ԹՈՒՐՔԸ ՇՈՒՏ ԿՄԵՌՆԻ ԹԷ ՄԵՆՔ
I
Վերջապէս նշաններ ցոյց կուտանք թուրքը ճանչնալու ճիգերու:
Այս ուշացած ճիգերը ունին երկու յատկանիշ:
Առաջինը այն է, որ ծովերով արիւնը կրցած է վերջապէս աւելի իրապաշտ դարձնել մեզ եւ հետզհետէ կտրատել մեր երեւակայութեան թելերը օտարներու յոյսերէն : Երկրորդը` լուռ ընդվզում մըն է այն աղտաւոր միամտութեան դէմ, որ մեր արիւնները մարզարան դարձուց մակերեւութային փորձարկուներու:
Դժբաղդութիւնն այն է, սակայն, որ առողջ ճիգերու այս օրերուն ալ, դեռ մեզի կը պակսի հարցերուն մօտենալու իսկական ձեւը:
Այս թերին կ՛ապացուցանէ հայ մամուլին մէջ թուրքերով զբաղելու ձեւը:
Ոեւէ հայի համար, որ ակադեմական չէ, թուրքին եւրոպականանալու ճիգերուն շուրջ կամ այն ճիգերուն իբր հետեւանք տկարանալու կամ զօրանալու, մեռնելու կամ ապրելու մասին խօսելու ատեն, հարցադրութեան մէկ ձեւ կայ
միայն, բաղդատական ձեւը.
Թո՞ւրքը կը մեռնի, թէ մենք:
Եւ մեզմէ ո՞ր մէկը աւելի առաջ, աւելի շուտ:
Որովհետեւ հային համար, որ ապրիլ կ’ուզէ, հային համար, որի կեանքը կախուած է թուրքէն, առաքինութիւն չէ գիտնալն ու փաստելը, թէ թուրքը կը տկարանայ ու կը մեռնի, եթէ չգիտեր, թէ ան կը մեռնի իրմէն առա՞ջ թէ յետոյ:
Եթէ թուրքը կը մեռնի հայի մահէն մէկ օր յետոյ, այդ մէկ օրի գաղափարը բաւական է, որ օտարին թողունք թուրքին ուժեղացումին կամ տկարացումին, կեանքին կամ մահին շուրջ ակադեմական իր մարզանքները:
Եթէ պիտի մեռնինք մենք թուրքէն առաջ, մեզ չի հետաքրքրեր` թէ թուրքը կ՛ապրի՞ թէ կը մեռնի:
Իսկ ճիգերը, որ կը թափուին այսօր, թուրքը եւ իր շարժումները ճանչնալու համար, իրենց ձեւին մէջ աղէտաւոր են այնչափով, որչափով որ կը հեռանան բաղդատական գետինէն եւ կ’օրօրեն այն յոյսով, թէ թուրքը ինքնիրենը արդէն կը քայքայուի ու կը մեռնի, ուրեմն, բնական հետեւութիւնն է նստիլ ու դիտել թուրքին ինքնաքայքայումն ու ինքնասպանութիւնը:
Ահա թէ ինչու համար, այս կրաւորականութիւնը անգթօրէն խսաելու իսկ գինով, հարցը կը դնենք իր հարազատութեան մէջ եւ անոր պիտի մօտենանք այդ ձեւով, շատ լաւ գիտակցելով, որ անոր հարուածներուն տակ շատեր պիտի մեռնին:
Մենք կը գրենք այն քիչերուն համար, որ չեն վախնար սրբազան խելագարութիւններէ անգամ` ապրելու համար աւելի երկար` քան թուրքը:
Առ նուազն անոնց, որ զինւորի մը մահը կը նախընտրեն թոքախտաւորի մը մահէն:
Ազգերը փրկուած են միշտ խելագար քիչերու ձեռքով:
Եւ հայ ազգը զուրկ չէ սրբազան խելագար քիչերէ, որովհետեւ անապատի աւազի չափ շատ են աւազացած նահատակները:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը` եթէ սաղմն է հայութեան տառապանքին, անոր ծնունդին երկունքը` Զաւարեանի, Ռոստոմի եւ մանաւանդ Քրիստափորի սրբազան խելագարութեան մէջ է: Անոր կաղնի հասակին երակները յաջորդական սուրբ խելագարներն են: Եւ անոնց խելառութիւնը սրբացաւ միայն անոր համար, որ անոնք հարազատօրէն զգացին հայի տառապանքը, զգացին այնչափ` որքան կ՛արժէր ան:
Ու երեւակայել, որ Քրիստափորը այսօր ապրէր, երբ ամբողջ ազգը մը հալեցաւ անապատներու մէջ ու կը մաշի բօշայի պէս:
Ու երեւակայել անհունութիւնը անոր խելագարութեան, որ տիեզերքը պիտի կրնար ահաւոր մէկ տաճարի վերածել:
Քրիստափորը չկայ. ահա թէ ինչու համար հայը, փշրուած փոթորիկ, աշունի հիւանդ հովի պէս կը սլուլլայ.-
Թուրքը կը մեռնի.
Փոխանակ մրրկելու. Բայց ես աւելի շուտ կը մեռնիմ:
***
Չվիճինք ուրեմն, թէ թուրքը ունի տուեալներ ապրելու:
Ընդունինք, որ անոր կենսերակը մենք` հայերս էինք, եւ քանի որ այսօր չկանք մենք, թուրքի կեանքն ալ կը ցամքի, հակառակ իր ճիգերուն, որոնք «մարելու մօտ եղող կայծի մը խաբուսիկ կայծկլտումներ են»:
Ընդունինք, որ թուրքը կը մեռնի, որպէսզի «երկու թուրք չտեսած»-ներու հետ վէճի տաժանքը խնայուի մեզի, որովհետեւ աւելի անօգուտ բան չկայ, քան չգիտնալ ուխտողին իր չգիտցած բանին մէջ համոզելը:
Նստած մեր մեղկ ազգասիրութեան մէջ, քիչ մը հսկենք բաց աչքերով ու համրենք թուրքին վայրկեանները, բայց համրենք անոր սիրտի բաբախիւնները, համրելով մեր սիրտի զարկերուն հետ:
Թուրքը կը մեռնի:
Որովհետեւ «ոչ-հայրենիք» 750.000 քառակուսի քիլօմէթրնոց երկիր մը ունի անժողովուրդ: Իսկ «առանց ժողովուրդի հայրենիք մը գերեզմանն է այդ ժողովուրդին»:
Թուրքը կը մեռնի:
Որովհետեւ աղքատ է ու տգէտ, զինուոր է ու անարհեստ, ծոյլ է ու ոճրագործ, խաբեբայ է ու գող, արիւնարբու է ու անաճեցող … եւ շարեցէք որքան որ կ’ուզէք:
Բայց չենք կրնար ուրանալ մէկ փաստ, որ այդ տգէտ, աղքատ, ծոյլ, ոճրագ ործ ու անաճող թրքութիւնը ունի այսօր. 1. Եօթ միլիոն ժողովուրդ (միշտ ի վնաս թուրքին նայելու համար` կ’առնենք նուազագ ոյնը), 2. 750.000 քառ. քիլօմէթր հողամաս:
Ենթադրենք դարձեալ, որ թուրքը կորսնցուցեր է նաեւ իր դարերու խելքը, այն, որ իր սովամահութեան րոպէին չի մտածեր թալանած հողամասերէն մէկ երկու նահանգ ծախել դիպլօմատական հրապարակի վրայ եւ քանի մը օր ալ ապրիլ անով, ինչպէս պիտի ընէր հարուստ հօր մը փճացած տղան իր հօր ձգած կալուածները ծախել-ապրելով:
Իսկ աղքատութիւնը, տգիտութիւնը, ծուլութիւնը եւ անաճողութեան բոլոր պատճառները պիտի մնան միշտ եւ թուրքը պիտի հալի` մինչեւ որ հատնի:
Հայի աճեկանութիւնը համբաւ է շինած:
Ահա դրամագլուխ մը ճառերու, որ կը հակադրենք թուրքի անաճողութեան, եզրակացնելու համար, որ թուրքը կը մեռնի, իսկ մենք կ’ապրինք:
Իբր ամէնէն յատկանշական օրինակ` դիտենք քիչ մը այս հարցը:
Կը վերցնենք այս օրինակը, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ հայկական ամէնէն հաստատուն դրամագլուխը, իսկ թրքական ամէնէն սնանկ կողմը:
Մեր փափաքն է թուրքը դիտել իր ամէնէն թոյլ կողմէն, որովհետեւ կը բաղձանք կրճատել անոր օրերու թիւը:
Գիտական վիճակագրութիւն չունինք ձեռքի տակ, որովհետեւ թուրքերը անցած տարի միայն փորձեցին առաջին անգամ մարդահամար մը:
Հետեւաբար թուրքերու հաշուին ամէնէն բացասական ենթադրութիւններով պիտի փորձենք պատկեր մը տալ, ճգնելով որքան կարելի է շուտ մեռցնելու թրքութիւնը:
Ահա եօթ միլիոն թուրք ժողովուրդ, 1-70 տարեկան հասակով:
Ենթադրենք հետեւեալ տոկոսային պատկերը:
Գիտնալով մէկտեղ, որ այսքան բարդ հարցի մը կարելի չէ մօտենալ ենթադրութիւնով, բայց քանի որ մենք ընդունեցինք անվիճելիօրէն, որ թուրքը չաճիր, այսինքն` տարեկան աւելցածներու չափով ալ կը մեռնի, պզտիկ գաղափար մը կազմելու համար, թէ քանի՞ տարիէն 7.000.000 թրքութիւն կը մեռնի, պզտիկ հաշիւ մը ընենք այդ ենթադրական թիւերուն վրայ:
Մեր ենթադրական պատկերը հետեւեալն է.
տարիք | տոկոս | գումար |
1-5 | 10 | 700.000 |
5-10 | 15 | 1.050.000 |
10-20 | 20 | 1.400.000 |
20-30 | 25 | 1.750.000 |
30-40 | 15 | 1.050.000 |
40-50 | 10 | 700.000 |
50-70 | 5 | 350.000 |
100 | 7.000.000 |
Այս պատկերին երկու դասակարգ ը միայն (20-30 եւ 30-40) կը ներկայացնէ 2.800.000 թրքութիւն:
Եւ որպէսզի, ըստ մեր ձեռնածալ բաղձանքին, թուրք շուտ մեռնի, մենք նկատի չպիտի առնենք այն բոլոր ազդակները մէկ տոկոսով անգամ, որոնք թուրքերը կը ճգնին որդեգրել ու խորացնել, թուրքէ ֆիզիքապէս առողջ սերունդ ստեղծելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար:
Ոչ միայն չպիտի ընդունինք թէ կ’աճին, այսինքն` իրենց թիւը կը բարձրացնեն 1000ի մէկով, ոչ միայն չպիտի ընդունինք, թէ իրենց թիւը կը պահեն ձգուած բնական օրէնքին, որ տարիքաւորները կը տանի ու անոնց տեղը կը լեցնէ նորեկներով, այլ պիտի ընդունինք միշտ ենթադրաբար, թէ 7 միլիոն թրքութիւնը օր օրի որոշ տոկոսով ալ աւելի կը մեռնի, քան կը ծնի ու կը նորոգուի:
Եւ որպէսզի մեր բաղձանքներով օրօրուողները չվիճեին բնաւ` մենք պիտի ընդունինք, թէ հակառակ քէմալական «ցնորք»ներուն ու ճիգերուն, թուրք ժողովուրդը փոխանակ աւելնալու, փոխանակ իր թիւը գոնէ պահելու, իր դրամագլուխին վրան ալ 1000ին 10 տոկոս մահացութիւն կ’ունենայ տարեկան:
Այս կը նշանակէ, որ ոչ միայն բոլոր ծնունդներու թիւին չափ մահեր տեղի կ’ունենան, այլ նաեւ գոյութիւն ունեցող 7 միլիոնէն ալ կը պակսին 70.000 հոգի:
Բաւարա՞ր է թուղթի վրայ գոնէ գրուած այս բաղձանքը:
Բայց եթէ փաստ իսկ ըլլար այս բաղձանքը, գրել-կարդալ գիտնալով հպարտացող հային եօթ տարեկան տղան արդէն գիտէ պարզ բաժանում մը եւ իր քարոզիչ հայրիկին կրնայ ըսել, որ 7.000.000ին մէջ 70.000ը կայ 100 անգ ամ: Այսինքն` հարիւր տարիէն միայն կը մեռնի թուրքը:
Մի´ քրթմնջէք: Գիտենք ձեր ըսելիքը.-
«Ո՞վ ըսաւ, որ թուրքը մեռնիլ ըսելով ըսել կ’ուզենք, որ
աշխարհի վրայ մէկ հատիկ թուրք չպիտի մնայ»:
Մենք ալ թուրքը մեռնիլ ըսելով կը հասկնանք այն, որ ան հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնալիք ըլլալէ դադրի:
Եւ որովհետեւ օրօրասացներէն շատեր դժբախտաբար գուցէ ապրին դեռ քսան տարի, միշտ մեր բաղձանքը, ի վնաս թուրքին, հիմք առնելով նուազումի 1000ին 10ը բոլոր դասերուն համար, տեսնենք, թէ թուրքը քսան տարի յետոյ, տարեկան 70.000 կորուստ տալով մէկտեղ, ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ.
տարիք | Այսօրի գումար | մահեր 20 տարիի մէջ | 20 տարի
յետոյ |
1-5 | 700.000 | 140.000 | 560.000 |
5-10 | 1.050.000 | 210.000 | 840.000 |
10-20 | 1.400.000 | 280.000 | 1.120.000 |
20-30 | 1.750.000 | 350.000 | 1.400.000 |
30-40 | 1.050.000 | 210.000 | 840.000 |
40-50 | 700.000 | 140.000 | 560.000 |
50-70 | 350.000 | 70.000 | 280.000 |
7.000.000 | 1.400.000 | 5.600.000 |
Եւ այս պատկերը կ’ըսէ, որ քսան տարի յետոյ ալ, թուրքը 1.400.000 հոգի կորսնցնելով մէկտեղ կ’ունենայ 5.600.000 հոգի, որի երկու դասը միայն (20-30 եւ 30-40) կորսնցնելէ հետոյ 560.000 մարդ, դեռ կը պահէ 2.240.000 մարդ:
Որոշեր ենք ոչ մէկ դրական կողմ չյիշել թուրքին հաշուին, մեր ձեռնածալ բաղձանքը չվրդովելու համար, ոչ իսկ տարբերութիւնը Համիտի «Եա իլա»ին եւ Քէմալի «Եա վաթանին» եւ ոչ ալ տարբերութիւնը 200.000-ի եւ 1.000.000-ի հայ զոհերուն: «Ֆանթէզի’…» կը լսենք մենք քրքջոցները:
— Այո´, ֆանթէզի այնքան, որքան օրօրերգը «թուրքն ինքնիրեն կը մեռնի»ին:
Շահան
«Ազատամարտ», Փարիզ, 1928, նոյեմբերի 25, Ա․ Տարի թիւ 1:
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!