայմաններուն աւելի ծանօթ ու իրազեկ ուղեցոյցը։

Հազիւ թէ տարուան մը կազմակերպական աշխատութիւնը վատնուած էր, եւ ահա վրայ հասաւ Տալւորիկի՝ 92 թուականի մեծ կռիւը։ Քիւրտ աշիրէթները ահագին ուժով ինկան Տալւորիկի վրայ։

Այս կռիւին մէջ որուն մասնակից էր նաեւ Հրայրը- Գէորգ, հակառակ իր փոքր տարիքին ու փոքր հասակին, ցոյց տուաւ այնպիսի քաջութիւն, այնպիսի արտակարգ հանդգնութիւն, որ Տալւորիկի ամենէն փորձառու ու տարեց ռազմագէտներուն հիացումը եւ զարմանքը գրաւեց։ Կռիւը բուռն ու օրհասական էր, որովհետեւ, երկրորդ օրը, թշնամին օգնութիւն ստացած եւ ուժովցած՝ գրոհ կու տար, եւ տալւորիկցիները կը պատրաստուէին նահանջել դէպի Ֆըռֆըռ քարը։ Խուճապ մը ոչ միայն պէնամուս պիտի հանէր ամբողջ Տալւորիկը, այլ նաեւ աղիտալի ջարդի մը պիտի մատնէր 6700 ընտանիք։ Գէորգը՝ Փրխվայ Տէր Գաբրիէլ քահանային հետ՝ կռնակ կռնակի հերոսաբար շարունակեցին դիմադրութիւնը եւ խլեցին յաղթութեան փառքը։

Սասունը փրկուած էր եւ յաղթական։

Առաջին դափնին էր որ Գէորգը կը շահէր 21 տարեկան հասակին մէջ եւ իր անունը կը դարձնէր ժողովրդական ու սիրելի։

Անցաւ տարի մը։ Կառավարութիւնը կը հետապնդէր Տամատեանը։

93-ին ինքը Տալւորիկ կը գտնուէր, երբ գոյժ հասաւ թէ Սէմալի մէջ ձերբակալուած է Տամատեանը։ Անմիջապէս հաւաքելով տալւորիկցիները՝ թռաւ դէպի Սէմալ հաւարի, սակայն ուշ էր արդէն, Տամատեանը իջեցուցած էին Մուշ։ Այդ օրէն աւելի խոր ատելութէամբ ու վրէժխնդրութեամբ լեցուած դէպի բռնակալութիւնը, ուխտեց վար չդնել զէնքը եւ նուիրուիլ յեղափոխութեան, մինչեւ իր վերջին շունչը։

Եւ հաւատարիմ մնաց իր ուխտին։

Ի զո՜ւր կառավարութիւնը ձերբակալելով Տամատեանը՝ կը յուսար թէ ազատութեան աստղը Սասնոյ բարձունքներուն վրայ թեքուած եւ խաւարած ըլլար։ Գէորգը հոն էր ընկերներով վառ պահելու նուիրական հուրը։

Երկար չտեւեց որ Մուրատ էֆէնտին ինչպէս կ’անուանեն սասունցիները երկրորդ անգամ ըլլալով վերադարձաւ Կովկասէն, ուր գացած էր զէնք ու ռազմամթերք ճարելու։ Գէորգ՝ իր ընկերներուն՝ Կարապետի, Քոլոս Օհաննէսի, Ադամի ու միւսներուն հետ միացան Մուրատ Էֆէնտիին։

Սակայն դարձեալ դանդաղ, բայց անվհատ աշխատութիւնը՝ կազմակերպելու եւ համախմբելու մէկ գաղափարի շուրջ լեռնական այս արի ժողովուրդը, որ սակայն բաժա՜ն բաժա՜ն գիւղերու մէջ, յաճախ մինչեւ եսականութիւն հասնող ծայրայեղ անհատապաշտութեամբ մը եւ ցեղային ցաւալի հակակրութիւններով տարուած՝ կը դժուարացնէր հաւաքական ճիգն ու ընդհանուր գործակցութիւնը հասարակաց թշնամիին դէմ։

Դժբախտաբար այդ կիսանկախ, բռնակալութեան անմիջական ապականիչ դրացիութենէն հեռու ինկած սարերուն վրայ ալ վատութիւնը գոյութիւն ունէր։ Ալի-Զռնանի ռէսը` որ մատնած էր Արաբոն ու իր ընկերները, կը հետապնդէր այս անգամ Մուրատ էֆէնտին ու Գէորգը, մինչեւ որ Գէորգի արդարակորով բազուկը վերջ տուաւ այդ սողունի կեանքին։

Վրայ հասան 94 թուականի մեծ օրերը։

Անթիւ, անհամար աշիրը պաշարեց Կէլիէկուզանն ու Սէմալը, եւ սկսաւ սարսափելի՜, անհաւասա՜ր կռիւը՛ որ տեւեց տասը օր։ Գէորգի ամբողջ մարտական խումբը կը բաղկանար 8 կտրիճներէ, բայց իր հետ էին աննման տալւորիկցին, սէմալցին, շէնըքցին ու կէլիէկուզանցին. իսկ թշնամին անհամար էր։

Միայն սասունցին կարող էր ճակատ տալ այս տեսակ ահաւոր յարձակման մը եւ միայն՝ Գէորգին անվեհեր յանդըգնութիւնը կարող էր դէմ դնել եւ արհամարհել թշնամիին զօրութիւնը։

Տէ լեխըն, պռայէ մըն, տէ լեխըն, զա՛րկ եղբայր, զա՛րկ, կը պոռար, իմտատը իմաստը շո՛ւտ կու գայ կը հասնի Ռուսաստանէն, մի կարծիր որ այս 5 սիւրմալիով ու 2 խաբախլիով պիտի մնանք. եթէ մնանք ալ՝ յաղթութիւնը մերն է Մուրատ Էֆէնտին մեզի համար փամփուշտ կը լեցնէ. զարկէ՛ք, զարկէ՛ք անխնայ…։

Բայց Ռուսաստանը շատ հեռու էր եւ կռիւը օրհասական։ Կառավարական զօրքը՝ որ սկիզբները հանդիսատես կը մնար լոկ յուսալով որ քիւրտ աշիրէթները կարող պիտի ըլլային շուտով յաղթականը տանիլ խաբուած իր հաշուին մէջ, նախ քիւրտ տարազով ծպտուած, յետոյ յայտնապէս՝ միացաւ բարբարոս խուժանին ու յարձակումը սաստկացաւ։

Քաջարի սասունցին կամաց-կամաց սկսաւ, նահանջել դէպի Տալւորիկ՝ առաջնորդութեամբ Գէորգի ու ընկերներուն։ Փամփուշտները սպառած էին, ռազմական դիրքերը անցած թշնամիին ձեռքը, Սասնոյ բոլոր կիրճերն ու ճամբաները բռնուած` զօրքերէն ու քիւրտերէն։ Դիմադրութիւնը անկարելի էր այլեւս շարունակել։

Գէորգը, Մուրատ Էֆէնտին ու շարք մը տալւորիկցիներ բռնադատուեցան ապաստանիլ Տալւորիկի Հարթ թաղին տակ գտնուող քարայրը՝ որ 10 րոպէով հեռու է Ձկնկուլ Քավէն։ Թշնամին սակայն մատնութեան մը շնորհիւ, իմանալով թագստոցին տեղը՝ պաշարեց քարայրը, զօրքը վերէն գալով ու Փաթոռէ Կէնճէն ալ իր աշիրով գետին միւս կողմէն։ Ինքնապաշտպանութեան ոչ մէկ միջոց։ Սակայն Գէորգը, Սասունի հպա՜րտ զաւակ, չուզելով գլուխ ծռել, հռացանը թշնամիին ուղղեց։

Վա՛ր դիր հրացանդ, ընկեր, խնդրեց Մուրատ էֆէնտին հանդարտ, մենք մեր 40 փամփուշտով, կուճ մը ջրով ու սակառ մը խաղողով չենք կրնար երկար դիմանալ, պէտք է համակերպիլ…։

Մուրատը, Գէորգն ու ընկերները ձերբակալուելով տարուեցան Սէմալի եկեղեցին, ուր չարչարանքի ու տանջանքի առաջին քստմնելի փորձերուն մկրտութիւնը կրեցին. մինչ դուրսը, կապաններուն, կիրճերուն եւ Տալւորիկի գեղերուն մէջ կը լայնանար, կ’ընդհանրանար անասելի, ահաւո՜ր եղերերգութիւնը Զէքիի վայրագ հրամանատարութեամբ։

Մուշէն Պիթլիս եւ Պիթլիսէն դարձեալ Մուշի բանտը, երբ եղեռնադատ ատեանը վճռեց արդէն դատապարտութիւնը։

Տասնեւհինգ տարուան բերդարգելութիւն։

Գէորգին թուեցաւ թէ այդ կեանքը հազար անգամ անգութ ու անտանելի էր գերեզմանէն. կը տեսնէր արդէն որ բանտին մէջ իր երիտասարդութիւնը եւ կորովը եւ ինքնավստահութիւնը կորցնելով պիտի մնար միայն ստուեր մը նախկին ռազմիկ Գէորգէն։

Անկարելի էր համակերպիլ այս վախճանին։

Եւ սասունցին սկսաւ կրծել իր գառագեղին երկաթները։ Ազատ լեռները կը տենչար։

Պէտք էր քանդել «Սվարի ղըշլասիին», Մուշի այդ անիծեալ բանտին վանդակները՝ թռչելու համար դարձեալ դէպի Սասնոյ սարերը, որոնց ազատ սարսուռը կը բերէր իր հետ քամին։

Մուրատը 3-րդ յարկն էր, Գէորգը 2-րդ յարկը, եւ խստիւ արգիլուած էր յարաբերութիւն ունենալ։ Մութ ու անարեւ նկուղին մէջ՝ առարկայ մշտական նախատինքի, զրկանքի, բանտային ստորերկրեայ տանջանքներու՝ մօտ երեք տարի համբերեց։

Առաջին օրէն երբ բանտի չորս պատերուն մէջ փակուեցաւ, յանդուգն, վտանգները չափող եւ անոնցմէ օգտուելու վարժ իր աչքերը սրատեսութիւնն ունեցան արդէն նշմարելու այն հնարաւոր կէտը՝ որ կրնար անցք տալ իր փախուստին։

Իրեն լոյս տուող պատուհանը՝ պատշգամբաձեւ դուրս ինկած էր պատին երեսէն մէկ քանի թիզ եւ վանդակի մը պէս կը կախուէր բարձրութեան վրայ։ Գէորգը հաշուեց որ էթէ կարելի ըլլար պատուհանը ծակել եւ յաջողութեամբ գործը գլուխ հանել, այն ատեն կը մնար միայն վար կախուիլ եւ անգամ մը ոտքերը գետին դնել… անկէ անդին ազատութիւնն էր։

Սկսաւ անշշուկ եւ մրջիւնի աշխատութիւնը գիշերուան մութին ու լռութեան մէջ՝ եւ ամէն առաւօտ հողը գրպանովը կը կրէր դէպի… ու կ’անհետացնէր. բանտային խուզարկուներէն թագուն պահելու համար Գէորգը գործադրեց ապշեցուցիչ հնարամտութիւն եւ խորագիտութիւն։

Աշխատութիւնը իր վախճանին կը մօտենար, բայց ուրիշ նոյնքան յամառ, նոյնքան հզօր մտահոգութիւն մը ունէր։ Ինչպէ՞ս փախչիլ բանտէն՝ առանց Մուրատ Էֆէնտիին, որուն համար մասնաւոր յարգանք կը տածէր։ Այս իսկ պատճառով քանի մը անգամ ներկայացած առիթներէն կամովին չուզեց օգտուիլ, անոր համար որ Մուրատ Էֆէնտին իր հետը պիտի չըլլար։։ Ուստի ծակեց առաստաղը, նորօրինակ բայց ապշեցուցիչ միջոցով մը հեռախօսի հաղորդակցութիւն մը հաստատեց Մուրատի հետ.. մանկութենէն սորված էր թէ լուցկիի մը երկու տուփերու միջեւ թել կապելով՝ կարելի էր խօսակցութիւն կատարել մօտաւոր հեռաւորութեան մը վրայէն։ Այդպէս ալ ըրաւ։

Սակայն Մուրատ կը յամառէր մերժել ամէն առաջարկ։ Գէորգը՝ յուսահատութիւնը հոգւոյն մէջ, համոզուեցաւ որ պնդելն ու աղերսելն անօգուտ էր վերջապէս։

1897-ի Ապրրլի 7-ն էր. ամէն ինչ պատրաստ՝ յանդուգն եւ գերագոյն փորձը հարկաւոր էր։ Այդ իրիկուն բարեբախտաբար սարսափելի փոթորկալից եւ ձիւնախառն անձրեւի պատճառով, թանձր մութ մը տիրեց։ Գէորգը կապեց մէջքին պարանը, զոր ինքը հիւսած էր իր ձեռքով, (մարդ չի գիտեր ի՞նչպէս եւ ,ուրկէ՞ ձեռք ձգած էր այծի մազը), ու օձի պէս սողաց բարձրութենէն վար, ընկերները վարը կը սպասէին արդէն։ Բանտին պահակը՝ մութին մէջ մարդկային սիլուէթներ զանազանելով՝ հարցուց սպառնաձայն։

Ո՞վ էք դուք։

Ճամբորդներ։

Ու միամիտ պահակը՝ քաշուեցաւ իր անկիւնը, ինքզինք պատսպարելով երկինքէն իջնող հեղեղէն։

Համաձայն նախապէս ծրագրուած որոշման՝ փախստականները բաժնուած երկու խումբի՝ բռնեցին երկու տարբեր ճամբաներ եւ Տ… գիւղի քարայրին մէջ վերստին միացան իրարու։ Անկէ անդին Սասունն էր։

Փրկութեան լուրը երբ հասաւ սարը, արդէն մէկ քանի տարիէ ի վեր հոն բոյն դրած նոր հայդուկներ, նոր անձնուէրներ՝ ուրախութեամբ դիմաւորելու վազեցին վախստականները. Մուրատը չկար, բայց կար Գէորգը։ Գէորգը՝ հակառակ իո բանտակից ընկերներուն, որոնք ընկճուած կ’երեւէին, վառվռուն եւ աշխոյժ էր. երկրորդ օրն իսկ հրացան կը վերցնէր ու գործի կը սկսէր։

Այս միջոցին էր որ Ապրօն ու Թովմասը հիւսի տակ թաղուած՝ խեղդուեր էին։ Կը մնար Գէորգին՝ միացած քանի մը ընկերներու, շարունակել գործը, մինչեւ որ Անդրանիկն ու ընկերները կրկին վերադարձան Կովկասէն։ 1898ին եկաւ նաեւ Գուրգէնը։

Նոր գործիչները ձեռնարկեցին ժողովուրդի զինման ու ինքնապաշտպանութեան դժուարին գործին, դիմաւորելով մէկ կողմէն ամէն քայլափոխի՝ կառավարութեան տեւական հալածանքը, դաւերն ու ծուղակները, մնալով անօթի, անպատսպար շատ անգամ, միւս կողմէն՝ ճեղքելով հաղորդակցութեան ճանապարհներ, ցնցելով ժողովրդին յուսահատ տրամադրութիւնը եւ կռուելով քիւրտերու, կեղեքիչներու եւ բազմագոյն, բազմատեսակ բռնաւորներու դէմ։ Իւրաքանչիւր տեղեկութեան, իւրաքանչիւր ձեռնարկի, իւրաքանչիւր շարժման վիճակուած էր՝ քիւրտի, թիւրքի, մատնիչներու կամ զօրքի հետ ճակատ-ճակատ անխուսափելի ընդհարում մը։

Վրայ հասաւ Սերոբի եղեռնական ու խուժդուժ մահը, գեղաշէնցի Աւոյի ու իր մեղսակիցներուն անորակելի դաւաճանութեամբը:

Կառավարութիւնը այս վատ յաղթանակովը քաջալերուած՝ ուժեղացուց հալածանքը եւ արդէն կարծեց բողոքի անընկճելի ոգին մահացուցած ըլլալ։ Անդրանիկի,որ կը վարէր Սերոբի գործը եւ Գէորգի ու ընկերներուն համար սկսան ամենէն ցաւագին ու դժնդակ օրերը. թափառական լեռնէ լեռ, ձորէ ձոր, հեռու շէնլիքէ ու գիւղերէ, ստիպուած էին կորսնցնել ամէն հետք, ու չորս կողմէն սեղմող կրակի շրջանակի մը մէջ ապահովութեան առասպելական դղեակ մը գտնել։ Կառավարական բոլոր սողուն զօրութիւնները՝ զօրք, թիւրք, քիւրտ եւ ամէն ազգի լրտեսներ ու մատնիչներ՝ կը հալածէին բուռ մը յեղափոխականները՝ որ անտեսանելի, սակայն ամենուրեք, կը մնային անհաս ու անպարտելի։

 

Շարունակել Կարդալ՝ Մաս 3

 

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով