ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ 2

ԶԱՐԵՒԱՆԴ

(Զավեն Նալբանդյան)

 

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ

(1920 թ)

 

Մաս 2

 

Խայտաբղետ է մեր հաշտասէրներու բանակը: 

Ուղղահայեաց հատուած մը հայ ժողովուրդի վերին խաւերէն մինչեւ անոր լայնանիստ խարիսխը ցոյց պիտի տար, որ ամէն մէկ շերտէն նմոյշ մը կայ այդ բանակին մէջ. եթէ բանակ կարելի է անուանել զէնքերը նետած, ճերմակ դրօշը պարզած, դէպի անձնատուութիւն դիմող մարդոց բազմութիւն մը: 

Օտարներ ալ կան այդ բանակին մէջ – վարձկան կամ կամաւոր, շահախնդիր կամ անկեղծ: Ու ամէնը կ’աղաղակեն. «Մոռնա՛նք անցեալը. յիշելը մեղք է, անօգուտ, վնասակար…»: 

«Ներե՛նք»,կը քարոզէ միսիոնարը, որուն համար առեւանգուած հայ կոյսն ու կինը քրիստոնէութեան անուղղակի առաքելուհիներ են Տիրոջ անիմանալի կամքով հարեմներ ուղարկուած: Միսիոնարը, որուն համար հայ միլիոնաւոր նահատակներու արիւնը այն բարեբեր աստուածառաք անձրեւն էր, որով ոռոգուեցաւ հեթանոսներու սրտին կարծր հողը ու հերկելի դարձաւ Յիսուսի սերմնացաններուն համար: 

«Ներե՛նք»,կը փութայ արձագանքել պատուելին, որուն աչքին մեր պատմութեան վերջին յիսնամեակի շարժումները յատկանշող նոր հաւատամքը` «միայն զէնքո՛վ կայ հայոց փրկութիւն», այն աններելի եւ մահացու մեղքն է, որուն համար Աստուածաշունչի յիշաչար ու վրէժխնդիր Տէրը պատժեց ո՛չ միայն մեղանչողները, այլ` ըստ իր բարի սովորութեան, անոնց եօթը պորտը – եւ ամբողջ անմեղ ժողովուրդ մը անոնց հետ։

Պատուելին, որ մեր յեղափոխական քարոզիչներուն առաքելական հաւատքն ու ազատագրութեան զինուորներուն մարտիրոսական զոհաբերութիւնները սկիզբէն իր վեր համարեց «խեռ ու ըմբոստ չոր ոգիի» մը արտայայտութիւնը միայն: Որ իր ձեռքը գտնուած բոլոր միջոցներով ջանաց խորտակել մեր երիտասարդութեան ազատատենչ ձգտումները: Որ խորհուրդ տուաւ շարունակ` հակառակ չկենալ չարին, մէկ երեսդ ապտակողին միւսը դարձնել, բաճկոնը ուզողին շապիկն ալ տալ: 

Պատուելին, որ մէ՛կ ազգային քաղաքականութիւն կը հասկնայ միայն – աղօթել ու որբեր խնամել, սպասելով, որ նոր որբեր առաջ գան: 

Եւ որ օտար միսիոնարէն ետ չմնալու քրիստոնէական նախանձախնդրութեամբ հանգանակութեան սիւնակներ կը բանայ … թուրք որբերուն համար: 

«Վարպե՛տ ըլլանք»,կ’ըսեն մեր հին պահպանողականութեան վերջին մնացորդները: «Եթէ զգոյշ ու խոհեմ եղած ըլլայինք ժամանակին, այս բոլորը չէր պատահեր: Այն ատեն շատ ըսինք, մտիկ չըրին ջահիլները: Ինչ էնէ, բանը բանէն անցած է հիմա, աւելորդ է խօսիլ: Գոնէ ասկէ՛ ետքը սովրինք տեղերնիս ծանր նստիլ, ձայներնիս մեզի քաշել, սիրով ապրիլ մեզմէ զօրաւորին հետ: Ի՛նչ կ’ուզէ տուր շանը, երթայ, իսկ եթէ կրնաս խաբելով–սիրաշահելով բան մը ձեռքէն փրցնել` ա՜յ ապրիս»: 

«Իշթէ ա՛յս է տկարին իմաստութիւնը»,կ’եզրակացնէ յաղթականօրէն հաճի աղան: 

Ոչ միայն կը ներեն ու կը մոռնան, այլ «Կեցցէ՜Թուրքիա» կ’աղաղակեն անոնք, որ «բանի մը խառնուած չեն» իրենց ամբողջ անօգուտ կեանքի ընթացքին: Այն հայանուն մեծափորները, որոնք դրամի աշխարհաքաղաքացիութեան կը պատկանին: Անոնք, որ նիւթի ամենազօր կարողութեամբ եւ «փօլիթիքոս» լեզուի ոյժով դեռ կը յուսան ողոքել թուրքը, վերադառնալ իրենց ծննդավայրը – միակ ըմբռնելի հայրենիքը իրենց ողորմելի ոգիներուն – ու տիրանալ իրենց «լքեալ գոյքերուն»: 

Այս մարդոց հանդէպ թուրքն իսկ չկրնար զսպել իր պժգանքը: Եւ անոնց տուած փառաւոր ճաշերը դեռ չմարսած, զանոնք հրապարակաւ կ’որակէ «էտեպսիզ էրմէնիլեր» (անամօ՜թ հայեր): 

Մոռցեր է երէկը հայ բոլշեւիկը մանաւանդ, որ հայն ու թուրքը հաւասարապէս կը նկատէ զոհերը բուրժուական իմպերիալիզմի: Հայ բոլշեւիկը, որ ամբողջապէս եւ կամովին կ’անգիտանայ հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորապէս թրքահայութեան սարսափելի երէկը: Հայ բոլշեւիկը, որուն «իզմ»-երով խճողուած խելապատակը չի կրնար ըմբռնել մինչեւ անգամ ներել-չներելու հարցի մը գոյութեան իրաւունքը հայ ժողովուրդի սրտին մէջ, «թուրք եղբայր աշխատաւորութեան հանդէպ»: 

Չէ՞ որ, իր կարծիքով, երկու ժողովուրդները եղի-մեղրի պէս կ’ապրէին կողք-կողքի թրքական!! հողերուն վրայ: Եւ միայն հայ ժողովուրդի անսահման յիմարութիւնն էր, որ մղեց զայն գործիք դառնալու իմպերիալիստական մեծ պետութիւններու ձեռքը… Չէ՞ որ հայ ժողովուրդը իր տուժածին չափ ու աւելի վնաս հասցուց իր տխմարութեամբ` թուրք աշխատաւորութեան, քաղաքականապէս ու ֆիզիքապէս: 

Ու հայ բոլշեւիկը, ձեռք առած մոսկովեան կնուտը, կը խարազանէ մեր ժողովուրդի բազմաչարչար անցեալը: Ու մտրակը կ’իյնայ շառաչելով, դեռ բաց վէրքերու վրայ, անխնայ, անդադար, անյագուրդ… Կարծես այն ատեն միայն պիտի հանդարտի բոլշեւիկին ցասումը, երբ ամբողջ նահատակուած հայութիւնը, մէկ միլիոն զոհերու արիւնոտ ուրուականները, վեր կենան իրենց գերեզմաններէն եւ խոնարհաբար ներում խնդրեն թուրքերէն

Ա՛յս հասկացողութիւնը ունեցողին համար թուրքին ներելու կամ չներելու, հետը հաշտուելու կամ չհաշտուելու խօսք չկրնար ըլլալ անշուշտ: 

Մե՛նք ենք, որ պիտի անիծենք մեր ամբողջ անցեալը եւ այն շարժումը, որ աններելի սրբապղծութեամբ յեղափոխական անուանեցինք: 

Մե՛նք ենք, որ թրքական անասելի վայրագութիւնները ամբողջապէս պիտի փաթթենք բուրժուական դիւանագէտներու եւ անոնց գործիք դարձած հայ ազգայնականներու վզին: Մե՛նք ենք, որ ձեռքը պիտի կարկառենք թուրքերուն եւ եղբայրանանք անոնց հետ: 

Բայց կը զարմանայ բաց-աչքով տեսնող եւ պաղ-արիւնով խորհող մարդը. հենց Զինովիեւի նախագահութեան տակ, Բագուի մէջ գումարուած արեւելեան ժողովուրդներու Միջազգայնականին մասնակցող թուրքը չէ՞ր, որ խլեց հայ գիւղացիութեան սեփական հողերը եւ սարքեց Ալեքսանդրապոլի ջարդը: Այն ընկեր թուրքը, որուն Ալեքսանդրապոլի հայ բնակչութիւնը, անամօթ հայուհիի մը առաջնորդութեամբ, դրօշակներով ընդառաջ գնաց: 

Եւ ո՞րն է այն թուրք կառավարութիւնը, որուն ձեռքերը արիւնոտած չըլլան հայի արիւնով: Եւ որո՞նք են այն սարսափները, որոնց մէջ «հանրապետական, կոմունիզմի համակիր եւ բուրժուական իմպերիալիզմի դեմ մարտնչող» քեմալական Թուրքիան պակաս մնաց իր նախորդներէն:

Եւ մանաւանդ ե՞րբ պատահեր է, որ ոեւէ զանգուածային ոճիր, Թուրքիոյ մէջ, կատարուած ըլլայ զուտ-կառավարական միջոցներով, զինուորներով ու ոստիկաններով: 

Ե՞րբ պատահեր է, որ ամբողջ թուրք ժողովուրդը, մէկ մարդու պէս, սիրով ու ցնծութեամբ մասնակցած չըլլայ ջարդին ու աւարին… 

Բայց հայ բոլշեւիկը կ’ուրանայ այս իրողութիւնը: Ընդունի անգամ, միեւնոյնն է. հայ բոլշեւիկի կարծիքով` կարեւորը ա՛յն է, որ մե՛ր «արկածախնդրութիւնները» գրգռեցին թուրք ժողովուրդը: 

Հայը ազատագրութեան ձգտելու իրաւունք չունէր: Հայը բռնութեան ու հարստահարութեան դէմ ըմբոստանալու իրաւունք չունէր: Սխա՛լ էր անոր թուրքի լուծը թօթափելու ջանքը: 

Անգլիացիին լուծին դէմ ընդվզելու եւ ազատագրութեան ձգտելու իրաւունք ունի հնդիկը: Իրաւացի ու արդար են ռիֆցիին, մարոքցիին, ալժերցիին, թիւնիզցիին, եգիպտացիին ազատագրական կռիւները կեղտոտ ու բուրժուա սպանացիներուն, ֆրանսացիներուն1 ու անգլիացիներուն դէմ: Սո՛ւրբ է արաբներուն եւ տիւրզիներուն պայքարը իրենց օտար բռնակալներուն դէմ: Ամէնուն ըրածը յեղափոխութիւն է, բացի հայինէն: 

Հայինը հակայեղափոխութիւն է: 

Ա՛յս է բոլշեւիկեան ուղղափառ ճշմարտութիւնը: 

Որովհետեւ ազգային ձգտումները արգելք են միջազգային եղբայրութեան եւ Համաշխարհային Յեղափոխութեան: 

Որովհետեւ հայրենիք եւ ազգ բուրժուական նախապաշարումներ են, որոնք կը պղտորեն պրոլետարին դասակարգային գիտակցութիւնը: 

Որովհետեւ աշխա՛րհն է կոմունիստին հայրենիքը եւ մարդկութիւնը` անոր ազգը: 

Այս ընդհանուր սկզբունքներէն մէ՛կ գործնական հետեւութիւն կը հանէ հայ բոլշեւիկը – հա՛յն է արգելքը միջազգային եղբայրութեան, ա՛ն է, որ պէտք է զոհէ իր իրաւունքներն ու շահերը յօգուտ արեւելեան միւս ժողովուրդներուն: Ա՛ն է, որ պիտի կիզուի համաշխարհային յեղափոխութեան սեղանին վրայ: 

«Թող յաղթանակէ Համաշխարհային Յեղափոխութիւնը, թէկուզ Հայաստանի աւերակների վրայ…»: 

Ա՛յս է հայ ծապլվարեաններու հաւատամքը: 

Որովհետեւ հայ կոմունիստը չէ հետաքրքրուած հայ յեղափոխութեամբ ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեամբ: Ան յառաջապահն է ռուս կոմունիստական իմպերիալիզմին, Մերձաւոր Արեւելքի ճակատին վրայ, եւ իբր այն, հաւատարմաբար կը կատարէ իրեն վստահուած պաշտօնը: Որքան ատեն, որ կոմունիստական իմպերիալիզմը, հարա

1 Բնագրում «իտալացիներուն», որը շփոթմունք է:

զատ ժառանգը ցարական իմպերիալիզմին, բարեկամ մնալ ուզէ Թուրքիոյ, հայ բոլշեւիկը պիտի դատապարտէ հայ ազատագրական ոգորումները, պիտի կեղծէ հաւատալ թուրքի հետ եղբայրութեան եւ պիտի աշխատի մոլորեցնել հայ ժողովուրդը այդ ուղղութեամբ: 

Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ ազգայնականութեան դէմ քարոզնե՜րը, երկու կողմին ալ ուղղուելու տեղ, միայն մեզի՛ կ’ուղղուին: 

Մեզի՛ է, որ կը հրամայեն խեղդել մեր զգացումները: Ի վնաս մեզի է, որ տեղի կ’ունենան սահմանի ճշդումները: 

Բայց այն օրը, որ աւրուին Ռուսիոյ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, նորէն մե՛զ է, որ պիտի քշեն թուրքին դէմ նոյն Համաշխարհային Յեղափոխութեան անունով: Կամ նորէն պիտի մնանք անզէն ու անպատսպար` թուրքի սրին առջեւ, երբ Համաշխարհային Յեղափոխութեան պահանջները ստիպեն Կարմիր բանակը ուրիշ տեղ փոխադրել իր «հայաստանեան» ոյժերը, ծայրագոյն արեւելք կամ արեւմուտք, միեւնոյնն է, մեզմէ հեռու: 

Ու այն ատեն դուրս պիտի գան այս անգամ ալ ուրիշ «իզմի» մը սրտացաւ ճառախօսները ու մեզ դատապարտեն կոմունիզմի աշխարհակալական ձգտումներուն ծառայած ըլլալնուս համար: 

Ե՞րբ պիտի դադրինք` ուրիշներու կռիւները մղելէ: 

Ե՞րբ պիտի սովրինք ըսել մեզի խորթ իզմերու անունով անմարդկային զոհողութիւններ պարտադրող հովկուլներուն. «Եթէ մեր բնաջնջումի գնով պիտի իրականանայ համամարդկային երջանկութիւնը, թող կորչի՛ այդպիսի մարդկութիւնը: Մե՛նք ալ այնքան իրաւունք ունինք գոյութեան ու երջանկութեան, որքան ոեւէ ազգ»: 

Բայց անբացատրելի է ճերմակ դրօշին տակ ներկայութիւնը այնպիսի տարրերու, որոնց տեղը հոն չէ եղած երբեք եւ պիտի չըլլայ: Պարտուածականութիւնն ու հաշտամուրաց ոգին սկսած են սողոսկիլ ե՛ւ հայ ինտելիգենտութեան բարձր ոլորտներէն ներս: 

Այս երեւոյթը աւելի մտահոգիչ է: 

 

Շարունակել Կարդալ՝ Մաս 3

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով