ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ 1

ԶԱՐԵՒԱՆԴ

(Զավեն Նալբանդյան)

 

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ

(1920 թ)

 

Մաս 1

 

Ով քնած եք` արթուն կացե՛ք.

Ով արթուն եք` ելե՜ք, կեցե՛ք.

Ով կեցել եք` զենք կապեցե՛ք.

Սասունցի Դավիթ

 

Վերջին հնգամեակի ընթացքին պատահած երկու խոշոր դէպքեր – Հայաստանի գրաւումը Ռուս Խորհրդ. իշխանութեան կողմէ եւ Լօզանի Քօնֆերանսը, ուր «մեր դաշնակից» մեծ պետութիւնները առանց մեզի հաշտութիւն կնքեցին Թուրքիոյ հետ, կը կազմեն պատմական հանգրուան մը մեր քաղաքական կեանքի եւ քաղաքական մտածողութեան համար: Այդ երկու դէպքերու արձանագրութեամբ ոչ միայն կը դառնայ հայ ժամանակակից պատմութեան արկածալից ու նշանակալից մէկ էջը, այլ եւ կը փակուի հայ ժողովուրդի քաղաքական հասակի որոշ մէկ շրջանը – անմեղութեան շրջանը: 

Կը յաջորդէ հիասթափութեան շրջանը: 

Ճիշդ է, Լօզանի Քօնֆերանսէն չէ, որ կը սկսի մեր հիասթափութիւնը միջազգային դիւանագիտութենէն: Ան կը սկսի Բերլինի Քօնֆերանսէն, որմէ վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ պատմեց իր «Թղթէ շերեփին ու հերիսային» պատկերաւոր եւ իմաստալից պատմութիւնը եւ Նարպէյ երգեց. «Ո՛չ, օտարներէն չկայ յոյս»: 

Սակայն, ամբողջ կէս դար, մեր քաղաքական փոթորկոտ կեանքի ընթացքին, հայ ժողովուրդը, կարծես չար վհուկէ մը յուռութուած, ման է եկեր յոյսերու եւ յուսախաբութիւններու նո՛յն կախարդական շրջանակին մէջ: 

Ամբողջ կէս դար, նո՛յն կրկներեւոյթները հրապուրեր են մեզ դէպի նոյն մահացու անդունդները: 

Հազար անգամ տեսեր ենք, որ օտարներէն չկայ յոյս եւ շարունակեր ենք յոյս դնել մեծ ազգերուն վրայ, հաւատալ անոնց, անոնցմէ սպասել մեր փրկութիւնը: 

Ճիշդ է, այդ կէս դարու միջոցին էր, որ երեւան եկաւ ու զարգացաւ մեր նորագոյն կեանքի ամենէն լուսաւոր, ամենէն հիմնական երեւոյթը – Հայ Յեղափոխութիւնը: Փաստ է, որ վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին, հերոսական երիտասարդներու սակաւաթիւ խումբեր, զէնքին փարած իբրեւ փրկութեան միակ միջոցի, մեր ցեղի գոյապայքարը մղեցին թուրք բռնակալութեան դէմ: 

Բայց այս պարագան, ինչքան ալ յուսալից հայ ազգի վերածնութեան տեսակէտէն, չի փոխեր իրականութիւնը: Ա՛յն, որ մեր ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան համար մեր քաղաքական հոլովումներուն բեւեռային աստղը եղեր է «խաչապաշտ» օտարը, «Ինկլուզը ¹ » կամ «Քեռին ² »: 

 

Մինչեւ անգամ այդ շարժումներու ղեկավարները, մինչեւ անգամ ֆետային ինքը, իրենց մէկ ականջը լարեր են դէպի Եւրոպա, իմանալու համար թէ ի՛նչ արձագանք պիտի տայ մօսիններու պայթիւնը կամ ուժանակներու բոմբիւնը… 

Այսպէս եղեր է մինչեւ երէկ: 

Լօզանի մէջ ամենէն կարճատեսներուն համար իսկ ակներեւ յստակութեամբ երեւան եկաւ «արեւմտեան քաղաքակիրթ ազգերու» հարազատ դիմագծութիւնը – մրցակից գործի մարդոց, յափշտակիչ բազէներու դիմագծութիւնը: Հայի արիւնը, անգամ մ’եւս, բայց ավելի ըմբոստացուցիչ կերպով, սակարկութեան նիւթ դարձաւ: Ու այս անգամ ոճրապարտ աճուրդը կատարողներու խումբին գլուխն էր Մեծ Ուիլսընի հայրենիքը ¹ , որուն հետ այնքա՜ն յոյսեր կապեր էինք: 

Միւս կողմէ Հայաստանի անկախութեան խորտակումը եւ մեր փոքրիկ հանրապետութեան հողերուն բաժանումը մեր դարաւոր տէրերուն միջեւ, եկաւ քանդելու մեր վերջին կռուանն ու ապաւէնը, եւ փարատելու ուրիշ երկարատեւ խաբկանք մը – հաւատքը դէպի Ռուսաստան: Հաւատքը դէպի «Ռուս Մեծ Ազգին» կատարելիք փրկարար դերը մեր ազատագրութեան գործին մէջ: 

∗ ∗ ∗ 

Լօզանը, սակայն, մէկ անգնահատելի ծառայութիւն մատոյց մեզ – ան բրտօրէն բայց որոշակի յայտնեց մեզ, որ մե՛նք մեր գլխուն ճարը պէտք է նայինք

Ինքն իր ոյժերուն եւ միջոցներուն մնացած մարդուն համար գոյութեան հարցը կը պարզանայ մեծապէս, թէեւ ան կը դառնայ շատ աւելի դժուարին, մինչեւ իսկ մահու չափ վտանգաւոր: 

Եւ այս խոշոր առաւելութիւն մըն է: 

Կտրուելիք ճամբային խորտուբորտութիւնները, անոր երկայնքին եղած կիրճերն ու կապանները, վիհերն ու գահավէժները գիտնալ, հակառակ իր ահաւորութեան, բարերար է: Ուղեւորը գիտակցաբար ու կանխամտածութեամբ կը ծրագրէ իր առնելիք մէն մի քայլը: 

Ամէն ճշդորոշուած հարց կիսով չափ լուծուած է արդէն: 

Միջազգային աշխարհի շահամոլ ու դրուժան վերաբերմունքը մեր դատին հանդէպ նպաստեց ուրեմն յաջողութեան թանկագին նախապայմանի մը ստեղծումին: 

Աշխարհը մեզ ըսաւ պարզ կերպով թէ` պէտք չէ յոյս դնենք օտարներու վրայ, որ ամէն ազգ սեփական շահերով կ’առաջնորդուի եւ սեփական միջոցներ կը գործածէ այդ շահերը հետապնդելու եւ պաշտպանելու համար: 

Եւ ահա՛ հարուածին առթած կսկիծէն ու շշմանքէն կը սկսի սթափիլ հայ քաղաքական միտքը եւ չորս կողմ նայիլ, նոր լուծումներ որոնելով «հայկական հարցին», մեր ժողովրդի ֆիզիքական ու քաղաքական գոյութեան հարցին, որ հակառակ Իսմէթներու եւ Չիչերիններու յայտարարութիւններուն, կենդանի եւ անլոյծ է տակաւին, եւ աւելի հրատապ քան երբեք – մեզ համար: 

Լրագրական յօդուածներէ վերջ արդէն կը սկսին ասդին անդին երեւիլ գրքոյկներ ու գրքեր, որոնք կը փորձեն հանգամանօրէն վերլուծել եւ վերագնահատել մօտիկ անցեալը եւ հայոց ազգային քաղաքականութեան ուրուագծեր պատրաստել: 

Երեւոյթը նշանակալից է. հայը, աչքերը դարձուցած ուրիշներէն, կը փորձէ ինքն իրեն, իր շրջապատին հետ կարգադրել իր հաշիւները եւ հարթել ապագայի իր ճամբան: 

Ու տարօրինա՛կ բան, հայ քաղաքական մտքի նորագոյն պրպտումներու մէջ, իբրեւ ամենէն աւելի շեշտուող գիծ, երեւան կու գայ հաշտութեան ձգտումը – թուրքին հետ: 

Թշնամիին, «ամենէն վտանգաւոր թշնամիին» հետ: 

Կարծես գոյութիւն ունեցած չըլլա՜ր երէկի թարմ-արիւնոտ անցեալը: Կարծես գոյութիւն ունեցած չըլլա՜ր Հայ Յեղափոխութիւնը – անոր ծնունդ տուող ըմբոստ ոգին: Կարծես հայ ժողովուրդը, չարաչար պարտուած իր բոլոր նպատակներուն մէջ, գլխիկոր կը վերադառնայ իր հայրերու ստրուկի իտէալին – «Լե՛ր իրաւախոհ ընդ ոսոխի քում»… 

Ինչ անիմաստ եւ անգութ է պատմութիւնը: Ուրեմն ի զո՛ւր թափուեցաւ այսքան արիւն. թափուեցաւ սուտ աստուածի մը համար… 

Բայց ո՛չ: Սուտ աստուած մը չէր այն, որ առաջնորդեց Հայ Յեղափոխութեան անձնուէր մարտիկները, այն, որուն բագինին վրայ այնքա՜ն առատ, անհաշիւ զոհեր ողջակիզուեցան: Ազգի մը ազատագրական պատերազմը սուտ չկրնար ըլլալ

Եւ իրաւախոհութիւնները չէ՛ որ կը խորտակեն գերի ժողովուրդի մը շղթաները: 

∗ ∗ ∗ 

Կը թուի թէ Լօզանի դասը մենք ըմբռնած ենք կիսով չափ միայն:

Ըմբռնած ենք այն չափով, որ հասկցած ենք թէ եւրոպացին չուզեր մատը մատին խփել մեզ համար եւ թէ մեր դատը մենք մեր ձեռքը պէտք է առնենք:

Ըմբռնած ենք այն չափով, որ աչքերնիս Արեւմուտքէն դարձուցեր ենք դէպի Արեւելք, մեր աւելի մօտիկ շրջապատը, ձեռք բերեր ենք – վերջապէ՜ս – աշխարհագրական հասկացողութիւն: 

Սակայն, կարծես, անէծք մ’ըլլար հայութեան ճակատին մեր քաղաքական մտքի կեդրոնախոյս – ինքնախոյս այդ ձգտումը, մենք նորէն մեզմէ դուրս, ուրիշին մէջ, թէկուզ մեր դարաւոր երկու թշնամիներուն մեջ, կը փնտռենք մեր փրկութիւնը: 

Կարծես դատապարտուա՜ծ ըլլայինք յաւիտեան, Կարիպտեսի յորձանքներէն փախչելով Սկիլլայի պտոյտներուն մէջ բռնուելու: Կարծես ազատութիւն, քաղաքական բաղձանքներու իրագործում մեզ համար նշանակէր միայն «տէր ու պաշտպան» փոխել: Կարծես մեզ համար քաղաքական խորհողութեան բարեշրջումը կայանար միայն օրիէնթացիայի փոփոխութեան մէջ: Մինչեւ անգամ լաւագոյններէն շատերը, մեր մէջ, թէեւ թօթափած ստրկամտութեան փոշին իրենց ոտներէն, դեռ կը պահեն տեսակ մը արբանեակի հոգեբանութիւն:

 

1 Նկատի ունի Անգլիան: 

2 Նկատի ունի ԱՄՆ-ը:

 

Շարունակել Կարդալ՝ Մաս 2

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով