ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Թուրքիայի մէջ տեղի ունեցող աննախընթաց վերիվայրումներուն առջեւէն անցնիլ` ուսեր թօթուելէն, պիտի նշանակէր հայկական անբուժելի կուրութիւն:

Ահա թէ ինչու գնահատել միայն պէտք է հայ մամուլին յուզումը Թուրքիայի շուրջ, որ, ինչ ձեւով ու որ անկիւնէն ալ դիտուի, կը ծառայէ մէր հոգէառ թշնամին կարելի չափով ճանչցնելու:

Քէմալի յեղաշրջումները եւ անոնց հետեւանքները մենք պիտի դիտենք ուրիշ մէկ անկիւնէ. այն, թէ ի՞նչ շեշտակի վտանգ ունին անոնք մեզ` հայերուս համար:

Այդ վտանգները երկու են, որոնց մէկի մասին կըզբաղին ոմանք, իսկ միւս մասին դեռ ոչ մէկը խօսեցաւ:

Առաջինը այն է, որ թուրքը ֆէսով թէ գլխարկով, շալվարով թէ տափատով, շէրիաթով թէ զուիցերիական օրէնքներով, արաբերէն թէ լատինական տառերով … նոյն թուրքն է` ոճրագործ եւ հայակեր: Ո´չ միայն նոյնն է, այլ աւելի նրբացած, լրբացած ու համայնակուլ:

Արագ ակնարկ մը հայկական նախճիրներու վրայ, եւ փաստերը արիւնով կ՛արձանագրուին:

Թրքական արիւնարբու բռնակալութեան տակ հայ ժողովուրդը ճիշդ է, որ ոչ մէկ օր առանց արհաւիրքի ու զոհի չէ անցուցեր:

Բայց Ենիչէրիներու օրերէն մինչեւ Քէմալի օրերը այնպիսի արիւներգութիւններ խաղցուեցան, որ հայը միշտ ալ փնտռեց անցնող օրերը:

Եւ իսկապէս` ի՞նչ էին հին օրերու հայութեան քաշածները:

Րաեայի տառացի կեանք մը գլխահակ ու կորաքամակ: Բայց մեր այս շրջանի առօրեան կը փակուէր նիւթական որոշ կեղեքում ու թալանով, անհատներու սպանութիւն ու կախաղանով, մեր կիներու ու աղջիկներու մասնակի բռնաբարումներով:

Անցան այդ «երանելի» օրերը:

Արեւմուտքի ճաճանչ մը արեւելքի այս խաւար հոգին քիչ մը աւելի ծանօթացուց ինքզինքնին: Ու հայի անհատական սպանդները դարձան խմբական, անհատական թալանները դարձան գիւղական, բռնաբարումները` մեթոդիկ:

Ճաճանչ մըն էր միայն տեսէր թուրք հոգին: Եւ ոճրագործը իր ոճիրը կը տեսնէր ու կը հրճուէր: Եւ ճաճանչը ոճիր կը դառնար: Այս` թուրքի հոգին է:

Անցան օրեր: Եկան Համիտի օրերը: Ո՞վ կըրնայ ըսել, թէ թուրքը արտաքնապէս չէր փոխուած:

Ենիչերիները արդէն միւզէի ապրանք էին դարձեր: Իսկ Ենիչերութի՞ւնը:

Մենք ծնունդն ենք այդ օրերուն: Մեր մանուկ աչքերով տեսանք դիակներու կոյտերը, մեր թաթիկներով թաղեցինք մեր հայերու մեռելները ու մեր կեանքը եղաւ որբի եւ հայ որբի կեանքը:

Ո՞վ կը յիշէր այլեւս ենիչերիները: Անոնց յիշատակները մանրադէպեր էին, որովհետեւ անոնք «սիրտ ունէին, Աստուած ունէին»: Այն օրերը «երանելի» էին:

Եւ այս բոլորը անոր համար գլխաւորապէս, որ Համիտի օրերուն արդէն թուրքերու մէջ գրել-կարդացողներու թիւը շատցեր էր. բժիշկ, փաստաբան, խմբագիր, բանաստեղծ, ուսուցիչ թուրքեր հասեր էին:

Անցան այդ օրերն ալ:

Եկաւ Իթթիհատը:

Ո´չ մէկը կրնայ ժխտել, թէ Իթթիհատը թուրք մտաւորականութեան ընտրանիին կուսակցութիւնն էր: Մինչեւ այսօր իսկ Քէմալը դեռ չկրցաւ հասցնել պատրաստուած այն տարրերը, որոնք կախաղաններէն կախեց:

Իթթիհատը այնքան եւրոպականացած էր, որ հայ հոգին անգամ լեցուց խանդավառութիւնով:

Ո՞վ կրնար Թալէաթի արտաքին եւրոպացիութեան մէջ տեսնել Ենիչէրիի ասիացիութիւնը:

Բայց Իթթիհատը` թրքութեան ընտրանին, Կիլիկիայի 25.000 զոհերով փորձի ենթարկեց հայ կուրութիւնը եւ գտաւ, որ հայը շատ կոյր է դեռ կարենալ տեսնելու թուրքի հոգին:

Ու այդ կուրութիւնը մեզի արժեց մէկ միլիոնէ աւելի:

Անցան Թալէաթները: Եկաւ Քէմալը:

Եւ Մուսթաֆա Քէմալը կախեց Ջանբօլատները ու անձնասպանութեան ստիպեց Գարա Քէմալները կարծես ամէնէն աւելի այն յանցանքին համար, թէ ինչո՞ւ անոնք հայի արմատը չէին չորցուցեր: Եւ իր առաջին գործն ըրաւ ընել աւելին, ըսելու համար անոնց. ՙԶիս լակոտ կը կոչէիք: Ահա թէ ինչպէս կ’ընեմ ես, ինչ դուք չկրցաք ընել՚:

Եւ ըրաւ:

Ո՞ւր է հայութիւնը այն աշխարհին, որի ամէն մէկ անկիւնը կեանք կը ստեղծէր:

Եւ այս Քէմալն է, որ ամէն օր Աղէքսանդրեան սուքով կը լուծէ Գորդեան հանգոյցները:

Նայեցէք Քէմալի կապոյտ աչքերուն: Ո՞վ կրնայ յիշել Ենիչէրին անոնց մէջ:

Դիտեցէք իր  հասակն ու տարազը: Եւ ըսէք, որ չէ փոխուած շատ բան:

Կը փոխուին, այո´, կը փոխուին: Բայց աւելի ու աւելի դէպի ոճրագործի կատարելատիպ: Ահա այն առաջին ու ահաւոր վտանգ ը մեզ համար:

Եւ այս վտանգը աւելի ահաւոր կը դառնայ անով, որ Քէմալն ու Քէմալականութիւնը բոլոր նախորդներէն աւելի յստակ ու հաստատ դաւանանք ու կռուան ունին` թիւրքիզմը: Ճամբա՞ն. «Պէտք է ջնջել հայն ու Հայաստանը, որ կը բաժնեն թրքական միութիւնը»:

Երկրորդ վտանգը հայ հոգիին մէջ է պահուըտած:

Թուրքիայէ յեղաշրջումներուն առջեւ կանգնած հայեր կան, որոնք սկսած են ու կը սկսին խորհրդածել.- Ճիշդ է, որ գլխարկը չի փոխեր գլուխը, բայց բոլորովին անհետեւանք ալ չանցնիր այդ փոփոխութիւնը: Եթէ այսօր տարօրինակ կ’երեւի գլխարկը թուրքի գլխին վրայ` վաղը ան այլեւս տարօրինակ չերեւիր: Աչքի վարժութիւն է:

Վտանգը, սակայն, աչքի այդ վարժութեան մէջ չէ: Եւրոպայի մէջ հազար-հազար թուրքեր կան, որ մեր մօտէն կ՛անցնին, մեզ հետ կը խօսին, մեզ կը հետապնդեն գլխարկը գլուխնին, եւ ոչ մէկին աչքը կը խայթեն:

Վտանգը հոն է, որ ոմանք կը խորհրդածեն բարձրաձայն, ուրիշներ լուռ ու ժպտուն մտիկ կ՛ընեն այդ խորհրդածութիւնները, ծուարած հայ հոգ իին մէջ:

Թէ գլխարկը ունի իր ազդեցութիւնը նաեւ ուղեղին վրայ: Գլխարկը ոչ միայն կը փոխէ գլուխին արտաքին պատկերը, այլ եւ թելադրական ուժ մը ունի ուղեղին վրայ ազդելու: Եւ գիտականօրէն անճիշդ չէ: Որովհետեւ ամէնէն հասարակ նիւթն անգամ իր մէջ ունի աննիւթ կարողութիւն մը եւ իր դերը, որ աննկատ կ’անցնի յաճախ, անոր համար, որ այնքան դանդաղ է անոր շարժումը:

Եթէ շալվարին ու տափատին ակնաբախ տարբերութիւնը արտաքին ձեւին մէջ է, որ ամէն մարդ կը տեսնէ. ժամանակ յետոյ միայն կը տեսնուի, թէ անոր հետեւանքն է` ծալապատիկ նստիլը փոխարինել աթոռ նստելով: Եւ սա տափատին յաջորդ հարկադրանքն է. այլապէս նոյն ձեւի քանի մը նստուածք եւ տափատը կը ճաթոտի: Իսկ երբ հարկադրանքը տնտեսական կողմէն կը զարնէ, ամէնէն յամառն ու տգէտն ալ կ’ընկճուի շուտով: Եւ ահա նիւթ, տափատը եւ իր ազդեցութիւնը – նստուածքը, աննիւթ ուժի մը արտայայտութիւնը:

Գիտական վերլուծում մը ընել չէ մեր նպատակը, այլ այդ կողմէն դիտուած քննութիւն` թաքուն վտանգ ը ցուցադրելու:

Այդ վտանգ ին անունն է հայ-թուրք համերաշխութիւն:

Այսօր կայ ան, վաղը աւելի պիտի շեշտուի:

Պակաս չեն այսօր այնպիսի հայեր, որոնք կը մտածեն, թէ թուրքն ալ մարդ է, ընդունակ բարեփոխութիւններու եւ միտքով ու դատումով, եւ հոգ իով: Որ թուրքը արդէն իսկ շատ փոխուած է, իր փորձառութիւներէն խրատուած: Որ, օրինակ, ադրբեջանցի թուրքը իր փորձառութիւնով անգամ մը տեսաւ Էնվէրն ու իր զօրքերը եւ այլեւս չպիտի ուզէր տեսնել եւ զանոնք տանիլ Բագու: Որ անատօլցի թուրքը այն չէ, ինչ որ էր երէկ. այլեւս կրնայ չկոտորել հայը` ինչպէս հին օրերուն:

Եթէ այս միտքերուն մէջ հիմք կրնան ծառայել փորձերն ու քաղաքական հաշիւները, այն տեղ կան նաեւ սաղմերը հոգեկան փոփոխութիւններու հաւատքին:

Ահա´, թէ վաղը ինչպէ´ս գետին պիտի ծառայէ այս հաւատքն ալ ամրացնելու համար թէզը արտաքնապէս թէ ներքնապէս` այդ մեր ազդեցութենէն դուրս է: Մենք գիտենք եւ երկար ատեն անխախտ պիտի գիտնանք, թէ ան եթէ կարենայ բարեփոխուիլ անգամ ամէն մարզի մէջ, հայակերութեան տեսակէտէ միայն կը չարափոխուի, մինչեւ հայկական բնաջնջում: Եւ այս գիտակցութիւնը պիտի ըլլայ ամենախիստ հակակշիռը բոլոր անոնց վրայ, որ չեն ճանչնար թուրքը, բայց իրենց անգիտութիւնը կը փորձեն պարտադրել մեր ճանաչողութեան:

Սա´ արդէն կ՛իյնայ մեր կարողութիւններուն մէջ, որ ոչ միայն գիտակցօրէն պիտի պահենք, այլ մանաւանդ պիտի արժեցնենք:

Եւ այս ուշացած առաքինութենէն է, որ պիտի ծնին երկու ուժ.-

Ա. Ո´չ միայն պարտադրել մեր կեանքը թուրքի ոճրագործ բնազդներուն, այլ եւ մեր ուժերը լարել թուրքը դարձնելու այն զսպուած գազանը, որ կամենայ իսկ չկարենայ մեզ վնասել:

Բ. Երբ կը հասնին այն օրերը, որ թուրքը բարեփոխուեցաւ հոգեպէս, հայորդիներու արիւնը, դարերու փաստով, անգամ մըն ալ կ’ապացուցանէ, թէ անվնաս դրացիին հետ գիտէ բարեկամ դրացի ըլլալ:

Մինչեւ այս օրը, սակայն, շատ վտանգ ալից ճամբայ կայ կտրելիք:

Այդ ճամբան կարենալ կտրելու եւ հասնելու համար երկրորդ հանգրուանին, առաջին պայմանը անփոփոխ է:

Դժբաղդաբար, մեր սերունդը չէ, որ պիտի տեսնէ այդ երանելի օրը, որովհետեւ մենք շատ արիւն տեսանք եւ անհամար դիակներ: Իսկ ներկայ թուրքը դեռ կը ձգտի նոր անհամար դիակներ տեսնել իր ճամբուն վրայ:

Հետեւաբար թրքական փոփոխութիւնները ամէն ձեւ կարելի է դիտել, բայց հայ-թուրք հաշտութեան ձեւով երբէք, մանաւանդ` մեր սերունդին համար, հազար անգամ` երբէք:

Մենք շատ բան տեսանք ու շատ բան կը տեսնենք ամէն օր այլեւս կոյր չմնալու ու կուրօրէն չառաջնորդուելու համար:

Շահան

«Ազատամարտ», Փարիզ, 1928, դեկտեմբեր 9, Ա․ Տարի թիւ 3:

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով